ՀԱՐԻՒՐԱՄԵԱՅ ՆԿԱՐՉՈՒՀԻՆ՝ ԱՐՓԵՆԻԿ ՆԱԼՊԱՆՏԵԱՆ

Նո­յեմ­բե­րի ան­սո­վոր տաք կի­րա­կի­նե­րէն մէկն է: Աշ­նա­նա­յին բազ­մա­զան գոյ­նե­րը կը մղեն ա­րուես­տի ջերմ մի­ջա­վայր մը եր­թա­լու, Կի­րա­կին կ­­՚ու­զեմ ան­ցը­նել ա­րուես­տի, գոյ­նե­րու աշ­խար­հի մը մէջ: Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին պատ­կե­րաս­րա­հը Կի­րա­կի օ­րե­րը սո­վո­րա­բար մար­դա­շատ կ­­՚ըլ­լայ, այն նկա­տա­ռու­մով, որ հանգս­տեան օր է, իսկ Եր­կու­շաբ­թի ալ պատ­կե­րաս­րա­հը գոց է, եւ մա­նա­ւանդ ա­րուես­տա­սէր­նե­րը կը փա­փա­քին Կի­րա­կին նուի­րել ա­րուես­տին: Բայց այս Կի­րա­կի պատ­կե­րասրա­հի մուտ­քը ա­մա­յի կը թուի, Հան­րա­պե­տու­թեան հրա­պա­րա­կի բա­զում մար­դոց­մէ քի­չեր, հա­տու­կենտ մար­դիկ են, ո­րոնք ի­րենց քայ­լե­րը կ­­՚ուղ­ղեն դէ­պի գլխա­ւոր պատ­կե­րաս­րահ: Ե­ղած­ներն ալ ընդ­հան­րա­պէս զբօ­սաշր­ջիկ­ներ են, հի­մ­­նա­կա­նը՝ ռուս: Տե­ղա­ցի­նե­րը մայ­թե­րուն կամ նստա­րան­նե­րուն նստած կը շա­տա­խօ­սեն, ե­գիպ­տա­ցո­րե­նի խար­կուած հա­տիկ­ներ կամ ա­րե­ւա­ծա­ղի­կի սեր­մեր կ­­՚ու­տեն, իսկ վեր­ջին տա­րի­նե­րուն ալ Հան­րա­պե­տու­թեան հրա­պա­րա­կը դար­ձած է Հա­յաս­տան զբօ­սաշր­ջու­թեան ե­կող ի­րան­ցի­նե­րու հա­ւա­քա­տե­ղին: Ա­նոնց ներ­կա­յու­թիւ­նը խիստ զգա­լի է հրա­պա­րա­կին վրայ, որ ար­դէն սո­վո­րա­կան դար­ձած է: Շա­տեր չեն ու­զեր հա­մա­կեր­պիլ այդ ի­րա­կա­նու­թեան հետ, բայց այդ մէ­կը ար­դէն փաստ է: Ի­րան­ցի ըն­տա­նիք­ներ, տղա­մար­դիկ, ե­րի­տա­սարդ­ներ կը ճե­մեն, բարձր ձայ­նով կը զրու­ցեն պարս­կե­րէ­նով, նոյ­նիսկ ատր­պէյ­ճա­նե­րէն բա­ռեր կա­րե­լի է որ­սալ ա­նոնց խօ­սակ­ցու­թիւն­նե­րուն ընդ­մէ­ջէն: Գլխա­շո­րե­րով ծած­կուած կի­ներ ի­րենք զի­րենք ա­ւե­լի հա­մար­ձակ կը զգան Ե­րե­ւա­նի գլխա­ւոր վայ­րե­րուն, քան՝ հա­ւա­նա­բար, ի­րենց երկ­րին մէջ: Ե­րի­տա­սարդ ի­րան­ցի ըն­տա­նիք մը Ազ­գա­յին պատ­կե­րաս­րա­հի մուտ­քին ա­մե­նէն մօտ մայ­թին բա­ցած է կեր­պըն­կալ (փլաս­թիք) կա­փա­րիչ­նե­րով ա­ման­նե­րը եւ ե­րա­խա­նե­րուն հետ կը սնուի: Թե­րեւս շատ եր­կիր­նե­րու հա­մար այս մէ­կը սո­վո­րա­կան տե­սա­րան մըն է, բայց երկ­րին խո­շո­րա­գոյն պատ­կե­րաս­րա­հին առ­ջեւ սո­վոր չըլ­լա­լով նման ե­րե­ւոյ­թի, տհա­ճու­թեամբ կը շրջան­ցեմ ու կը մտնեմ Ազ­գա­յին պատ­կե­րաս­րահ:

Հա­յաս­տա­նի ա­մե­նէն մեծ գե­ղա­րուես­տա­կան թան­գա­րա­նը հա­ճե­լի յու­շեր կ՚արթնց­նէ՝ 1990-ա­կան­նե­րէն, երբ այս կեդ­րո­նը Ե­րե­ւա­նի քիչ թէ շատ ջե­ռու­ցուող վայ­րե­րէն էր, ու­սա­նո­ղա­կան գրքոյկ-տոմ­սե­րով յա­ճախ անվճար կամ չնչին վճա­րու­մով կը մտնէինք, ա­ւե­լի շատ ոչ թէ գե­ղա­րուես­տի հետ ա­ռընչուե­լու, այլ՝ ջեր­մա­նա­լու: Պատ­կե­րաս­րա­հին մէջ պա­հուող ան­գին գան­ձե­րը ցուր­տէն եւ խո­նա­ւու­թե­նէն փրկե­լու հա­մար այդ տա­րի­նե­րու իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը սրահ­նե­րը թե­թե­ւա­կի ջեր­մու­թեամբ մը օժ­տե­լու անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը հասկ­ցած էին, եւ մենք ալ ու­րախ կը զգա­յինք այդ նուազ ջեր­մու­թե­նէն, երբ ա­մէն տեղ ցուրտ ու տխուր էր, իսկ պատ­կե­րաս­րա­հին մէջ ջե­ռու­ցու­մէն բա­ցի, նաեւ գոյ­ներ եւ պատ­կեր­ներ կա­յին:

Այ­սօր ալ, Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին պատ­կե­րաս­րա­հի սրահ­նե­րուն բոյ­րը նոյնն է, ինչ որ էր աս­կէ քսան­հինգ տա­րի ա­ռաջ, եւ այդ մէ­կը հա­րա­զա­տու­թեան ան­փո­խա­րի­նե­լի զգա­ցու­մով կը հա­մա­կէ մեզ:

Ազ­գա­յին պատ­կե­րաս­րա­հի 56 ցու­ցաս­րահ­նե­րուն մէջ ներ­կա­յա­ցուած հա­ւա­քա­ծո­նե­րէն այ­ցե­լած էի դի­տե­լու ա­մե­նէն վեր­ջին բա­ց-ւա­ծը՝ տա­ղան­դա­ւոր նկար­չու­հի Ար­փե­նիկ Նալ­պան­տեա­նի 100-ա­մեա­կին նուի­րուած ցու­ցա­հան­դէ­սը: Սո­վո­րա­բար, ցու­ցա­հան­դէս­նե­րը կ­­՚ար­ժէ դի­տել բա­ցու­մէն քա­նի մը օր ետք, բաց­ման օ­րը պաշ­տօ­նա­կան ան­ձանց այ­ցե­լու­թեան հետ տօ­նա­կան, հան­դի­սա­ւոր ե­ռու­զե­ռին մէջ դժուար է ըն­կա­լել ցու­ցադ­րուող գե­ղան­կար­նե­րը, ման­րա­մասն դի­տել զա­նոնք, զգալ ու վա­յե­լել: Բաց­ման օ­րը ա­ւե­լի շատ ծա­նօթ­ներ տես­նե­լու, ա­նոնց հետ զրու­ցե­լու, ցու­ցա­հան­դէ­սի կազ­մա­կեր­պիչ­նե­րը շնոր­հա­ւո­րե­լու օր է, քան՝ նկար­նե­րը ըմ­բոշխ­նե­լու:

Ա­հա­ւա­սիկ, ցու­ցա­հան­դէ­սին բա­ցու­մէն մէկ շա­բաթ յե­տոյ այ­ցե­լե­ցի հան­րա­յայտ գե­ղան­կար­չու­հիի գոր­ծե­րը տես­նե­լու: Ար­փե­նիկ Նալ­պան­տեա­նը տես­նե­լու բախ­տը չեմ ու­նե­ցած: Ան ե­րի­տա­սարդ տա­րի­քին հե­ռա­ցած է կեան­քէն՝ 1964 թուա­կա­նին, երբ ըն­դա­մէ­նը 48 տա­րե­կան էր: Փո­խա­րէ­նը՝ մօ­տէն ծա­նօթ էի եւ ա­ռըն­չուած եմ ա­նոր ա­մու­սի­նին՝ տա­ղան­դա­ւոր գե­ղան­կա­րիչ Ե­դուարդ Ի­սա­բէ­կեա­նին հետ, որ կնոջ մա­հէն ետք 43 տա­րի ապ­րե­ցաւ, ստեղ­ծա­գոր­ծե­լով ու ա­րա­րե­լով, իսկ կեան­քի վեր­ջին տա­րի­նե­րուն՝ կու­րա­ցած էր, բայց կը շա­րու­նա­կէր գծել եւ մա­հա­ցաւ 2007 թուա­կա­նին՝ 93 տա­րե­կա­նին: Ծա­նօթ եմ նաեւ ա­նոնց որ­դի­նե­րէն մէ­կուն՝ նո­րէն յայտ­նի նկա­րիչ Ա­րամ Ի­սա­բէ­կեա­նին, որ այ­սօր Ե­րե­ւա­նի Գե­ղա­րուես­տի ա­կա­դե­միո­յ տ­նօ­րէնն է, կրկին ա­րուես­տով օժ­տուած, ինչ­պէս իր նշա­նա­ւոր հայրն ու մայ­րը: Ա­նոր եղ­բայ­րը՝ Մհեր Իս­րա­յէ­լեան, նոյն­պէս  գե­ղան­կա­րիչ է, սա­կայն Հա­յաս­տա­նէն դուրս ապ­րե­լուն պատ­ճա­ռով ան­ձամբ ծա­նօթ չեմ ա­նոր, բայց ծա­նօթ եմ դուր­սը ու­նե­ցած իր յա­ջո­ղու­թիւն­նե­րուն: Հե­ռուէն ակ­նա­ծանք ու­նիմ ա­րուես­տա­գէտ­նե­րու այս ըն­տա­նի­քին հան­դէպ, մա­նա­ւանդ, Ար­փե­նիկ Նալ­պան­տեան ա­նու­նը միշտ խորհր­դա­ւոր շղար­շով պա­տուած էր ին­ծի հա­մար: Միշտ մտա­ծած եմ, թէ ո՞վ էր այն կի­նը, որ ոչ միայն տա­ղան­դա­ւոր նկա­րիչ էր եւ իր կարճ կեան­քի ըն­թաց­քին շատ բան հաս­ցու­ցած է ը­նել, այլ նաեւ եր­կու գե­ղան­կա­րիչ որ­դի ու­նե­ցած է, իսկ ա­մե­նէն կա­րե­ւո­րը՝ կրցած է ստեղ­ծա­գոր­ծո­ղի իր ջի­ղը պա­հել ա­մու­սի­նին քով, որ շատ դժուար բան մըն է հայ ըն­տա­նի­քի մէջ. շատ յա­ճախ, տա­ղան­դա­ւոր կի­նը միշտ զոհ կ­­՚եր­թայ եւ իր տե­ղը կը զի­ջի ա­մու­սի­նին, երբ վեր­ջինս նոյն­պէս ստեղ­ծա­գոր­ծող ըլ­լայ:

