ՇԱՀԱՆ ՇԱՀՆՈՒՐԻ ՎԻԹԽԱՐԻ ԺԱՌԱՆԳՈՒԹԵԱՆ ԽՈՐՔԱՅԻՆ ՎԵՐԼՈՒԾՈՒԹԵԱՆ ՈՒՂՂԵԱԼ ԿԱՐԵՒՈՐ ԵՌԱՀԱՏՈՐ ՄԸ

Ե­րե­ւա­նի մէջ վեր­ջերս լոյս տե­սաւ սփիւռ­քեան գրա­կա­նու­թեան տե­սա­կէ­տէ յատ­կան­շա­կան ե­ռա­հա­տոր մը, որ ձօ­նուած է ան­մահ հե­ղի­նա­կի մը՝ Շա­հան Շահ­նու­րի։ Լի­բա­նա­նա­հայ վաս­տա­կա­շատ գրող, բա­նա­սէր ու ման­կա­վարժ Գրի­գոր Շա­հի­նեա­նի աշ­խա­տա­սի­րու­թեամբ կեան­քի կոչուած է հրա­տա­րակ­չա­կան այս կա­րե­ւոր ծրա­գի­րը։ Ե­րեք հա­տոր­նե­րուն եր­կու­քը կը բո­վան­դա­կեն Շա­հան Շահ­նու­րի ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րը։ Շար­քին եր­րորդ գիր­քը ար­դէն Շահ­նու­րի մա­սին է եւ ա­նոր հե­ղի­նա­կը հան­դի­սա­ցած է նոյ­նինքն կազ­մո­ղը՝ Գրի­գոր Շա­հի­նեան։ Այս ե­ռա­հա­տո­րը նշա­նա­կա­լի ե­րե­ւոյթ մը կը հա­մա­րուի հայ գրա­կան-գե­ղա­րուես­տա­կան կեան­քէն ներս։ Ե­րե­ւա­նի մէջ «Ազգ» հրա­տա­րակ­չու­թիւ­նը լոյս ըն­ծա­յած է այս կա­րե­ւոր գոր­ծը։

Գրի­գոր Շա­հի­նեան բո­վան­դա­կու­թիւ­նը կազ­մե­լու եւ խմբագր­ման պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւ­նը ստանձ­նե­լու ա­ռըն­թեր ծա­նօ­թագ­րու­թիւն­ներ եւ ու­սում­նա­սի­րա­կան նո­թեր ալ ա­ւել­ցու­ցած է ա­նոր վրայ։ Ա­ռա­ջին հա­տո­րի սկիզ­բին, որ­պէս հրա­տա­րակ­չի կող­մէ կարճ մուտք մը՝ տե­ղադ­րուած է Յա­կոբ Ա­ւե­տի­քեա­նի գրու­թիւ­նը։

Շա­հան Շահ­նու­րի ձօ­նուած այս ե­ռա­հա­տո­րի ա­ռա­ջի­նը կը պա­րու­նա­կէ հե­ղի­նա­կին եր­կու յայտ­նի եր­կե­րը՝ «Նա­հան­ջը ա­ռանց եր­գի» եւ «Յա­րա­լէզ­նե­րուն դա­ւա­ճա­նու­թիւ­նը»։ «Գե­ղա­րուես­տա­կան գոր­ծեր» կո­չուած է ա­ռա­ջին հա­տո­րը, իսկ երկ­րորդ հա­տո­րը ա­նուա­նուած է «Լրագ­րա­կան է­ջեր»։ Այս վեր­ջի­նը կ՚ընդգր­կէ հիմ­նա­կան չորս բա­ժին. ինչ­պէս՝ «Թեր­թիս կի­րակ­նօ­րեայ թի­ւը», «Զոյգ մը կար­միր տետ­րակ­ներ», «Բաց տո­մա­րը» եւ «Կրա­կը կող­քիս»։­

Եր­րորդ հա­տո­րը, որ կը տար­բե­րի ա­ռա­ջին եր­կու­քէն, կը կո­չուի «Յա­ղագս Շա­հան Շահ­նու­րի»։ Այս մէ­կը խորհր­դան­շա­կան յի­շա­տա­կով մը կը բա­ցուի։ Ար­դա­րեւ, գիր­քի ա­ռա­ջին է­ջին վրայ տե­ղադ­րուած է Շա­հան Շահ­նու­րի կող­մէ Գրի­գոր Շա­հի­նեա­նին ու­ղար­կուած ձե­ռա­գիր նա­մակ մը՝ 7 Մարտ 1967 թուա­կիր։ Բո­վան­դա­կու­թեան մէջ խոր­քա­յին վեր­լու­ծում մը կա­տա­ր-ւած է Շա­հան Շահ­նու­րի ժա­ռան­գու­թեան մա­սին եւ միշտ զգա­լի է ա­նոր նկատ­մամբ պատ­կա­ռան­քի զգա­ցում։

