ՇՈՒՄԱՆԻ ԽՈՐՀՈՒՐԴՆԵՐԸ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐՈՒՆ
Աւելի քան 100 տարի առաջ՝ 1922 թուականին Պոլսոյ մէջ կը տպագրուի արժէքաւոր գիրք մը՝ գերմանացի աշխարհահռչակ երգահան, խմբավար, երաժշտական քննադատ եւ մանկավարժ Ռոպերթ Շումանի (1810-1856թթ.) խորհուրդները երիտասարդ երաժիշտներուն: Գերմաներէնէ հայերէնի թարգմանուած այս ձեռնարկէն, ո՜վ գիտէ, քանի-քանիներ օգտուած են՝ մուտք գործելով երաժշտութեան զարմանահրաշ աշխարհը: Հրատարակիչը՝ Կարապետ Ալիքսանեան, սոյն թարգմանութեան ձեռնարկած է՝ նկատի ունենալով մեր ժողովուրդին եւ մասնաւորաբար նորահաս սերունդին բնածին հետաքրքրութիւնը երաժշտութեան նկատմամբ եւ Շումանի խորհուրդներէն զատ նոյն տարիներուն թարգմանաբար հրատարակած է ուրիշ երաժշտական նշանաւոր եւ կարեւոր ձեռնարկներ ալ, որոնք դիւրացուցած են այդ ճիւղին ուսուցումը եւ առհասարակ օգտակար եղած են երաժշտութեամբ հետաքրքրուող հայերուն:
Կարապետ Ալիքսանեան նկատի առած է նաեւ այն հանգամանքը, որ մայրենիով շատ քիչ գրականութիւն կայ երաժշտութեան մասին, իսկ հայ պատանիները բոլորը չեն տիրապետեր օտար լեզուներու: Ռոպերթ Շումանի խորհուրդներէն առաջ ան գրքոյկին մէջ զետեղած է մեծ գերմանացիին կենսագրութիւնը։ Ան պզտիկ տարիքէն ունեցած է արուեստի, գրականութեան հանդէպ սէր, եւ արդէն տասներեք տարեկանին ելոյթներ կ՚ունենար որպէս դաշնակահար:
19-րդ դարուն ապրած մեծ երաժշտին տուած պատուէրները մինչեւ հիմա ալ արդիական են:
ԵՐԱԺՇՏԱԿԱՆ ԿԱՆՈՆՆԵՐ ԵՒ ՊԱՏՈՒԷՐՆԵՐ
- Ականջին դաստիարակութիւնը առաջնակարգ կարեւորութիւն ունի: Կանուխէն, ուրեմն, զանազանել ջանայ բոլոր այն ձայները՝ զորս կը լսես: Օրինակ, ժամացոյցին, զանգակին, գաւաթին, կկուին եւ այլն, եւ այլն:
- Չափո՛վ նուագէ. շատ մը քաջահմուտ արուեստագէտներու նուագելը կը նմանի գինովներու քալուածքին: Զգուշացիր զանոնք օրինակելէ:
- Կանուխէն սորվէ ներդաշնակութեան հիմնական օրէնքները:
- Մի՛ վախնար տեսական երաժշտութիւն, ներդաշնակութիւն, բամբ հիմնաձայն, հակակէտ եւ այլն բառերէն. ասոնք քեզի բարեկամ պիտի ըլլան, երբ իրենց մօտենաս:
- Դաշնամուրդ կոպտօրէն երբեք մի՛ նուագեր եւ բնաւ կտորի մը մէջտեղը մի՛ կենար:
- Առանց պատճառի դանդաղեցնել կամ արագացնել հաւասարապէս մեծ սխալներ են:
- Նախընտրելի է լաւ կերպով նուագել դիւրին կտորներ, քան միջակօրէն՝ դժուարներ:
- Ուշադրութիւն ըրէ, որ երաժշտական գործիքդ ճիշդ լարուած ըլլայ:
- Կտորները նուագելով մի՛ գոհանար, պարտաւոր ես զանոնք երգել առանց գործիքիդ օժանդակութեան: Երեւակայութիւնդ վարժեցուր ո՛չ միայն կտորի մը մայր եղանակը յիշելու, այլեւ՝ այն ներդաշնակութիւնը, որ կ՚ընկերանայ անոր:
- Երաժշտական կտոր մը առաջին անգամ տեսնելուդ՝ փորձէ երգել, նոյնիսկ երբ շատ քիչ ձայն ունենաս, այս կերպով ականջիդ երաժշտական նրբութիւնը հետզհետէ պիտի կատարելագործուի: Բայց երբ ձայնդ լաւ է, մէկ վայրկեան իսկ մի դանդաղիր մշակելու՝ նկատելով զայն երկնատուր մեծագոյն շնորհը:
