ՍԻՊԻԼ ԵՒ ԱՆՏՐԷ ՍԻՄՈՆԵԱՆ ՀԱՄԵՐԳՈՎ ՄԸ ՀԱՆԴԷՍ ԵԿԱՆ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ՝ «ՆԵՐԴԱՇՆԱԿՈՒԹԵԱՆ ՄԵՂԵԴԻ» ԾՐԱԳՐԻՆ ՇՐՋԱԳԾՈՎ
Երեւանի մօտ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու դեսպանութեան նախաձեռնութեամբ վերջին օրերուն Երեւանի մէջ դարձեալ միասնաբար հանդէս եկան Հայաստանի երաժշտական աշխարհի յայտնի անուններէն Անտրէ Սիմոնեան ու մեր համակրելի մեներգչուհիներէն Սիպիլ։ «Ներդաշնակութեան մեղեդի» ծրագիրը առիթ հանդիսացաւ անոնց այս հերթական միասնութեան. այս անգամ յիշեալ նախագծին մասին նկարահանուած փաստավաւերագրական ժապաւէնին առաջին ցուցադրութեան շարժառիթով։ Շնորհանդէսին ներկայ գտնուեցաւ Երեւանի մօտ ԱՄՆ-ի դեսպանութեան հասարակութեան հետ կապերու բաժնի տնօրէն Ժագլին Տիլի, որ միացաւ Անտրէ Սիմոնեանին եւ Սիպիլին՝ մասնակցելով նաեւ ներկաներու հետ տեղի ունեցած հարցում-պատասխանի բաժնին։
Վերոյիշեալ ֆիլմը արտադրուած է The Beautified Project խումբի, Սիպիլի եւ Թուրքիայէն չորս յայտնի ժողովրդական նուագարաններու վարպետ երաժիշտներու համագործակցութեամբ։ Արդիւնքին այս ֆիլմին համար ստեղծուած է գեղեցիկ ու տպաւորիչ «Ինձ մի՛ մեղադրեր» երգը։ Այս գործը առաջին անգամ ներկայացուեցաւ անցեալ տարուան Դեկտեմբերին՝ Երեւանի մէջ կազմակերպուած «Ներշնակութեան մեղեդի» անուանեալ համերգի մը ժամանակ, որ ունէր միջմշակութային երկխօսութեան բնոյթ։ Այդ երգին հիման վրայ նկարահանուած է նաեւ տեսահոլովակ մը։