«Ար­մէնփ­րէս» գոր­ծա­կա­լու­թիւ­նը վեր­ջերս թո­ղար­կեց Շա­հան Շահ­նու­րին ձօ­նուած այս ե­ռա­հա­տո­րին վե­րա­բե­րեալ Յա­րու­թիւն Քիւրք­ճեա­նի կող­մէ ստո­րագ­րուած գրա­խօ­սա­կան մը։ Այս առ­թիւ Յա­րու­թիւն Քիւրք­ճեան յա­տուկ անդ­րա­դար­ձի ար­ժա­նի դա­սած է այս պատ­կա­ռե­լի գոր­ծը։ Նոյն առ­թիւ Քիւրք­ճեան ի մէջ այ­լոց մատ­նան­շած է հե­տե­ւեա­լը.

«Ա­հա այս­պէս, ըն­տա­նե­կան հա­րա­զատ­նե­րու եւ «Ազգ»ի բա­րե­կամ­նե­րու ճի­գե­րուն իբր ար­գա­սիք, մե­զի կ՚ըն­ծա­յուի ներ­կայ եր­կը, ափ­սոս՝ յետ մա­հու, որ կար­ծես կու գայ ան­գամ մը եւս -ու ա­ւե­լի՛ քան եր­բեք- ար­դա­րաց­նե­լու Շահ­նու­րեան սահ­մա­նում-գնա­հա­տու­մը՝ «բա­նի­մա­ցու­թիւն եւ հա­մազ­գա­ցու­թիւն» զոյգ եզ­րե­րը։

«Իր օ­րին՝ Գ. Շա­հի­նեան ան­զան­ցա­ռե­լի ներ­կա­յու­թիւն ե­ղաւ մեր մշա­կու­թա­յին կեան­քին մէջ ու յատ­կա­պէս՝ ա­րեւմ­տա­հայ-սփիւ­ռա­հայ գրա­կան ա­ռօ­րեա­յին, իբր գրա­դատ. լուրջ ու բա­նի­մաց, բայց եւ հա­ւա­տա­ցող՝ գրա­կա­նու­թեան ու գրա­դա­տու­թեան ըն­կե­րա­յին դե­րին. միան­գա­մայն կրող՝ մարդ­կայ­նու­թեան, մարդ­կա­յին հա­ղոր­դակ­ցու­թեան ու­րոյն ճա­շա­կի։ Եւ դեռ՝ իբր ըն­կե­րա-մշա­կու­թա­յին նուի­րեալ գոր­ծիչ՝ ստեղ­ծա­գործ ներդ­րում­նե­րով, ո­րոնց կար­գին գրա­կան մա­մու­լի աշ­խա­տակ­ցի եւ (հիմ­նա­դիր) խմբագ­րի դե­րե­րը։ Ու վեր­ջա­պէս՝ ա­ռան­ձի­նը կեանք մը լեց­նե­լու ա­տակ վաս­տա­կով՝ իբր ու­սու­ցիչ-դա­սա­խօս։

«Իր տե­ղը, ո­գե­կո­չա­կան յե­տա­դարձ այս ակ­նար­կով դի­տուած, կ՚ե­րե­ւի հա­ւա­սա­րա­պէս այս բո­լո­րի՛ն մէջ ան­ջա­տա­բար ե՛ւ միաս­նա­բար։ Բազ­մա­կի գո­յու­թեան մը, բազ­մա­կի վաս­տա­կի մը միա­ձոյլ ամ­բող­ջու­թեա­նը մէջ։

«Այս բո­լո­րը կ՚ը­սուին՝ նաեւ հասկ­նա­լի գտնե­լով հրա­տա­րա­կու­թիւ­նը պատ­րաս­տող հա­րա­զատ­նե­րու եւ հրա­տա­րակ­չին հա­ւա­նա­կան փոյ­թը՝ ան­փո­փոխ պա­հե­լու հան­գու­ցեալ գրա­դա­տին կող­մէ տա­րի­ներ ա­ռաջ նա­խա­պատ­րաս­տուած թղթած­րար­նե­րը»։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 15, 2016