- Երաժշտական կտոր մը միմիայն աչքի ակնարկով պէտք է կարենաս հասկնալ:
- Նուագած ատենդ երբեք մի մտածեր, թէ քեզ ով մտիկ կ՚ընէ:
- Նուագէ միշտ այնպէս, ինչպէս պիտի նուագէիր ուսուցիչի մը ներկայութեան:
- Եթէ մէկը քենէ խնդրէ նուագել կտոր մը, զոր չես ճանչնար, նախ կատարելապէս աչքէ անցուր զայն:
- Երբ օրական վարժութիւններդ աւարտելով ինքզինքդ շատ յոգնած զգաս, մի ջանար շարունակել: Նախապատիւ է հանգստանալ՝ քան թէ աշխատիլ առանց հաճոյքի:
- Քանի տարեց դառնաս, երբեք օրուան ճաշակներով մի զբաղիր: Ժամանակը թանկագին է: Պէտք պիտի ըլլար մարդու մը կեանքը հարիւր անգամ երկարել՝ միմիայն ճանչնալ կարենալու համար լաւը այս աշխարհին մէջ:
- Քաղցրաւենիներով եւ գգուանքներով մեծցած տղան առողջ մարդ մը չի կրնար ըլլալ: Ինչպէս մարմնոյն՝ նոյնպէս ալ մտքի սնունդը պէտք է ըլլալ պարզ եւ հիւթեղ: Մեծ վարպետները առատօրէն կը հայթայթեն քեզ այդ սնունդէն, բաւականացիր անոնցմով:
- Գէշ կտորներ ճանչցնելէ պէտք է զգուշանաս եւ ընդհակառակը՝ կարելին ըրէ՝ անոնց տարածումը արգիլելու համար:
- Ո՛չ միայն գէշ հեղինակութիւններ նուագելու չես, այլեւ ունկնդրելու ալ չես՝ եթէ ստիպուած չըլլաս:
- Ատելի բան մը նկատէ վարպետներու գործերուն վրայ ձեւափոխում, յապաւում եւ կամ զարդ աւելցնել: Կարելի չէ ատկէ աւելի մեծ նախատինք մը ընել Արուեստին:
- Վարժութիւններուդ ընտրութեան ատեն, շատ ժամանակ շահած պիտի ըլլաս, եթէ քենէ տարեցներու խորհուրդին դիմես:
- Պարտաւոր ես ճանչնալ հետզհետէ մեծ վարպետներուն գլխաւոր երկերը:
- Մեծ արուեստագէտներու յաջողութիւններով մի հրապուրուիր: Աւելի կարեւորութիւն ընծայէ գեղարուեստագէտներու գնահատութեան քան ամբոխին ծափերուն:
- Ինչ որ նորոյթ է կը հիննայ, եւ եթէ այս տեսակ գործերու միայն կապուիս, քիչ վերջը տափակ մէկը պիտի ըլլաս եւ ոչ ոք ուշադրութիւն պիտի դարձնէ քեզի:
- Հանրութեան առջեւ յաճախ նուագելը աւելի վնասակար է, քան թէ օգտակար: Հանրութիւնը հաշուի ա՛ռ, բայց երբեք մի նուագեր այնպիսի կտոր մը, որուն համար դուն ինքզինքէդ ամչնաս:
- Երբեք սակայն անփոյթ մի գտնուիր, երբ հաւաքական երաժշտութիւն ընելու առիթը կայ՝ զուգերգ, եռերգ եւ այլն. ասոնք քու նուագելու ձեւիդ կու տան աւելի եռանդ եւ սահունութիւն: Երգողներու ընկերացիր ամէն անգամ որ կարենաս:
- Նուագախումբ գոյութիւն ունեցած պիտի չըլլար, եթէ բոլոր արուեստագէտները առաջին ջութակ նուագել ուզէին: Ձգէ ուրեմն իւրաքանչիւր նուագողին իր տեղը:
- Սիրէ գործիքդ, բայց ունայնամտօրէն միւսներէն բարձր մի կարծեր զայն: Մտածէ, որ կան ուրիշ գործիքներ, որոնք կրնան անոր հաւասարիլ: Յիշէ նոյնպէս որ երգիչներ կան եւ յետոյ՝ երաժշտութեան մէջ բարձրագոյն արտայայտութիւնը խմբերգն ու նուագախումբն է, որ կու տայ:
- Որքան մեծնաս, ջանայ ճանչնալ աւելի երկերը, քան թէ քաջահմուտ նուագողները:
- Քու ընկերներուդ մէջէն քենէ շատ բան գիտցողները նախընտրէ:
- Երաժշտական վարժութիւններէդ վերջ բանաստեղծական ընթերցումներով յոգնութիւնդ առ, գիւղերու մէջ շրջագայիլը սիրէ:
- Երկրիս վրայ առանձին չես: Ուրեմն համեստ եղիր, տակաւին ոչինչ գտած ես կամ խորհած որ քենէ առաջ ուրիշներ գտած կամ խորհած չըլլան: Եւ նոյնիսկ եթէ այդպէս պատահի, պարտիս զայն նկատել աստուածային շնորհ մը, զոր պէտք է բաժնես ուրիշներու հետ:
- Ինքնաբաւութիւնդ եւ հպարտութիւնդ շատ շուտով պիտի բուժուի, եթէ ուսումնասիրես երաժշտութեան պատմութիւնն ու խորապէս ճանչնաս զանազան շրջաններու մեծ վարպետներու գործերը:
- Երբ եկեղեցիի մը առջեւէն անցնիս եւ լսես երգեհոնի մը ձայնը, մտի՛ր եւ ունկնդրէ: Եթէ նոյնիսկ օր մը կարենաս երգոհոնի մը առջեւ նստիլ, փորձէ պզտիկ մատներդ ստեղնաշարին վրայ եւ զմայլէ երաժշտութեան ամենակարողութեան:
- Հաճոյքով երգէ խմբերգներու մէջ միջին ձայներու նախապատուութեամբ, եթէ կարելի է, ասիկա՝ քեզ երաժիշտ դարձնելու պիտի նպաստէ:
- Երաժիշտ ըլլալ՝ ի՞նչ ըսել է. երաժիշտ մը չես դուն, եթէ աչքդ յառած յուսահատօրէն ձայնանիշներուն՝ դժուարաւ կարենաս կտորին մինչեւ վերջը հասնիլ։ Երաժիշտ մը չես նաեւ, եթէ մէկը երկու էջը մէկէն դարձնէ եւ դուն շփոթելով չկարենաս շարունակել: Բայց, երաժիշտ մըն ես դուն, երբ նոր կտորի մը ընթերցման ատեն կը նախազգաս անսայթաք ինչ որ պիտի յաջորդէ, եւ կը յիշես նմանող անցք մը ուրիշ ծանօթ կտորներու: Մէկ բառով, երբ երաժշտութիւնը ոչ միայն մատներուդ ծայրն է, այլեւ գլխուդ եւ սրտիդ մէջ:
- Բայց ի՞նչ պէտք է երաժիշտ մը ըլլալու համար: Սիրելի տղաս, ինչպէս բոլոր բաներու մէջ՝ գլխաւոր յատկութիւնը մեզի երկինքէն կու գայ: Ճիշդ ականջ մը եւ արագ ըմբռնում: Սակայն, այս բնական տրամադրութիւնները կարելի է բարելաւել եւ զարգացնել: Երաժիշտ մը չես կրնար ըլլալ՝ երբ ամբողջ օրդ կ՚անցընես ամէն բանէ հեռու եւ յամառօրէն մեքենական աշխատութեան նուիրուելով, այլ ընդհակառակը յաճախելով յարատեւօրէն երաժշտական միջավայր եւ մասնաւորապէս՝ խմբերգներու եւ նուագախումբերու:
- Կանուխէն ճանչցիր մարդկային ձայնը, իր գլխաւոր բաժանումներով: Ուսումնասիրէ մասնաւորապէս խմբերգներու մէջ, թէ ո՛ր ձայնամիջոցներուն կը գտնէ ան իր մեծագոյն կարողութիւնը եւ որ ձայնամիջոցները կու տան քնքշութեան եւ քաղցրութեան տպաւորութիւնը:
- Ուշադրութեամբ ունկնդրէ ժողովըրդական երգերը: Անոնք կը կազմեն անսպառ հանք մը ամենագեղեցիկ մեղեդիներու, անոնք քեզի պիտի հասկցնեն զանազան ժողովրդոց զանազան նկարագիրը:
- Կանուխէն վարժուէ կարդալ հին բանալիներով, առանց որոնց շատ մը գանձեր քեզի անծանօթ պիտի մնան:
- Զանազան երաժշտական գործիքներուն ձայնն ու յատկանիշը կանուխէն ջանա՛ որոշել: Վարժուէ անոնց իւրաքանչիւրին մասնաւոր գոյնը զանազանել:
- Լաւ թատերանուագներ (opera) լսելու առիթը երբեք մի՛ փախցներ:
- Պատուէ՛ ինչ որ հին է, բայց խանդավառօրէն բաց սիրտդ նորին համար: Քեզի անծանօթ մնացած անուններու նկատմամբ կանխակալ կարծիքներ ունենալէ զգուշացիր:
- Որեւէ կտոր մը առաջին ունկնդրութեամբ մի դատեր. անմիջապէս քեզի հաճելի երեւցած կտոր մը ընդհանրապէս միշտ լաւագոյնը պիտի չըլլայ: Մեծ վարպետները պէտք է որ ուսումնասիրուին: Շատ մը բաներ աւելի յառաջացեալ տարիքի մը մէջ միայն պիտի կարենաս հասկնալ:
- Հեղինակութեան մը մասին կարծիք յայտնելու ատեն, նկատի առ, թէ ի՛նչ եղած է հեղինակին նպատակը՝ արուե՞ստ, թէ՞ հանրութեան հաճելի ըլլալ: Առաջին պարագային պաշտպանէ այդ գործը, իսկ հակառակ պարագային կարեւորութիւն իսկ մի տար:
- Մեղեդի. ահա նշանաբանը սիրողներուն, եւ ապահովաբար առանց եղանակի երաժշտութիւն գոյութիւն չունի: Բայց անոնք մեղեդի ըսելով կը հասկնան դիւրըմբռնելի եւ իրենց չափովը հաճելի եղանակներ միայն: Ուրիշ գործեր կան սակայն, երբ մանաւանդ աչքէ կ՚անցընես Պախ, Մոցարթ եւ Պեթհովէն, որոնք բոլորովին կը տարբերին անոնցմէ: Կը յուսամ, թէ շատ շուտով պիտի զզուիս այն աղքատ միօրինակութենէն, որուն մեղեդի անունը կու տան իտալական նոր թատերանուագներուն մէջ:
- Երբ մատներդ դաշնամուրին վրայ կը ստեղծեն պզտիկ եղանակներ, արդէն լաւ է, իսկ եթէ անոնք պատահաբար դաշնամուրէն չեն գար եւ ուղղակի քենէ կը բղխին, ա՛լ աւելի ուրախացիր, որովհետեւ քու մէջդ երաժշտական կարողութիւնը պիտի արթննայ: Մատները պարտին ընել ինչ որ միտքը կ՚ուզէ եւ ոչ թէ հակառակը:
- Երբ հեղինակել սկսիս, պէտք է որ միտքիդ մէջ ամէն ինչ նախապէս կազմուի: Յետոյ, երբ այսպէս աւարտես հեղինակութիւնդ, այն ժամանակ փորձէ գործիքիդ վրայ: Եթէ երաժշտութիւնը քու սրտէդ կը բղխի, եթէ զգացիր ինչ որ կ՚ուզէիր հոն արտայայտել, այդ պարագային զայն ունկնդրողներն ալ նոյն տպաւորութիւնը պիտի կրեն:
- Կանուխէն հետաքրքրուէ ծանօթանալ բոլոր այն բաներուն, որոնք անհրաժեշտ են նուագապետի մը: Յաճախ ուշադրութեամբ դիտէ լաւ նուագապետերը: Նոյնիսկ փորձէ մտքով ղեկավարել, այս վարժութիւնը մտքիդ պայծառութիւն պիտի տայ:
- Ջանա՛ կարող ըլլալ քննելու եւ հասկնալու ինչ որ առօրեայ կեանքիդ մէջ շուրջդ կ՚անցնի եւ կը դառնայ, նոյնը ըրէ նաեւ գիտութեանց եւ արուեստներու համար:
- Բարոյականի օրէնքները համանման են արուեստի օրինաց:
- Աշխատանքով եւ յարատեւութեամբ ինքզինքդ միշտ պիտի բարձրացնես:
- Երկաթի կտորէ մը, որ հազիւ քանի մը տասնոց կ՚արժէ, կարելի է շինել ժամացոյցի հազարաւոր զսպանակներ, որոնք հարիւր հազար անգամ աւելի կ՚արժեն քան իրենց նախանիւթը: Քեզի եղած երկնային պարգեւը օգտագործէ ուրեմն:
- Խանդավառութիւնը՝ սկզբունքն իսկ է Արուեստին:
- Արուեստը՝ քեզ հարստացնելու նպատակին ծառայելու չէ: Ջանա՛ ճշմարիտ մեծ արուեստագէտ մը ըլլալ. մնացեալը ինքնին կու գայ:
- Պիտի կարենաս հասկնալ ոգին՝ ձեւին տիրանալէ վերջ միայն:
- Թերեւս ճիշդ է, որ հանճար մը միայն կարենայ հասկնալ հանճարը:
- Ըսուած է թէ՝ կատարեալ երաժիշտ մը նուագախումբի մը կողմէ նուագուած կտորի մը առաջին ունկնդրութեան իսկ -որքան ալ բարդ ըլլայ ան- պարտի մտքովը տեսնել ամբողջ երկը. կարելի լաւագոյն չափանիշն է այդ:
- Ինչ որ ալ ըլան ճիգերդ, դարձեալ սովրելիք բան մը պիտի մնայ միշտ քեզի համար:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երեւան