ԱՊՐԻԼ ՔՐԻՍՏՈՆԷԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔՈՎ

Սուրբ Յարութեան տօնին նախորդող այս շաբաթները մտորելու, քրիստոնէական արժէքներուն անգամ մը եւս կառչելու առիթ է: Դժուար եւ խրթին այս ժամանակներուն երբեմն կը տկարանայ մարդը, կը կծկուի անոր սիրտը, կը մթագնէ հոգին եւ բազմիցս դէմ յանդիման կը մնայ կեանքին յարուցած դժուարութիւններուն: Բոլորս, այս կամ այն պատճառով, կը բախինք դժուարութիւններու, կ՚ընկրկինք:

Արարատեան Հայրապետական թեմի «Քահանայ» կայքէջը կը շարունակէ հարցումներ ստանալ հաւատացեալներէն եւ Հայ Եկեղեցւոյ հայրերուն խօսքերուն միջոցով գոհացուցիչ պատասխաններ հաղորդել: Կը ներկայացնենք հարցում-պատասխաններէն փունջ մը, որոնք առաւելաբար կը վերաբերին հոգեւոր կենսակերպին եւ այն բազմաթիւ հարցականներուն, որոնց կը հանդիպին ոմանք՝ զանազան հանգամանքներու բերումով:

ՓՈՐՁՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Հարցում- Ի՞նչ ընել, եթէ մարդը փորձութիւններու կ՚ենթարկուի եւ խաղաղութեան կարիք ունի:

Պատասխան- Մեր Տէրը Յիսուս կ՚ըսէ. «Խաղաղութիւն կը թողում ձեզի. իմ խաղաղութիւնս է, որ կու տամ ձեզի, որ այս աշխարհի տուած խաղաղութենէն տարբեր է։ Մի խռովիք ու մի վախնաք»: (Յովհ. 14:27): Պէտք է հասկնալ, որ ներքին խաղաղութիւն բաշխողն ու թագաւորը Յիսուս Քրիստոսն է: Կը մնայ միշտ եկեղեցի երթալ, մասնակցիլ ժամերգութիւններուն եւ Սուրբ Պատարագներուն: Անհրաժեշտ է մեղքերը քահանային խոստովանիլ եւ հետեւողական ըլլալ անոր տուած խորհուրդներուն: Վստահ եղէք, որ խաղաղութիւն տուող Տէր Յիսուս չ՚ուշացներ խնդրանքին կատարումը: Պէտք է յաճախ կարդալ հոգեւոր գրականութիւն, որ շատ օգտակար է:

Օրհնութեամբ՝

Տ. Շահէ Քհնյ. Հայրապետեան

ՆԱԽԱՊԱՇԱՐՈՒՄՆԵՐ ԵՒ ՍՆՈՏԻԱՊԱՇՏՈՒԹԻՒՆ

Հարցում- Մահացածին գերեզմանէն հող բերած ենք տուն եւ ծաղկամանին մէջ լեցուցած, բայց մեզի ըսին, թէ գերեզմանի հողը տան մէջ կարելի չէ պահել: Արդեօք հողը ետ տանի՞նք:

Պատասխան- Ատիկա ընդամէնը հող է եւ ննջեցեալին հետ կապ չունի: Չ՚արժեր մեր կեանքին բոլոր հարցերը կրօնականացնել: Անոնք, որոնք ձեզի հողը ետ տանելու խորհուրդ կու տան, պաշարուած են հեթանոսական վախերով, որովհետեւ հեթանոսներն են, որ նիւթը կ՚աստուածացնեն եւ շատ կախուած են նիւթէն, իսկ մենք՝ քրիստոնեաներս, կարեւորութիւն կու տանք հոգիին եւ Աստուծոյ հետ հոգեւոր հաղորդակցութեան, որով կ՚ապրինք: Վստահ եղէք, որ ձեզի ոչ մէկ վտանգ կը սպառնայ: Հողը մնալով կամ չմնալով ոչինչ կը փոխուի:

Օրհնութեամբ՝

Տ. Սմբատ Քհնյ. Սարգսեան

Հարցում- Գերեզմանատուն այցելելէն ետք երբեմն խունկը կամ փայտը կ՚աւելնայ: Կարելի՞ է զանոնք կրկին տուն տանիլ, թէ՞ ոչ:

Պատասխան- Ննջեցեալներուն գերեզմանատունը այն վայրն է, ուր ամփոփուած են անոնց մարմինները, իսկ հոգիները կը գտնուին երկնային օթեւաններու մէջ: Պարբերաբար կ՚այցելենք անոնց շիրիմներուն, խունկ կը վառենք եւ կ՚աղօթենք անոնց հոգիներուն հանգստութեան համար: Այս է կարեւորը, իսկ մնացած հարցերը լոկ կազմակերպչական են: Կարելի է հոն փոքրիկ պահարան մը ունենալ եւ խունկը, փայտը հոն ձգել, որպէսզի ամէն անգամ տանելու հարց չյառաջանայ, իսկ հակառակ պարագային կարելի է ետ բերել, ոչ մէկ վատութիւն չի յառաջանար: Լաւ կ՚ըլլայ սնոտիապաշտութեամբ չտառապիլ, այլ ապրիլ առողջ քրիստոնէական կեանքով:

Յարգանքով՝

www.qahana.am կայքի խմբագրակազմ

ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Հարցում- Ս. Յարութեան՝ Զատիկի տօնը կը հատէ՞ հանգուցեալին քառասունքը:

Պատասխան- Նման բան չկայ: Հանգուցեալին մահուան օրէն հաշուեցէք 40 օր եւ այդ օրը կատարեցեք ննջեցեալին մահուան քառասունքը:

Օրհնութեամբ՝

Տ. Շահէ Քհնյ. Հայրապետեան

Հարցում- Եթէ ննջեցեալին քառասուներոդ օրը կը համընկնի Ս. Յարութեան տօնին, ինչպէ՞ս վարուիլ:

Պատասխան- Մեռելոցի օրը թող դառնայ քառասունքի արարողութեան եւ ննջեցեալներու յիշատակի օր:

Օրհնութեամբ՝

Տ. Շահէ Քհնյ. Հայրապետեան

ԱՂՕԹՔ

Հարցում- Աստուածաշունչին մէջ կ՚ըսուի, որ արդարին աղօթքը շատ զօրաւոր է: Արդեօք հաւատացեա՞լն է արդարը:

Պատասխան- Արդարը ան է, որ կ՚ապրի աստուածահաճոյ կեանքով, որ աներկբաօրէն կը հաւատայ եւ կը վստահի Աստուծոյ: «Մանանեխի հատիկին չափ հաւատք ունեցողը կրնայ սարեր տեղաշարժել» (տես՝ Մատթ. 17:20): Այնպէս որ, եթէ անկեղծ հաւատքով խօսքդ կ՚ուղղես Աստուծոյ, ապա այդ խօսքը անպատասխան չի մնար:

Օրհնութեամբ՝

Տ. Շմաւոն Քհնյ. Ղեւոնդեան

ՀԱՒԱՏՔ

Հարցում- Ինչո՞ւ հայերը միշտ խաչը կը համբուրեն:

Պատասխան- Խաչը քրիստոնէութեան յաղթանակի նշանն է: Պօղոս առաքեալ կ՚ըսէ. «...Քաւ լիցի, որ ես պարծենամ այլ բանով, քան միայն մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի խաչով...» (Գաղ. 6: 14): Մենք ալ՝ որպէս յարգանք, որպէս սիրոյ արտայայտութիւն, կը համբուրենք խաչը: Մեր սէրը խաչին նկատմամբ արտայայտուած է նաեւ խաչքարային արուեստին միջոցով:

Օրհնութեամբ՝

Տ. Շնորհք Աբեղայ Սարգսեան

ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ՀԱՅԵՑԱԿԱՐԳ

Հարցում- Եկեղեցին ինչպէ՞ս կը վերաբերի դասալքութեան: Եթէ կը դատապարտէ, ապա՝ ի՞նչ տրամաբանութեամբ։

Պատասխան- Մեր եկեղեցին միշտ դատապարտած է դասալքութիւնը ո՛չ միայն բանակին մէջ, այլ՝ ընդհանրապէս կեանքի մէջ: Որեւէ բնագաւառի մէջ ծառայողը, եթէ հրաժարի իր ծառայութենէն, դատապարտելի է։ Ազգային բանակին մէջ այդ արարքը աւելի անընդունելի է։ Հոն ծառայելու պատասխանատուութիւնը պետական օրէնքներով կը սահմանուի եւ եկեղեցին միանշանակ կողմ է այդ ծառայութեան։

Օրհնութեամբ՝

Տ. Արշէն Աբեղայ Սանոսեան

ՊԱՀՔ

Հարցում- Կ՚ուզեմ գիտնալ, թէ Մեծ պահքի ընթացքին ո՞ր օրը եւ ո՞ր ժամուն կ՚ըլլան եօթը աղօթքները եւ ի՞նչ է անոնց իմաստը:

Պատասխան- Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ ժամերգութիւնները ինն են: Մեծ պահքի շրջանին անոնք խտացուած կը մատուցուին ձեզի՝ առաւօտեան՝ ժամը 09.00-ին եւ երեկոյեան՝ ժամը 17.00-ին: Պարզապէս գիշերային ժամերգութիւնն ալ կը կցուի առաւօտեան ու արեւագալի ժամերգութեան, իսկ երեկոյեան կը կատարուին Խաղաղական եւ Հանգստեան ժամերգութիւնները:

Վանքերուն մէջ այս կարգադրութեան կարիքը երբեք չէ եղած, քանի որ վանքին մէջ գիշերը ժամը 3-ին սկսած է գիշերային ժամերգութիւն (1), առաւօտեան՝ 6-ին, սկսած են առաւօտեան ժամեգութիւնը (2), ժամը 7-ին հնչած է արեւագալի ժամերգութիւնը (3), այնուհետեւ ճաշու 3 ժամերգութիւնները (4, 5, 6), որմէ ետք տեղի ունեցած է Ս. Պատարագ: Ս. Պատարագէն մինչեւ երեկոյ ընդմիջում եղած է, որմէ ետք երեկոյեան սկսած է երեկոյեան ժամերգութիւնը (7): Այնուհետեւ խաղաղական ժամերգութիւնը (8) եւ հանգստեան ժամերգութենէն (9) ետք վանականները կը մտնեն անկողին:

Օրհնութեամբ՝

Տ. Շահէ Քհնյ. Հայրապետեան

ԺԱՄԱՆԱԿԱԿԻՑ ՄԱՐՏԱՀՐԱՒԷՐՆԵՐ

Հարցում- Աշխարհը կը ջանայ քաղաքակրթուիլ, սակայն առ այսօր աշխարհի մէջ կան անմեղ զոհեր, նահատակներ, ահաբեկչական գործողութիւններ: Ինչպէ՞ս կանխել չարիքը:

Պատասխան- Ի սկզբանէ մարդը բարի ստեղծուած է, սակայն առաջին իսկ մեղսագործութեամբ մարդը հեռացաւ Աստուծմէ, այդ պատճառով մարդը իր մտքին զօրութեամբ սկսաւ իր նմանին հանդէպ չարութիւն գործել, եւ առ այսօր սիրոյ պակասն է, որ մարդը կը դրդէ ցաւ պատճառելու իր նմաններուն եւ երկրին վրայ չարիք սփռելու: Քաղաքակրթութիւնը մարդը մարդկային չի դարձներ: Անիկա մարդուն մտքին արգասիքն է, որ ինքնին կը նշանակէ միայն յարմարաւէտ կեանք: Ուստի, ամէն տեսակ չարիք կը վերանայ, եթէ մարդը փորձէ սեփական կամքով ընդունիլ զԱստուած, որ կը նշանակէ դառնալ սիրող եւ ողորմած:

Օրհնութեամբ՝

Տ. Շմաւոն Քհնյ. Ղեւոնդեան

Հարցում- Ի՞նչ կարծիք ունի Առաքելական Եկեղեցին ռաք-երաժշտութեան մասին:

Պատասխան- Ռաք երաժշտութեան մասին խօսելէ եւ վերաբերմունք յայտնելէ առաջ, նախ պէտք է յստակացնել, թէ ռաքի ո՞ր ճիւղերուն մասին է խօսքը, քանի որ ռաքը ունի բազմազան ուղղութիւններ, որոնք իրարմէ տարբեր են: Օրինակ՝ կան ուղղութիւններ, ռաք խումբեր ու երաժիշտներ, որոնք որեւէ սատանայական դրսեւորում չունին եւ այս պարագային ընդունիլը կամ չընդունիլը ճաշակի հարց է: Միեւնոյն ժամանակ, կարելի չէ չնկատել, որ արթ-ռաք ուղղութեան որոշ խումբեր ու երաժիշտներ 60-ականներու վերջաւորութեան եւ 70-ականներու սկիզբը բաւական յաջող կերպով քարոզեցին դասական երաժշտութիւնը: Այսինքն, ռաք երաժշտութեան որոշ ուղղութիւններու մէջ առկայ են սատանայապաշտական երեւոյթներ, որ դատապարտելի է, իսկ որոշ ուղղութիւններու մէջ առկայ են դասական, ընկերային երեւոյթներ:

Օրհնութեամբ՝

Տ. Շմաւոն Քհնյ. Ղեւոնդեան

ԽՈՐՀՈՒՐԴՆԵՐ

Հարցում- Արդեօք Եկեղեցին կ՚արտօնէ՞ մկրտութեան արարողութիւն կատարել Մեծ պահքի ընթացքին:

Պատասխան- Մկրտութիւնը հոգեւոր ծնունդ է եւ ոեւէ մէկը չի կրնար արգիլել ծնունդը: Այդ իսկ պատճառով եկեղեցին մկրտութիւնը արգիլող օրեր չունի, քանի որ մկրտութիւնը հոգիի փրկութեան առհաւատչեան է, ապա ոեւէ մէկը չի կրնար արգիլել, որ հոգին փրկուի: Պարզապէս Մեծ պահքի ընթացքին չեն խրախուսուիր կենդանական ծագմամբ առատ սնունդով սեղանները:

Օրհնութեամբ՝

Տ. Շմաւոն Քհնյ. Ղեւոնդեան

Հարցում- Ի՞նչ կը խորհրդանշեն պսակադրութեան ընթացքին մոմերը, մատանիները, գինին, որ կը խմէ ամուսնացող զոյգը:

Պատասխան- Պսակադրութեան ժամանակ վառող երկու ճերմակ մեծ մոմերը կը խորհրդանշեն պսակուող փեսային եւ հարսին ջինջ, պարկեշտ եւ կրակոտ սէրը՝ իրարու նկատմամբ: Ամուսինները կը վայելեն Աստուծոյ օրհնութիւնը իրենց ողջ կեանքին ընթացքին՝ վառ պահելով իրենց սէրն ու նուիրումը, ինչպէս մոմերը, որ վառած կը մնան ամբողջ արարողութեան ընթացքին:

Գինին կը խորհրդանշէ այս աշխարհի բոլոր նեղութիւնները, փորձութիւններն ու ուրախութիւնները, որոնք ամուսինները, Աստուծոյ ապաւինելով, պիտի բաժնեկցին իրարու օգնելով եւ զիրար մխիթարելով, ուստի անոնք օրհնուած գինին կը խմեն մէկ բաժակէ:

Փոխանակուող մատանիները իրարու պատկանելու նշաններն են, փեսան՝ հարսին, հարսը՝ փեսային:

Փեսային եւ հարսին գլուխներուն դրուող ոլորուած նարօտով թագերը կը խորհրդանշեն կուսութիւնը, որ անոնք ողջախոհութեամբ պահպանած են իրարու համար:

Խաչքաւորին ձեռքը տրուող խաչը կը խորհրդանշէ այն վկայութիւնը, որ ան կու տայ Աստուծոյ եւ քահանային առջեւ իր եւ բոլոր հարազատներուն անունով, որ պսակուողները պատրաստ են ամուսնանալու Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ կանոններուն համապատասխան եւ արգիլող ոչ մէկ պատճառ կայ:

Օրհնութեամբ՝

Տ. Սմբատ Քհնյ. Սարգսեան

ԱՌԱՔԻՆՈՒԹԻՒՆ

Հարցում- Քրիստոնէութեան մէջ մեծ տեղ կը տրուի խոնարհութեան: Ինչո՞ւ:

Պատասխան- Խոնարհութիւնը քրիստոնէութեան մեծագոյն առաքինութիւններէն է: Յիշենք եօթը մահացու մեղքերէն առաջինը՝ հպարտութիւնը: Այս մեղքին հակադիր առաքինութիւնը խոնարհութիւնն է: Արուսեակին հպարտութեան պատճառով աշխարհ մտաւ մեղքը: Տեղի ունեցաւ մարդուն անկումը, իսկ Ս. Աստուածածինի խոնարհումով մարդը նորէն բարձրացաւ, արժանացաւ երկնային առաքինութեան: Խոնարհութիւնը Տիրաւանդ առաքինութիւն է: Վերջին ընթրիքին ընթացքին Քրիստոս լուաց աշակերտներուն ոտքերը եւ անոնց ըսաւ. «Ես ձեզի տուի խոնարհութեան օրինակը»: Ուրիշ առիթով աշակերտները Յիսուսին հարցուցին. «Ո՞վ է մեզմէ մեծը», եւ Յիսուս պատասխանեց. «Ան, որ բոլորին ծառան է» (տես Մատթ. 20:26-28): Եթէ մեր Տէրը, Ուսուցիչը, Վարդապետը, Աստուածը այսպէս է, ուրեմն մեզի ալ պատշաճ է ըլլալ խոնարհ եւ հեզ: Միայն խոնարհն է, որ կրնայ ընդունիլ աստուածային լոյսին շնորհքը: Մինչեւ մարդ իր անձը չխոնարհեցնէ, չի կրնար երթալ Աստուծոյ ընդառաջ:

Քրիստոնէական եկեղեցւոյ սուրբ հայրերը ակնառու եղած են յատկապէս խոնարհութեամբ, օրինակ՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչը, որ Հայոց դարձէն, եկեղեցիներ հիմնելէն ետք գնաց ճգնութեան, չէր ուզեր մեծարուիլ, պալատներու մէջ ապրիլ, կաթողիկոսական պատիւը ընդունիլ: Հեռացաւ եւ ճգնութեամբ խոնարհեցաւ Աստուծոյ առջեւ:

Օրհնութեամբ՝

Տ. Գրիգոր Քհնյ. Յովհաննիսեան

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Երեքշաբթի, Փետրուար 16, 2021