ՔՐԻՍՏՈՍ՝ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՄՇՏԱԲԱՐԲԱՌ ՁԱՅՆՆ ՈՒ ԽՕՍՔԸ
«Ոեւէ մէկը երբեք զԱստուած չէ տեսած, բացի Միածինէն, որ Աստուած է եւ Հօրմէն անբաժան. եւ Որդին էր որ մեզի ճանչցուց զայն» (Յհ 1.18)։
Քրիստոսաւանդ ուսուցումները, Քրիստոսի բերնէն արտաբերուած բարոյախօս քարոզխօսութիւնները կը միտին կորուսեալ մարդու կեանքը ամբողջապէս փոխակերպել՝ զայն հեռու պահելու կորստաբեր ճանապարհներէ եւ առաջնորդելու դէպի խաղաղ նաւահանգիստ։ Աստուածորդին միայն չխօսեցաւ, չքարոզեց, չյորդորեց, այլ խօսքի սահմանները անդրանցնելով՝ Իր խօսքը ապրեցաւ ու կեանքի կոչեց։
Արդարեւ, Մարդու Որդիին գալուստով մեղքի տիղմին մէջ թաւալող մարդը աստուածային գերահրաշ զօրութեամբ ու ներգործութեամբ ազատագրուեցաւ եւ դարձաւ Քրիստոսով նոր մարդ ու նոր արարած եւ որուն խոստացուեցաւ ժառանգել յաւիտենական կեանքը, որ «ժամանակներու վախճանին» պիտի տրուի Աստուծոյ ընտրեալ որդիներուն։ Ի՞նչ կը հասկնանք յաւիտենական կեանք ըսելով։ Քրիստոս Ի՛նքն է յաւիտենական կեանք խոստացողը եւ Ի՛նքն է խոստացուած յաւիտենական կեանքը։ Աստուած Ի՛նքն է ժառանգութիւնը յաւիտենական կեանքի ժառանգորդներուն, համաձայն սաղմոսերգակ Դաւիթ թագաւորին. «Տէրն է իմ ժառանգութիւնս եւ բաժակիս բաժինը» (Սղ 16.5), ինչպէս նաեւ՝ «Դուն իմ բաժինս ես, ո՛վ Տէր» (Սղ 119.57)։ Աստուա՛ծ է բաժին բաժնողն ու բաժնուած բաժինը։ Քրիստո՛ս է փրկութիւն շնորհողը եւ շնորհուած փրկութիւնը։ Քրիստոս Ի՛նքն է մեզի զԱստուած ճանչցնողը եւ զԱստուած ապրեցնողը երկրի վրայ։
Վերոյիշեալ աստուածաշնչական համարէն մեկնած, կ՚ուզենք մեր ուշքը կեդրոնացնել հիմնական երկու կէտերու վրայ.
Ա) Քրիստոս՝ Աստուծոյ մշտաբարբառ ձայնն ու խօսքը. Ի՞նչ է խօսքը մեզի՝ մարդ արարածներուս համար։ Մարդկային չափանիշով խօսքը աննիւթ, անշօշափելի եւ անբռնելի արտայայտութիւն մըն է, արտաբերումը մեր ձայնալարերուն, իբրեւ բղխումը եւ թարգմանը մեր մտքին, որ ծնունդն է երկվայրկեանին եւ յաջորդ երկվայրկեանին արդէն իսկ չկայ եւ դադրած է գոյութիւնէ։ Բայց այդպէս չէ՛ Աստուծոյ խօսքին պարագային։
Աստուծոյ խօսքը նոյնինքն Յիսուս Քրիստոսն է, որով ստեղծուեցաւ աշխարհը (Եր 1.3), սկիզբ առաւ կեանքը (Յհ1.4) եւ որ «Իր զօրութեամբ տիեզերքը կը պահէ»(Եր 1.3)։ Աստուած մշտապէս խօսեցաւ Իր ձեռակերտին հետ՝ երբ ան դրախտին մէջ էր, խօսեցաւ՝ երբ ան ցեխաթաթաւ վիճակի մէջ գտնուելով հանդերձ, անառակ որդիին նման կը տարուբերէր այս վաղանցուկ աշխարհի հրապոյրներով, եւ բնաւ չդադրեցաւ խօսելէ՝ հակառակ մարդուն աստիճանական հեռացումին։
Հայրն Աստուած նախ մարգարէներուն միջոցաւ խօսեցաւ մարդուն, եւ այդ խօսքը Օրէնքն էր եւ Օրէնքին ընկերակցող մարգարէական պատգամներն էին։ Բայց Քրիստոսով Աստուած մեզի խօսեցաւ շնորհքի՛ լեզուով՝ Իր շնորհքներուն եւ ճշմարտութեան ամբողջութիւնը պարգեւելով մեզի Յիսուսով։ Եւ Քրիստոսով մենք Հայրը տեսանք ու ճանչցանք, ինչպէս Ինքն իսկ ըսաւ Իր աշակերտներէն Փիլիպպոսին. «Ով որ զիս տեսաւ՝ Հայրը տեսած եղաւ» (Յհ 14.9)։ Նոյնպէս, մարդացեալ Աստուածորդիով մենք Հօրը ձայնը լսեցինք եւ կը լսենք, ինչպէս Ինք բազմիցս ըսաւ. «Ինչ որ Հօրմէս լսեցի՝ ձեզի յայտնեցի» (Յհ 15.15)։ «Ձեզի խօսեցայ ճշմարտութիւնը, որ Հօրմէս լսեցի» (Յհ 8.40)։
