ԿԻՐԱԿՄՈՒՏՔԻ ԽՈՐՀՐԴԱԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐ. ՉՈՐՍ ԱՒԵՏԱՐԱՆԻՉՆԵՐ

Այսօր, շաբաթ, 15 հոկտեմբեր 2022-ին, Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին կը նշէ չորս Աւետարանիչներուն՝ Սուրբ Մատթէոսի, Սուրբ Մարկոսի, Սուրբ Ղուկասի եւ Սուրբ Յովհաննէսի տօնը:

Այս գրութեամբ առանձինն պիտի անդրադառնանք չորս Աւետարանիչներու կեանքին ու գործունէութեան, իսկ աւարտին, պիտի մէջբերենք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան վաստակաշատ եւ առաքինազարդ հոգեւորականներէն՝ լուսահոգի Զարեհ Արքեպիսկոպոս Ազնաւորեանի կատարած նկարագրականը իւրաքանչիւր Աւետարանի գրութեան, նպատակին եւ բովանդակութեան մասին:

ՍՈՒՐԲ ՄԱՏԹԷՈՍ ԱՌԱՔԵԱԼ, ԱՒԵՏԱՐԱՆԻՉ

Սուրբ Մատթէոս Առաքեալ, Մատթէոս Աւետարանիչ կամ Ղեւի՝ Ալփէոսի որդի, Յիսուս Քրիստոսի 12 առաքեալներէն մէկը եղած է: Ըստ աւանդութեան առաջին Աւետարանին՝ իր անունը կրող՝ Մատթէոսի հեղինակն է:

Մատթէոսի, Մարկոսի եւ Ղուկասի Աւետարաններուն տուած վկայութիւններուն համաձայն, Մատթէոսը մաքսաւոր մը եղած է, երբ Յիսուս զԻնք հրաւիրած է աշակերտութեան պաշտօնին (Մտ 9.9): Մատթէոսի Աւետարանին մէջ որպէս Մատթէոս յիշուած է: Մատթէոս կը նշանակէ՝ «Աստուծոյ ընծայ». իսկ Մարկոսի եւ Ղուկասի Աւետարաններուն մէջ ան Ղեւի կոչուած է: Կարդա՛նք.

«Յիսուս կրկին Գալիլիայի լիճին եզերքը գնաց: Ամբողջ ժողովուրդը Իրեն կու գար եւ Ինք անոնց կ՚ուսուցանէր: Մինչ կ՚երթար, տեսաւ Ալփէսի որդին՝ Ղեւին, որ մաքս գանձելու նստած էր, եւ ըսաւ անոր.

-Հետեւէ՛ Ինծի:

Ղեւի ելաւ եւ Անոր հետեւեցաւ: Ապա Յիսուս ճաշի նստաւ անոր տան մէջ, ուր շատ մը մաքսաւորներ եւ մեղաւորներ ալ կային, որոնք Յիսուսի եւ Իր աշակերտներուն հետ բազմած էին, որովհետեւ շատեր անոր կը հետեւէին» (Մր 2.13-15: Կարդա՛ նաեւ Մտ 9.9-10: Ղկ 5.27-29):

Ըստ աւանդութեան, Սուրբ Մատթէոս առաքեալը քարոզած է Պաղեստինեան հրեաներուն, յետոյ Ափրիկէ մեկնած է, քարոզած եւ դարձեալ ըստ աւանդութեան ահաւոր չարչարանքներու ենթարկուելով, Եթովպիոյ մէջ նահատակուած է:

ՍՈՒՐԲ ՄԱՐԿՈՍ ԱՒԵՏԱՐԱՆԻՉ

Սուրբ Մարկոս  Աւետարանիչը Պետրոս առաքեալին աշակերտներէն մէկն է, որ եղած է նաեւ անոր թարգմանիչը (Ա. Պտ 5.13):

