«ԱՅՍ ԳԻՐՔԸ ՆՈՐՈՎԻ ԿԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՆԷ ԵՒ ԿԸ ԲԱՑԱՅԱՅՏԷ ՀՐԱՊԱՐԱԿԱԳԻՐ ՈՒ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԳՈՐԾԻՉ ՌՈՒԲԷՆ ԶԱՐԴԱՐԵԱՆԸ»
Բանասէր Նառա Սարգսեանի խօսքը՝ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի 110-ամեակին ձօնուած Երեւանի կրկնակ շնորհանդէսներուն ընթացքին.-
Կը շնորհաւորեմ յարգելի պարոն Արա Գօչունեանը՝ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի 110-ամեակի առիթով, եւ կը մաղթեմ, որ օրաթերթը ունենայ անխափան եւ արգասաւոր ուղի:
Սեւան Տէյիրմենճեանի աշխատասիրութեամբ եւ Վահէ Թաշճեանի յառաջաբանով «Ռուբէն Զարդարեան. Յօդուածներ» գիրքի մէջ լոյս տեսած են այն յօդուածները, որոնք Զարդարեան գրած է ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին աշխատակցելու ամիսներուն՝ 1908 թուականի Նոյեմբերէն մինչեւ 1909 թուականի Ապրիլը: Սա այն ժամանակաշրջանն է, երբ երիտթուրքերը յեղափոխութեան ճանապարհով տապալեցին Ապտիւլ Համիտի բռնապետական վարչակարգը՝ հաստատելով օսմանեան սահմանադրութիւնը: Այս իրողութիւնը ոգեւորեց եւ յուսադրեց Զարդարեանը, եւ ան մեծ եռանդով աշխատակցեցաւ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին:
Այս գիրքը նորովի կը ներկայացնէ ու կը բացայայտէ հրապարակախօս ու քաղաքական գործիչ Ռուբէն Զարդարեանը: Գիրքի մէջ տեղ գտած յօդուածները լոյս կը սփռեն հայերու համար չափազանց կարեւոր այդ պատմական, անցումային ժամանակաշրջանի դէպքերուն եւ իրադարձութիւններուն վրայ, ինչո՞ւ չէ, նաեւ տուեալ շրջանի քաղաքական հոգեբանութեան, եւ կը ստիպեն զանոնք նորովի վերագնահատել, արժեւորել: Նշենք նաեւ, որ գիրքի մէջ արծարծուած շատ թեմաներ այսօր ալ դեռ՝ 110 տարուան հեռաւորութենէն, կը շարունակեն մնալ արդիական: Այդ պատճառով գիրքը շահեկան եւ օգտակար ներդրում է ոչ միայն հայ գրականութեան, այլեւ հայոց պատմութեան, նաեւ լրագրութեան համար:
Այսպէս, յօդուածներու մէջ կը ներկայացուի Օսմանեան կայսրութեան յետսահմանադրական ընդհանուր մթնոլորտը, ուր հրապարակախօս Զարդարեան մէկ կողմէ մեծ հաւատքով ու ոգեւորութեամբ կը ներկայացնէ նոր, ժողովրդավարական ու քաղաքակիրթ պետութեան իր ըմբռնումները՝ մատնանշելով գործնական ուղիներ զայն կատարելու համար, միւս կողմէ ալ՝ իրեն բնորոշ խորաթափանցութեամբ, իւրատիպ ոճով, պատկերաւորութեամբ ցոյց կու տայ տիրող Իթթիհատական կուսակցութեան հակասահմանադրական քայլերը, հակասական, դաւադիր գործունէութիւնը, վերածննդեան նոր ուղի բռնած կայսրութեան ներքին ու արտաքին խոչընդոտները: Դիպուկ է գիրքի յառաջաբանի հեղինակ Վահէ Թաշճեանի մատնանշումը, որ Ռուբէն Զարդարեան առաջին հերթին Օսմանեան կայսրութեան քաղաքացի է՝ «օսմանացի»: Իսկապէս, իբրեւ իր երկրի քաղաքացի՝ Զարդարեան խորապէս կ՚ըմբռնէ եւ կը գիտակցի կայսրութեան պետական շահերը՝ զերծ ազգայնամոլութենէն, ազգայնական գաղափարներէն: Ըլլալով եւրոպական յառաջդիմական բարձր գաղափարներու տէր՝ կը ցանկայ եւ կը պարտադրէ, որ արագ զարգացում ապրող դարուն ժողովուրդը ինքը իր սեփական երկրի ու ճակատագրի տէրը ըլլայ: Ճիշդ է, թէեւ Սահմանադրութեան վերահաստատումը կը շիկացնէր Զարդարեանի սպասումներն ու յոյսերը՝ իբրեւ նոր կեանքի սկիզբ, բայց եւ հաւատքի մէջ ան զգօն էր: Կատարեալ սահմանադրական պետութեան կայացման համար Զարդարեան կը գտնէր, որ առաջին հերթին ամբողջովին պէտք է բարեփոխել պետական հին համակարգը, արմատախիլ ընել բոլոր վտանգներն ու խոչընդոտները:
Հարկ է նշել, որ հրապարակագիրը Պօղոս առաքեալի խօսքը դարձուցած էր աշխարհայեացք. այն, որ ազգերը թիւով շատ, բայց մէկ մարմին են Քրիստոսով:
Շարունակելով նշենք. «Իրաւունքի պայքար» յօդուածի մէջ Զարդարեան կը գտնէ, որ պէտք է կարենալ հաւասար իրաւունքներ տալ պետութեան բոլոր քաղաքացիներուն, հակառակ պարագային ծայր կ՚առնեն ընդվզումները, որոնք կը թուլացնեն երկիրը. «սկիզբը իմաստութեան՝ Աստուծոյ երկիւղը չէ՛ հիմա, այլ Օսմանեան պետութեան մէջ ազգերու իրաւահաւասարութեան պահանջը եւ ներկայ ընտրական սիսթեմին հիմնական փոփոխութիւնը»:
•շար. 1