ՀԱՅ ՀԻՆ ՎԻՊԱՇԽԱՐՀԸ՝ ՍԱՐԳԻՍ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆԻ ՄՇԱԿՈՒՄՆԵՐՈՎ
Հայագէտ, ազգագրագէտ եւ մեծ գիտնական, հայ բանագիտութեան նահապետ Սարգիս Յարութիւնեան (1928-2019թթ.) երկար տարիներ Հայաստանի զանազան համալսարաններու մէջ դասաւանդած է «Հայ ժողովրդական բանահիւսութիւն», «Հայ առասպելաբանութիւն» եւ «Հայ հին գրականութիւն» առարկաները։ Եղած է գիտական «Պատմաբանասիրական հանդէս»ի գլխաւոր խմբագիրը, աշխատած՝ Գիտութիւններու Ազգային ակադեմիոյ քանի մը կաճառներուն մէջ:
Սարգիս Յարութիւնեան գրած է բազմաթիւ գիրքեր, որոնցմէ «Հայ հին վիպաշխարհը» շատ սիրուած է դպրոցականներուն եւ մեծերուն կողմէ: Գիրքին մէջ գիտնականը ամփոփած է պատմութիւններ եւ գիտելիքներ՝ զանազան աղբիւրներու մէջ գոյութիւն ունեցող հայ հին առասպելներու ու վէպերու մասին: Գիրքը կազմուած է երեք մասերէ: Առաջին մասին մէջ ընդգրկուած են բնութեան հետ կապուած առասպելները, երկրորդ մասը աստուածներու եւ հերոսներու մասին է, իսկ երրորդ բաժնին մէջ Յարութիւնեան մշակած է հայոց հին վէպերը («Վիպասանք», «Պարսից պատերազմ», «Տարօնի պատերազմ»): Շարադրանքի համար առաջին հերթին որպէս սկզբնաղբիւր ծառայած են հայ միջնադարեան պատմիչներուն՝ Ագաթանգեղոսին, Փաւստոս Բուզանդին, Մովսէս Խորենացիին, Սեփէոսին եւ Յովհան Մամիկոնեանին պատմագրական աշխատութիւնները, ապա նաեւ ուշ շրջանի ժողովրդական բանաւոր աւանդութիւնը: Այս նիւթերուն, Սարգիս Յարութիւնեանէն առաջ, համառօտ կերպով անդրադարձած է նաեւ ազգագրագէտ, պատմաբան, աշխարհագրագէտ Ստեփան Լիսիցեան:
Ստորեւ Սարգիս Յարութիւնեանի «Հայ հին վիպաշխարհ»ի «Բնութիւն» բաժինէն հատուածներ կը ներկայացնենք արեւմտահայերէնով:
ԲՆՈՒԹԻՒՆ
Երկինք եւ երկիր
Երկինքն ու երկիրը ամուսիններ են, երկինքը հայրն է, երկիրը՝ մայրը: Երկինքին եւ երկրին միջեւ կը գտնուի երկնային ծիրանի ծովը:
Երկինքը նաեւ քաղաք է, երբեմն կը կոչուի Անգին քաղաք, շրջապատուած պղինձէ դարպասներ ունեցող քարէ բարձր պարիսպներով: Երկնային քաղաքը լոյս տաճար մըն է կամ ծիածանաքարով կառուցուած՝ բարձր կամարներով շողշողուն պալատ մը: Հոն ամէն ինչ լոյս ու փայլք է, հրաշալիք. հոն ո՛չ խաւար կայ, ո՛չ ցուրտ: Անիկա «անմահութեան տունն ու տեղն է»:
Երկիրը կը հանգչի եզի եղջիւրներուն վրայ. երբ ան կը թափահարէ գլուխը, երկրաշարժ կը յառաջանայ:
Ուրիշ պատկերացումներու համաձայն՝ երկիրը կը գտնուի ովկիանոսի վրայ, չորս կողմէ շրջափակուած առասպելական էակի մը՝ Լեւիաթան ձուկին մարմինով: Անոր գլուխը մօտեցած է եւ ափաչափ մը տարածութիւն մնացած է, որ հասնի պոչին: Ձուկը կը կարծէ, թէ իր պոչը օտար կենդանի մըն է, որ միշտ կը խաղայ իր քիթին տակ: Ուստի ան շարունակ կը հետապնդէ զայն, կ՚ուզէ բռնել եւ խածնել, բայց չի յաջողիր, քանի որ աշխարհի ստեղծման օրէն մինչեւ վախճանը Լեւիաթան նոյնիսկ մազաչափ մը չ՚աճիր: Եթէ յանկարծ ան յաջողի բռնել իր պոչը, այն ատեն աշխարհը քարուքանդ կ՚ըլլայ: Իսկ երբ իր պոչը բռնելու նպատակով շարժումներ կատարէ, երկիրը կը ցնցուի եւ երկրաշարժ կ՚ըլլայ:
Լեւիաթանին գլխուն վրայ մեծ ադամանդ մը կայ, որ գիշեր-ցերեկ լոյս կու տայ: Երբ ան ջուրին մէջ շարժումներ ընէ, գլխուն ադամանդի շողերը կը փայլատակին աշխարհի զանազան կողմերը:
Լոյս եւ խաւար
Լոյսի եւ խաւարի կամ ցերեկուան եւ գիշերուան կանոնաւոր իրերայաջորդ ըլլալը կը կարգաւորէ Ժուկը՝ կամ Ժուկն ու ժամանակը: Ան ալեհեր ծերունի մըն է՝ նստած բարձր լերան մը վրայ: Ժուկն ու ժամանակը ձեռքը ունի երկու կծիկ, մէկը՝ ճերմակ, միւսը՝ սեւ: Ան կծիկներէն մէկը կամ միւսը կարգով լեռնէն վար կը գլտորէ: Լերան մէկ կողմէն մէկ կծիկը կը գլտորէ, մինչդեռ լերան հակառակ կողմէն միւսը կը փաթթէ: Երբ ճերմակ կծիկը քակելով կը գլտորէ՝ կը լուսնայ, արեւը կը ծագի, բայց երբ ճերմակ կծիկը կծկէ, իսկ սեւն ալ արձակելով ցած գլտորէ, կը մթնի, արեւը մայր կը մտնէ:
Գիշերային խաւարը կ՚անձնաւորեն սեւ ու դժխեմ գիշերամայրերը, որոնք պառաւ վհուկներ են, սեւ օձեր հմայողներ: Անոնք արեւին եւ լոյսին թշնամիներն են, որ աշխարհի ստեղծման օրէն կը հետապնդեն արեւը, բայց բնաւ չեն յաջողիր հասնիլ կամ բռնել զայն: Երբ երեկոյ ըլլայ, անոնք լեռներուն տակէն դուրս կ՚ելլեն դէպի մեր աշխարհը, որպէսզի բռնեն արեւը, բայց արեւը արդէն մայր մտած կ՚ըլլայ եւ միայն վերջալոյսին ցոլքերը կը լուսաւորեն աշխարհը: Այդ պահուն անոնք բերան մը կը փչեն եւ մութը կը պատէ ամբողջ աշխարհը:
Պառաւ գիշերամայրերը, ձեռքերնին սեւ օձեր բռնած, կը սկսին ասդին-անդին վազել, կը մտնեն լեռներուն մէջ, անտառները, տուները, գիւղերը, քաղաքները, կարծելով, թէ արեւը այդ տեղերը թաքնուած է: Երկար որոնելով ու չգտնելով արեւը, անոնք կը մտնեն աւերակ ջաղացներն ու ցամքած հորերը, որոնք անոնց սովորական ուղիները դարձած են եւ անոնց միջոցով կ՚անցնին գետնին տակն ու ծովերուն յատակը՝ արեւը փնտռելու:
Նոյն պահուն արեւելքի վրայ կը շառագունի արշալոյսը, կը լուսնայ եւ արեգակր գետնին տակէն կը բարձրանայ երկինք: Եթէ գիշերամայրերը յանկարծ յաջողին տեսնել արեւուն երեսը, ապա երկրին վրայ ոչ մէկ կենդանի արարած կը մնայ, ամէն ինչ կը կործանի ու կ՚ոչնչանայ եւ աշխարհը կը լեցուի միայն անոնց օձերով: Բայց, բարեբախտաբար, անոնք բնաւ չեն յաջողիր տեսնել արեւուն երեսը:
Արեւ եւ Արեւամայր
Արեւը գեղեցիկ պատանի մըն է: Ան իր մօրը հետ կը բնակի հեռուն, աշխարհին ծայրը, կապոյտ մարմարով շինուած շքեղ պալատին մէջ: Պալատը կը գտնուի տասներկու բակերուն մէջտեղը: Իւրաքանչիւր բակ չորս կողմէն կամարակապ է, կեդրոնը՝ աւազանով եւ ցայտող շատրուանով: Հոն ո՛չ ծառ կայ, ո՛չ կանաչութիւն, ո՛չ կենդանի, ո՛չ թռչուն, ո՛չ ալ որեւէ արարած: Ցերեկը խոր լռութիւն կը տիրէ եւ այդ քար լռութեան մէջ բակերու կամարներուն տակ պառկած կը ննջեն հազարաւոր ու բիւրաւոր աստղեր:
Մէջտեղի բակի աւազանին վրայ կառուցուած է ոսկեայ տաղաւար մը, ուր բացուած է արեգակին մարգարտապատ անկողինը: Տաղաւարին մէկ անկիւնը, լոյսերուն մէջ նստած չքնաղ ու լուսերես արեւամայրը կը սպասէ որդիին վերադարձին: Եւ ահա, օրուան ուղեւորութենէն ետք, յոգնած իր պալատը կը վերադառնայ բոցավառ արեգակը: Ան կը մտնէ աւազան, կը լոգնայ, իսկ աստղերը կ՚արթննան, ոտքի կը կենան, կ՚ողջունեն արեւը եւ երկինք կը բարձրանան: Արեւամայրը կը գրկէ, ջուրէն կը հանէ որդին, կը պառկեցնէ մահիճին մէջ եւ կուրծք կու տայ յաւերժ երիտասարդ, մշտամանուկ արեգակին: Ան կը քնանայ, կը հանգստանայ, որպէսզի յաջորդ օրը, առաւօտուն վերսկսի իր մշտական երթուղին:
Արեւին լողաւազանը նաեւ Վանայ ծովն է: Վերջալոյսին, օրուան շրջապտոյտէն յոգնած, արեւը կը մտնէ Վանայ ծով, կը լոգնայ, կը մաքրուի, կ՚իջնէ ծովուն յատակը, ուր փրփուրներուն վրայ փռուած է իր անկողինը, կը պառկի անկողնին մէջ, կը քնանայ եւ կը հանգստանայ: Իսկ արեւմուտքին վրայ շառագունած կամ ձիւնաթոյր ծալ-ծալ ամպերը անոր անկողնին քօղն ու վարագոյրներն են:
Արշալոյսէն առաջ հրեշտակները արեւը կը հանեն անկողինէն, կը հագցնեն հրեղէն զգեստներ, կը յարդարեն անկողինը: Արեւը երեսը կը լուայ, ջուրը դէմքէն կը ցայտէ չորս դին, սար ու դաշտ կը ծածկէ ցօղով: Բոլոր թռչունները ցօղին սրսկումէն կը սթափին, կ՚արթննան քունէն, կը ցատկեն եւ կը սկսին երգել ու ծլվլալ: Արեւելքը գտնուող հսկայ լերան տակէն նախ կ՚ելլեն արեւին 12 թիկնապահները՝ բոլորը սեւագոյն արաբներ, ճառագայթի նման լուսեղէն ճիպոտներով կը հարուածեն լեռը, որ կը խոնարհի եւ կը ցածնայ: Միւս բոլոր լեռներն ալ յաջորդաբար իրենց գլուխները կը խոնարհին արեւին առջեւ: Յանկարծ, այդ պահուն սարերուն թիկունքէն կ՚երեւին արեւին ոսկեայ գլուխն ու հրեղէն մազերը, եւ ան կը բարձրանայ երկնակամար:
Առտու կանուխ, երբ արեւը դուրս կու գայ ծովէն ու երկրին շատ մօտիկ կ՚ըլլայ, անոր սաստիկ ջերմութենէն երկիրը կրնայ այրիլ ու մոխիր դառնալ: Բայց այդ պահուն անոր դէմ կ՚ելլէ վիթխարի թոչուն մը եւ իր հզօր թեւերը տարածելով՝ կը պատսպարէ երկիրը արեւին այրող ճառագայթներէն: Կէսօրին, երբ արեւը կը հասնի երկինքին մէջտեղը եւ կը հեռանայ երկրէն, անոր ջերմութիւնը կը տկարանայ եւ վտանգը կը վերանայ: Այդ ժամանակ արդէն խանձուած կ՚ըլլան թռչունին թեւերը, եւ ան ուժասպառ ու կիսամեռ կ՚իյնայ ծով, կը զովանայ, կը բուժէ իր թեւերը: Յաջորդ առտու կազդուրուած՝ ան դարձեալ կ՚ելլէ արեւուն դէմ, իր հովանիին տակ կ՚առնէ երկիրը, եւ այդպէս շարունակ:
Արեւը երկինք կը բարձրանայ նաեւ առիւծի վրայ նստած: Ան արագ կը սլանայ երկնակամարին վրայ եւ երեկոյեան կ՚երթայ ու կը հանգստանայ իր մօր գիրկին մէջ: Արեգակը կրող առիւծը իր թաթերուն մէջ կը պահէ վիթխարի թուր մը, որով ան արեւը կը պաշտպանէ չար ոգիներէ:
Արեւ, Արեւամանուկ եւ Արեւամայր
Հարուստ մարդու մը որդին՝ Արեւամանուկ անունով, անհոգ ու շուայտ կեանք մը կը վայելէ: Ամէն օր կ՚երթայ որսի եւ միշտ առատ որսով կը վերադառնայ տուն: Անգամ մըն ալ որսի գացած միջոցին, երեք օր շարունակ չի յաջողիր որսալ: Անյաջողութենէն յուսահատած Արեւամանուկը կը մտածէ՝ քանի որ ինք այլեւս պիտի չկարենայ որս գտնել ու զուարճանալ, թող որ աշխարհն ալ կործանի: Կը վճռէ, յաջորդ օրը առտու կանուխ, երբ արեւը ծագի, նետով պիտի զարնէ արեւը, երկինքէն վար առնէ զայն, որպէսզի աշխարհը ծածկուի յաւիտենական սեւ խաւարով:
Յաջորդ առտու, արեւածագէն առաջ, Արեւամանուկը նետն ու աղեղը ձեռքին պատրաստ կը սպասէ արեւին: Արեւը իր գլուխը հազիւ հանած, բոցեղէն հուժկու ապտակ մը կը հասցնէ Արեւամանուկին դէմքին, բոցեղէն ձեռքով կը բռնէ անոր մազերէն, կը բարձրացնէ, կը տանի եւ կը դնէ ամայի կղզիի մը մէջ եւ կ՚անիծէ զայն, որ արեւին երեսը չտեսնէ եւ լոյսը չվայելէ:
Այդ օրուընէ Արեւամանուկը ցերեկները կը քնանայ արեւէն պատսպարուած տաղաւարի մը մէջ եւ կ՚արթննայ միայն գիշերը, կ՚երթայ, կը թափառի եւ իր ապրուստը կը ճարէ:
Տարիներ անց, պատահաբար, այդ կղզին կ՚երթայ կին մը, կը հանդիպի Արեւամանուկին, կ՚ամուսնանայ անոր հետ: Ժամանակ անց կինը կը յղանայ: Արեւամանուկը նամակ կը գրէ ծնողքին թէ. «Ահա ձեզի կը ղրկեմ ձեր հարսը, պահեցէք զայն, բայց ինծի մի փնտռէք. ես արեւը չեմ կրնար տեսնել, մեր քաղաքն ու մեր տունը չեմ կրնար մտնել: Եթէ գամ, անպայման կը մեռնիմ, անիծուած եմ»: Արեւամանուկը, գիշերները քալելով, կինն ու զաւակը կը բերէ կը հասցնէ իրենց տուն եւ առանց ծնողքին ներկայանալու կը վերադառնայ:
Ծնողքը հարսէն իմանալով իրենց որդիին պատմութիւնը, չեն դիմանար, կ՚ուզեն երթալ, բերել որդին: Հարսը կը համոզէ, որ կարելի չէ, եթէ բերեն, անոր մահուան պատճառ կը դառնան: Արեւամանուկին կինը կը ծննդաբերէ, տղայ մը կ՚ունենայ: Ան իր գլխուն եկածներով երգ մը կը յօրինէ եւ գիշերները երախային օրօրած պահուն, կ՚երգէ: Արեւամանուկն ալ որդիին կարօտէն գիշերները կու գայ իրենց տունին մօտ, դուրսէն կը ձայնակցի կնոջ երգին եւ ինքն ալ կը պատմէ իր գլուխէն անցածը: Բայց կը վախնայ ներս մտնելու:
Արեւամանուկին ծնողքը կը նկատեն, որ գիշերները մէկը կու գայ տունին մօտ եւ դուրսէն իրենց հարսին հետ փոխադարձ երգեր կ՚երգէ: Կը կասկածին հարսին անմեղութեան վրայ եւ բացատրութիւն կը պահանջեն: Հարսը կ՚ըսէ, թէ այդ եկողը իրենց որդին է, իր տղային կարօտէն կու գայ, եթէ անոր բռնեն, ներս բերեն, կը մեռնի: Արեւամանուկին ծնողքը չեն հաւատար հարսին:
Գիշեր մըն ալ, երբ դուրսէն ձայն կը լսեն, դուրս կ՚ելլեն, կը բռնեն, կը տեսնեն, որ իրապէս իրենց որդին է: Արեւամանուկը կը խնդրէ, կը պաղատի ծնողքին. «Ձգեցէք ինծի,- կ՚ըսէ,- ձգեցէք երթամ, եթէ արեւը ծագած պահուն իմ տաղաւարիս մէջ չըլլամ, կը մեռնիմ: Խնայեցէք իմ արեւս, անիծուած եմ ես, ձգեցէք»:
Ծնողքը մտիկ չեն ըներ իրենց որդիին եւ չեն ձգեր անոր: Առտու, երբ արեւը ծագի, որդին կիսամեռ կ՚իյնայ հօր ու մօր առջեւ: Անոնք ինքզինքնին կը մխիթարեն այն յոյսով, որ երեկոյեան արեւը մայր մտնելէն ետք որդին կը կենդանանայ: Բայց երեկոյեան Արեւամանուկը դարձեալ կը մնայ կիսամեռ: Ծնողքը սուգ ու շիւան կը բարձրացնեն, կը ծեծեն իրենց գլուխը, կը զղջան, օրերով կ՚ողբան: Օր մըն ալ Արեւամանուկին մօրը երազին մէջ կ՚ըսեն.