Մարկոսը Աւետարանիչը նաեւ Պօղոս առաքեալին ու Բառնաբասի գործակիցներէն մէկը եղած է, եւ վերջինիս՝ եղբօր տղան (Կղ 4.10):

Բնիկ երուսաղէմացի եղած է:

Գործք Առաքելոցին մէջ կոչուած է նաեւ Յովհաննէս. «Սթափելով [խօսքը Պետրոս առաքեալի մասին է], դիմեց դէպի Մարիամի տունը: Այս Մարիամը մայրն էր Յովհաննէսի, որ Մարկոս վերակոչուեցաւ» (Գրծ 12.12): Յովհաննէս եւ Մարկոս անունները նոյն անձին երկու տարբեր անուններն են. մէկը՝ եբրայական, միւսը՝ յունա-հռոմէական: Այս երեւոյթը՝ երկու անուններ ունենալը, կարելի է գտնել եկեղեցւոյ առաջին գործիչներու մեծ մասին մօտ:

Մարկոսի Աւետարանը չորս Աւետարաններուն մէջ եղող ամենէն կարճ Աւետարանն է եւ ամենէն կանուխ գրուածը:

Պետրոս առաքեալը Մարկոսը ղրկած է Եթովպիա: Ան գացած է Աղեքսանդրիա եւ այնտեղ քարոզած, ու բազմաթիւ հետեւորդներ ունեցած է: Այս հանգամանքը տեղի հեթանոսներուն եւ հրեաներուն նախանձը շարժած է, որոնք տեղի իշխանութիւններուն բողոքելով, վերջիններս ձերբակալած են զինք եւ տաժանելի չարչարանքներու մատնած:

Ըստ աւանդութեան, երբ ան բանտին մէջ  էր, գիշեր մը Տիրոջ հրեշտակը կ՚այցելէ զինք ու քաջալերելով, կ՚ըսէ անոր. «Մի՛ վախնար, Մարկոս, Տիրոջ համար պիտի չարչարուիս, սակայն անունդ երանելի առաքեալներուն հետ պիտի գրուի եւ պիտի չջնջուի»: Այս այցելութենէն ետք շարունակած են չարչարել զինք, մինչեւ որ ան իր հոգին աւանդած է: 

ՍՈՒՐԲ ՂՈՒԿԱՍ ԱՒԵՏԱՐԱՆԻՉ

Սուրբ Ղուկաս Աւետարանիչը Յիսուս Քրիստոսի 72 աշակերտներէն մէկը եղած է: Ծնած է Ասորիքի Անտիոք քաղաքին մէջ:

Ան մասնագիտութեամբ բժիշկ եղած է: Կը պատմուի նաեւ, թէ ան հմուտ նկարիչ մը եղած է եւ ըստ աւանդութեան ի՛նքն է, որ առաջին անգամ նկարած է Յիսուս Մանուկը Սուրբ Մարիամ Աստուածածինի գիրկին մէջ:

Պօղոս առաքեալին ամենէն մտերիմ, հաւատաիմ եւ նուիրուած գործակիցներէն մէկը եղած է: Լաւ իմացութիւն ունեցած է ասորերէն, եբրայերէն եւ յունարէն լեզուներուն:

Գրած է Աւետարան մը՝ յունարէն լեզուով, որ կոչուած է իր անունով՝ Ղուկասի Աւետարան:

Կարգ մը եկեղեցական հայրեր ու մեկնիչներ Ղուկասը նոյնացուցած են Էմմաուսի երկու ճամբորդներէն մէկուն, որոնց անունները Աւետարանիչը չէ՛ պահպանած:

Համաքրիստոնէական նախնագոյն շարականները Ղուկասի Աւետարանէն ներշնչուած են: Տանք մի քանի օրինակ. «Ավէ Մարիա», «Փառք ու բարձունս», «Մեծացուսցէ», եւ այլն:

Ղուկաս Աւետարանիչը նաեւ հեղինակն է Գործ Առաքելոց գիրքին: Գիրք մը, որ քրիստոնէութեան պատմութեան ամենէն կարեւոր աղբիւրներէն մէկն է, միաժամանակ քրիստոնէութեան հիմնասիւնը: Այդ գիրքին մէջ հեղինակը՝ Ղուկաս Աւետարանիչը, նախ կը ներկայացնէ Եկեղեցւոյ արմատաւորուիլն ու տարածուիլը Պաղեստինի մէջ՝ կեդրոն ունենալով Երուսաղէմը, եւ ապա Երուսաղէմի մօտակայ երկիրները տարածուիլը՝ Սուրիա, Կիպրոս, Փոքր Ասիա, Յունաստան եւ մինչեւ Հռոմ՝ իբրեւ կեդրոններ ունենալով Անտիոքն ու Եփեսոսը: Այս առումով կատարենք հետեւեալ մէջբերումը.

«Առաքեալներուն Գործերը կարելի է բաժնել երեք մասերու.

1. Քրիստոնէութեան տարածումը Երուսաղէմի մէջ՝ Յիսուս համբարձումէն ետք (1.1-8.3):

2. Քրիստոնէութեան տարածումը Երուսաղէմի շուրջ եւ ամբողջ Պաղեստինի մէջ (8.4-12.25):

3. Քրիստոնէութեան տարածումը Միջերկրականեան երկիրներուն մէջ, մինչեւ Հռոմ (13.1-28.31)» («ՆՈՐ ԿՏԱԿԱՐԱՆ», Անթիլիաս, 1996, էջ 387):

ՍՈՒՐԲ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԱՌԱՔԵԱԼ, ԱՒԵՏԱՐԱՆԻՉ

Զեբեդէոսի եւ Սողոմէի որդին: Եղբայրը՝ Յակոբոսին, որուն հետ ձկնորսութեամբ կը զբաղէր:

Սկիզբը՝ մինչեւ Տէր Յիսուսին աշակերտիլը, աշակերտած է Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչին:

Եղած է Տէր Յիսուսի «Սիրելի աշակերտը»: Առաքեալներուն մէջ ամենէն փոքրը եղած է:

Սուրբ Յովհաննէս առաքեալին խնամատարութեան յանձնեց Տէր Յիսուս Իր մայրը՝ Սուրբ Մարիամ Աստուածածինը: Վերջինս վերափոխումէն ետք Յովհաննէս առաքեալ Արեւելքի մէջ քարոզեց, առաւելաբար՝ Փոքր Ասիոյ մէջ, եւ ի մասնաւոր Եփեսոսի մէջ հաստատեց իր աթոռը:

Աւանդութեան համաձայն, առաքեալը Եփեսոս գալէ ետք, աղօթքներու զօրութեամբ հիմնայատակ աւերած է Ամազոնաց կոչուած մեհեանը, եւ իր գործած հրաշքներով ու կատարած քարոզուեցամբ եւ կեանքի հրեշտակային վարքագիծով բազմաթիւ հելլէնացիներու բերած է ճշմարիտ Աստուածգիտութեան լոյսին:

Տէմետիանոսի ժամանակ, ան Ասիոյ մէջ կը շրջէր ու կը քարոզէր Քրիստոսը: Տէմետիանոսի հրամանով ձերբակալուած է եւ շղթաներով ուղարկուած Հռոմ: Այնտեղ, իր կատարած համարձակ քարոզութեան եւ հեթանոսները յանդիմանելու համար եռացող ձէթի կաթսայի մը մէջ նետուած է, ուրկէ առանց ո՛չ մէկ վնասի դուրս եկած է:

Փաթմոս կղզի աքսորուած է, ուր եւ գրած է իր «Յայտնութիւն»ը: Որոշ ժամանակ ետք վերադարձած է Եփեսոս, ուր եւ վախճանած է 101 թուականին, դառնալով միակ առաքեալը, որ նահատակութեամբ չէ կնքած իր կեանքը:

Յովհաննէս Աւետարանիչին անունով կան նաեւ երեք այլ ընդհանրական թուղթեր: 

