ԱՂՄՈՒԿ ԵՒ ՄՐՑԱՆԱԿ

Ամէն տարի հոկտեմբեր ամսուն սկիզբը Սթոքհոլմի մէջ Շուէտի Թագաւորական ակադեմիան կը յայտարարէ աշխարհի ամենանշանաւոր մրցանակը ստացողներուն՝ Նոպէլեան մրցանակակիրներուն անունները: Արդէն յայտնի են բոլոր բնագաւառներէն ներս տրուած մրցանակներուն տէրերը: Այս տարուան մանաւանդ գրական Նոպէլեան մրցանակաբաշխութիւնը աննախադէպ եղաւ: Շուէտական ակադեմիոյ կազմին մէջ գործող Գրականութեան Նոպէլեան կոմիտէն հրապարակեց մէկ անգամէն երկու՝ 2018 եւ 2019 թուականներու մրցանակակիրներուն անունները: Անցեալ տարի Նոպէլեան Գրականութեան մրցանակ չէր տրուած կառոյցին մէջ եղած վատահամբաւ խայտառակութեան մը պատճառով, եւ այս տարի կոմիտէն լրացուց այդ բացթողումը:

Իսկ աղմուկը, որ ծագած էր կառոյցին մէջ, մինչեւ այսօր տակաւին կը քննարկուի եւ նոյնիսկ հետաքննութիւն սկսած է այդ առումով. 2018 թուականին, մրցանակի շնորհումէն մի քանի ամիս առաջ, յայտնի դարձած էր, որ Թագաւորական ակադեմիոյ անդամներէն Քաթարինա Ֆրոստենսընը տարիներ շարունակ խախտած է գրականութեան ասպարէզէն ներս Նոպէլեան մրցանակի շնորհման գաղտնիութեան սկզբունքը:

Շուէտական ոստիկանութեան կատարած հետաքննութիւնը պարզած էր, որ Ֆրոստենսըն իր ամուսինին՝ բարձրախաւային լուսանկարիչ եւ բեմադրիչ Ժան-Քլոտ Առնոյին նախապէս տեղեկացուցած էր, թէ ո՛վ պիտի ըլլայ գրականութեան ասպարէզի մէջ մրցանակին տիրացող անձը: Ֆրոստենսընի ամուսինն ալ այդ տեղեկատուութիւնը փոխանցած էր երրորդ, չորրորդ անձերու, որոնք մեծ խաղադրոյքներ կատարած էին բախտախաղի ընկերութիւններուն մէջ:

Մինչ այդ, Նոպէլեան մրցանակը առանձնայատուկ է անով, որ մրցանակի յանձնման ժամանակ միայն յայտնի կը դառնայ յաղթողին անունը։ Մնացեալ առաջադրուած թեկնածուներուն անունները եւ Նոպէլեան կոմիտէի անդամներուն կարծիքները գաղտնի կը պահուին եւ կը հրապարակուին միայն յիսուն տարի անց: Օրինակ՝ Նոպէլեան մրցանակի պաշտօնական կայքէջին մէջ հասանելի են միայն մինչեւ 1950 թուականը եղած թեկնածուներուն մասին տեղեկութիւնները:

Մեծ աղմուկ ծագած էր, որուն հետեւանքով ալ գրականութեան ասպարէզին մէջ Նոպէլեան մրցանակ շնորհող տասնութ հոգինոց կառոյցի անդամներէն վեցը հրաժարած էին, ինչ որ յանգեցուցած էր քուէարկութեան համար անհրաժեշտ թիւի բացակայութեան: Բայց ասիկա միակ մեղադրանքը չէր, որ ներկայացուած էր Ժան Քլոտ Առնոյին։ Տասնութ ֆրանսացի լուսանկարչուհիներ ալ Ժան-Քլոտ Առնոն մեղադրած են սեռական բնոյթի ոտնձգութիւններու մէջ, որ տարբեր տարիներ կատարած է լուսանկարիչը՝ օգտուելով իր պատուաւոր դիրքէն: Հակառակ որ ինք եւ կինը հերքած են բոլոր մեղադրանքները, բայց եօթանասուներեք տարեկան Ժան-Քլոտ Առնոն անցեալ տարուընէ երկու տարիով բանտարկուած է:

Այսօր Նոպէլեան կոմիտէն վերադարձած է իր բնականոն աշխատանքին եւ նոյնիսկ քաղաքականութիւն փոխելու ծրագրեր մշակած. եթէ նախորդ տարիներուն մրցանակակիրներ ընտրելու հարցին մէջ մօտեցումը շատ աւելի եւրոպակեդրոն էր, ապա այսօր արդէն կոմիտէն սկսած է դիտարկել ամբողջ աշխարհը: Բացի այդ, եթէ անցած տասնամեակներուն շուէտական ակադեմիան նախապատուութիւն կու տար տղամարդ գրողներուն, ապա այսօր սկսած է քննարկել նաեւ կին գրողներու գործեր եւ անոնց յաղթանակը հաւանական է ապագայ մրցանակաբաշխութիւններուն ժամանակ: Տղամարդոց նախապատուութիւն տալու հետեւանքով է, որ գրականութեան ասպարէզին մէջ Նոպէլեան մրցանակի 114 դափնեկիրներէն միայն 14-ը կին էին:

Այս տարի յայտարարուեցաւ, որ լեհ գրող եւ բանաստեղծուհի Օլկա Տոկարչուկ դարձած է գրականութեան ասպարէզի անցեալ տարուան՝ 2018 թուականի յետաձգուած Նոպէլեան մրցանակի դափնեկիր: Ան նաեւ գրականութեան Նոպէլեան մրցանակի պատմութեան մէջ 15-րդ կին մրցանակակիրն է:

Հօր կողմէ ծագումով ուքրանացի գրողը անցեալ տարի արժանացած էր այլ հեղինակաւոր միջազգային՝ Պուքերեան մրցանակի, իր «Վազորդները» վէպին համար։

Նոպէլեան մրցանակը անոր տրուած է պատմողական երեւակայութեան համար. ան հանրագիտարանային կիրքով կը ներկայացնէ սահմաններու հատումը որպէս կեանքի ձեւ:

Շուէտի Թագաւորական ակադեմիան Օլկա Տոկարչուկի հետ հրապարակած է նաեւ այս տարուան՝ 2019 թուականի գրականութեան Նոպէլեան մրցանակի դափնեկրին անունը՝ Փեթէր Հանտկէ՝ աւստրիացի գրող, բեմագիր եւ թարգմանիչ։ 1961 թուականին Հանտկէն կ՚ընդունուի «Կրաց» համալսարանի իրաւաբանական բաժին, սակայն քիչ անց կը հասկնայ, որ իրաւաբանութիւնը իր կոչումը չէ։

1980 թուականին Հանտկէ կը սկսի թարգմանել սլաւոնական հեղինակներու գիրքերը։ Թարգմանութիւններ կը կատարէ նաեւ անգլերէն, ֆրանսերէն եւ հին յունարէն լեզուներէն։

1987-1990 թուականներուն գրողը ճամբորդած է Եւրոպայի երկիրները եւ Եգիպտոս:

1990 թուականէն ի վեր ան կը բնակի Ֆրանսա, ուր ամուսնացած է երկրորդ անգամ:

Անոր եւ Օլկա Տոկարչուկի վէպերու հիման վրայ շարժանկարներ նկարահանուած են:

Շուէտական ակադեմիոյ այս որոշումը՝ մրցանակը տալ Փեթէր Հանտկէին, դժգոհութեան ալիք յառաջացուցած է քաղաքական եւ հասարակական գործիչներու շրջանակին մէջ:

Քննադատութեան պատճառն է, որ 90-ականներու Հարաւային Սլաւենիոյ պատերազմի ժամանակ Հանտկէ բացայայտօրէն աջակցած է սերպական կողմին եւ մտերմացած Սերպիոյ նախկին աղեկավար Սլոպոտան Միլոշեւիչին հետ: Բայց առաջին անգամ չէ, որ Նոպէլեան մրցանակը եւ ոչ միայն գրականը, այլ՝ խաղաղութեանը, քաղաքական շահարկումներու առիթ կը դառնայ: Շատեր այդ մրցանակէն հրաժարած կամ ստիպուած են հը-րաժարիլ՝ քաղաքական հնչերանգի պատճառով:

Շատ յաճախ ալ գործիչներ այդ մրցանակը ստացած են՝ գտնուելով անազատութեան մէջ: Մանաւանդ գրականութեան եւ խաղաղութեան ասպարէզին մէջ տրուող մրցանակները յաճախ նոյնացուած են իբրեւ մեր ժամանակներու տառապանքի ու արդարութեան ջատագովութեան գնահատանք: Բայց շուէտական ակադեմիան, ծանօթ ըլլալով այդ քննարկումներուն եւ քննադատութիւններուն՝ յաճախ կը փորձէ կոտրել կարծրատիպերը: Տակաւին վերջերս՝ 2016-ին, Գրականութեան Նոպէլեան մրցանակը շնորհուած է ամերիկացի երգիչ, դերասան, նկարիչ, երաժիշտ՝ Պոպ Տիլընին, որ նաեւ բանաստեղծութիւններ կը գրէ: Այդ լուրին, սակայն, երաժիշտը օրին չէր արձագանգած: Ան երկար ժամանակ արհամարհած է Նոպէլեան յանձնախումբը, ապա իր զարմանքը արտայայտած է մրցանակ ստանալուն առթիւ:

Միայն 2018 թուականին չէ, որ չէ կայացած Նոպէլեան գրական պարգեւատրութիւնը. 1901 թուականէն գոյացող այս պարգեւատրութիւնը տեղի չէ ունեցած նաեւ 1914, 1918, 1935, 1940 եւ 1943 թուականներուն՝ ապահովական եւ այլ պատճառներով: 1901 թուականին գրականութեան ասպարէզի առաջին մրցանակակիրը եղած է ֆրանսացի քնարերգու եւ ակնարկագիր Սիւլի-Պրիւտոմ։ Ճիշդ է, որ ժամանակի ընթացքին հետաքրքրութիւնը անոր ստեղծագործութեան հանդէպ նուազած է, բայց ան պատմութեան մէջ մտած է իբրեւ առաջին մրցանակակիր եւ մինչեւ հիմա Ֆրանսայի երիտասարդ բանաստեղծներուն համար կայ Սիւլի-Պրիւտոմի անուան մրցանակ: Մրցանակի պատմութեան ողջ ընթացքին միաժամանակ երկու մրցանակակիրներ պարգեւատրուած են չորս անգամ:

Նոպէլեան գրականութեան մրցանակի հանդէպ հետաքրքրութիւնը պատմութեան ընթացքին եղած է հաւասարաչափ, ինչպէս Ալֆրէտ Նոպէլի հիմնած միւս մրցանակներուն հանդէպ, որ կը տրուին բնագիտութեան, քիմիագիտութեան, բժշկութեան եւ խաղաղարութեան բնագաւառներէն ներս՝ 1897 թուականէն ի վեր, բայց Նոպէլ զայն հիմնած էր 1895 թուականին: Իսկ 1969 թուականէն սկսեալ, շուէտական դրամատան միջնորդութեամբ եւ հովանաւորութեամբ, մրցանակին մարզերուն կ՚աւելնայ նաեւ տնտեսագիտութիւնը:

Նոպէլ այս մրցանակը ստեղծած եւ իրաւամբ քաջալերած է գիտական յայտնագործութիւններն ու գիւտերը, ժողովուրդի մը ստեղծագործութիւնները եւ ներդրումները զարգացնելու նպատակով։ Իր մահուան օրն ալ՝ դեկտեմբեր 10-ին Սթոքհոլմի մէջ կը կայանայ մրցանակաբաշխութիւնը:

ՀԱՅԵՐԸ ԵՒ ՆՈՊԷԼԵԱՆ ՄՐՑԱՆԱԿԸ

Հայերը զատ Նոպէլեան մրցանակակիր չեն ունեցած, բայց ամերիկահայ կլիմայագէտ Տորք Սահակեան միակ հայը եղած է, որ այդ մրցանակը ստացած է համատեղութեան կարգով եւ միակ հայը եղած է, որ այդ նպատակով Սթոքհոլմ գացած է: Հայազգի Տորք Սահակեան խաղաղութեան Նոպէլեան մրցանակ ստացած է Միացեալ Նահանգներու նախկին փոխ-նախագահ Ալպէր Կորին հետ՝ 2007 թուականին։ Անոնք մշակած էին գիտական զեկուցումներ՝ կլիմայի հնարաւոր փոփոխութիւններու թեմայով եւ կազմած առաջարկներու ցանկ՝ ուղղուած աշխարհի յառաջատար երկիրներու քաղաքական գործիչներուն՝ շրջակայ միջավայրի փրկութեան ու պահպանութեան համար: Զեկոյցները ներկայացուած են նախ ՄԱԿ-ին եւ ընդունուած իբրեւ դասագիրքի արժէք ունեցող աշխատութիւն՝ աշխարհի մէջ կլիմայական ճգնաժամը յաղթահարելու համար, իսկ 2007 թուականին Ալպէր Կորին տրուած է խաղաղութեան Նոպէլեան մրցանակ: Այդ մրցանակին հեղինակութիւնը կիսուած է Տորկ Սահակեանին հետ: Այսօր ալ գիտնական Սահակեան կը դասաւանդէ Քոլումպիայի համալսարանը եւ կը գրէ գիտական յօդուածներ, որոնց թիւը արդէն հատած է 2 հազարի սահմանը:

Աշխարհի մէջ շատ են տաղանդաւոր գիտնականները, եւ ուրիշ հայ գիտնականներ ալ կրնային ստանալ Նոպէլեան մրցանակը: Շատ հեղինակաւոր մրցանակներ տրուած են հայ գիտնականներու, բայց Նոպէլեան մրցանակի առումով վերապահութիւն մը կայ:

Քանի մը գիտնականներու անունները միշտ շրջանառուած են իբրեւ Նոպէլեան մրցանակի արժանի թեկնածուներ՝ իրենց գիտութեան մէջ ունեցած աննախադէպ ներդրումին համար: Այս մրցանակի յաւակնորդ առաջին հայ գիտնականը, որ ինն անգամ առաջադրուած է Նոպէլեան մրցանակին, տարրաբանագէտ Լուիճի Ճաքոմօ (Յակոբ) Չամիչեանն էր: Չամիչեան լուսատարրագիտութեան հիմնադիրներէն էր, ան առաջիններէն էր, որ ուսումնասիրեց արեգակնային կենսուժը՝ լուսատարրաբանական փոխազդեցութեամբ վառելանիւթի նոր տեսակի վերածելու հնարաւորութիւնները:

Վերջին տարիներուն Նոպէլեան մրցանակի իրական յաւակնորդներու ցանկին մէջ յայտնուած է Տուպնայի յայտնի հիմնարկի հայազգի գիտնական Տքթ. Եուրի Յովհաննիսեան, որուն յայտնաբերած տարրը համալրած է Մենտելեւի պարբերական աղիւսակի տարրերը, իբրեւ համալրող նոր՝ 118-րդ տարրաբանական տարր՝ oganesson-ը (Og):

