«ԺԱՄԱՆԱԿ ԴԱՐՁԱԾ Է ԱՅՆ ՊԱՐԲԵՐԱԿԱՆԸ, ՈՐ ԱՆԴՐԱԴԱՐՁԱԾ Է ՈՒ Կ՚ԱՆԴՐԱԴԱՌՆԱՅ ԱԶԳԱՅԻՆ, ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ, ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ, ՀԱՍԱՐԱԿԱԿԱՆ, ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԻՆ ԵՒ ԱՅՍՕՐ ԱԼ ԻՐ ԱՐԴԻԱԿԱՆՈՒԹԵԱՄԲ ԴԵՐԸ ՉԻ ԶԻՋԵՐ ՈՐԵՒԷ ՊԱՐԲԵՐԱԿԱՆԻ ԹԷ՛ ՀԱՅՐԵՆԻՔԻ ԵՒ ԹԷ ՍՓԻՒՌՔԻ ՄԷՋ»

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Հրատարակչութեան բաժնի եւ Մատենադարանի տնօրէն Տ. Արարատ Քահանայ Պօղոսեանի խօսքը՝ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի 110-ամեակին ձօնուած Երեւանի կրկնակ շնորհանդէսներուն ընթացքին.-

Ազգիս Հայրապետի օրհնութեան եւ ողջոյնի խօսքը կը փոխանցենք այս գեղեցիկ, հոգեպարար շնորհանդէսի կազմակերպիչներուն, մանաւանդ՝ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի խմբագրակազմին, ի դէմս Արա Գօչունեանին: ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթը արդէն 110 տարեկան է: Ուրախ ենք նշելու, որ տակաւին 2014 թուականին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ տօնուեցաւ 100-ամեակի միջոցառումներու փակման ցերեկոյթը, որու ընթացքին նոյնպէս, ինչպէս այժմ, վերարժեւորուեցաւ, գնահատուեցաւ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի այն նպաստները, որոնք ան ունեցած է մեր մշակութային, հասարակական, քաղաքական, կրօնական կեանքէն ներս: ԺԱՄԱՆԱԿ-ը այն պարբերականը դարձած է, որ անդրադարձած է եւ կ՚անդրադառնայ ազգային, եկեղեցական, մշակութային, հասարակական, քաղաքական կեանքին եւ այսօր ալ, իր արդիականութեամբ իր դերը չի զիջեր որեւէ պարբերականի, թէ՛ հայրենիքի, թէ՛ սփիւռքի մէջ: Այս առումով, մենք, որպէս ԺԱՄԱՆԱԿ-ի ընթերցող, մեր երախտագիտութիւնը կը յայտնենք թէ՛ խմբագրակազմին, թէ՛ Գօչունեան ընտանիքի արժանաւոր զաւակներուն, որոնք արժանիօրէն կը տանին այն ուղեգիծը, որ նախանշուած է տակաւին իրենց նախնիներու կողմէ, որոնք իրենց առջեւ դրած էին նպատակ եւ կրցան իրապէս իրագործել զայն, ինչ որ իրենց միտքին մէջ որոշած էին: Այն տեսիլքը, որ ժամանակին թեւածած է իրենց միտքին մէջ, բարեբախտաբար իրականութիւն դարձած է իրենց օրօք եւ այսօր նոյնպէս այդ տեսիլքը կը շարունակուի մարմին ստանալ եւ հասնիլ մեր ամէնքի համակարգիչներէն ներս, դառնալ մեր սեղանի օրաթերթը: Ես ինքս, անձամբ, մօտ տարիուկէս առաջ դարձայ այսպէս ըսած ընթերցողը ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի ելեկտրոնային տարբերակին: Մինչ այդ, մեր Պոլսոյ համայնքի մասին կցկտուր տեղեկութիւններ կը գիտնայինք հայկական մամուլէ կամ համացանցէ, ատկէ ետք այլեւս Պոլսոյ մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւնները դարձան մեր ամենօրեայ ուշադրութեան կեդրոնը: Պարտադուած ենք պարզապէս ընթերցելու ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթը, որովհետեւ ան պարբերաբար, ամէն օր, պարտաճանաչօրէն կու գայ մեր աչքի առջեւ:

Այս առթիւ, նաեւ, որպէս ընթերցող, մեր խորին շնորհակալութիւնը կը յայտնենք ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի խմբագրակազմին, որ կը շարունակէ այս արժանաւոր գործը եւ իրենց նախնիներու համար կարող ենք իրապէս ըսել այն, ինչ որ մենք դարեր շարունակ մեր եկեղեցիներու մէջ կը հնչեցնենք մեր սուրբերու համար՝ Յիշատակն արդարոց, օրհնութեամբ եղիցի:

Երկուշաբթի, Ապրիլ 16, 2018