Թիֆ­լի­զի մէջ՝ 1916 թուա­կա­նին ծնած է Ար­փե­նիկ Նալ­պան­տեան, ան Հա­յաս­տա­նի եւ Ռու­սաս­տա­նի Դաշ­նու­թեան ժո­ղովր­դա­կան նկա­րիչ Տի­միթ­րի Նալ­պան­տեա­նի քոյրն էր: Թիֆ­լի­զի Գե­ղա­րուես­տա­կան ա­կա­դե­միոյ մէջ ու­սա­նե­լու տա­րի­նե­րուն ծա­նօ­թա­ցած է իր ա­պա­գայ ա­մու­սի­նին՝ Ե­դուարդ Ի­սա­բէ­կեա­նին հետ, որ այդ ժա­մա­նակ Ե­րե­ւա­նէն տե­ղա­փոխ-ւած եւ Թի­ֆլի­զի մէջ ու­սա­նած էր: 1941 թուա­կա­նին ա­նոնք ա­մուս­նա­ցած եւ փո­խադրուած են Ե­րե­ւան՝ դառ­նա­լով Հա­յաս­տա­նի ա­րուես­տի նշա­նա­ւոր զոյ­գե­րէն մին, որ նաեւ ճա­նա­չում ու­նե­ցած են Խորհր­դա­յին Միու­թեան մէջ: 1946 թուա­կա­նէն (հա­մալ­սա­րա­նի հիմ­նադր­ման սկիզ­բէն) մին­չեւ իր կեան­քին վեր­ջը Ար­փե­նիկ Նալ­պան­տեան դա­սա­ւան­դած է Ե­րե­ւա­նի Գե­ղա­րուես­տա-թա­տե­րա­կան հա­մալ­սա­րա­նին մէջ: Դա­սա­խօ­սա­կան եւ ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան գոր­ծու­նէու­թեան զու­գա­հեռ ան նաեւ քա­ղա­քա­կան եւ հա­սա­րա­կա­կան կեան­քի մաս­նա­կից ե­ղած է, եր­կու ան­գամ ընտ­րուած է Ե­րե­ւա­նի Քա­ղա­քա­յին խոր­հուր­դի ե­րես­փո­խան, մաս­նակ­ցած է հա­մա­միու­թե­նա­կան ցու­ցա­հան­դէս­նե­րու, իսկ 1957 թուա­կա­նին ալ տո­ցեն­դի աս­տի­ճան ստա­ցած է Մոս­կուա­յի մէջ եւ այս­պէ­սով՝ Խորհր­դա­յին Միու­թեան մա­կար­դա­կով հռչա­կած իր ճա­նա­չու­մը: 

Ցա­ւօք, կարճ ե­ղած է Ար­փե­նիկ Նալ­պան­տեա­նի կեան­քը, սա­կայն ան բազ­մա­թիւ գե­ղան­կար­ներ ստեղ­ծած է իր ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան կարճ կեան­քին ըն­թաց­քին, ա­նոնց­մէ շուրջ 48 հա­տը կը պա­հուի Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին պատ­կե­րաս­րա­հին մէջ։ Այդ 48-էն մէկ մա­սը ընդգր­կուած է պատ­կե­րաս­րա­հի մշտա­կան ցու­ցադ­րու­թեան մէջ, իսկ մէկ մասն ալ՝ ֆոն­տա­յի­նին՝ պա­հո­ցա­յի­նին մաս կը կազ­մէ, եւ եր­բեմն խմբա­յին ցու­ցա­հան­դէս­նե­րու ժա­մա­նակ կը ցու­ցադ­րուի: Իր կեան­քի 48 տա­րի­նե­րէն ըն­դա­մէ­նը 25 տա­րի ստեղ­ծա­գոր­ծած է Ար­փե­նիկ Նալ­պան­տեան, ստեղ­ծած է շուրջ 300 գործ, ո­րոնք նաեւ մաս­նա­ւոր հա­ւա­քա­ծո­նե­րու մէջ կը գտնուին, ինչ­պէս՝ Վրաս­տա­նի Ազ­գա­յին պատ­կե­րաս­րա­հին, Կիւմ­րիի պատ­կե­րաս­րա­հին եւ այլ ցու­ցաս­րահ­նե­րուն մէջ:

Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին պատ­կե­րաս­րա­հին մէջ պա­հուած 48 գե­ղան­կար­նե­րը, ինչ­պէս նաեւ Ի­սա­բէ­կեան ըն­տա­նի­քին պատ­կա­նող 17 գե­ղան­կար եւս, նաեւ մաս­նա­ւոր հա­ւա­քա­ծո­նե­րէ քա­նի մը այլ գոր­ծեր ցու­ցադ­րը-ւած են նկար­չու­հիին 100-ա­մեայ յո­բե­լեա­նին նուի­րուած ցու­ցա­հան­դէ­սին ըն­թաց­քին։ Այս մէ­կը շքեղ ու ակ­նա­ռու ցու­ցա­հան­դէս մըն է՝ վա­յել Ի­սա­բէ­կեա­ն ն­շա­նա­ւոր ըն­տա­նի­քին՝ ի յի­շա­տակ վա­ղա­մե­ռիկ ա­րուես­տա­գի­տու­հի Ար­փե­նիկ Նալ­պան­տեա­նին:  Վառ գոյ­նե­րով, բնան­կար­նե­րով, դի­ման­կար­նե­րով հա­րուստ ցու­ցա­հան­դէ­սը, ի­րաւ պատ­կե­րա­ցում կու տայ 1950-60 թուա­կան­նե­րուն բուռն ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան կեանք ու­նե­ցած նկար­չու­հիի նե­րաշ­խար­հին մա­սին, որ, վստա­հա­բար, շատ հա­րուստ ե­ղած է՝ հա­մե­մուած թիֆ­լի­զեան դա­սա­կան ա­րուես­տի, այդ մի­ջա­վայ­րի մէջ գո­յու­թիւն ու­նե­ցած հայ­կա­կա­նու­թեան շեր­տե­րով, որ հե­տա­գա­յին հարս­տա­ցած է խորհր­դա­յին ա­րուես­տի եւ հա­յաս­տա­նեան ի­րա­կա­նու­թեան հետ ա­նոր ա­ռըն­չու­թիւն­նե­րով, եւ յատ­կա­պէս՝ իր ապ­րած կեան­քով:

Օ­րեր ա­ռաջ իր մօ­րը նուի­րուած ցու­ցա­հան­դէ­սին առ­թիւ հե­ռա­տե­սի­լէն կը խօ­սէր Ա­րամ Ի­սա­բէ­կեան: Ան յու­զիչ խօս­քեր ը­սաւ Ար­փե­նիկ Նալ­պան­տեան նկար­չու­հիին մա­սին, ինչ որ գե­ղան­կար­նե­րը դի­տե­լու պա­հուն միտքս ե­կաւ: Որ­դին ը­սաւ, որ իր մայ­րը օժտուած էր ան­սահ­ման բա­րու­թեամբ, եւ այ­սօր ալ, իր ա­շա­կերտ­նե­րէն շա­տեր, ո­րոնք տա­կա­ւին կան եւ կը ստեղ­ծա­գոր­ծեն, մա­նա­ւանդ այդ բա­րու­թիւ­նը կը յի­շեն եւ այդ բա­րու­թիւնն է, որ ան ա­ռա­ջի­նը փո­խան­ցած է թէ՛ իր որ­դի­նե­րուն եւ թէ ա­շա­կերտ­նե­րուն: Յի­րա­ւի, բա­րու­թեան ան­սահ­ման ծով է Ար­փե­նիկ Նալ­պան­տեա­նի ա­րուես­տը:

Ցու­ցաս­րա­հին մէջ այ­ցե­լու­նե­րուն կ­­՚ու­ղեկ­ցի ցու­ցա­հան­դէ­սի հա­մադ­րող, պատ­կե­րասը-րա­հի ե­րի­տա­սարդ աշ­խա­տակ­ցու­հի Յաս­միկ Պա­տա­լեան, որ ա­մէն մէկ նկա­րի կող­քին հան­գա­մա­նա­լից բա­ցատ­րու­թեամբ կը վեր­լու­ծէ նկար­չու­հիին գոյ­նե­րը, պատ­կեր­նե­րը, գոյ­նի, ստուե­րի, լոյ­սի հա­մադ­րու­թիւն­ներն ու փո­խա­կեր­պում­նե­րը:

Ցու­ցադ­րու­թեան մէջ աչ­քի կը զար­նէ Ար­փե­նիկ Նալ­պան­տեա­նի գոր­ծե­րէն մին, ո­րուն մէջ կան իր եր­կու որ­դի­նե­րը՝ Մհերն ու Ա­րա­մը: Վեր­ջինս ըն­դա­մէ­նը ութ տա­րե­կան ե­ղած է, երբ մայ­րը հե­ռա­ցած է կեան­քէն։ 1959 թուա­կա­նին գծուած այդ նկա­րը Ար­փե­նիկ Նալ­պան­տեան խո­րագ­րած է «Իմ ե­րա­խա­նե­րը»։ Գե­ղա­րուես­տա­կան հիա­նա­լի գի­ծեր դրսե­ւո­րուած են այդ նկա­րին եւ միւս դի­ման­կար­նե­րուն մէջ: Իր ե­րա­խա­նե­րը ան պատ­կե­րած է՝ մե­ծը փոք­րը գրկած, եր­կու եղ­բայր­ներ, ո­րոնց­մէ մէ­կը ար­դէն պա­տա­նի է եւ դէմ­քի ար­տա­յայ­տու­թե­նէն զգա­լի է, որ հե­տաքրք­րու­թիւն­նե­րու եւ մտա­ծում­նե­րու իր ու­րոյն աշ­խար­հը ու­նի, իսկ փոք­րը՝ զգա­յուն եւ ջերմ է, ա­ւե­լի ան­մի­ջա­կան:

Զգա­յուն դի­ման­կար­նե­րէն է «Իմ դի­ման­կա­րը» գոր­ծը, ուր Ար­փե­նիկ Նալ­պան­տեան ինք­զինք գծած է: Ա­րուես­տի տե­սա­բան­ներ այդ գոր­ծը նկա­տած են Ար­փե­նիկ Նալ­պան­տեա­նի գլուխ­գոր­ծո­ցը, քա­նի որ այդ դի­ման­կա­րին մէջ ան լա­ւա­գոյնս պատ­կե­րած է ե­րի­տա­սարդ կնոջ, մտա­հոգ մար­դու, ստեղ­ծա­գոր­ծող հո­գիի ողջ նե­րաշ­խար­հը՝ զուսպ գոյ­նե­րու եւ դա­սա­կան գի­ծե­րու մէջ:

Կար­ծես մեզ­մէ բա­ւա­կան տա­րի­ներ ա­ռաջ ապ­րած մար­դու խո­հե­րը կը կար­դանք այդ գե­ղան­կա­րին մէջ, կար­ծես կը տես­նենք այն մտա­հո­գու­թիւն­նե­րը, զորս այդ ժա­մա­նակ­նե­րու ստեղ­ծա­գոր­ծող կի­նը ու­նե­ցած է:

Գե­ղե­ցիկ ու ներ­կա­յա­նա­լի կին մը ե­ղած է Ար­փե­նիկ Նալ­պան­տեան: Միայն գե­ղե­ցիկ նե­րաշ­խար­հով եւ գե­ղե­ցի­կը տես­նե­լու ըն­դու­նա­կու­թեամբ մար­դը կրնար այդ­քան գե­ղեց­կօ­րէն պատ­կե­րաց­նել իր հայ­րե­նի բնու­թիւ­նը, իր եր­կի­րը, շրջա­պա­տի մար­դի­կը, իր ըն­տա­նի­քի ան­դամ­նե­րը, ե­րա­խա­ներ՝ ու­րախ, ան­հոգ ու զուարթ, եւ միա­ժա­մա­նակ թա­խիծ, հա­զիւ նշմա­րե­լի տխրու­թիւն կայ գի­ծե­րուն մէջ այն մար­դոց, զորս նկա­րած է ան: Այդ մէ­կը թե­րեւս յետ­պա­տե­րազ­մա­կան տա­րի­նե­րու թա­խիծն ու կո­րուս­տի ապ­րում­ներն են, զորս այդ տա­րի­նե­րու մար­դիկ ապ­րած են, բայց եւ այն­պէս՝ նոր կեան­քի յոյ­սով լե­ցուած են: Այդ յոյսն է, ինչ որ մենք կը տես­նենք նկար­չու­հիի գե­ղան­կար­նե­րուն մէջ:

Բնան­կար­նե­րուն, ծաղ­կան­կար­նե­րուն եւ այլ ժան­րի գոր­ծե­րուն մէջ, ան­շուշտ, ակ­նա­ռու եւ վառ են ա­նոր պատ­կե­րած դի­ման­կար­նե­րը։ Յայտ­նի է, որ նկար­չու­հին սի­րած է մար­դու նե­րաշ­խար­հի մի­ջո­ցաւ ցոյց տալ իր ապ­րում­նե­րը:

Իր ող­ջու­թեան ժա­մա­նակ՝ Ար­փե­նիկ Նալ­պան­տեան ու­նե­ցած է ըն­դա­մէ­նը եր­կու ան­հա­տա­կան ցու­ցա­հան­դէս, իսկ իր մա­հէն ետք ա­նոր աշ­խա­տանք­նե­րը ցու­ցադ­րուած են եր­կու ան­գամ՝ 1967-ին եւ 2001-ին: Նման նկա­րի­չի ա­րուես­տին հա­մար այս ընդ­մի­ջում­նե­րը իս­կա­պէս շատ են: Հայ դա­սա­կան­նե­րու կար­գը հա­մալ­րած նկար­չու­հիին ա­րուես­տը կ­­՚ար­ժէ, որ ա­ւե­լի յա­ճա­խա­կի ցու­ցադ­րուի եւ մա­նա­ւանդ նոր սե­րուն­դը տես­նէ ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան այն մեծ պոռթ­կու­մը, որ ան­ցեալ դա­րու կէ­սե­րուն ու­նե­ցած է հայ մեծ նկար­չու­հին: Այդ միտ­քը յայտ­նած են նաեւ ցու­ցա­հան­դէ­սի ներ­կայ եր­կու նա­խա­րար­նե­րը՝ Մշա­կոյ­թի նա­խա­րար Ար­մէն Ա­մի­րեա­ն, Կրթու­թեան եւ գի­տու­թեան նա­խա­րար Լե­ւոն Մկրտչեա­ն եւ այլ պաշ­տօ­նա­տար ան­ձինք:

Ցու­ցա­հան­դէ­սը Ազ­գա­յին պատ­կե­րաս­րա­հին մէջ պի­տի տե­ւէ մին­չեւ Դեկ­տեմ­բե­րի 28-ը: 100-ա­մեայ յո­բե­լեա­նի առ­թիւ նաեւ տպագ­րուած է պատ­կե­րա­գիրք մը, ուր ներ­կա­յա­ցուած են Ար­փե­նիկ Նալ­պան­տեա­նէն մտեր­միկ յու­շեր եւ ա­նոր կեանքն ու գոր­ծու­նէու­թիւ­նը: Յատ­կան­շա­կան է, որ պատ­կե­րա­գիրքն ալ, ինչ­պէս յայտ­նեց ցու­ցա­հան­դէ­սի հա­մադ­րո­ղը, ըն­դա­մէ­նը երկ­րորդ պատ­կե­րա­գիրքն է 1967 թուա­կա­նին հրա­տա­րա­կուա­ծէն յե­տոյ։ Հե­տե­ւա­բար 100-ա­մեայ ցու­ցա­հան­դէ­սը կար­ծես ա­ռիթ պի­տի դառ­նայ ա­ւե­լի յա­ճախ տպագ­րե­լու եւ ա­ւե­լի յա­ճախ ցու­ցադ­րե­լու Ար­փե­նիկ Նալ­պան­տեա­նի գոր­ծե­րը:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 15, 2016