ԱԼՖՐԷՏ ՔՈՒՊԻՆ. ԱՐՈՒԵՍՏԻ ՄՈՒԹ ԿՈՂՄԸ
Ալֆրէտ Քուպին. հանճար մը, որ քալեց ընկճախտի մութ միջանցքներով, բայց այս գործընթացը վերածեց արուեստի արտասովոր ստեղծագործութիւններու: Այս նկարիչը բոլոր սիրելիները կորսնցնելէ յետոյ կրկնապատկեց կտաւի հանդէպ իր կիրքը եւ գծանկարներուն մէջ ի մի բերաւ մղձաւանջներն ու իրողութիւնները։
1877 թուականին ծնած Ալֆրէտ Քուպինի կեանքը լի էր տարօրինակ ու դժբախտ իրադարձութիւններով։ Անոր մանկութիւնը նոյնիսկ դժուար էր։ Երբ Քուպին տակաւին երիտասարդ էր, մահացաւ իր մայրը եւ ընտանեօք բախուեցան նիւթական խնդիրներու։ Քուպինի վրայ սաստկօրէն ազդեց իր մօր մահը եւ ինքնասպանութեան փորձ կատարեց անոր գերեզմանի մօտ։ Իր քրոջ գրած նամակին մէջ Քուպին ըսած է հետեւեալը. «Մահը աշխարհի ճակատագիրն է, ոչնչութեան եւ աշխարհը կազմող այս բոլոր անհատական ուժերու հետ միասին: Մեզմէ իւրաքանչիւրը անվերապահօրէն կը մօտենայ աւարտին կանխորոշուած ճանապարհով՝ մեքենայի նման»։
Ան երիտասարդ տարիքին հետաքրքրուած էր նկարչութեամբ, արուեստը սորված էր Լիւտվիկ Շմիթ-Ռոյթէի ակադեմիոյ մէջ։ Այնուհետեւ, ուսումը շարունակած է Միւնիխի մէջ, ուր զարգացուցած է իր նկարչութեան հմտութիւնը եւ նկարազարդումները։ Ան ուսումնասիրած է կարգ մը յայտնի արուեստագէտներու գործերը. ինչպէս՝ Էտուարտ Մունչ, Օտիլոն Ռետոն։ Յետագային ան երկար ժամանակ անցուց Փարիզի եւ Ամսթերտամի մէջ եւ ուսումնասիրեց գեղարուեստական թեքնիքները եւ ոճերը:
Ալֆրէտ Քուպին սարսափազդու նկարներ ստեղծագործած է՝ տակաւին քսան տարեկանին: Յատկապէս անոր առաջին գիրքը՝ «Die andere Seite» (Միւս կողմը) մեծ ուշադրութիւն գրաւեց։ Գիրքը լի էր երեւակայական տարրերով եւ գրուած էր գոթական ոճով։ Քուպինի անյագ երեւակայութիւնը ներկայացնող նկարազարդումները՝ հրէշներ, ուրուականներ եւ այլ երեւակայական արարածներ տեսողականօրէն կը սնուցեն գիրքը:
Քուպինի նկարները կը պարունակեն մանրամասն եւ սարսռելի տարրեր։ Կ՚ենթադրուի, որ անոր ստեղծագործութիւններու մէջ մեր հանդիպած կերպարները անոր մութ ներաշխարհի արտացոլումն են: Իր գործերուն մէջ Քուպին ո՛չ միայն կը պատկերէ մութ կողմը, այլեւ իր նուրբ խելքով կը յաջողի առընչուիլ կեանքի սովորական եւ բացատրելի երեսակին հետ։ Բաց աստի, Քուպին ստեղծագործութիւններուն մէջ կ՚արտացոլացնէ իր անձնական կեանքի ցաւալի փորձառութիւնները: Արուեստագէտը, որ զգայուն էր այդ ժամանակաշրջանի ընկերային խնդիրներու նկատմամբ, անդրադարձած էր նաեւ առանձնութեան եւ գոյութենական խնդիրներու նման նիւթերու։
Քուպին նաեւ նկարազարդումներ ըրած է բազմաթիւ գիրքերու համար։ Անոր գծանկարները յայտնուած են դասական բազմաթիւ գործերու մէջ՝ ներառեալ Հերման Հեսսէի «Steppenwolf» հատորը։
Ալֆրէտ Քուպին նկարիչ մըն էր, որ ուշագրաւ էր իր մութ ոճով, ուղեղի զարգացած կառուցուածքով եւ ինքնուրոյն երեւակայութեամբ: Անոր ստեղծագործութիւնները հնարաւորութիւն կու տան աւելի մանրամասն տեսնել աշխարհը եւ զբաղիլ մարդոց ներաշխարհի վախերու, անոնց անյոյս առանձնութեան եւ գոյութեան իմաստը կասկածի տակ դնելու գաղափարի հետ։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Ընկերամշակութային
- 11/28/2024