«ԵԹԷ ՔՐԻՍՏՈՍ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԱՌԱԾ ՉԷ…»
Սրբազան Պօղոս առաքեալը կորնթացիներուն ուղղած իր առաջին նամակին մէջ նախ կը խօսի Քրիստոսի յարութեան մասին, ապա կ՚անդրադառնայ մեր յարութեան, ուր կ՚ըսէ. «Եթէ Քրիստոս յարութիւն առած չէ՝ զուր է մեր քարոզութիւնը, զուր է նաեւ ձեր հաւատքը» (Ա.Կր 15.14). եւ «Քրիստոս արդարեւ մեռելներէն յարութիւն առած է, որպէս առաջին օրինակ մեռելներու յարութեան: Ինչպէս մարդով մը սկիզբ առաւ մահը, նոյնպէս մարդով մը սկիզբ կ՚առնէ մեռելներու յարութիւնը: Ինչպէս Ադամէ ծնածները բոլորն ալ կը մեռնին, այնպէս ալ Քրիստոսէ ծնածները բոլորն ալ պիտի կենդանանան» (Ա. Կր 15.20-22):
Դարձեալ յարութիւն է, Հրաշափառ Յարութիւնը Տէր Յիսուս Քրիստոսի:
Դարձեալ յարութիւն է, մահէն դէպի կեանք, դէպի անմահութիւն:
Դարձեալ յարութիւն է, մեղքերու անդունդէն դէպի երկնային երանութիւնը:
Դարձեալ յարութիւն է, անյուսութենէն դէպի լուսաւոր կեանք:
Դարձեալ յարութիւն է, ատելութենէն, թշնամութենէն դէպի երկնային եւ աստուածային սէր:
Դարձեալ յարութիւն է, «մահուամբ մահը կոխելու» եւ Քրիստոսի յարութեամբ կեանքով լեցուելու՝ յաւիտենական կեանքով:
Դարձեալ յարութիւն է, մեր մարդկային եսը մէկդի դնելու եւ վերադառնալու մեր առաջին վիճակին, որով ստեղծեց մեզ Աստուած, այն է՝ Իր պատկերին ու նմանութեանը:
Դարձեալ յարութիւն է, ալէլուիա:
Դարեր շարունակ մարդկութիւնը Տէր Յիսուսի Հրաշափառ Յարութեան աւետիսով զիրար ողջունելով իր հաւատարմութիւնն ու հաւատքը կը զօրացնէ առ Յարուցեալ Փրկիչը, առ յաւիտենական՝ անմահ կեանքը:
Դարեր շարունակ Քրիստոսի յարութեան աւետիսով մարդը իր մէջ կաթիլ մը սէր աւելի կը կաթեցնէ, որով իր կեանքը քաղցրացնելով որպէս անուշահոտ խունկ Աստուծոյ կ՚ընծայէ:
Դարեր շարունակ Քրիստոսի յարութեան աւետիսով մարդկութիւնը կու գայ Աստուածորդիին սատանային վրայ տարած յաղթանակը ամրագրելու եւ բարձրաձայն յայտարարելու, թէ՝ «ո՞ւր է, մա՛հ, յաղթանակդ. ո՞ւր է, մա՛հ, քու խայթոցդ» (Ա. Կր 15.55: Ովս 13.14):
Դարեր շարունակ Քրիստոսի յարութեան աւետիսը մեծաձայն բարբառով մարդոց կը յիշեցնէ, թէ աշխարհի վրայ այս կեանքը ժամանակաւոր է, եւ մարդ միայն այս աշխարհիկ կեանքին համար չկայ, այլ՝ յաւիտենականին համար:
Այսօր, նիւթականացած այս աշխարհին մէջ, ուր օր օրի նիւթի պաշտամունքն ու տիրապետութիւնը կ՚աճի ու կ՚աւելնայ, մարդիկ սկսած են թեթեւութեամբ նայիլ Տէր Յիսուսի յարութեան փաստին, եւ շատ յաճախ մերժելու եւ նոյնիսկ ուրանալու զայն: Ահա այսպիսիներուն համար, որ Պօղոս առաքեալ կ՚ըսէ. «Եթէ Քրիստոս յարութիւն առած չէ՝ զուր է մեր քարոզութիւնը, զուր է նաեւ ձեր հաւատքը» (Ա.Կր 15.14). պարզ ու յստակ են Սրբազան Առաքեալին խօսքերը, որոնք աւելի քան երբեք այսօրուան մարդուն համար գրուած ըլլան կարծես:
Մեզմէ շատեր այսօր շա՜տ թեթեւութեամբ կը մօտենան Քրիստոսի յարութեան եւ զայն սովորութիւն մը կամ աւանդութիւն մը համարելով եկեղեցի կը յաճախեն՝ պարտականութիւն մը կատարելու համար: Այդպիսիներուն հաւատքը ա՛յդքան է միայն: Պօղոս առաքեալ սակայն կու գայ մեզի ըսելու, թէ մեր այդ հաւատքը ի զուր է, այսինքն՝ այդ կերպ հաւատքը իմաստ չունի եւ ո՛չինչով կ՚օգնէ մարդուն: Այդ մարդոց համար այսօրուան քարոզիչներուն՝ հոգեւորականներուն քարոզներն ալ ի զուր են, որովհետեւ տեղ չեն հասնիր եւ արդիւնք չեն տար: Սակայն, Քրիստոսի յարութեան փաստը անհերքելի իրողութիւն է եւ դարեր շարունակ մարդկութեան համար յոյսի փարոս հանդիսացած է, կը հանդիսանայ եւ պիտի հանդիսանայ մինչեւ հասնի աշխարհի վախճանը:
Եթէ մենք կ՚ըսենք, թէ կը հաւատանք Քրիստոսի յարութեան, մեր այդ հաւատքը պէտք է գործնական կերպով փաստենք, այլ խօսքով՝ մեր հաւատքը պէտք է կեանքի վերածենք:
Ի՞նչ ձեւով սակայն կրնանք մեր այդ հաւատքը գործի՝ կեանքի վերածել: Շատ պարզ եւ բնական կերպով. ամէն կերպով ձգտելով պատրաստ ըլլալ մեր յարութեան, եւ ո՛չ միայն պատրաստ ըլլալ, այլեւ՝ մեր այս աշխարհի վրայ ապրած առաքինի եւ հաւատքի կեանքին բարի պտուղներով ապահոված ըլլալ յաւիտենական երանութեան, հանգիստին ու Աստուծոյ ներկայութիւնը վայելելուն անցագիրը:
Այդ անցագիրը ձեռք ձգելու մեր այս ճիգին հիմնական կէտը կը հանդիսանայ նմանիլ Քրիստոսին, իսկ Քրիստոսի նմանելու համար նախ եւ առաջ պէտք է Քրիստոսէ ծնինք, այսինքն՝ զՔրիստոս ընդունինք մեր կեանքին մէջ, Քրիստոսով ապրինք եւ Քրիստոսի համար ապրինք: Մենք բոլորս ալ նախամարդուն՝ Ադամին ժառանգորդներն ենք, եւ անկէ է, որ ծնած ենք, ինչպէս Պօղոս առաքեալ կ՚ըսէ, հետեւեալ շեշտադրումը կատարելով. «Ինչպէս Ադամէ ծնածները բոլորն ալ կը մեռնին, այնպէս ալ Քրիստոսէ ծնածները բոլորն ալ պիտի կենդանանան» (Ա. Կր 15.22): Այնքա՜ն պարզ եւ յստակ ճշմարտութիւն մը. ճի՛շդ է, որ բոլորս ալ Ադամէ ծնած ենք, սակայն եթէ այդպիսին մնանք, այսինքն՝ պարզապէս մարմինէ ծնած, մեր աւարտը անպայմանօրէն մահը պիտի ըլլայ, յաւիտենական մահը, յաւիտենական տանջանքը, սակայն մարմինով ծնելէ ետք, այսինքն՝ Ադամէ ծնելէ ետք եթէ Քրիստոսէ ալ ծնինք, այսինքն՝ հոգեւորապէս ծնինք, ապա պիտի կենդանանանք, յաւիտենական կեան-քին ժառանգորդ պիտի դառնանք, «մահուամբ մահը պիտի կոխենք» եւ Քրիստոսի հետ յաւիտեան պիտի ապրինք: Մեզմէ իւրաքանչիւրին տրուած է որոշում կայացնելը եւ ընտրելը մարմնական, այսինքն՝ Ադամէ ծնելէ ետք, հոգեւորապէս ծնիլ կամ ոչ, այսինքն՝ Քրիստոսէ ծնիլ կամ ոչ:
Այս ուղղութեամբ կարդանք Տէր Յիսուսին ըսած խօսքը Նիկոդեմոսին. «Լաւ գիտցիր, որ եթէ մէկը վերստին չծնի՝ չի՛ կրնար տեսնել Աստուծոյ Արքայութիւնը» (Յհ 3.3), այսինքն՝ այդպիսին չի՛ կենդանանար, այլ՝ կը մեռնի: Նիկոդեմոսի զարմանալուն եւ հարցնելուն, թէ ինչպէ՞ս կարելի է նման բան պատահիլ, Քրիստոս կ՚ըսէ. «Հաստատ գիտցիր, որ եթէ մէկը ջուրէն եւ Հոգիէն չծնի՝ չի կրնար Աստուծոյ Արքայութիւնը մտնել, որովհետեւ մարմինէն ծնածը մարմին է, իսկ հոգիէն ծնածը՝ հոգի» (Յհ 3.5-6). որով Առաքեալին սա խօսքն ալ կը ստանայ իր իմաստը. «Ինչպէս Ադամէ ծնածները բոլորն ալ կը մեռնին, այնպէս ալ Քրիստոսէ ծնածները բոլորն ալ պիտի կենդանանան» (Ա. Կր 15.22):
