ԵՐԳԻ ՄԸ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆԸ

«MY FUNNY VALENTINE»

Բազմաթիւ գեղեցիկ երգեր կան սիրոյ մասին, բայց սիրահար զոյգի, գեղեցիկ սիրային պատմութեան, սիրահարներու օրուան մասին խօսելու ժամանակ ակամայ կը յիշատակենք «My Funny Valentine» երգը։

Մեղեդային, ծորուն, այնքան գեղեցիկ այս երգը իր 80-ամեայ կեանքին ընթացքին ունեցած է աւելի քան 1300 տարբերակ՝ կրելով բազմապիսի փոփոխութիւններ, ընդունելով բազմաթիւ ոճային փոխակերպումներ։ Երեւակայութիւնն ու բառերը բաւարար չեն նկարագրելու համար այս քնքոյշ երգի փոխանցած ողջ նրբագեղութիւնը։

Տարիներէ ի վեր ան որպէս կանոն կը հնչէ կաթոլիկ աշխարհի (եւ ոչ միայն) սիրելի տօներէն մէկուն՝ Ս. Վալընթայնի տօնին, զոր կը համարեն բոլոր սիրահարներու տօնը: Անկեղծ ըսած, երգը առաջին անգամ լսելու ատեն կը թուի, թէ այս տօնին նուիրուած է անոր ստեղծման նախապատմութիւնը։ Ան անմիջապէս կը զուգորդուի սիրահար զոյգի, ռոմանթիկ երեկոյի, վարդերու, բացիկներու, տուրմի եւ փրփրուն գինիի հետ, ինչպէս որ սովորաբար կ՚ըլլայ Ս. Վալընթայնի տօնին։ Սակայն «Ֆանի Վալընթայն»ը խորքին մէջ 1937 թուականին Ռիչըրտ Ռաճըրսի եւ Լորենց Հարթի գրած «Զրահներով պատանուհիներ» («Babes in Arms») երաժշտախաղին մէջ հնչող բազմաթիւ երգերէն մէկն էր, որ կ՚երգէր դեռահաս աղջնակը իր սիրեցեալ պատանեակին համար։ Այդ պատանեակը, ի դէպ, երաժշտախաղին մէջ ստիպուեցան անուանափոխել Վալընթայնի (Վալ), որպէսզի բառախաղը յաջողի։ Երգին բառերը հակասական եւ հիւմորային բնոյթ կը կրեն, որոնք, սակայն, կապակցուելով կը ստեղծեն բառախաղ եւ կը ստանան իմաստ։ Բառերը այլ լեզուներով թարգմանելու բոլոր փորձերը ձախողած են, որովհետեւ անմիջապէս կորսնցուցած են իրենց իմաստը։ Երաժշտախաղը Պրոտուէյի մէջ բեմականացուած է 289 անգամ, որմէ ետք փակուեցաւ, թէեւ տասնամեակներ անց անիկա դարձեալ կը հնչէ նիւեորքեան թատրոններուն մէջ։

«My Funny Valentine»ը միւզիքլէն անկախ երգ դարձաւ եւ երկրորդ կեանք մը ստացաւ, երբ տասնհինգ տարի անց՝ 1952 թուականին, զայն ձայնագրեց Չետ Պյյքըրը, իսկ տարի տարի անց՝ Ֆրենք Սինաթրան։ Իր կատարումէն ետք երգը անմիջապէս տարածուեցաւ եւ դարձաւ յայտնի ու սիրելի։ Այս երգը կատարած են Էլլա Ֆիցժերալտ, Մայլս Տէյվիս, Պարպարա Սթրէյզընտ, Սթինկ, Էթթա Ճէյմս, Լինտա Ռոզընթալ, Թոնի Պենըթ եւ բազմաթիւ այլ երգիչներ։

Ամերիկեան երաժշտական թատրոնի եւ շարժապատկերի արդիւնաբերութեան մէջ թերեւս չկայ Ռիչըրտ Ռաճըրսի համարժէք երաժշտահան։ Իր վաթսունամեայ ստեղծագործական գործունէութեան ընթացքին ան գրած է աւելի քան 900 երգ, պրոտուէյեան 43 երաժշտախաղ, երաժշտութիւն՝ շարժանկարներու եւ հեռուստատեսութեան համար։ Ռաճըրս այն երկու եզակի անձերէն մէկն էր, որ կը հանդիսանար «Օսքար», «Կրեմի», «Էմի», «Թոնի» եւ «Փուլիցըր» մրցանակներու մրցանակակիրը։

ԱՆԱՀԻՏ ԿՕՇԿԱՐԵԱՆ

Շաբաթ, Փետրուար 16, 2019