***

Այստեղ ներկայացնենք նաեւ չորս Աւետարանիչներուն խորհրդանշական պատկերագրութիւնը: Այս պատկերագրութիւնը հիմնուած է Եզեկիէլի մարգարէութեան 1.10-ի եւ Յովհաննու Յայտնութեան 4.7 համարներուն վրայ:

Եկեղեցական աւանդութեան համաձայն,

Մատթէոսը մարդու կը նոյնացուի, որովհետեւ անոր Աւետարանը Քրիստոսի մարդեղութեան պատմութիւնով կը սկսի:

Մարկոսը՝ առիւծի, որովհետեւ իր Աւետարանին սկիզբը քաջութեամբ կը յայտարարէ, թէ Յիսուս Աստուծոյ Որդին է:

Ղուկասը՝ եզի, որ զոհի խորհրդանիշն է, այն պատճառով, որ անոր Աւետարանը Զաքարիայի՝ տաճարին մէջ զոհի պատրաստութեան պաշտամունքի նկարագրութեամբ կը սկսի:

Յովհաննէսը՝ արծիւի, որովհետեւ ան իր Աւետարանին սկիզբը դէպի վեր կը սաւառնի, յայտարարելով Քրիստոսի Աստուածութիւնը. «Աշխարհի ստեղծագործութենէն առաջ գոյութիւն ունէր Բանը: Բանը Աստուծոյ հետ էր եւ Բանը Աստուած էր: Անիկա սկիզբէն Աստուծոյ հետ էր» (Յհ 1.1-2):

***

Անցնինք Աւետարաններու նկարագրութեան.

ՅԻՍՈՒՍ ՔՐԻՍՏՈՍԻ ԱՒԵՏԱՐԱՆԸ ԸՍՏ ՄԱՏԹԷՈՍԻ

Աւետարաններու դասաւորումին մէջ առաջինն է Մատթէոսի Աւետարանը: Հեղինակն է Մատթէոս առաքեալը (9.9), որ կոչուած է նաեւ Ղեւի (Մր 2.14: Ղկ 5.27): Մատթէոս պաշտօնով մաքսաւոր էր, այսինքն՝ հարկահաւաք, երբ Յիսուս զինք առաքելութեան կանչեց:

Մատթէոսի Աւետարանը իր ընթերցողներուն, յատկապէս իր ժամանակի հրեայ քրիստոնեաներուն կը յայտնէ՝ թէ Յիսուսն է խոստացուած Փրկիչը, որ Աստուած խոստացած էր Հին Կտակարանի մարգարէութիւններուն մէջ: Յիսուս միայն Եբրայեցի ժողովուրդին Փրկիչը չէ, այլ՝ ամբողջ աշխարհի:

Մատթէոս իր Աւետարանը գրած է ժամանակագրական կարգաւորութեամբ: Կը սկսի Յիսուսի ազգաբանութեամբ եւ ծնունդով, կը նկարագրէ մկրտութիւնն ու փորձութիւնը եւ ապա անոր քարոզութիւնը եւ բժշկութիւնները: Վերջապէս, Մատթէոս կը նկարագրէ Յիսուսի վերջին անգամ Երուսաղէմ երթը, վերջին շաբթուան դէպքերը, խաչելութիւնն ու յարութիւնը:

Մատթէոս Աւետարանիչ Յիսուսը կը ներկայացնէ որպէս այն Մեծ Ուսուցիչը, ոչ իշխանութիւն ունի մեկնաբանելու Աստուծոյ Օրէնքը եւ քարոզելու Աստուծոյ Արքայութեան մասին: Անիկա Աստուծոյ Օրէն-քին եւ Ուխտին հաւատարիմ ծառան է, որ կը կատարէ եւ կ՚ամբողջացնէ Աստուծոյ ծրագիրը: Մատթէոսի Աւետարանին մէջ Յիսուսի ուսուցումները կը տրուին յատուկ խմբաւորումներով եւ ընդհանուր դասաւորումով մը, որ կը ներկայանայ հետեւեալ կարգով.

