ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ՊԻԹԸԼԶԻ ՕՐ

Աշխարհի մէջ այս օրը՝ յունուար 16-ը, մօտաւորապէս քսան տարիէ ի վեր կը նշուի իբրեւ Պիթըլզի համաշխարհային օր: Օրը բրիտանական հռչակաւոր ռաք խումբի՝ «Տը Պիթըլզ»ի անունով հռչակած է ԻՒՆԷՍՔՕ-ն, նկատի ունենալով, որ 1957 թուականի այդ օրը բրիտանական Լիվըրփուլ քաղաքին մէջ բացուեցաւ The Cavern ակումբը: Ակումբը յեղափոխական նշանակութիւն ունեցաւ համաշխարհային երաժշտութեան պատմութեան մէջ, քանի որ հոն առաջին անգամ ելոյթ ունեցան երաժիշտներ՝ Ճոն Լենըն, Ճան Փոլ Մաքքարթնի եւ Ճորճ Հարիսըն, իսկ երկու տարի անց անոնց միացաւ Ռինկօ Սթար: Անոնք խելացնոր կերպով յեղաշրջեցին աշխարհի երաժշտութեան ընթացքը եւ դարձան 20-րդ դարու ամենէն յաջող խումբերէն, թէ՛ ստեղծագործական եւ թէ առեւտրային իմաստներով: Յետագային բազմաթիւ ռաք երաժիշտներ խոստովանած են, որ երաժիշտ դարձած են «Տը Պիթըլզ»ի երգերուն ազդեցութեամբ: Մինչդեռ՝ Ճոն Լենընի մօրաքոյրը՝ Միմին ժամանակին անոր ըսած էր. «Ճո՛ն, դուն չես կրնար կիթառով այնքան գումար շահիլ, որպէսզի կարողանաս ինքզինքդ պահել»։ Մօրաքոյրը Ճոնին կ՚առաջարկէր աշխատանքի անցնիլ Լիվըրփուլի գործարանին մէջ: Տարիներ անց, Ճոնը իր առաջին կիթառը, այդ խօսքերը վրան գրուած, ուղարկեց մօրաքոյր Միմիին, անոր համար շքեղ տուն մը գնեց եւ յատակին գրել տուաւ նոյն խօսքերը: Իսկ Փոլ Մաքքարթնիին հայրը, որ, ի դէպ, երաժիշտ էր, ընդհանրապէս դէմ էր Փոլին երաժշտական նախասիրութիւններուն եւ Ճոնին հետ անոնց ընկերութեան… Բայց կար նախասահմանուած ուժ մը, որ պահեց չորս երաժիշտները, մինչեւ որ աշխարհը վարակուեցաւ պիթըլագարութեամբ:

Այսօր պիթըլագարութիւնը (Beatlemania) ուսումնասիրուած երեւոյթ մըն է, որով կը բնորոշուի «Տը Պիթըլզ» խումբի երգերուն հանդէպ անսահման երկրպագութիւնը, ինչ որ ոչինչ կրնար սանձել:

Անոնց երգերը մարդկային ճակատագրերու վրայ ուղղակի ազդեցութիւն ունեցած են՝ եղած են անձնասպանութեան, տունէն փախուստի, կենսակերպի կտրուկ փոփոխութեան, խումբին համերգներուն համար երկրէ երկիր ճամբորդելու հազարաւոր դէպքեր: Պատմութիւններ գրուած են «Տը Պիթըլզ»ի երգերուն ներգործութիւններուն մասին, որոնք մարդոց կեանքին ընթացքը, լաւ կամ վատ առումներով, շեղած են:

Այսօր, հակառակ որ խումբը չկայ, բայց անոր երգերը եւ անցեալ դարուն փայլատակած համերգներուն յիշողութիւնները սերունդէ սերունդ փոխանցուած են: Եւրոպական եւ շատ ուրիշ երկիրներու մէջ ստեղծուած են ակումբներ, համայնքներ, որոնք կը նշեն այս օրը:

Հայաստանի մէջ ալ կայ «Տը Պիթըլզ» կոչումով գիշերային ակումբ մը, որ ամէն տարի կը նշէ Պիթըլզի օրը, ձեռնարկներ կը կազմակերպէ, իսկ տարուան ընթացքին ամէն օր այդ ակումբին մէջ կարելի է «Տը Պիթըլզ»ի երգերը լսել: Հայաստանի մօտ Բրիտանիոյ դեսպանատունը եւս իր կարգին կ՚ոգեկոչէ օրը եւ հարիւրաւոր երկրպագուներուն ուշադրութիւնը կը հրաւիրէ բրիտանական եւ համաշխարհային մշակոյթի անբաժան մասը կազմող խումբին վրայ:

Լրագրողները «Տը Պիթըլզ»ի երաժշտասէրներուն մոլեգին երկրպագութիւնը կոչած են 20-րդ դարու կրօն: «Տը Պիթըլզ» խումբի անդամները առաջին անգամ երգերու ձայնագրութեան ու տեսահոլովակներու նկարահանման համար գործածած են որոշ նորարարական մշակումներ, բայց ամենաուժգին ազդեցութիւնը ունեցած են անոնց երգերը, որոնք սրտառուչ խօսքերով եւ երաժշտութեամբ ստեղծուած են: Երիտասարդ երաժիշտներուն սիրահարուած են աղջիկներ, որոնք յուսակտուր վիճակներ ապրած են:

Երաժշտութեան պատմութեան մէջ, մինչեւ օրս, կարելի չէ եղած գերազանցել այն ցուցանիշները, որոնք համատեղ ճանապարհի եօթ տարիներու ընթացքին սահմանած է լիվըրփուլեան քառեակը: Ինչպէս ուսումնասիրութիւններ կատարուած են պիթըլագարութեան ուղղութեամբ, այնպէս ալ անջատ ուսումնասիրութեան նիւթ է այն, թէ ինչո՛ւ փլուզուեցաւ խումբը: Հիմնական վարկածը այն է, որ խումբի փլուզման պատճառն էր ճաբոնցի արուեստագիտուհի Եոկօ Օնոն, որ ամուսնացած էր Ճոն Լենընին հետ: «Տը Պիթըլզ»ի հազարաւոր սիրահարները կ՚ատէին ճաբոնցի այդ կինը, ըսելով, որ անոր ազդեցութիւնը այնքան մեծ է Ճոն Լենընի վրայ, որ երաժիշտը «գլուխը կորսնցուցած» էր եւ խումբը այլեւս չէր գրաւեր զայն: Եոկօ Օնոն իրապէս ուժեղ եւ իշխանաշնորհ ունեցող կին մըն էր, բայց փաստ է նաեւ, որ բուռն գործունէութեան ընթացքին, քառեակին անդամները բաւական յոգնած էին իրարմէ եւ անոնցմէ իւրաքանչիւրին ստեղծագործական ազատութիւն անհրաժեշտ էր: Այդ ալ կրնար ըլլալ փլուզման պատճառը, բայց մինչեւ այսօր պաշտօնական որեւէ պատճառ չէ յայտարարուած «հրաշալի քառեակ» կոչուած խումբի բաժնման մասին: 1970 թուականի ապրիլին Փոլ Մաքքարթնին յայտարարեց խումբին փլուզման մասին:

Աշխարհի բոլոր ծագերը նուաճած խումբը կրցած է ճեղքել նաեւ Խորհրդային Միութիւնը. այդ երկրին մէջ բնակող բազմաթիւ երիտասարդներ կը նմանակէին պիթըլներուն հագուածքը, սանրուածքը. կիթառ նուագել կը սորվէին, կը տարածէին անոնց ձայնագրութիւններն ու լուսանկարները:

Պիթըլագարութեան ծագումը նոյնպէս պաշտօնական ամսաթիւ ունի՝ 1963 թուականի հոկտեմբերի 13-ը: Այդ օրը խումբը ելոյթ կ՚ունենար Լոնտոնի «Փալատի» դահլիճին մէջ, համերգը կը հեռարձակուէր ողջ Բրիտանիոյ տարածքին: Քառեակին երաժիշտները մօտէն տեսնելու փափաքը կը ստիպէ երկրպագուներուն՝ հեղեղել համերգասրահին բակը: Անոնց աղաղակները մինչեւ դահլիճ կը հասնին եւ այնպիսի աղմուկ կ՚ելլէ, որ երաժիշտներուն ձայներն ու երաժշտութիւնը գրեթէ անլսելի կը դառնան: Համերգի աւարտին երաժիշտները ոստիկաններու ու պահակներու միջոցով հազիւ կրնան ճողոպրիլ երկրպագուներուն շրջափակումէն: Ատիկա կը դառնայ «Տը Պիթըլզ»ի համերգներուն բնորոշ երեւոյթ մը եւ յետայդու ոչ մէկ համերգ կ՚անցնի առանց աղմուկ-աղաղակի, ոստիկանութեան միջամտութեան եւ երկրպագուներու անսանձ պոռթկումներուն: Ոստիկանութիւնը յաճախ կը ստիպուի ուժ գործադրել երկրպագներու անկանխատեսելի բանակը ցրուելու համար. եղած է նաեւ, որ գործադրուած են բարձր ճնշման ջուրի խողովակներ եւ մականներ:

Պիթըլագարութեան կատաղի դրսեւորումներուն փուլը կը հասնի մինչեւ 1966 թուականը, երբ խումբին տղաքը կը հրաժարին համերգային տանջալի եւ կեղեքիչ շրջագայութիւններէն եւ կը փորձեն իրենց ուժերը կեդրոնացնել ձայնագրութիւններու վրայ:

Հակառակ իրենց վայելած փառքին, դրամին եւ բոլոր երաժշտական ցուցակներուն մէջ յառաջատարը ըլլալուն, խումբին անդամները ոչ-նախանձելի կեանք մը կ՚ապրէին: Անոնք յաճախ դեղեր եւ խթանիչներ կ՚ընդունէին՝ երկրէ երկիր ճամբորդութիւններուն, երկարատեւ համերգներուն եւ գիշերները արթուն մնալու դժուարութիւնները յաղթահարելու համար, կ՚ապրէին ոչ-այնքան մաքրասէր եւ առողջապահական կեանք: Եղած են համերգային օրեր, երբ չորս երաժիշտները անձրեւին տակ ժամերով կեցած են՝ զոհ երթալով երկրպագուներու բանակին հրաժեշտ տալու պարտադրանքին կամ պատասխանելով լրագրողներու հարցումներուն: Ահա թէ ինչո՛ւ երաժիշտները ընկճուածութեան գիրկը ինկած են, անոնք առանց այն ալ, դժուար մանկութիւն եւ պատանեկութիւն ապրած էին:

Խումբին համբաւը չմարեցաւ երաժշտաշխաատանոցներու ձայնագրութիւններու վրայ աշխատած միջոցին եւ ոչ ալ փլուզումէն ետք դադրեցաւ պիթըլագարութիւնը: Երեւոյթը կը շարունակուի մինչեւ օրս, թերեւս աւելի մեղմ ալիքներով: Խումբի լուծարումէն ետք, երաժիշտներէն իւրաքանչիւրը շարունակած է իր երաժշտական ասպարէզի անջատ գործունէութիւնը, իսկ անոնցմէ երկուքին կեանքը աւարտած է ողբերգականօրէն: 1980 թուականին, սեփական տան մօտ, խենթ համակիրի մը կողմէ սպաննուեցաւ Ճոն Լենըն, 2001 թուականին քաղցկեղէ մահացաւ Ճորճ Հարիսըն: Փոլ Մաքքարթնին եւ Ռինկօ Սթարը այսօր կը շարունակեն ստեղծագործել: Իր գործունէութեան տարիներուն խումբին կազմը հինգ անգամ փոխուած է, բայց այս չորս հոգին այն հիմնարար երաժիշտներն են, որոնք մնացած են պատմութեան մէջ:

Քառեակը պարգեւատրուած է Բրիտանական արքայական շքանշաններով, ինչպէս նաեւ բազում ուրիշ պարգեւներու արժանացած, մրցանակներ խլած: Այնպիսի տպաւորութիւն կար, որ «Տը Պիթըլզ» խումբին անդամները ժամանակին զօդած է ընդհանուր բան մը. այդ մէկը ոչ միայն երաժշտութեան հանդէպ սէրն էր եւ անոնց ունեցած տաղանդը: Անոնք ողբերգութիւններ ունէին իրենց ընտանեկան կեանքերուն մէջ. 1956 թուականին օրինակ, Փոլին մայրը՝ Մերին, մահացած է կուրծքի քաղցկեղի պատճառով, իսկ 1958 թուականին ինքնաշարժի արկածի պատճառով Ճոնը կը կորսնցնէ իր մայրը: Միւս երկուքն ալ դիւրին մանկութիւն չեն ապրած: Անոնք երգեր կը նուիրէին իրենց կեանքի ցաւերուն եւ այդ երգերուն բառերն ու խօսքերը սրտառուչ կ՚ըլլային աշխարհի որեւէ վայրի մէջ ապրող մարդուն:

Փոլ Մաքքարթնին տարիներ առաջ յայտարարեց, որ Yesterday երգը նուիրած է իր մօր, ասիկա խումբին այն երգերէն է, որ «Կինէս»ի գիրք մտած է իր բազում կատարումներուն շնորհիւ: Անցեալ տարի «Ուոլ Սթրիթ»ի կազմած ցուցակին մէջ Yesterday երգը նկատուած է մարդկութեան պատմութեան լաւագոյն երգը:

«Տը Պիթըլզ»ի բոլոր երգերը հռչակաւոր են, բայց անոնցմէ մի քանին պարզապէս դարաշրջանի նկարագրութիւնն են: She’s leaving home  երգը, օրինակ, ցոյց կու տայ 1960-ականներուն ծայր առած շարժում մը, որուն դրդմամբ հազարաւոր պատանիներ թողած էին իրենց տուները եւ հեռացած: Անոնք կը փախչէին տուներէն եւ կը բնակէին անհասկնալի ու երեւակայական համայնքներու մէջ՝ պատճառաբանելով հասարակական կարգ մը չափանիշներ:

Պատանիներու փախուստներուն մտահոգիչ պատմութիւնները այդ օրերու թերթերուն գլխաւոր նիւթերն էին, որոնք տագնապի կը մատնէին ընտանիքները: Բազմաթիւ ընտանիքներ սկսան վերանայիլ երեխաներուն հետ իրենց յարաբերութիւններուն, ջանացին հասկացողութիւն մը ստեղծել սերունդներուն միջեւ, քանի որ այնպիսի տպաւորութիւն կար, թէ սերունդներուն միջեւ ճեղքեր գոյացած են եւ այս երգը այդ ճեղքերուն վրայ ուշադրութիւն կը հրաւիրէր: Պատանիները կարծես անտարբեր դարձած էին ծնողքին, զիրենք շրջապատած բարիքներուն հանդէպ եւ աւելի ազատ ու անկաշկանդ կեանքի կը ձգտէին: Ասիկա համաշխարհային շարժում մըն էր, որ պետութիւններն ու կառավարութիւնները կը մղէր վերանայիլ բազմաթիւ հարցերու:

1967-1971 թուականներուն, օրինակ, Միացեալ Նահանգներու մէջ աւելի քան կէս միլիոն մարդիկ լքած են իրենց տուները եւ քաղաքակրթութեան դէմ ելած, հակած ըլլալով ազատ յարաբերութիւններու, ոչ-ձեւական նիստուկացի, անքուն գիշերներու եւ այլ վայելքներու: Անոնք կը մղուէին դէպի բնութիւն, գիշերային կեանք, հեռաւոր բնակատեղիներ եւ այնպիսի վայրեր, ուր մարդիկ զուրկ են ձեւականութենէ եւ քաղաքակրթութեան պարտադրանքներէ: Այս շարժումը, որ տարածուեցաւ աշխարհի մէջ, իր հետքը ձգեց գրականութեան, արուեստի եւ այլ ասպարէզներու վրայ:

«Տը Պիթըլզ»ի այդ երգը աշխարհի ուշադրութիւնը հրաւիրեց վերոնշեալ երեւոյթին, իսկ երգը գրելու համար դրդեց թերթին մէջ «Տը Պիթըլզ»ի տղոց կարդացած բրիտանացի աղջկայ մը պատմութիւնը, որ օր մը կը փախչի տունէն՝ երկտող մը գրելով: Իրական դէպքին վրայ գրուած երգը անմիջապէս կը տարածուի Անգլիոյ մէջ, շատեր թերթին պատմութեան հերոսուհին լուրերէն զատ նաեւ երգով կը ճանչնան: Ծնողքը ապշած էր, քանի որ իրենք ամէն ինչ ըրած էին իրենց զաւկին համար, ոչ մէկ թերացում կար տունին մէջ, բայց աղջիկը առանձին կը զգար եւ սիրոյ մեծ պակաս ունէր: Յետագային ան ըսած էր, որ զինք հարստութիւնը չէր հետաքրքրեր, այլ միայն այն, որ ծնողքը ըսէր, թէ կը սիրէ զինքը: She’s leaving home երգը նոյնպէս առաջին հորիզոնականները գրաւած է մօտաւորապէս յիսուն տարի առաջ, իսկ երգին թողած հետքին մասին շարժանկարներ նկարուած եւ գիրքեր գրուած են:

Հիւսիսային Լոնտոնէն Մելանի Քոյ այսպէսով յայտնի կը դառնայ ամբողջ աշխարհին: Հերոսուհին այսօր ալ կը բնակի Անգլիա եւ իր գործը հիմնած է: Երբեմն մամուլը կ՚անդրադառնայ արդէն ամուսնացած եւ ընտանիք կազմած այդ կնոջ, որուն մասին գրուած է դարաշրջանի երգերէն մէկը: Երգը կը մեկնաբանէ Փոլ Մաքքարթնին. ի սկզբանէ նախատեսուած էր, որ խումբին գլխաւոր երգիչը պիտի ըլլար Ճոն Լենընը, բայց քանի որ վերջինս մշտապէս դժգոհ էր իր ձայնէն, կ՚որոշուի, որ խումբին գլխաւոր երգիչը Մաքքարթնին ըլլայ: Լենընը երբեք չէր լսեր իր արդէն երգած երգերը, քանի որ սեփական ձայնը անտանելի կը նկատէր: Ասիկա միակ տարօրինակութիւնը չէր, որ կը կրէր Լենըն: Ան, յայտնի է, որ կը սիրէր դագաղներու մէջ քնանալ եւ ատոր համար քանի մը տեսակ դագաղ ունէր:

Այսօր, Պիթըլզի համաշխարհային օրը, բազում երգասէրներ կրկին կը յիշեն անսովոր քառեակը, որ կարճ ժամանակ մը յայտնուեցաւ երաժշտութեան երկնակամարին վրայ եւ յաւերժ ծիածանահետք ձգեց մարդկութեան պատմութեան մէջ: Պահ մը կ՚ապրին ցնորութեան պատրանքը, բայց այսօրուայ աշխարհը կարծես բանէ մը մոլորելու կամ խելագարելու հակումներ չունի այլեւս:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Հինգշաբթի, Յունուար 16, 2020