ԲԱՐԵՒ՝ ԵՍ ԵՄ ԻՆՉ ԸՆԵՆՔ, ՈՐ…
Ակամայ կը թուի, թէ օղակը արցախահայոց շուրջ օր ըստ օրէ կը սեղմուի: Սոյն թուականի մարտի ութէն սկսեալ Արցախի մէջ, անյայտ պատճառներով, վնասուեցաւ կազատար խողովակը, որ կ՚անցնի Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ մնացած տարածքով: Բնականաբար, Ատրպէյճան պիտի փորձէ իր օգտին ծառայեցնել ստեղծուած իրավիճակը. մինչեւ այսօր տակաւին չէ թոյլատրած խողովակը վերանորոգել՝ անտեսելով ռուս խաղաղապահներու բոլոր տեսակի միջամտութիւնները: Աւելի քան հարիւր հազար արցախցիներ այսօր յայտնուած են ճգնաժամի մէջ: Եւ այս տակաւին ամէնը չէ: Կապի, հոսանքի, ջուրի մատակարարումի պարբերական խափանումներ ալ կը նշմարուին: Գերծանրաբեռնուածութեան տակ կքած հոսանքալարերը յաճախ կը խափանուին: Բաց աստի, Ատրպէյճանը գրեթէ ամէն օր հոգեբանական ճնշում կը գործադրէ սահմանամերձ արցախահայոց նկատմամբ: Իսկ ինչպէս յայտնի է, այսօր ամբողջ Արցախի տարածքն է սահմանամերձ. օրական քանի մը անգամ՝ մէկ ժամի, կամ կէս ժամի յաճախականութեամբ, Արցախի Հանրապետութեան Ասկերանի շրջանի սահմանամերձ Խրամորթ գիւղի եւ քանի մը այլ գիւղերու մէջ կը լսուի, թէ ինչպէս ատրպէյճանցի զինուորականները բարձրախօսներով՝ մաքուր հայերէնով, կը յորդորեն տեղւոյն բնակչութեան՝ ինքնակամ լքել իրենց գիւղը: Պահ մը կրնաք խորհիլ, թէ ինչպիսի տխուր ու անելանելի իրավիճակի մէջ յայտնուած է Արցախն ու արցախցին: Տուները, հիւանդանոցները, դպրոցները մնացած են առանց ջեռուցումի, հացի արտադրամասերը չեն կրնար աշխատիլ: Իսկ Արցախի մէջ այս օրերուն ջերմաստիճանը զերոյէն ցած է: Ցաւօք, այս աղէտի վրայ թքած ունին թէ՛ Հայաստանի Հանրապետութեան ազգադաւ իշխանութիւնները, թէ՛ միջազգային հանրութիւնը, որ Ուքրայնայի համար կը խաղայ կեղծ մարդասիրութիւն:
Դիմատետրի վրայ կը կարդամ, թէ ինչպէս սրտցաւ հայերը կը փորձեն ինքնակազմակերպուելով ինչ-որ կերպ օգնել արցախահայոց. հեղուկ կազով լիցքաւորուող «կազօճախ»ներ կը հայթայթեն ու կը ղրկեն Արցախ: Բազմաթիւներ խոր վիշտի մէջ կը յայտնուին, կը ցաւին հայութեան այդ մասի համար, չեն կրնար պատկերացնել, թէ այս ցուրտ ձմրան ինչպէս կարելի է ապրիլ այդպիսի անբարենպաստ պայմաններու տակ: Սիրելի հայեր, մենք կրնանք համակերպիլ, դիմանալ իւրաքանչիւր պայմանի: Մենք՝ արցախահայերս, ծանր պայմաններէ չենք նուաղիր, մեր ցաւը ուրիշ է: Իսկ ես որպէս արցախցի կու գամ ըսելու հետեւեալը.
Ի՞նչ ընենք, որ բնական կազ ու լոյս չունինք՝ չկայ:
Ես ալ արցախցի մըն եմ:
Բնական կազը ի՞նչ է, լոյսը ի՞նչ է: Իսկ ո՞վ ըսաւ, թէ դժուար է ապրիլ առանց երէկուայ տրուած կազ ու լոյսի: Մեր թաղը քանի մը ամիս առաջ ասֆալտապատեցին, ես տակաւին չեմ տեսած: Յիրաւի, այդ ասֆալտին արմենաւանցիները սպասած են երկար տասնամեակներ: Իմ ամբողջ կեանքի ընթացքին՝ մինչեւ ծոծրակս ցեխոտելով, տասն տարի շարունակ, կ՚երթայի դպրոց ու կու գայի՝ ոտքով: Այո, օրը հինգ-վեց դաս կ՚ունենայինք: Եւ ամէն օր չէ, որ իմ գրպանի մէջ դրամ կ՚ըլլար: Սակայն ամէն օր, երրորդ դասէն վերջ ես սաստիկ կ՚անօթենայի: Անօթի փորով կը նստէի վերջին երեք դասին: Երբեմն ալ իմ սովածութիւնը կը խանգարէր դասի վրայ կեդրոնանալուս: Կը յիշեմ, զբօսանքներու ընթացքին ընկերուհիս «սընիքերս» կ՚ուտէր, իսկ ես աչքի տակով կը դիտէի: Ճիշդ է, ան ամէն անգամ զիս կը հիւրասիրէր, սակայն ես կ՚ամչնայի ընդունիլ զայն. «Շնորհակալ եմ, ես անօթի չեմ», «Քաղցր շատ չեմ սիրեր»: Ինչպէ՞ս չեմ սիրեր, կը խենդանամ տուրմերու համար:
Տունդարձի ճանապարհի դասընկերուհիս ալ ամէն անգամ բան մը կ՚առնէր կ՚ուտէր, իսկ ես... Չեմ գանգատիր: Ընդհակառակը, շնորհակալ եմ Տիրոջ ինծի բաժին հասած կեանքի համար: Եթէ չըլլային իմ կեանքի այդ քաղցր դժուարութիւնները, թերեւս իմ մէջ ծնունդ պիտի չառնէր պայքարողի տեսակը:
Կազը եւ ջուրն ալ տակաւին նոր ունեցանք՝ թերեւս քսաներկու տարի մը կ՚ըլլայ: Իսկ մինչ այդ վառարանի վրայ կը պատրաստէինք ճաշ: Աղբիւրէն ջուր կը կրէինք: Ջուրը կը տաքացնէինք՝ կը լուացուէինք, լուացք կ՚ընէինք: Միսն ու պանանն ալ ամիսը անգամ մը կամ տօնական օրերուն կ՚ուտէինք, այն ալ իրարու պնակի մէջ նայելով:
Կը յիշեմ նաեւ, որ լոյս չունէինք: Ամէն օր, աղջամուղջին մեծ մայրս, մէկ օր առաջուընէ սեւցած կանթեղի ապակին կը մաքրէր ճերմակ կերպասով մը: Սա քաղցր դժուարութիւններու ու տառապանքներու շարքը շարունակելի է: Սակայն բաւարարուինք այսքանով:
Ըսածս ինչ է՝ արցախցին ո՛չ կազ ու լոյս, ջուր կտրելով կրնան վախեցնել, յուսահատեցնել, ո՛չ ալ քանի մը անգամ կրակելով: Արցախցիի միակ վիշտն ու ցաւը բուռ մը հողն է, առանց որու չի կրնար ապրիլ:
Աստուած օգնական ու պահապան Հայաստան ու Արցախ աշխարհներուս:
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
•շարունակելի...
Երեւան
Ընկերամշակութային
- 02/01/2025