1. Լեռան քարոզը, որով մեզի կը յայտնէ մեր պարտաւորութիւնները՝ արժանի ըլլալու համար Աստուծոյ Արքայութեան (5-7 գլուխներ):

2. Իր աշակերտներուն ցուցմունքներ՝ Աստուծոյ Արքայութիւնը քարոզելու իրենց առաքելութեան մասին (10-րդ գլուխ):

3. Երկինքի Արքայութեան խորհուրդը եւ յետագայ մեծ յաղթանակը պատկերացնող եօթը տարիներ (13-րդ գլուխը):

4. Այս աշխարհի վրայ ինչպէ՞ս ապրիլ իբրեւ երկինքի Արքայութեան զաւակներ (18-րդ գլուխ):

5. Ուսուցումներ՝ ներկայ ժամանակներու վախճանին եւ Աստուծոյ Արքայութեան գալուստին մասին (24-25-րդ գլուխներ) («ՆՈՐ ԿՏԱԿԱՐԱՆ», Անթիլիաս, 1996, էջ 1-2):

ՅԻՍՈՒՍ ՔՐԻՍՏՈՍԻ ԱՒԵՏԱՐԱՆԸ ԸՍՏ ՄԱՐԿՈՍԻ

Մարկոսի Աւետարանը չորս աւետարաններուն ամենէն կարճն է եւ գրուած է բոլորէն առաջ: Հեղինակը, ըստ առաջին եկեղեցւոյ վկայութեան, Յովհաննէս Մարկոսն է, որուն մասին ծանօթութիւններ ունինք Առաքեալներու Գործերը գիրքէն եւ առաքելական նամակներէն (Կղ 4.10: Փլմ 24: Բ. Տմ 4.11: Ա. Պտ 5.13): Անիկա ընկերացած է Պօղոսի եւ Բառնաբասի դէպի Երուսաղէմ, Կիպրոս եւ Պամփիլիա կատարած ճամբորդութեան ընթացքին: Ատեն մը աշակերտած է նաեւ Պետրոս առաքեալին:

Մարկոսի Աւետարանը կը սկսի հաստատումով, թէ Յիսուս Քրիստոս Աստուծոյ Որդին է: Այս Աւետարանը Յիսուսը կը ներկայացնէ հեղինակութեան տէր անձ մը, որուն իշխանութիւնը կը տեսնուի իր ուսուցումներուն մէջ, չար ոգիներուն վրայ եւ մարդոց մեղքերը ներելուն մէջ: Աստիճանաբար Յիսուս Ինքզինք կը յայտնէ Իր աշակերտներուն, եւ որքան կը յայտնէ Իր Մեսիայութիւնը՝ այնքան աւելի կը խօսի Իր չարչարանքներուն, մահուան եւ յարութեան մասին, որոնք տեղի պիտի ունենան Երուսաղէմի մէջ: Յիսուս Ինքզինք կը կոչէ Մարդու Որդի, որ աշխարհ եկած է Իր կեանքը տալու, մարդկութիւնը ազատագրելու համար մեղքի կապանքներէն:

Մարկոսի Աւետարանին մէջ Յիսուսի պատմութիւնը ներկայացուած է իր կատարած գործերուն ընդմէջէն, քան թէ Իր խօսքերուն եւ ուսուցումներուն: Յովհաննէս Մկրտիչի մասին կարճ ներածականէն եւ Յիսուսի մկրտութեան եւ փորձութեան դրուագին համառօտ  ներկայացումէն  ետք, անմիջապէս կ՚անցնի Յիսուսի առաքելութեան եւ կատարած բժշկութիւններուն: Ժամանակի ընթացքին Յիսուսի հետեւորդները հետզհետէ աւելի լաւ կը հասկնան զինք, մինչ միւս կողմէ հակառակորդները աւելի թշնամական կը դառնան: Վերջին գլուխները կը պատմեն Յիսուսի վերջին շաբաթը, յատկապէս խաչելութիւնն ու յարութիւնը:

Մարկոսի Աւետարանը գործնական, պարզ ու արագ ոճով, բայց տպաւորիչ կերպով կը ներկայացնէ Յիսուսը, այնպէս որ իւրաքանչիւր ընթերցող Հռոմայեցի հարիւրապետին պէս գոչէ. «Իրապէս որ այս մարդը Աստուծոյ Որդին էր» (15.39). («ՆՈՐ ԿՏԱԿԱՐԱՆ», Անթիլիաս, 1996, էջ 114-115):

ՅԻՍՈՒՍ ՔՐԻՍՏՈՍԻ ԱՒԵՏԱՐԱՆԸ ԸՍՏ ՂՈՒԿԱՍԻ

Ղուկաս յոյն բժիշկ մըն էր, որ աշակերտած է Պօղոս առաքեալին եւ դարձած անոր հաւատարիմ գործակիցը եւ բազմաթիւ անգամներ անոր հետ ճամբորդած:

Ղուկասի Աւետարանը Յիսուսը կը ներկայացնէ որպէս Փրկիչը Իսրայէլի եւ մանաւանդ ամբողջ մարդկութեան: Սկիզբը երկար մուտք մը ունի, ուր կը ներկայացնէ Յովհաննէս Մկրտիչի եւ Յիսուսի ծնունդներուն աւետումն ու ծննդեան պարագաները, Զաքարիայի օրհներգով, Մարիամի փառաբանական երգով, հրեշտակներու օրհներգութեամբ եւ Սիմէոն Ծերունիի օրհնաբանութեամբ միասին, որոնք սկիզբէն իսկ կը փոխանցեն Ղուկասի Աւետարանին հիմնական պատգամը՝ Քրիստոսի աստուածային ծագման եւ փրկութեան համաշխարհային տարողութեան մասին:

Ղուկասի Աւետարանը նաեւ յատուկ կերպով կ՚արտացոլացնէ Աստուծոյ սէրը՝ մանաւանդ խոնարհ դասու մարդոց հանդէպ: Անիկա յաճախ կոչուած է «մեղաւորին Աւետարանը»: Խոնարհներուն, աղքատներուն, զրկեալներուն, այրիներուն եւ օտարականներուն Աւետարանն է: Այս Աւետարանը ամենէն ամբողջական կերպով կու տայ Յիսուսի կեանքին պատմութիւնը, սկսելով Յովհաննէս Մկրտիչի ծնունդէն մինչեւ Յիսուսի յարութիւնը: Հեղինակին նպատակը եղած է Յիսուսի կեանքին դէպքերը պատմել կանոնաւոր դասաւորումով: Իսկ Յիսուսի յարութենէն ետք քրիստոնէութեան տարածման եւ զօրացման պատմութիւնը նոյն հեղինակը կը պատմէ Առաքեալներուն Գործերը գիրքին մէջ:

Յատկանշականը այն է, որ կարգ մը դրուագներ եւ առակներ մի՛այն Ղուկասի Աւետարանին մէջ կը գտնենք: Այսպէս, օրինակ, Յիսուսի ծնունդի ժամանակ հրեշտակներուն երգը, հովիւներուն այցը, պատանի Յիսուսը տաճարին մէջ, Փարիսեցիին եւ մաքսաւորին, բարի Սամարացիին, անառակ որդիին եւ ուրիշ առակներ, Զակքէոսի եւ խաչուած աւազակին դարձը, եւ այլն («ՆՈՐ ԿՏԱԿԱՐԱՆ», Անթիլիաս, 1996, էջ 186-187):

