ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԽՈՀԱՆՈՑԻՆ ՀՄԱՅՔԸ
Խորհրդային տարիներուն հայկական խոհանոցը ներկայացնող ուտեստները Ռուսաստանի մայրաքաղաքը՝ Մոսկուայի մէջ Խորհրդային Միութեան զանազան ազգերու խոհանոցներու շուքին տակ մնացած էին: Աւանդաբար Մոսկուայի մէջ հռչակաւոր եղած են վրացական, ատրպէյճանական եւ այլ ազգերու ուտեստներ: Այդ մէկը վերլուծելով՝ հայ ծանօթ խոհարար Սեդրակ Մամուլեան անդրադարձած է, որ Խորհրդային Միութեան մէջ կարեւոր պետական պաշտօնեաներ զբաղեցնողներու մէջ մեծ թիւ կազմած են վրացիներ ու ատրպէյճանցիներ, եւ անոնք Մոսկուայի մէջ յառաջ մղած են իրենց երկիրներու խոհանոցները, եւ Մոսկուայի մէջ կովկասեան ուտեստային մշակոյթի մէջ հայկականը ետ մնացած է: Մինչդեռ, Մոսկուան, ըլլալով բազմազգ քաղաք մը, նաեւ զբօսաշրջութեան կեդրոն, ինչպէս նաեւ՝ հայաշատ բնակավայր մը, անհրաժեշտութիւն կար նաեւ հայկական խոհանոցը հռչակել այդ խոշոր քաղաքին մէջ: Գոյութիւն ունեցող բացը ձեւով մը փորձած են լրացնել Հայաստանի անկախութենէն ետք, երբ հայկական ուտելիքը, հայկական այլ արժէքներու հետ, հայերը փորձեցին տարածել աշխարհի տարածքին: Սակայն Մոսկուայի մէջ ճաշարան բանալով, բազում հայ ձեռնարկատէրերու փորձերը կա՛մ քիչ յաջողած են կամ ալ մնացած են զուտ ճաշարանի սահմաններուն մէջ: Շատ քիչեր կրցած են հայկական խոհանոցը Մոսկուայի մէջ ներկայացնել իբրեւ բարձրաժէք մշակոյթ, իբրեւ հայու էութիւնը, պատմութիւնը, կենցաղն ու աւանդոյթները իր մէջ ամփոփող մէկ մասնիկը: Այդ քիչերէն մէկն ալ Գայիանէ Պրէյովա-Աֆեանն է: Ան այսօր կը նկատուի Մոսկուայի ամենէն նշանաւոր հայ խոհարարը, կը ղեկավարէ ճաշարանային ցանց, իսկ յատկապէս հայկական ու կովկասեան խոհանոցը կը ներկայացնէ անոր հիմնած Gayane’s ճաշարանը, որ Մոսկուայի ամենէն նշանաւոր հայկական ճաշարանն է: Այս ճաշարանը Գայիանէ Պրէյովա-Աֆեան բացած է մօտ հինգ տարի առաջ, իսկ ատկէ առաջ քանի մը այլ անուններով ճաշարաններ ունեցած է, այնուհետեւ որոշած է մշակութային-ընտանեկան բնոյթի կեդրոն մը հիմնել, որ ուտելիքէն զատ նաեւ հայկական աւանդոյթները կը ներկայացնէ եւ կ՚ըլլայ վայր մը, ուր ժամանակ առ ժամանակ կը հաւաքուին Մոսկուայի հայերը, իսկ օտարներն ալ՝ հոն այցելելով կը տեսնեն հայկական ուտեստային մշակոյթը:
Գայիանէ Պրէյովա-Աֆեան ոչ միայն խոհարար է, ան նաեւ խոհարարական արուեստի քննադատ է, գիրքերու հեղինակ, հեռատեսիլային հաղորդումներու վարող, հայկական ուտեստային մշակոյթի տեսաբան եւ միշտ սպասուած հիւր է թէ՛ Մոսկուայի եւ թէ Հայաստանի բարձրաշխարհիկ հաւաքոյթներուն:
Ծնունդով արցախցի է Գայիանէն: Ծնած է Արցախ, ապրած է Երեւանի մէջ, ուր աւարտած է դպրոցը։ Շատ երիտասարդ տարիքին ամուսնանալով հայ արուեստագէտի մը հետ՝ մեկնած է Չեխիա: Ունեցած է երախայ, այնուհետեւ, ամուսնալուծուելով՝ չէ փափաքած ետ վերադառնալ Հայաստան, այլ մեկնած է Մոսկուա, առանց որեւէ մէկ հեռանկարի կամ կապերու եւ առանձինն փորձած է ինչպէս ինք կ՚ըսէ՝ «նուաճել Մոսկուան»: Գայիանէն Մոսկուայի մէջ յայտնուած է 1994 թուականին՝ չունենալով քաղաքացիութիւն, դրամ եւ բարեկամներ ու ազգականներ: Փորձելով հոգալ իր ու պզտիկի առօրեայ ծախսերը, Գայիանէն սկիզբը աշխատած է իբրեւ մատուցողուհի եւ մէկ անգամէն սիրած է ճաշարանային պիզնըսը: Երեւանի մէջ տասը տարի հայկական ժողովրդական պարեր պարած է, թատրոնի մէջ խաղացած է, սիրած է դերասանութիւն եւ երազանք ունեցած է դերասանուհի դառնալ: Սակայն, շատ երիտասարդ տարիքին ամուսնանալով, կեանքը այլ ընթացք ստացած է եւ այսօր, ան, ինչ որ կ՚ընէ՝ ձեւով մը մօտ կը նկատէ իր երազած մասնագիտութեան: Գայիանէն կ՚ըսէ, որ իսկական ճաշարանատէրը մօտ պիտի ըլլայ դերասանական արուեստին, քանի որ երկու աշխատանքներու ժամանակ ալ ջանք պիտի գործադրես գրաւելու դիմացինդ եւ հաճելի պահեր պարգեւելու անոր: Իբրեւ հեռատեսիլային հաղորդավարուհի, Գայիանէ Պրէյովա-Աֆեան ուտելիքի, բաղադրատոմսերու, ճիշդ եւ առողջ սնուելու մասին հաղորդումներ կը վարէ ռուսական հեռատեսիլային կայաններէ, եւ նաեւ յաճախ կը հիւրընկալուի հեռատեսիլային սթուտիոներէն ներս՝ պատմելով իր յաջողութիւններու մասին եւ փոխանցելով հայկական խոհարարութեան հմայքն ու գաղտնիքները:
Հմայիչ հայուհին շուտով լոյս կ՚ընծայէ հայկական խոհանոցային գիրք, որ բաղադրատոմսերէ զատ կը ներկայացնէ իր ընկալումները՝ ուտեստային մշակոյթի, հիւրընկալութեան մասին եւ նաեւ՝ մանկութենէն եկած յիշողութիւնները: Իր մանկութիւնը անցած է Երեւանի այգիով ու բակով տուներէն մէկուն մէջ, ուր ճաշի առատ սեղանի շուրջ յաճախ կը համախմբուէր բազմանդամ ընտանիքը: Այդ հաւաքներու ժամանակ մատուցուող ճաշերը, հիւրընկալութեան սովորութիւնները եւ ջերմ յիշողութիւնները հետագային օգնած են Գայիանէին՝ թէ՛ աշխատանքի մէջ եւ թէ գիրքը կազմելու ժամանակ:
Իսկ ընտանեկան հաւաքոյթներու աւանդոյթը չէ մոռցուած, եւ ամէն տարի 25 Հոկտեմբերին զանազան երկիրներու մէջ բնակող Աֆեանները՝ շուրջ երեք հարիւր հոգի, կը հաւաքուին Մոսկուայի Gayane’s ճաշարանին մէջ եւ ընտանեկան խրախճանք կը կազմակերպեն: Հնագոյն այդ ընտանիքի տոհմածառը կախուած է Gayane’s ճաշարանին մէջ: Խոհարարուհին կ՚ըսէ, որ հիմնած ճաշարանը նախեւառաջ ուտելիքային ծէսի միջոցաւ ընտանեկան հաւաքոյթները պահելու նպատակ ունի: Պատահական չէ, որ ճաշարանի մշտական յաճախորդներու մէջ մեծ թիւ կը կազմեն ընտանիքները:
Gayane’s ճաշարանէն զատ Պրէյովա-Աֆեան այլ ճաշարաններ եւս կը ղեկավարէ՝ իտալական եւ այլ խոհանոցներու ուղղուածութիւն ունեցող: Ճաշարանային պիզնըսը կը նկատէ իր հիմնական կիրքը, որու մէջ յաջողած է եւ նշանաւոր դարձած: Վարպետութեան դասեր կու տայ թէ՛ հեռատեսիլէն եւ թէ ճաշարանէն ներս, կազմակերպելով ձեռնարկներ՝ հայկական խոհանոցը ուսումնասիրել փափաքողներու համար: Իր ճաշարանին մէջ նաեւ փառատօներ տեղի կ՚ունենան. ինչպէս՝ «Տոլմայի փառատօն» կամ հայկական այլ ուտելիքներ ներկայացնող փառատօներ, որոնց կը հրաւիրուին Մոսկուայի նշանաւոր մարդիկ:
Ռուսական հեռատեսիլի առաջին ալիքի հետ համատեղ Գայիանէ Պրէյովա-Աֆեան վերջերս վաւերագրական ժապաւէններու շարք պատրաստած է Հայաստանի ու Արցախի մասին, որ եթեր հեռարձակուած է ռուսական հեռատեսիլով: Ինք անձամբ շրջած է Արցախի եւ Հայաստանի գիւղերը՝ ներկայացնելով հայկական հացը, գինին, ջուրը, մշակոյթը, հայ մարդու կեանքը եւ Հայաստանի բնութիւնը:
Ատկէ զատ, կազմակերպած է զբօսաշրջային յառաջատար ամսագրերու տասնչորս լրագրողի այցը դէպի Հայաստան, որմէ ետք լրագրողները յօդուածներ գրած են Հայաստանի մասին:
Երեւանի մէջ արդէն քանի տարիէ ի վեր կ՚իրականացուի «Լաւագոյն ճաշարան» մրցոյթը, որու հեղինակը նոյնպէս Գայիանէ Պրէյովա-Աֆեանն է: Մասնագիտական յանձնախումբը ամէն տարի լաւագոյնը կը նկատէ ճաշարան մը, որ իր աշխատանքով աւելի կը մօտենայ սպասարկման ժամանակակից չափանիշներուն: Բայց իբրեւ վարպետ խոհարար, ան առայժմ մտադիր չէ Հայաստանի մէջ ունենալ իր ճաշարանը, քանի որ կ՚ըսէ, թէ Հայաստանը միակ վայրն է, ուր կը հանգստանայ եւ կը լիցքաւորուի՝ Մոսկուայի մէջ նոր գործերու սկսելու համար:
Իր բոլոր աշխատանքներուն մէջ Գայիանէին կ՚օգնէ անոր ազգութեամբ չեխ ամուսինը:
2011 թուականէն ի վեր Մոսկուայի մէջ ան կը կազմակերպէ «Ժինգեալով հաց» փառատօնը: Այդ հացը Արցախի ամենէն նշանաւոր ուտեստն է, որ կը պատրաստուի տարատեսակ կանաչիներով եւ խմորով: Գայիանէն հեղինակ է նաեւ Մոսկուայի «Հայկական ընթրիք» փառատօնին, իսկ իր ճաշարանին մէջ աւանդաբար ամէն տարի կը տօնուի Հայաստանի անկախութեան տօնը, արուեստագէտներուն նուիրուած ձեռնարկներ եւ ցուցահանդէսներ կը կազմակերպուին:
Գայիանէ Պրէյովա-Աֆեան կ՚ըսէ, որ շատ հայեր փորձած են Մոսկուայի մէջ ներկայացնել հայկական աւանդական ուտելիքը, բայց չես գիտեր ինչու ճաշարանը անուանած են կովկասեան, թերեւս այդ ձեւով յաճախորդ գրաւելու նկատառումով: Ինք համարձակութիւն ունեցած է իրերը իրենց անուններով կոչել եւ պահպանած է հայկականը իբրեւ հայկական՝ չվախնալով Մոսկուային անծանօթ անուններէ, անծանօթ համերէ: Ան կը զարմանայ, որ Մոսկուայի հայերու մէկ մասը ատրպէյճանական ճաշարան կ՚երթայ, առանց գիտնալու, որ Մոսկուայի մէջ իսկական հայկականը ներկայացնող ճաշարան մը կայ: Բայց նաեւ կ՚ըսէ, որ իր նպատակը չէ եղած հիմնել ճաշարան՝ հայերու համար, այլ ցանկացած է ստեղծել