ՍԼԱՑՔ
Փայտեայ սանդուխներուն վրայ սահող կօշիկները կը քաշէին զինք վար։ Ուսէն կախած սեւ տուփը կը խաղար, ամէն քայլի, ամէն նոր սանդուխի հետ կը պոկուէր մարմնէն ու հպէր կրկին։ Վզին օձիկը նորասեղմ՝ մեղմօրէն կը խեղդէր, հաճելի։ Ուշացած էր։
Մայթի մոխրագոյնը կը հատէր սեւ քոսթիւմովը իր։ Աջէն ձախ, ձախէն աջ ընելով կը վազանցէր մարդիկը դիմացի. մայր մը՝ երեխայի կարգով, սիրահար զոյգ մը միաձոյլ, ծերունի մը՝ շան հետ միասին... ետեւ կը մնային բոլորն ալ, մինչ ինք կը հատէր մոխրագոյնը մայթին։
Ուշացած էր։
Հեւահար, բազմած անկիւնը վակոնին, մարմինը տուած էր արագընթաց գնացքին, որ տանէր զինք, քաշէր զինք, հասցնէր զինք ժամը ժամին։ Աչքերը մէկ դուրս պատուհանէն՝ հալող ծառերու կանաչին, մէկ ալ գետին՝ սեւ տուփին։ Կէս ժամ կար, ժամացոյցը կ՚ըսէր։ Առնուազն քսան վայրկեան՝ մինչեւ գնացքը հասնէր քաղաք։ Կը մնար տասը. տասը վայրկեան սլացքի՝ մինչեւ տեղ, մինչեւ սրահ, մինչեւ... բեմ։ Կը հասնէր։
Շունչ քաշեց։
Թուլցուց օձիկը վզին։ Հանեց թաշկինակ մը գրպանէն, տարաւ ճակտին, թաթխեց վզին։ Նայեցաւ տուփին սեւ, ու, քանի որ կար ժամանակ, մտովի հանեց մէջէն վիոլան, առաւ փոշին, դրաւ վզին, փակեց աչքերը, եւ գանկի մթին խորքերէն եկան հերթով, կարգապահ, կուռ ու խրոխտ նօթերը Ալեքսանտրին Չայքովսքի։
Եւ պար մըն էր որ պարեց մտովի, տաս վայրկեան ու կէս ամբողջ։ Ու մարմինն իր անշարժ էր, երկու սլացքի մէջ մնացած։ Մէկը՝ գնացքինը, ծառերունը հալող. միւսը՝ ներսինը, սրտինը, սլացք մը մեղեդի։ Երկու սլացք եւ երկու կանգառ։ Նախ՝ մեղեդին, ապա գնացքը։
Բացաւ աչքերը. ուշացած էր։
Եւ սլացքն էր մարմնային։ Եւ ոտերը ամէն բանէ առաջ ու ամէն բան քաշող։ Ու մայթի մոխրագոյնը կը հատէր սեւ քոսթիւմովը իր, եւ ուսէն կախած սեւ տուփը կը խաղար, ամէն քայլի, ամէն ցատկի հետ կը պոկուէր մարմնէն ու հպէր կրկին։
Հասեր էր քաղաք։
Առաջը՝ տասը վայրկեան սլացքի մինչեւ տեղ, մինչեւ սրահ, մինչեւ... բեմ։ Եւ ինկաւ մէկը, յետոյ երկուն. ինկաւ երրորդը, չորրորդը գնաց. հինգ հատ եւս սլացաւ, մնաց մէկը։ «Բան չմնաց», մտածեց։ Միայն յիսուն սանդուխն այդ մինչեւ շքամուտք։ Ահա հոն էր, եւ սրահի մուտքն էր աջին, ու հիւրերն արդէն կը մտնէին։ Եւ ահա դուռն էր սպիտակ. «Մուտքը՝ միայն երաժիշտներուն»։
Շունչ առաւ, մէջքն ու ուսերը ուղղեց, արտաշնչեց։ Ձեռքը թեթեւ շարժումով տարաւ բռնակին, ծռեց զայն, հրեց դուռը։ Դարձաւ գլուխ մը իրեն, ու սփոփուած նայուածքով. «եկար…»։
Հասած էր տեղ։
Սլանալու կարգը՝ Չայքովսքիին, վիոլային, իր մատներունն ու հոգւոյնն էր…
ԵՐԱՄ