ՅԻՍՈՒՍ ՔՐԻՍՏՈՍԻ ԱՒԵՏԱՐԱՆԸ ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ

Յովհաննէս Առաքեալ զաւակն է Զեբեդէոսի ու Սողոմէի եւ եղբայրը Յակոբոս առաքեալին: Յիսուս զինք կանչեց երբ ձկնորսութիւն կ՚ընէր (Մտ 4.21: Մր 1.19: Ղկ 5.10): Յիսուսի մտերիմ առաքեալներէն մէկը եղած է եւ բացառիկ առիթներով Պետրոսի եւ Յակոբոսի հետ միասին գտնուած Յիսուսի հետ (Մտ 17.1: Մր 9.2: Ղկ 9.28: Մր 5.37: Ղկ 8.51: Մտ 26.37: Մր 14.33: Յհ 13.23, 19.26-27):

Յովհաննէսի Աւետարանը յատկանշական կերպով տարբեր է միւս աւետարաններէն: Անիկա Յիսուսը կը ներկայացնէ որպէս Աստուծոյ Խօսքը, որ մարմին եղաւ եւ մեր միջեւ բնակեցաւ: Ինչպէս հեղինակը կ՚ըսէ, այս Աւետարանը գրուեցաւ՝ որպէսզի ընթերցողները հաւատան, թէ Յիսուսն է խոստացուած Փրկիչը, Աստուծոյ Որդին, եւ յաւիտենական կեանքը ունենան (20.31):

Նախաբանէն ետք, ուր Աստուծոյ խօսքը կը նոյնացուի Յիսուսի հետ, Աւետարանին առաջին մասը կը նկարագրէ զանազան հրաշքներ՝ որոնք ցոյց կու տան, թէ Յիսուսն է խոստացուած Փրկիչը, Աստուծոյ Որդին: Գիրքին այս բաժինը կը պատմէ այն մարդոց մասին, որոնք հաւատալով Յիսուսի՝ Անոր հետեւորդները դարձան, մինչ ուրիշներ ընդդիմացան եւ մերժեցին հաւատալ: Այս Աւետարանին մէջ է, որ կը գտնենք շատ մը բացառիկ նշանակութեամբ դրուագներ. ինչպէս՝ Կանայի հարսանիքը, Յիսուսի հանդիպումները Նիկոդեմոսի, Սամարացի կնոջ, Բեթհեզդայի անդամալոյծին եւ ի ծնէ կոյրին հետ, ինչպէս նաեւ Ղազարոսի յարութիւնը, իբրեւ Յիսուսի Աստուածութեան նշանները (2-11 գլուխներ): 13-17-րդ գլուխներուն մէջ Յիսուս մտերմօրէն կը զրուցէ իր առաքեալներուն հետ, ձերբակալութենէն եւ խաչելութենէն առաջ՝ զանոնք քաջալերելու համար: Վերջին գլուխներուն մէջ կը պատմուին ձերբակալութիւնը, խաչելութիւնը, յարութիւնը եւ յարութենէն ետք իր երեւումները:

Յովհաննէս կը շեշտէ յաւիտենական կեանքի շնորհքը, որ մենք պիտի ստանանք Յիսուսի միջոցաւ: Այդ շնորհքին կ՚արժանանան անոնք, որոնք կ՚ընդունին Յիսուսը որպէս ճամբայ, ճշմարտութիւն եւ կեանք: Յովհաննէսի մօտ ուշագրաւ են Յիսուսի ճառերն ու խորհրդածութիւնները, որոնք ընդարձակ բացատրականներ են Իր աստուածային հանգամանքը արտայայտող եւ խորունկ ճշմարտութիւններ բացայայտող: Այս հասկացողութեամբ ուշագրաւ են իր գործածած խորհրդանշական բառերը, որոնք ամէնօրեայ գործածութիւն ունին - ջուր, հաց, լոյս, հովիւ, ոչխար, այգի, եւ այլն («ՆՈՐ ԿՏԱԿԱՐԱՆ», Անթիլիաս, 1996, էջ 301-302):

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

10 հոկտեմբեր 2022, Վաղարշապատ

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 15, 2022