«ԹԷՔԷԵԱՆԱԳԻՏՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ՆՈՐՈՒԹԻՒՆ Է «ԵՐԿՈՒ ԴՐԱԽՏՆԵՐ» ԳԻՐՔԸ։ ԹԷՔԷԵԱՆԻ ԱՌՋԵՒ ՄԻՇՏ ՓԱԿՈՒԱԾ ԵՆ ԴՐԱԽՏԻ ԴՌՆԵՐԸ ԵՒ ԱՆՈՐ ՏՐՈՒԱԾ Է ՄԵԾ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԻՒՆ ՄԸ՝ ՍՏԵՂԾԵԼ ՈՒՐԻՇՆԵՐՈՒ ՀՈԳԻԻ ԴՐԱԽՏԸ, ԲԱՑ ՊԱՀԵԼՈՎ ԱՆՈՐ ԴՌՆԵՐԸ»

Հայաստանի Սփիւռքի փոխ-նախարար եւ գրականագէտ Սերժ Սրապիոնեանի խօսքը՝ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի 110-ամեակին ձօնուած Երեւանի կրկնակ շնորհանդէսներուն ընթացքին.-

Թէքէեանը մեզի անծանօթ հեղինակ չէ, մանաւանդ հայրենիքի մէջ, որուն մի քանի կարկառուն ներկայացուցիչներ անդրադարձած են՝ Պրն. Վազգէն Գաբրիէլեանը, Յարութիւն Աւագեանը, Սամուէլ Մուրատեանն ալ անդրադարձած է իր հերթին եւ Սփիւռքի մէջ անդրադարձած է Յակոբ Օշականը եւ ուրիշներ:

Թէքէեանը իբրեւ գրող, հրապարակախօս, իբրեւ գրականագէտ նոյնքան մասամբ մեզի ծանօթ է, այս գիրքը որ հրատարակուած է ԺԱՄԱՆԱԿ-ի խմբագրութեան մեկենասութեամբ, իսկապէս փայլուն է իր ծանօթագրութիւններով ու մնաւանդ յառաջաբանով, կը շեշտեմ Պրն. Վաչէ Ղազարեանը հրաշալի յառաջաբան մը գրած է, որով կ՚ուղղորդէ նաեւ գիրքին ընթերցման եղանակը, ամենայն մանրամասնութեամբ ներկայացնելով գիրքը:

Գիրքը նորութիւն է թէքէեանագիտութեան մէջ, կրնամ ըսել որ Թէքէեանը կը ներկայանայ մեզի շատ ծանօթ ու երբեմն անծանօթ: Գիրքը ենթարկուած է ճիշդ բաժանման: Առաջին բաժինը հրապարակագրական յօդուածներն են, որոնք անծանօթ չեն, քանի անոնք լոյս տեսած են ԺԱՄԱՆԱԿ-ի մամլոյ էջերուն մէջ, բայց այն կառուցուածքը եւ այն մատուցման եղանակը, որ մեզի մատուցուած է, թոյլ կու տան նորովի հասկնալու հեղինակը, կը բացուի լայն հորիզոն, որ արդէն հանճարին բնորոշ երեւոյթ մըն է, բայց սպառիչ կերպով հասկնալ հանճարը տակաւին կարելի չէ:

Գրական եւ արուեսի էջերը, յուշերն ու վկայութիւնները կը յաջորդեն հրապարակագրական յօդուածներուն: Իւրօրինակ տրամաբանական շարունակութեամբ պայմանաւորուած այս նիւթերը միանգամայն նոր Թէքէեան մը կը պարզեն մեր առջեւ: Հանճարը եւ բանաստեղծը նոյնքան ազնիւ քաղաքացի մըն է, նուիրեալ հայ մարդ է իր ժողովուրդին համար: Անոր բոլոր դատումները իրենց մէջ կը պարունակեն ապրող արդիականութիւն: Ինքը՝ Թէքէեանը ինքն իր մասին խօսելով կ՚ըսէ, որ իրեն հաճելի չէ, մանաւանդ ինքը չ'ախորժիր ազգային հարցերու մասին խօսիլ վերապահութեամբ կամ կիսաձայնով: Ան կը խօսի առողջ, ընդունելի դիրքերէն, առանց հաշուի առնելու ուրիշներուն կարծիքները:

Ան համոզուած է, որ անհատներուն կեանքին մէջ թերեւս բախտը դեր մը կը կատարէ, սակայն ազգերուն համար բախտը գոյութիւն չունի, ասիկա բաւական լուրջ զգուշացում մըն է, որ մեր ձախողութիւններուն մէջ չվկայակոչենք բախտը եւ մենք մեզ չփորձենք արդարացնել:

Ան կը խօսի նաեւ ազգային կուսակցութիւններուն մասին, ակնյայտ է անոր անբաւարար վերաբերումը դաշնակցութեան նկատմամբ, բայց հոս հարցը կը վերաբերի կուսակցութիւններուն, Թէքէեանի կուսակցութիւններուն վերաբերեալ իր մէկ յօդուածին՝ «Կուսակցութիւններու բարիքը եւ չարիքը», ուր ան կը համարէ կուսակցութիւնները մարզարաններ, ուր կը կոփուին քաղաքական գործիչները, քաղաքական մտածողութիւն ձեւաւորելու եւ ժողովուրդը ճիշդ ճամբով առաջնորդելու համար ուղիներ են կուսակցութիւնները: Ասիկա իր եզրայանգումն է:

Կը կարծեմ, որ Թէքէեանի հրապարակագրական գործին արժանիքներէն է, որ ան չի սեթեւեթեր: Ան շատ յստակ՝ 1911-ին, կը բնութագրէ երիտթուրքերէն սպասուող հնարաւոր վտանգը, Երուխանէն աւելի ուշ, սակայն շատ աւելի դիպուկ զգուշացումներ կ՚ընէ երիտթուրքերու հետ հնարաւոր սեթեւեթանքէն խուսափելու համար, զարմանալի դիպուկութեամբ նոյնիսկ կը գուշակէ տարեթիւը, թէ երբ կը հասցնեն երիտթուրքերը իրականացնել իրենց դիւային գաղափարը:

Այսինքն իբրեւ բանաստեղծ կը թուի, թէ պիտի ըլլար այնքան քնարական, որ է ան իր բանաստեղծութիւններուն մէջ, բայց իբրեւ հրապարակախօս կը կարծեմ, որ անոր սթափ միտքը կը գործէ:

Ինծի համար գոնէ, իբրեւ գրականագէտի, կը կարծեմ, որ շատ կարեւոր է «Գրականութիւն եւ արուեստ» բաժինը այս գիրքին, որուն յօդուածները, ըստ էութեան, այն ներքին տագնապը կը ներկայացնեն, որ կ՚ապրի Թէքէեանը հայ գրականութեան կարիքին նկատմամբ:

Թէքէեանը, ինչպէս ժամանակին Նիկոլ Աղբալեանը Աւետիք Իսահակեանի կամ Եղիշէ Չարենցի առումով, Աւետիք Իսահակեանը եւ Թումանեանը Վահան Տէրեանի առումով, Թէքէեանը այնպիսի նուրբ դիտարկող է, որ կարող է գտնել ճիշդ ժամանակին գրական աշխարհ մտած բանաստեղծը եւ առանձնացնել զայն եւ պաշտպանել հնարաւոր յարձակումներէն: Շատ յայտնի է, որ բանաստեղծական խօսքը պահպանողական մտքի համար դժուար հասանելի է, եթէ չըսենք մերժելի է, բազմաթիւ գրողներ ունինք, որոնց գրական աշխարհ մուտքը չէ ողջունուած եւ կրնանք ըսել նաեւ նախանձով դիտուած է այդ գրական ճահելի մուտքը գրականութիւն:

Մատթէոս Զարիֆեանը վստահաբար Թէքէեանի յայտնութիւնն է, այն յարձակումները, որոնք Մատթէոս Զարիֆեանի հանդէպ էին, անոր երկու ժողովածուները, որոնք լոյս տեսան մէկ տարուան յաջորդականութեամբ, սպառիչ եւ դիպուկ կերպով կ՚առանձնացուին Թէքէեանի յօդուածներուն մէջ:

Կը կարծեմ, որ Թէքէեանի գրականագիտական հետազօտութեանց մէջ բաւական մեծ արժէք ունի «Թուրքիոյ արեւմտահայ գրականութիւնը ԺԹ. դարու վերջին տասնամեակին» հետազօտութիւնը եւ անպայման «Ռուսահայոց գրականութիւնը»:

Այն մտածողներէն էր Թէքէեան, որ վերապահ նկատողութիւն չունէր արեւելահայ գրականութեան նկատմամբ, Օշականի կարծիքները յայտնի են մեզի, չեմ ուզեր նորէն գրականութեան խորխորատներուն մէջ մտնել, բայց ըսեմ, որ Թէքէեանը երկու կարեւոր գրական արժէքներ կը նկատէ ռուսահայոց մէջ՝ ռուսահայ գրականութիւնն է անոնց եւ ռուսահայ մարդուն ճանաչելիութիւն կ՚առաջադրէ, որպէսզի ճանչնանք այդ ռուսահայերը այնպէս ինչպէս գոյ են, որովհետեւ անոնք մեր ազգային ճակատագրական հարցերու լուծման մեծ հնարաւորութիւններն են եւ ռուսահայերը պիտի առաջնորդեն այդ շարժումները: Ասիկա չեմ կարծեր, որ ընդունուած է արեւմտահայ իրականութեան մէջ, սակայն ապագան ցոյց տուաւ, որ Թէքէեանը այնուամենայնիւ ճիշդ էր:

«Յուշեր եւ վկայութիւններ» բաժինը կարելի է ըսել Թէքէեանի ամենագեղար-ւեստականութեամբ յագեցած բաժինն է, միայն «Երկու դրախտները» իրենց քնարականութեամբ չեն կրնար յուզմունք չպատճառել: Այս վէպը կարելի է կիսակենսագրական վէպ համարել, այնպէս ինչպէս էին «Սիլիհտարի պարտէզները», ինչպէս Ստեփան Զօրեանի կենսագրական վէպն էր, ինչպէս Աւետիս Ահարոնեանի...:

Թէքէեանի յօդուածները կը միտին իրենց ներքին բովանդակութեան ամբողջութեամբ եւ աւարտուն տեսքով վէպը վերածուելու, որովհետեւ պզտիկ տղան, որուն հոգիէն աքսորուած է դրախտը, անիկա Թէքէեանի հայրենական տունն է, որմէ ինք հեռացած է: Դրախտը միշտ կը կանչէ զինք, մանուկներուն հոգիներուն մէջ կը մահանայ դրախտը, երբ անոնք կը մեծնան եւ կը բախին կեանքի իսկական հարցերուն, բայց դրախտի մահը, ըստ էութեան մահ չէ, անիկա յիշողութեան մէջ իր ամբողջ գեղեցկութեամբ պահպանուած է, այլ է երբ աւելի հասուն տարիքին հոգու դրախտը կը սպաննուի կամ կը փակուին անոր դռները, Թէքէեանի պզտիկ տղու հոգիին մէջ, այդ դրախտի դռները փակուեցան: Երբ 1918-ին վերադարձաւ այդ դրախտները վաճառուած էին 400 ոսկիի, եւ փոքրիկ տղան կը տառապէր, ան օր մը որոշեց որ երթայ, խնդրէ, թակէ, բանան այդ դրախտի դուռը եւ այդ պզտիկ տղան, որ արդէն մեծ մարդ էր, պտտի դրախտի ծաղկոցներուն մէջ, բայց ան չհասաւ իր նպատակին, դրախտի դռները վերջնականապէս փակուած էին:

Վահան Թէքէեանի առջեւ միշտ փակուած են դրախտի դռները ու անոր տրուած է մեծ առաքելութիւն մը՝ ստեղծել ուրիշներու հոգիի դրախտը, բաց պահելով անոր դռները:

Երկուշաբթի, Ապրիլ 16, 2018