ՊԱՔԸՐԳԻՒՂԻ ՄԷՋ ՀՈԳԵՒՈՐ ԱՌԱՋՆՈՐԴՆԵՐՈՒ ՀԱՒԱՔ

Պա­քըր­գիւ­ղի քա­ղա­քա­պե­տու­թեան ու «Hayata Bağış» միու­թեան կազ­մա­կեր­պու­թեամբ, Պա­քըր­գիւ­ղի «Եու­նուս Էմ­րէ» մշա­կոյ­թի կեդ­րո­նին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ հա­ւա­քոյթ մը, ո­րուն նպա­տակն էր քա­ջա­լե­րել «Ներ­քին գոր­ծա­րան­նե­րու նուի­րա­բեր­ման» գա­ղա­փա­րը։ 

«Կրօն­նե­րու հա­սա­րա­կաց եզ­րը՝ մար­դու կեանք եւ ներ­քին գոր­ծա­րան­նե­րու նուի­րա­բեր­ման» կա­պակ­ցու­թեամբ կազ­մա­կեր­պուած հան­դի­սու­թեան, յա­նուն Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռոյ մաս­նակ­ցե­ցաւ Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան։ Հան­դի­սու­թեան ներ­կայ ե­ղան ու ե­լոյթ­նե­րով հան­դէս ե­կան նաեւ Պա­քըր­գիւ­ղի քա­ղա­քա­պետ Տքթ. Պիւ­լենտ Քե­րի­մօղ­լու, Իս­թան­պու­լի կրօ­նից տե­սուչ Փրոֆ. Տքթ. Ռահ­մի Եա­րար, Յու­նաց Պար­թո­լո­մէոս Ա. Պատ­րիար­քի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Փրոֆ. Տքթ. Էլ­փի­տո­ֆո­րոս Լամպ­րի­նիա­տիս, Ա­սո­րի Ուղ­ղա­փառ ե­կե­ղեց­ւոյ Պատ­րիար­քա­կան փո­խա­նորդ Մոր Ֆի­լիւք­սի­նոս Եու­սուֆ Չե­թին եւ Հրէից րա­բու­նա­պետ Ռավ Իզ­հաք Հա­լե­ւա։ Հո­գե­ւոր ա­ռաջ­նորդ­նե­րը ի­րենց ար­տա­յայ­տու­թիւն­նե­րով քա­ջա­լե­րե­ցին ներ­քին գոր­ծա­րան­նե­րու նուի­րա­բեր­ման կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը։

Հա­ւա­քոյ­թի ըն­թաց­քին ե­լոյթ մըն ալ ու­նե­ցաւ Տ.­ Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան, որ գնա­հա­տեց սոյն հան­դի­սու­թեան կազ­մա­կեր­պիչ­նե­րը եւ ը­սաւ. «Սոյն հան­դէ­սը կը խօ­սէր մար­դոց սրտե­րուն ու խղճե­րուն։ Մար­դիկ երբ տա­կա­ւին ի կեանս են, ի­րենց ա­զատ կամ­քով կա­տա­րած նուի­րա­բե­րու­մով կրնան ա­ռիթ ըն­ծա­յել կոյ­րի մը տե­սո­ղու­թիւն, հի­ւան­դի մը բժշկու­թիւն։ Կը քա­ջա­լե­րենք ներ­քին գոր­ծա­րան­նե­րու նուի­րա­բե­րու­մը եւ կը գտնա­հա­տենք նուի­րա­բե­րող­նե­րը։ Յի­սուս Քրիս­տո­սի խօս­քին հա­մա­ձայն, մար­դոց ի­րա­րու կեանք շնոր­հե­լը, սի­րոյ լա­ւա­գոյն ար­տա­յայ­տու­թեան ձեւն է։ Ով որ իր ներ­քին գոր­ծա­րան­նե­րը կը նուի­րա­բե­րէ, ցոյց տուած կ՚ըլ­լայ նաեւ Աս­տու­ծոյ նկատ­մամբ իր սէ­րը»։

Շաբաթ, Ապրիլ 16, 2016