«Ելի՛ր, երկաթեայ ոտնամաններ հագիր, երկաթեայ գաւազան վերցուր, քալէ դէպի արեւմուտք, ուր կօշիկներդ պիտի ծակին, գաւազանդ պիտի կոտրի, հոն կը գտնես քու որդիիդ բուժման ճարը»:
Որդիին ցաւով ու կարօտով տառապած մայրը առտու կանուխ, առանց երկար-բարակ մտածելու կ՚ելլէ, շինել կու տայ երկաթեայ գաւազան ու ոտնամաններ, կը հագնի եւ ճամբայ կ՚իյնայ: Տարիներով ճամբայ կը կտրէ, կ՚անցնի սեւ ու ճերմակ մարդոց սահմանները, կը հասնի աշխարհին ծայրը, ուր նոյնիսկ թռչուններ ու գազաններ չկան: Հեռուն կը նկատէ կապոյտ մարմարակերտ պալատ մը, կ՚ուղղուի դէպի այդ պալատը ու կը քալէ: Դուռին առջեւ գաւազանը կ՚իյնայ ձեռքէն, կը կոտրի: Կը հանէ ոտնամանները որ թօթուէ, կը տեսնէ, որ անոնք ծակած են: Կը յիշէ իր տեսած երազը, որ հոս պէտք է գտնէ որդիին փրկութիւնը: Ներս կը մտնէ, կ՚անցնի 12 բակերուն մէջէն, կը հասնի այն տաղաւարը, որուն մէկ անկիւնը լոյսերուն մէջ նստած է լուսաճաճանչ թագուհին՝ Արեւամայրը: Արեւամայր թագուհիին գեղեցկութենէն շշմած, Արեւամանուկին մօր աչքերը զարմանքէն բաց կը մնան:
-Դուն, անշուշտ, հարց մը ունիս,- քաղցրութեամբ անոր կը դիմէ Արեւամայրը,- որ այդքան չարչարանք քաշած, եկած-հասած ես հոս: Ի՞նչ ցաւ ունիս, պատմէ՛, մի՛ վախնար:
-Մայր եմ ես,- կ՚ըսէ կինը,- որդիիս արեւը ինծի դարձնելու համար ճար խնդրելու եկած եմ:
Եւ մէկ առ մէկ կը պատմէ Արեւամանուկին գլուխէն անցած-դարձածը:
-Քու տղադ չար տղայ է,- կ՚ըսէ Արեւամայրը,- ես ալ մայր եմ՝ արեգակին մայրը. իմ որդիիս արեւովը երկինք ու երկիր կը լուսաւորուին, իսկ քու տղադ ուզեց նետով զարնել զայն: Անիծեալ է քու որդին, արեւէն զուրկ պիտի մնայ, պիտի ապրի ու պիտի չապրի, պիտի մեռնի ու պիտի չմեռնի:
-Մայր եմ ես,- կը կրկնէ Արեւամանուկին մայրը,- ցաւ քաշած եմ իմ որդիիս համար, այսքան ճամբայ քալած-անցած եմ անոր սիրուն համար: Քու զաւկիդ արեւին համար ինծի ճար մը ըսէ:
Արեւամայր թագուհիին գութը կը շարժի, կ՚ըսէ.
-Շատ անարժան զաւակներ իրենց մայրերուն շնորհիւ արեւը վայելած են. թո՛ղ քու զաւակդ ալ իր մօրը համար ապրի: Բայց դուն անցիր այդ աստղերուն ետեւը, թաքնուէ, հիմա իմ որդիս կու գայ, այնպէս ըրէ, որ չերեւիս: Երբ ան մտնէ աւազանը, լոգնայ, ելլէ եւ գայ կուրծք ուտելու, իմ կուրծքս տալու ժամանակ դուն անոր լոգցած աւազանէն շիշ մը ջուր առ ու գնա՛: Տա՛ր, ցանէ՛ քու որդիիդ վրայ եւ ան կ՚առողջանայ:
Արեւամանուկին մայրը այդպէս ալ կ՚ընէ. արեգակին լոգցած աւազանին ջուրէն շիշ մը ջուր կը վերցնէ, պալատէն դուրս կ՚ելլէ, յաջողութեամբ կը վերադառնայ տուն, ջուրը կը ցանէ որդիին վրայ, որդին կ՚առողջանայ, ոտքի կ՚ելլէ…
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երեւան
Ընկերամշակութային
- 11/29/2024