Զարեհ Արք. Ազնաւորեան կ՚ըսէ. «Քրիստոս Աստուծոյ Ձայնն է, եւ Իրմով մենք Աստուծոյ ձայնը լսեցինք ու կը լսենք։ Որդիին ձայնն էր այն Ձայնը, որ իբրեւ հրաման հնչեց անգոյութեան մէջ՝ Իրմով գոյացնելու համար ամէն ինչ որ կայ։ Այն Ձայնը, որ քաոսին վրայ, անդունդներուն վրայ, ջուրերուն վրայ որոտաց՝ Իրմով կարգ ու կեանք պարգեւելու համար անձեւ եւ անպատրաստ նիւթին, կարգաւորութեամբ ու շունչով լեցնելու համար տիեզերքը ու մեր աշխարհը, ուր Աստուած դրաւ Իր պատկերը՝ բանական մարդ արարածը եւ անոր պարգեւեց Իր Խօսքը, որպէսզի մարդը հարազատ պատկերը ըլլայ Իր Խօսքին՝ Որդիին»։
Բ) Մենք Որդիին միջոցաւ ո՛չ միայն ճանչցանք զԱստուած, այլեւ հաղորդակից դարձանք Անոր սիրոյն. Աստուած սիրեց մարդը կատարելապէս, մարմին զգեցաւ եւ աշխարհ եկաւ, սրտաբեկներուն ու սգաւորներուն մխիթարութիւն բերելու (Հմմտ. Մտ 5.4), աւետելով՝ թէ եկած է իրենց բժշկութեան ժամանակը, իրենց կողքին է հոգիներու Բժիշկը, Ան՝ որ աստուածային սիրոյ դեղատոմսով եկաւ եւ Իր սիրովը բուժեց մարմինները, բայց մանաւանդ մեղքին պատճառով տրտում սիրտերն ու կարկամեալ հոգիները բուժեց աստուածային ներումին բալասանով՝ երկրի վրայ պատկերացնելով գալիք արքայութիւնը, ուրկէ ընդմիշտ բացակայ պիտի ըլլան մեղքը եւ անոր հետեւանքները, որովհետեւ Աստուած «անոնց աչքերէն ամէն արցունք պիտի սրբէ. այլեւս ո՛չ մահ գոյութիւն պիտի ունենայ, ո՛չ սուգ, ո՛չ ողբ, ո՛չ ցաւ եւ ո՛չ ալ յոգնութիւն» (Յյտ 21.4)։
Յովհաննէս աւետարանիչ մարդուն հանդէպ Աստուծոյ սէրը կը պատկերէ ըսելով. «Աստուած այնքան սիրեց աշխարհը, որ մինչեւ իսկ իր միածին Որդին տուաւ, որպէսզի անոր հաւատացողը չկորսուի, այլ յաւիտենական կեանք ունենայ» (Յհ 3.16)։ Սէր-Աստուած Իր սէր-Որդին տուաւ աշխարհին, որպէսզի մարդիկ Քրիստոսի ճամբով իրենք զիրենք տան Աստուծոյ։ Քրիստոս խռովութեան եւ խռովարարներու ձեռքը յանձնուեցաւ, որպէսզի դառնայ Աստուծոյ հաշտութեան ձեռքը կարկառուած դէպի մարդը։ Աստուած սիրե՛ց մարդը, երբ ան կ՚ատէր զինք։ Սիրե՛ց, երբ ան մահուան դատապարտուած էր։ Սիրեց եւ հետաքրքրուեցաւ Իրմով չհետաքրքրուողներով։ Իր հայրական ձեռքը երկարեց բոլոր անոնց, որոնք թշնամական վերաբերմունք կը ցուցաբերէին Իրեն հանդէպ (Հռ 5.10)։ Աստուած երբ որոշեց Իր Որդիին ճամբով գալ եւ հանդիպիլ մարդոց, չորոշեց որովհետեւ մարդիկը զԻնք կը փնտռէին, այլ որովհետեւ Ի՛նք կը փնտռէր զանոնք։
Սիրելի՛ հաւատաւորներ, մեր կեանքի նաւաբեկումներուն մէջ տակաւի՞ն կը լսենք Աստուծոյ Խօսքը, որ անդադրում կ՚ըսէ. «Որդեա՛կ իմ, քու սիրտդ ինծի՛ տուր»(Առ 23.26)։ Աստուծոյ խօսքը մեր երկրաւոր կեանքը երկնային կեանքի զգլխիչ բոյրով օծանող անուշահոտ իւղն է, ապականացու մեր բնութիւնը անապականութեան պատրաստող համեմիչ աղն է, մահկանացու մեր բնութիւնը անմահութեան գերափոխող անհրաժեշտ մակարդն է, որով մեր երկրաւոր կեանքի օրերը կը համեմուին եւ առաքեալին բացատրութեամբ՝ «Մասնակից կը դառնանք Քրիստոսի յաղթական երթին, որ մեր միջոցաւ իր գիտութեան բոյրը կը տարածէ ամէնուրեք։ Մեր կեանքերը Քրիստոսի ձեռքով Աստուծոյ ընծայուած անուշահոտ խունկի պէս իրենց բոյրը կը տարածեն» (Բ.Կր 2.14-15)։ Վստահինք Աստուծոյ եւ Ան յուսախաբ պիտի չընէ մեզ։
ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