ՊԱՏԵՐԱԶՄՆ ՈՒ ՀԵՏՔԵՐԸ

Վերջին օրերու լրահոսին մէջ, յետպատերազմեան շրջանի բազում լուրերէն այս մէկը մանաւանդ գրաւեց ուշադրութիւնս. Ստեփանակերտի մէջ կ՚ընդլայնեն եղբայրական գերեզմանոցը: Քաղաքապետարանը նախաձեռնած է կառուցել Եղբայրական գերեզմանոցին նոր հատուածը, ուր կը ննջեն 44-օրեայ պատերազմին հետեւանքով անմահացած հերոսները: Պատերազմէն մօտ վեց ամիս ետք տակաւին յուղարկաւորութիւններ կը կատարուին, տակաւին մեծ է անհետ կորսուածներուն թիւը, տակաւին կը գտնուին մարմիններ, որոնք համապատասխան կեդրոններու մէջ կը նոյնականացուին եւ որքան ժամանակը անցնի, այնքան դժուար կը դառնայ նոյնականացման գործը: Բազմաթիւ մարդիկ հիւանդանոցներու, դիահերձարաններու, դիակներ նոյնականացնող կեդրոններու եւ այլ վայրերու մէջ տակաւին կը փնտռեն իրենց հարազատները: Շատ են նաեւ չճանցուած մարմինները. մօտաւորապէս երկու հարիւր յիսուն մարմին կամ մարմինէ գտնուած մասեր տակաւին նոյնականացուած չեն: Խօսակցութիւններ կան զանոնք նոյնպէս մէկ վայրի մէջ յուղարկաւորելու մասին: Այդ ալ ա՛յս պատերազմի դէմքերէն մէկը պիտի ըլլայ՝ չճանցուած մարմիններու գերեզմանոց: Ցաւ՝ ցաւի վրայ:

Եղբայրական գերեզմանոցին մասին լուրը կը թուի սովորական տեղեկութիւն, բայց այդ երկու տողնոց գրութեան մէջ պատերազմի տարբեր դէմքն է, որ կը տեսնենք:

Եղբայրական գերեզմանոցները մեծ պատերազմներէն ետք ի յայտ եկած վայրեր են, ուր անթիւ զոհուածներ կը յուղարկաւորուին: Այդպէս եղած է Առաջին աշխարհամարտէն ի վեր, երբ այդպիսի գերեզմանոցներ յառաջացան Եւրոպայի տարածքին, իսկ ամենամեծ թիւով եղբայրական գերեզմանոցները Երկրորդ աշխարհամարտէն ետք ստեղծուեցան Խորհրդային Միութեան եւ Եւրոպայի այլ երկիրներու մէջ:

Երբեմն այդպիսի գերեզմանոցներուն մէջ կը յուղարկաւորէին նոյն ժամանակահատուածին զանգուածաբար զոհուածները, երբեմն՝ չճանչցուած մարմինները, երբեմն ալ պետութիւնը նման գերեզմանոցներ ստեղծելով նպատակ ունի զոհուածներուն հարազատները ազատել յուղարկաւորութեան ծախսերէն եւ իր վրայ վերցնել զանոնք: Այդպէս է նաեւ Ստեփանակերտի նոր կառուցուելիք գերեզմանատան պարագային: Պետութիւնը ձեւով մը թեթեւցնել կ՚ուզէ զոհուածներու հարազատներուն բեռը:

Եղբայրական գերեզմանոցներու շարքին կը պատկանի նաեւ Եռաբլուրը, որ օր օրի կ՚ընդլայնէ իր տարածքը: Ամէն օր հոն յուղարկաւորութիւններ կ՚ըլլան: Տանջալի է տեսնել պատրաստուած փոսերը, որոնք օրեր ետք պիտի ծածկուին: Մենք ոչ միայն պատերազմը ապրեցանք իր ողջ դաժանութեամբ, այլեւ անոր հետեւանքները կաթիլ-կաթիլ լեղի հեղուկ կը դառնան եւ կը բաժնուին մեր այս օրերուն վրայ:

*

1980-90-ականներուն հեռատեսիլէն յաճախ կը դիտէինք Երկրորդ աշխարհամարտի մասին շարժանկարներ: Այդ ժամանակ անցած իրադարձութիւն կը թուէր պատերազմը, որ կ՚ապրէր միայն դասագիրքերու եւ շարժանկարներու մէջ: Ժապաւէններու մէջ երեւցող, անդամահատուած ոտք ու ձեռքով զինոուրներուն մասին պատմութիւնները խորթ էին, սգաւոր մարդոց կը խղճայինք նոյն ժապաւէններուն ընդմէջէն եւ յաջորդ օրը կը մոռնայինք, քանի որ անոնք անցեալի մէջ էին, մեզի հետ կապ չունէին: Հիմա մենք կը վերապրինք այդ բոլորը իրական կեանքին մէջ:

Մեր ռազմագերիները այսօր տանջանքի եւ դժոխային օրեր կ՚ապրին Ատրպէյճանի մէջ, տակաւին պարզ չէ անոնց թիւը եւ կը դանդաղի անոնց ազատումը գերեվարութենէն: Խօսակցութիւններ կը հասնին գերեվարութեան ժամանակ մահացած գերիներուն մասին, բայց դեռ անոնց մասին պաշտօնական ոչ մէկ հաստատում կայ:

ԱՆՑԵԱԼԻ ՌԱԶՄԱԳԵՐԻՆԵՐԸ

Հայաստանի մէջ Երկրորդ աշխարհամարտէն մնացած են Եղբայրական գերեզմանոցներ, որոնց կ՚այցելէինք Երկրորդ աշխարհամարտի Յաղթանակի օրը՝ մայիսի 9-ին, ծաղիկներ կը դնէինք: Այդ գերեզմանոցներուն մէջ յուղարկաւորուած են պատերազմի զոհերն ու ռազմագերիները, որոնք պատերազմի աւարտէն ետք մահացած են Հայաստանի մէջ:

Երկրորդ աշխարհամարտի ռազմագերիներու եղբայրական գերեզմանոց մը կայ Կիւմրիի մէջ, որ ամենամեծն է, կան նաեւ ռազմագերիներու ուրիշ, աւելի փոքր գերեզմանոցներ Երեւանի, Աբովեանի, Արարատի, Սպիտակի, Կապանի, Վանաձորի եւ Սեւանի մէջ։

Օտար ռազմագերիներու բազմապիսի գերեզմանատեղիներ գաղտնի կերպով վերացուած են ժամանակի ընթացքին: 1941-1945 թուականներուն, գերմանա-խորհրդային պատերազմին ընթացքին, նացիական բանակին գերի ինկած զինուորները ղրկուած են Խորհրդային Միութեան զանազան շրջաններ՝ նաեւ Հայաստան: Խորհրդային տարիներուն մենք գիտէինք յաղթանակին, հերոսներուն, զոհերուն, վիրաւորներուն մասին, բայց մեր երկրին մէջ ապրած ռազմագերիներուն նիւթը գաղտնի կը պահուէր, եւ միայն Հայաստանի անկախութենէն ետք է, որ ազատ կերպով խօսուեցաւ այս մասին, հակառակ որ նիւթը տակաւին ուսումնասիրման կարիք ունի: Անոնք ռազմագերիներ ըլլալով հանրօգուտ մեծ աշխատանք կատարած են Հայաստանի համար՝ ներգրաւուելով հիմնականօրէն շինարարութեան մէջ: Տեղեկութիւններ կան ռազմագերիներու սովէն մահանալուն մասին, բայց անոնք սովի ենթարկուած են ոչ թէ միտումնաւոր, այլ անոր համար, որ երկրին մէջ քիչ էր հացը, ուտելիքը եւ ինչպէս երկրին միւս բնակիչները, անոնք ալ կը ստանային քիչ քանակով հաց, բայց քանի որ լծուած էին ծանր շինարարական աշխատանքի, յաճախ կը հիւծէին, կը մահանային եւ կը յուղարկաւորուէին Հայաստանի մէջ:

Խորհրդային Հայաստանի մէջ պատերազմէն ետք ռազմագերիներուն ընդհանուր թիւը 16 հազար 160 էր, 18 ազգութիւններու ներկայացուցիչներէ բաղկացած: Ամենաշատը եղած են գերմանացիները՝ 7 հազար 897 հոգի: Հայաստանի ռազմագերիներուն մէջ էին հունգարացիներ, ռումանացիներ, աւստրիացիներ, մոլտովացիներ, ֆրանսացիներ, լեհեր, չէչէններ, իտալացիներ, հրեաներ, հոլանտացիներ, պուլկարներ եւ այլ ազգերու ներկայացուցիչներ: Գերմանական բանակի մէջ ծառայած զանազան ազգերու այդ ներկայացուցիչներուն հայաստանցիները մէկ ընդհանուր անուն տուած էին՝ «գերմանացիներ»:

Ուշագրաւ է, որ ռազմագերիներու ուժերով կառուցուած են Երեւանի Յաղթանակի կամուրջը, Մոնումենտի ճանապարհի քարէ պատը, Բաղրամեան 1 շէնքը, «Նաիրի» շարժանկարային թատրոնի շէնքին առաջին եւ երկրորդ յարկերը, դրուած են Մաշտոցեան մատենադարանի հիմքերը:

Երեւանի Բաղրամեան ու Մաշտոց պողոտաներուն, Թումանեան ու Նար-Դոս փողոցներուն վրայ բազմաթիւ շէնքեր, Երեւանի Սայաթ-Նովայի անուան երաժշտական դպրոցը, Մաշտոցի պողոտայէն Հրազդանի կիրճ տանող փապուղին եւ բազում այլ շէնքեր մայրաքաղաքին մէջ նոյնպէս ռազմագերիներու տքնաջան աշխատանքի արդիւնքն են: Իսկ Երեւանէն դուրս ռազմագերիները շինարարութիւն կատարած են Սպիտակի շաքարի գործարանի շինութեան ընթացքին, Արմաւիր, Կապան եւ այլ քաղաքներու մէջ: Պատերազմի տարիներուն խիստ նուազած էր աշխատունակ տղամարդոց թիւը, տեղացիները կա՛մ զոհուած էին, կա՛մ անհետ կորսուած, կա՛մ ալ վերադարձած էին հաշմուած:

Ռազմագերիները Հայաստանի մէջ ներգրաւուած են նաեւ գործարաններու մէջ։ Այդ տարիներուն Հայաստան փոխադրուած են գերմանական արտադրութեան բազմաթիւ հաստոցներ եւ ռազմագերիները կ՚օգնէին զանոնք գործածել: Անոնցմէ ոմանք յաճախ բարձր մասնագիտացում կը ստանային եւ նոյն գործարաններուն մէջ կը նշանակուէին խորհրդականներ: Հայաստանի մէջ ընդհանուր առմամբ լաւ վարուած են պատերազմական ռազմագերիներուն հետ, Կապանի, Կիւմրիի, Երեւանի մէջ, ըստ ժամանակակիցներու յուշերուն, անոնք աշխատանքէն ետք տուները կ՚այցելէին, ունէին հաստատուած բարեկամութիւն որոշ ընտանիքներու հետ:

1948 թուականին Խորհրդային Միութեան մէջ յայտարարուած է ռազմագերիներու համաներում եւ անոնք իրաւունք ստացած են վերադառնալ իրենց երկիրները: Գրեթէ բոլորը, անոնք որոնք ողջ էին, վերադարձած են, եւ հատուկենտ մնացած են Հայաստանի մէջ:

Տխուր պատմութիւն մը կայ, որ կ՚առընչուի Հայաստանի մէջ ապրած պատերազմական գերիներուն:

1946 թուականին գետի վարարման ժամանակ բազմաթիւ ռազմագերիներ գնդակահարուած են իրենց ճամբարին մէջ, որ կը գտնուէր ներկայի Կենդանաբանական այգիին մօտակայքը: Այդ ճամբարը յայտնուած էր վարարման ալիքին տակ, վարարած գետը աւերած էր պատնէշները եւ գերիները վախէն այս ու այն կողմ կը վազէին: Ժամապահներուն հրաման տրուած էր՝ որեւէ ատեն փախչող գերիները գնդակահարել եւ անոնք, անցեալին տրուած այդ հրամանը կատարելով, պարզապէս կը գնդակահարէին այս ու այն կողմ վազող ռազմագերիները, որպէսզի կանխեն անոնց հաւանական փախուստը:

ՔՈՆՐԱՏ ԼՈՐԵՆՑ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ

Հայաստանի մէջ 1944-1948 թուականներուն որպէս ռազմագերի, Սեւանի ու Արաբկիրի ճամբարներուն մէջ, ապրած ու աշխատած է կենսաբան, կենդանիներու վարքի, մանաւանդ անոնց ժառանգականօրէն պայմանաւորուած ձեւերուն մասին վարքի գիտութեան հիմնադիրներէն Քոնրատ Լորենց, որ յետագային, ազատուելէն շատ տարիներ ետք, ստացած է Նոպելեան մրցանակ:

1941 թուականին գերմանական զինեալ ուժերը զայն կը զօրակոչեն, ան՝ աւստրիացի փրոֆ. Լորենց արդէն յայտնի բժիշկ էր եւ 1942 թուականին կը յայտնուի արեւելեան ճակատի թիկունքային հիւանդանոցներէն մէկուն մէջ՝ իբրեւ բժիշկ: 1944 թուականին զայն կը փոխադրեն Վիտեպսկի դաշտային հիւանդանոցը։ Կարմիր բանակի յարձակման ժամանակ Քոնրատ Լորենց վիրաւոր վիճակով գերի կ՚իյնայ: Նախ կը յայտնուի Սմոլենսկ, ապա՝ որպէս ռազմագերի կը փոխադրուի Հայաստան:

Հայաստանի մէջ ան սկսած է գրի առնել իր ուսումնասիրութիւններուն արդիւնքները՝ կենդանիներու վարքին մասին, անոնք յետագային դարձած են իր գիտական յաջողութեան հիմքը։ Լորենց Հայաստանի մէջ երեք ճամբար փոխած է. Սեւանի ճամբարը այն վայրն էր, ուր ան կրցած է փորձառական գիտութեամբ զբաղիլ։ Սեւանի այդ ճամբարը կը գտնուէր ծովի մակերեւոյթէն բարձր սարահարթի մը վրայ, եղանակն ու կենդանական աշխարհը նպաստաւոր էին անոր ուսումնասիրութիւններուն համար:

Սեւանի ճամբարը գտնուած ժամանակ ան, ուրիշներու օգնութեամբ, կառուցած է մի քանի վանդակ, բռնած է թռչուններ եւ ուսումնասիրած անոնց վարքը: Այդ աշխատութիւնները անոր հայրենիք փոխադրելու գործին մէջ բժիշկ-ռազմագերիին խոստացած է օգնել ճամբարի գլխաւոր բժիշկ Յովսէփ Գրիգորեան, որ նաեւ բարեխօսած է, որպէսզի Լորենցին արտօնեն գրառումներ կատարել գերութեան ընթացքին:

Նոյն Յովսէփ Գրիգորեանի յուշերէն կը տեղեկանանք, թէ Լորենց բազմաթիւ մարդոց վերադարձուցած է ապրելու ցանկութիւնը, աջակցած է եւ խորհուրդներ տուած: Տեղեկութիւններ կան, որ անգամ մը ճամբարէն դուրս գալու ժամանակ Լորենց հանդիպած է ճարտարապետ Մարք Գրիգորեանին, վերջինս խոստացած է նամակով դիմել Մոսկուա՝ բժիշկին օգնելու հարցով: Գրիգորեան նամակ գրած է հայ գիտնական, բժշկական ծառայութեան մէջ զինուորական տիտղոսներ ունեցող Լեւոն Օրբելիին։ Օրբելին ալ դիմած է Սթալինին, որոշուած է բժիշկը Հայաստանէն փոխադրել Մոսկուայի մօտակայքը գտնուող Կրասնոկորսկ քաղաքը, ուր կը բնակէին յատուկ կարգավիճակ ունեցող ռազմագերիները: Ան լքած է Երեւանը՝ իրեն հետ տանելով թռչուններով վանդակները:

Յետագային բժիշկ գիտնականը հայրենադարձուած է Եւրոպա եւ 1973 թուականին բնախօսութեան մէջ Նոպելեան մրցանակ ստացած: Աւելի ուշ, երբ զայն, կարգ մը երկիրներ, կը հրաւիրեն դասախօսութիւններ տալու, Խորհրդային Միութեան անունը տեսնելով, ան կ՚ըսէր՝ հոս արդէն եղած եմ:

Հայաստանի ամենանշանաւոր ռազմագերին կը մահանայ 1989 թուականին, Աւստրիոյ մայրաքաղաքը՝ Վիեննա:

*

Անցեալի ռազմագերիներու մասին այս պատմութիւնները ժպիտ կը յառաջացնեն: Դժուար է հաւատալ, թէ եղած է ժամանակ, որ ռազմագերին երկրի մը մէջ ընդամէնը այդ երկրի կառուցման մասնակցած, իսկ յետոյ բարով իր երկիրը գացած անձ էր: Այսօր սակայն, այլ է իրավիճակը…

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Երեքշաբթի, Մարտ 16, 2021