Համաշխարհային համբաւի տէր այս գիտնականը հիւլէական բնագիտութեան մասնագէտ է, որ մեծ ներդրում ունի գերծանր բնագիտական տարրեր յայտնաբերելու եւ ուսումնասիրելու գործին մէջ: Ան կը հանդիսանայ երկրորդ գիտնականը, որ իր կենդանութեան տարիներուն արժանացած է տարրաբանական նոր տարրի մը իր անունով մկրտուելու պատիւին եւ ներկայիս միակ ողջ գիտնականն է, որուն անունով քիմիական տարր մը գոյութիւն ունի:

Յաջորդ հայ Նոպէլեան մրցանակակիր կրնար ըլլալ բնագէտ Գուրգէն Ասկարեանը, որ տակաւին ուսման տարիներուն շատ կարեւոր գաղափար մը յղացած է՝ լիցքաւորուած մասնիկները գրանցելու վերաբերեալ: Ան, ի հարկէ, ոչ մէկ աջակցութիւն ստացաւ օրին, նոյնիսկ չարտօնագրեց իր այդ մտայղացումը եւ բաւարարուեցաւ միայն բնագէտ ընկերներուն հետ քննարկելով:

Իսկ Բժշկութեան պատմութեան ամենակարեւոր գիւտերէն մէկուն հեղինակը նոյնպէս ծագումով հայ է՝ Ռայմոնտ Տամատեանը, որ կը համարուի (MRI) պատկերի ախտորոշման գործիքի ստեղծողը:

Ո՛չ Չամիչեան եւ ոչ ալ Տամատեան, գիտութեան ոլորտին մէջ իրենց կատարած յեղաշրջող գիւտերուն համար Նոպէլեան մրցանակ ստացած են:

2003 թուականին MRI-ի ոլորտին մէջ կատարած գիւտին համար Նոպէլեան մրցանակ ստացան երկու այլ գիտնականներ՝ Փեթէր Մենսֆիլտն ու Փոլ Լոթերպուրը, որոնց նորարարութիւնը հիմնուած էր Տամատեանի կատարած գիւտին հիման վրայ: Ատիկա Նոպէլեան մրցանակին շուրջ մեծ աղմուկ բարձրացուցած էր. շատ նշանաւոր գործիչներ հանդէս եկած են հրապարակային բողոքով՝ կրկին անվստահութիւն յայտնելով շուէտական ակադեմիային: «Նիւ Եորք Թայմս»ը նոյնիսկ Տամատեանի անունը շրջանցելու առթիւ յօդուած մը հրապարակած է, ուր վերլուծած է անարդարութեան հնարաւոր պատճառները:

Նոպէլեան կոմիտէի կայացուցած որոշման պատճառը ոմանք կը համարեն Տամատեանի «Երիտասարդ երկրագունդի ստեղծման» ուղղութեան դաւանումը, ըստ որուն, ինչպէս Հին կտակարանին մէջ կ՚ըսուի, երկիրը ստեղծուած է վեց օրուան ընթացքին: Սովորաբար այս ուղղութեան հետեւորդները վեց օրը կը հաւասարեցնեն 6000-7000 տարիներու: Բայց շատեր կ՚ըսեն, որ ասիկա միայն պատճառաբանութիւն է եւ ոչ մէկ կապ ունի անոր գիտական յայտնագործութեան հետ, առանց որուն այսօր դժուար է պատկերացնել բժշկութիւնը:

Վերջերս, ի դէպ, Տամատեան այցելած էր Հայաստան. յեղափոխական գիւտի հեղինակը համեստ եւ զուսպ կեանքով ապրող գիտնական մըն է։ 83-ամեայ գիտնականը հայրենիքի մէջ ընդունեցին մեծ շուքով։ Իսկ զայն ընդունողները յոյս յայտնեցին, որ ան ըստ արժանւոյն, կը գնահատուի աշխարհի կողմէ եւ օր մըն ալ Նոպէլեան կոմիտէն կը հրապարակէ հայու մը անուն:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 15, 2019