ԿԱԼԻՆԱ ԵՒ ԱՆՏՐԷՅ… ԽՂՃԻ ՄԱՐՏԻԿՆԵՐԸ

Այս օրերուն, երբ կը հայցենք աշխարհի զանազան ազգերու մտաւորականութեան աջակցութիւնը հայ ժողովուրդին, կը փնտռենք մանաւանդ ռուս մտաւորականութեան ձայնն ու նեցուկը աշխարհաքաղաքական այս խժդժութեան մէջ, որուն կեդրոնը դարձան Արցախն ու Հայաստանը: Պատահական չէ ռուսական մտաւորականութեան յառած մեր հայեացքը: Չէ՞ որ մեզի ծանօթ է արցախեան շարժման սկիզբը ռուսաստանեան ծագումով երկու ակնառու մտաւորականներու՝ Անտրէյ Սախարովի եւ Կալինա Ստարովոյտովայի լիակատար աջակցութիւնը մեր ժողովուրդին: Այս օրերուն յաճախ կը յիշենք այս երկու անձերը, որոնք իրենց կեանքը վտանգի ենթարկելով կանգնեցան հայ ժողովուրդի կողքին եւ Հայոց հարցը լսելի դարձուցին Խորհրդային Միութեան, Ռուսաստանի եւ ողջ աշխարհին:

Երբ արցախեան շարժումը սկսաւ, ես դպրոցական էի: Ցոյցեր տեղի կ՚ունենային ողջ Հայաստանի տարածքին, փոթորկած էր նաեւ իմ հայրենի Գորիս քաղաքը, որուն հրապարակին վրայ ամէն օր հաւաք եւ ցոյց կար: Մենք ձիւներուն մէջէն կը հասնէինք հրապարակ, մեծերուն հետ կը մասնակցէինք ցոյցերուն եւ անոնց հետ, ուրիշ կարգախօսներու հետ միասին կը պոռայինք նաեւ այս մէկը՝ «Կա-լի-նա, Կա-լինա»: Այն ատեն չէինք հասկնար, թէ ո՛վ է Կալինան, մեծերուն ըսածը միայն կը կրկնէինք: Յետոյ էր, որ պիտի գիտնայինք այդ քաջ ու սկզբունքային կնոջ մասին, որ Հայաստանի հետ ոչ մէկ կապ ունենալով, անկեղծութեամբ նուիրուեցաւ մեր պայքարին ու դարձաւ հայ ժողովուրդին սիրելի անձ մը… Այն ժամանակ Խորհրդային Հայաստանը Կալինա Ստարովոյտովան ընտրեց Խորհրդային Միութեան Գերագոյն խորհուրդի երեսփոխան. Խորհրդային տէրութիւնը փլուզման եզրին էր, բայց անոր կենսագրութեան մէջ մնաց իբրեւ փոքրիկ Հայաստանէն մեծ տէրութեան Գերագոյն Խորհուրդի համար ընտրուած երեսփոխան: Կալինա Ստարովոյտովան յետոյ դարձաւ նախագահ Պորիս Ելցինի ազգամիջեան հարցերու խորհրդականը: Այս մտաւորական կինը դասուած էր կարգին այն գործիչներուն, որոնք ձեւաւորած էին ապագայ նախագահ Պորիս Ելցինի հայեացքները եւ ապա՝ օրակարգը: Յետագային ան ընտրուած է Ռուսաստանի Պետական տումային երեսփոխան եւ շարունակած իր քաղաքական գործունէութիւնը, «Ժողովրդավարական Ռուսաստան» դաշնային կուսակցութեան համահիմնադիրն ու առաջնորդը ըլլալով: 1995 թուականին ալ երկրորդ անգամ ընտրուած է Ռուսաստանի Պետական տումայի երեսփոխան:

Ստարովոյտովան, սակայն, գիտնական էր, պատմաբան ու հնէաբան: Ան քաղաքականութիւն եկած էր Արցախեան հարցով: Ծնած է ռուսական մեծագոյն քաղաքներէն մէկուն՝ Չելեապինսքի մէջ։ Դպրոցը եւ համալսարանը աւարտած է Սեն Փեթերսպուրկի մէջ եւ մասնագիտացած՝ ազգերու միջեւ հոգեբանական փոխյարաբերութիւններու եւ այդպիսի գործընթացներու ուսումնասիրման ասպարէզին մէջ: 1980-ական թուականներու կէսերէն Ստարովոյտովան տեղափոխուած է Մոսկուա, ուր աշխատած է Խորհրդային Միութեան ազգագրութեան հիմնարկէն ներս: Աշխատանքի բերումով յաճախ մեկնած է գիտական արշաւներու, այդ կարգին նաեւ՝ Աբխազիա եւ Լեռնային Ղարաբաղ։ Իր ուսումնասիրութիւններուն համար, 1980 թուականին, ստացած է պատմական գիտութիւններու թեկնածուի գիտական աստիճան եւ իր գիտական թեզին մէջ կարեւոր ու նշանակալի տեղ տուած է նաեւ հայերուն եւ ուրիշ ազգերու հետ հայերու փոխյարաբերութիւններու նիւթին: Կալինա Ստարովոյտովան Խորհրդային Միութեան մէկ այլ ակնառու գիտնականի՝ ակադեմիկոս, իրաւապաշտպան Անտրէյ Սախարովի զինակիցներէն մէկը ըլլալով, միշտ սկզբունքայնութիւն կը դրսեւորէր եւ կը պաշտպանէր մարդկային իրաւունքներն ու ժողովրդավարութեան սկզբունքները: Այսպէս, գիտական աշխատանքը փոխարինելով քաղաքականութեամբ, Կալինա Ստարովոյտովան Խորհրդային Միութեան քաղաքացիներուն կը պատմէր արցախեան հարցին եւ հայ ժողովուրդի պայքարին մասին: Մինչ այդ, ինչ որ Խորհրդային Միութեան բազմազգ բնակչութեան մեծամասնութիւնը գիտէր Լեռնային Ղարաբաղի մասին, այն էր, որ այդպիսի անունով ինքնավար հանրապետութիւն մը գոյութիւն ունի: Եւ միայն այդքանը: Ան ճանչցուած է որպէս առաջին ռուս մտաւորականը, որ կը փորձէր հասկնալ Հայաստանի դիրքորոշումը, հետեւողական կերպով կը պաշտպանէր Լեռնային Ղարաբաղի ինքնորոշման իրաւունքը, ընդհուպ մինչեւ սեփական անկախ պետական կազմաւորման ստեղծումը: Շատերուն պէս Ստարովոյտովան ղարաբաղեան հակամարտութիւնը կը նկատէր դժուար լուծելի հակասութեան դասական օրինակ մը՝ երկու հիմնարար սկզբունքներու միջեւ՝ մէկ կողմէն ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունքն է, միւս կողմէն՝ տարածքային ամբողջականութեան սկզբունքը եւ ըստ անոր, սահմաններու խաղաղ փոփոխութիւնը կարելի է միայն համաձայնութեամբ: Յետագային ժողովրդավարութեան մարտիկ այս կինը այլ հարցերով նոյնպէս կեցած էր հայ ժողովուրդի կողքին, ինչպէս՝ քաղաքական բանտարկեալներու աջակցում, Ատրպէյճանէն հայ փախստականներու հարցերու բարձրացում, Ատրպէյճանի քննչական մեկուսարաններու եւ բանտերու մէջ դատապարտուած հայ ռազմագերիներու եւ առեւանգուած հայերու օգնութիւն եւ այլ հարցեր:

Մինչեւ իր կեանքին վերջը հաւատարիմ մնաց հայ ժողովուրդի հանդէպ իր սիրոյն:

Կալինա Ստարովոյտովան կեանքէն հեռացաւ ողբերգական մահով: 20 նոյեմբեր 1998 թուականին իր տունը մտած ժամանակ, շէնքին քով զայն գնդակահարած են երկու մարդասպաններ։ Այս սպանութիւնը յետագային որակուեցաւ իբրեւ քաղաքական դրդապատճառներով կատարուած սպանութիւն, հակառակ որ իր ապրած տարիներուն Ստարովոյտովան միշտ ըսած էր, թէ ինք քաղաքական թշնամիներ չունի: Սպանութեան դրդապատճառը մինչեւ վերջ չբացայայտուեցաւ, բայց քանի մը տարի առաջ սպանութեան կազմակերպման մէջ մեղադրուող ռուսաստանցի նախկին երեսփոխաններէն մէկը դատապարտուեցաւ տասնեօթ տարուայ ազատազրկման: Կալինա Ստարովոյտովային քոյրը՝ Օլկա Ստարովոյտովան իր քրոջ մահէն ետք ըսած է, թէ իր քոյրը կը կանխազգար, թէ վտանգ կրնար սպառնալ իրեն, բայց կ՚ըսէր. «Զիս չեն սպաններ երեք պատճառով: Առաջին, որ կին եմ, երկրորդ, որ յայտնի եմ եւ վերջապէս երրորդ, որ դրամի հետ որեւէ առընչութիւն չունիմ, իսկ Ռուսաստանի մէջ հիմնականօրէն դրամի համար կը սպաննեն»։

Գիտնականին, քաղաքական գործիչին, իրաւապաշտպանին յուղարկաւորութեան մասնակցած են նախկին Խորհրդային Միութեան բոլոր ծայրերէն, միայն Սեն Փեթերսպուրկէն Մոսկուա գացած էր քառասուն հազար մարդ:

Մահէն ետք անոր անունով կոչուած են փողոցներ, դպրոցներ, հիմնադրամներ: Երեւանի մէջ դպրոց մը նոյնպէս անուանակոչուած է հայ ժողովուրդի բարեկամ Կալինա Ստարովոյտովայի անունով, իսկ Արցախի մայրաքաղաքը՝ Ստեփանակերտի մէջ՝ փողոց մը: Մոսկուայի մէջ բացուած է անոր թանգարանը, սակայն տարիներ առաջ, այդ թանգարանը կողոպուտի ենթարկուեցաւ: Գողերը տարած էին համակարգիչը, Ստարովոյտովայի անձնական իրերը՝ ոսկեայ մատանին, ժամացոյցը, ինչպէս նաեւ՝ Վազգէն Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին նուիրած խաչը: Թանգարանի աշխատակիցները վերջին կորուստը մանաւանդ մեծ նկատած էին…

***

Յառաջիկայ մարտ ամսուն կը նշուի հայ ժողովուրդի այլ բարեկամի մը՝ ռուսական ծագումով գիտնական, ակադեմիկոս Անտրէյ Սախարովի 100-ամեակը: Գիտական աշխարհէն դէպի քաղաքականութիւն Սախարովի անցումը նոյնպէս մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան հետ կ՚առընչուէր, ան խորհրդային իրաւապաշտպան շարժման առաջնորդներէն մէկն էր: Իբրեւ բնագէտ նոյնպէս շատ յայտնի էր երկրին մէջ, խորհրդային ջրածնային ռումբի համահեղինակն էր, բայց Սախարով Նոպելեան մրցանակ ստացաւ ո՛չ թէ գիտութեան, այլ՝ մարդկային իրաւանց դաշտին մէջ ունեցած գործունէութեան համար: Սախարովը աքսորուած է իր այլախոհ կեցուածքներուն համար եւ 1986 թուականին Միխայիլ Կորպաչով Սախարովը եւ անոր կինը ազատած եւ արտօնած է Մոսկուա վերադառնալ: Այս քայլը աշխարհի մակարդակով գնահատուած է իբրեւ Խորհրդային Միութեան մէջ այլախոհութեան դէմ պայքարի աւարտին սկիզբը: Բայց մեծ գիտնականը Խորհրդային Միութեան մէջ լուռ չէր կրնար մնալ՝ տեսնելով բազմաթիւ անարդարութիւններ: Իր ձայնը այս անգամ բարձրացուց յաջակցութիւն հայերու պայքարին: Ան շատ արագ հասկցաւ արցախեան շարժման էութիւնը եւ Խորհրդային Միութեան ժողովրդական երեսփոխաններուն առաջին համագումարին ելոյթ ունեցաւ Աֆղանիստանի եւ Արցախի մասին ճշմարտութիւններ յայտնելով:

Այդ ելոյթը կը հեռարձակուէր նաեւ Հայաստանի մէջ եւ մենք այսօրուան պէս կը յիշենք, թէ ինչպէս դահլիճին մէջ նստածներուն մեծամասնութիւնը գոռոցներով եւ յարձակողական կոչերով լսեց Սախարովի ելոյթը, իսկ ան, ուշադրութիւն չդարձնելով, կը շարունակէր խօսիլ: Արցախեան շարժման օրերուն մենք հրապարակներու վրայ կը բռնէինք Սախարովի նկարը, այն օրերու տպագրութեան բնորոշ աղօտ պատկեր մըն էր, բայց այնքան կարեւոր նշանակութիւն ունէր այդ նկարը մեզի համար: Մենք շատ ալ լաւ չէինք գիտեր, թէ ո՞վ է ան, բայց քանի որ մեծերը մեր ձեռքերը տուած էին այդ ցուցանակը, հպարտօրէն առաջ կը տանէինք:

...15 դեկտեմբեր 1989 թուականին Խորհրդային Միութեան ժողովրդական երեսփոխաններու երկրորդ համագումարի առաւօտեան նիստը կը սկսի քար լռութեամբ՝ նախորդ երեկոյ անսպասելիօրէն մահացած էր Անտրէյ Սախարով, իր տան մէջ, սրտի տագնապէն: Այդ յայտարարութենէն քիչ անց անոր աթոռին երեւցան կարմիր մեխակներ…

Կեանքի համար վտանգներով լի կենսագրութիւն ունեցած էր նաեւ Սախարովին կինը (երկրորդ կինը) ազգութեամբ հայուհի Ելենա Պոները, որ նոյնպէս անցած է աքսորի, հալածանքի միջով, բայց իր ամբողջ կեանքը նուիրած է ամուսինին եւ մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեան:

Այսօր Երեւանի կեդրոնական հրապարակներէն մէկուն վրայ դրուած է մեծ մարդասէր Սախարովին արձանը, իսկ հրապարակը կը կոչուի անոր անունով: Ի դէպ, այդ յուշարձանը Սախարովի առաջին յուշարձանն էր նախկին Խորհրդային Միութեան տարածքին:

Յետագային անոր յուշարձանները դրուեցան ամէնուր, այդ կարգին՝ Ուաշինկթընի մէջ, Խորհրդային Միութեան դեսպանատան գտնուած վայրը: Արցախցիները նոյնպէս յիշատակի տուրք մատուցած են Սախարովին՝ Ստեփանակերտի մէջ դպրոց մը եւ փողոց մը անուանակոչելով Անտրէյ Սախարովի անունով: Աշխարհի մէջ գոյութիւն ունի

Սախարովի անուան Մտքի ազատութեան մրցանակը, որ ստեղծուած է 1988 թուականի դեկտեմբերին՝ Եւրոպական խորհրդարանի կողմէ, որպէս խրախուսման միջոց անհատներուն եւ մարդոց խումբերուն կամ կազմակերպութիւններուն, որոնք նուիրուած են մարդու իրաւունքներու եւ միտքի ազատութեան պաշտպանութեան:

Այս տագնապալի եւ վշտալի օրերուն բազմիցս յիշեցինք Անտրէյ Սախարովի այն խօսքերը, թէ Արցախի մէջ ընթացող պատերազմը ամբողջ աշխարհի ժողովուրդներու կեանքի եւ մահուան պայքարն է:

Երիտասարդ սերունդը այսօր պէտք է աւելի մանրամասն ուսումնասիրէ այս հայասէր գործիչներուն գործը եւ անոնց օրինակները ի ցոյց դնէ աշխարհին:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 15, 2020