նախագիծ մը՝ հայերու մասին: Այսօր արդէն թէ՛ հայեր, թէ՛ ռուսներ եւ թէ օտարերկրեայ յաճախորդներ հաւասարապէս կը յաճախեն այս ջերմ ու տաքուկ միջավայրով կեդրոնը: Հակառակ անոր, որ կովկասեան խոհանոցէն տակաւին նշանաւոր է վրացական խոհանոցը, բայց հնագոյնն է հայկականը, ուրեմն վարպետ-խոհարար Գայիանէ Պրէյովա-Աֆեան ամէն ինչ կ՚ընէ, որպէսզի տարածքաշրջանի հնագոյն հայկական խոհանոցը իր ողջ համ ու բոյրով ներկայանայ Մոսկուայի մէջ: Բացի աւանդականէն՝ ճաշարանին մէջ կան նաեւ շատ հեղինակային ճաշատեսակներ, որոնց հեղինակը ինքն է:
Ինչ կը վերաբերի աւանդական խոհանոցին, ապա իր ճաշարանին մէջ բոլոր աւանդական հայկական ուտելիքները շեշտուած են իրենց անուններով, աւելի՛ն՝ առանձին տեղ յատկացուած է արցախեան խոհանոցին: Հեռատեսիլային ելոյթներու ժամանակ Գայիանէն միշտ կը խոստովանի, որ ամբողջական հայկական ըլլալու համար իր ճաշարանին մէջ կը պակսի արեւմտահայկական խոհանոցի համը։ Ան կը ջանայ լրացնել նաեւ այս մէկը, քանի որ քիչ չեն նաեւ այն յաճախորդները, որոնք հետաքրքրուած են արեւմտահայկական խոհանոցով:
Ըլլալով արցախցի եւ պզտիկ տարիքէն մօտէն առընչուելով արցախեան խոհանոցին՝ Գայիանէն կը պեղէ արցախեան խոհանոցին բնորոշ ինքնատիպ ուտեստներ եւ աւագ խոհարարի օգնութեամբ կը պատրաստէ իր ճաշարանին մէջ: Արցախեան, եւ հայաստանեան խոհանոցները Մոսկուայի մէջ ներկայացուած են իր ամբողջական պատմութեամբ, գոյներով ու համերով: Ուտելիքին մաս կը կազմեն նաեւ աւանդական հայկական խմիչքները, գինիի, քոնեաքի, մրգային ու ցորենային օղիի տեսակները:
Ինչպէս զուտ հայաստանեան կամ արեւմտահայկական խոհանոցը, արցախեան խոհանոցն ալ իր արմատներով կը հասնի մինչեւ հնագոյն ժամանակներ: Արցախեան խոհանոցի մէջ սովորաբար կը գերակշռէ Արցախի լեռներու եւ հարթավայրերու բոյսերէ պատրաստուած ուտելիքները՝ համադրուած մսի եւ կաթնամթերքի հետ: Արցախցիները շատ կը գործածեն չոր լաւաշ, չոր դաղձ, աղացած ցորեն, կանաչիներ, տհալ, չորաթան:
Տարածքաշրջանի մէջ արցախեան ուտեստները կը նկատուին բնապահպանական մաքուր ուտեստներ: Արցախի բնութիւնը, ջուրը եւ բնակլիմայական պայմանները իրենց ազդեցութիւնը ձգած են մթերքներու համի եւ որակի վրայ եւ անոնցմէ պատրաստուած ուտելիքներն ալ, բնականաբար, համեղ են:
Արցախեան կենցաղային մշակոյթի մէջ մեծ տեղ կը գրաւէ նաեւ հիւրընկալութիւնը: Արցախցին նշանաւոր է իր հիւրընկալութեան ջերմութեամբ, ահաւասիկ, հիւրընկալ կեդրոն մըն է նաեւ արցախցի հայուհիի ղեկավարած ճաշարանը՝ Մոսկուայի մէջ:
Կաղանդի եւ Սուրբ Ծնունդի նախատօնական օրեր են. Գայիանէ Պրէյովա-Աֆեանի ճաշարանը նոյնպէս կը պատրաստուի տօնել հայկական աւանդական Կաղանդն ու Սուրբ Ծնունդը։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