Սուրբ Գրիգոր Տաթեւացին հետեւեալ կերպով կը մեկնէ Տիրոջ այս խօսքերը. «Մարմինէն ծնածը մարմին է, իսկ հոգիէն ծնածը՝ հոգի» (Յհ 3.6):
«Նախ՝ ինչպէս որ մարմինէն ծնածը մարմին է՝ եւ մարմնաւոր կեանքի մէջ կայ, այդպէս ալ հոգիէն ծնածը հոգի է՝ եւ հոգեւոր կեանքի մէջ կայ՝ Սուրբ Հոգիին ներգործութեամբ:
Երկրորդ՝ բոլորը, որոնք կը ծնին, իրենց ծնողին նմանութիւնը կ՚ունենան կերպով մը, ինչպէս մարմինը՝ մարմինին, այդպէս ալ Հոգիէն ծնածը Հոգիին նման է, ո՛չ թէ ըստ սեռի եւ տեսակի միութեան, այլ՝ նման է միայն հոգեւոր կեանքին եւ միաւորութեամբը առ Աստուած:
Երրորդ՝ մարմինը կ՚ըսէ մեղքին յօժար ըլլալով, եւ հոգին՝ արդարութեան յօժար ըլլալով, ըստ այնմ. «Պոռնիկին միացողը անոր հետ մէկ մարմին կը կազմէ...: Նոյնպէս ալ, որ Տիրոջ միանայ՝ Անոր հետ մէկ հոգի կ՚ըլլայ» (հմմտ. Ա. Կր 6.16-17)»:
Միշտ պէտք է մեր միտքին մէջ ունենանք, թէ մարմնապէս չենք կրնար Երկինքի Արքայութիւնը ժառանգել եւ ո՛չ ալ անկէ ներս մտնել, զայն ժառանգելու եւ Աստուծոյ դիմաց կանգնելու համար կարիք ունինք հոգեւորապէս վերածնուելու: Իսկ Յարութեան այս հրաշալի տօնը առիթ մըն է մեզմէ իւրաքանչիւրիս դէպի յաւիտենականութիւն ընթանալու եւ մտնելու անկէ ներս, որովհետեւ յարութիւնը յաւիտենականութեան դուռն է, ինչպէս կ՚ըսէ Շնուտա Գ. Հայրապետը, եւ կը բացատրէ.
«Եթէ յարութիւնը չըլլար, այլապէս մահը մեզ ոչնչանալու պիտի դատապարտէր: Ոչնչութիւնը վախցնող է, այն ցաւցնող աւարտ մըն է, որ ողբերգութիւն կը համարուի: Սակայն, Աստուած երբ մարդը ստեղծեց, ոչնչանալու համար չստեղծեց զինք, այլ՝ կեանքի: Եւ մարդը եթէ իր մեղքին պատճառով մահուան ենթարկուեցաւ, բայց Աստուած անոր համար փրկութեան ճամբան գծեց, եւ հանեց զինք այդ մահէն:
Տակաւին, Աստուած երբ մարդը ստեղծեց, իրեն համար յաւիտենական ընկեր մըն ալ ստեղծեց, որ հոգին է: Հոգին մարդուն մահանալով չի՛ մահանար, այլ՝ իր բնութեամբ կենդանի կը մնայ: Ասով մարդ արարածը կը տարբերի միւս արարածներէն, որոնք աշխարհի վրայ կան, որոնց կեանքը կը վերջանայ ու կ՚ոչնչանան, բայց մարդը, յարութեամբ նոր կեանքի մը կը սկսի, որ չի՛ վերջանար: Այստեղ կ՚երեւի մարդուն առաւելութիւնն ու արժէքը աշխարհային միւս արարածներէն:
Հոգին ինք առանձինն է, որովհետեւ չի՛ կրնար կատարեալ մարդ ըլլալ, այդ պատճառով պէտք է, որ մարմինը յարութիւն առնէ ու միանայ անոր: Այսպիսով, յաւիտենական կեանքը մարդուն մէկ մասնիկին՝ հոգիին միայն չ՚ըլլար, այլ՝ ամբողջ մարդուն համար կ՚ըլլայ՝ հոգի եւ մարմին, որով մարդը ամբողջութեամբ կեանքի կը վերադառնայ:
Այսպիսով մարդուն համար արթուն յարութիւն մը կ՚ըլլայ, երկար քունէ մը ետք: Արթուն ըսելով նկատի ունինք մարմինը, կամ մարդը՝ իր ամբողջութեամբ: Իսկ հոգին, ապա ան մնայուն կերպով արթուն է»:
Ի վերջոյ, դարձեալ երջանկայիշատակ Շնուտա Գ. Հայրապետին խօսքերով ըմբոշխնենք յարութեան աւետիսը, թէ՝ «Յարութեան յիշատակի եւ ուրախութեան այս օրը կը հայցենք Աստուծմէ, որպէսզի Իր շնորհքով ուրախացնէ իւրաքանչիւրին սիրտը: Կ՚աղօթենք Անոր, որպէսզի աշխարհէն վերցնէ պատերազմները, ախտերը, ամէն տեսակի մեղքերն ու հիւանդութիւնները, եւ աշխարհին շնորհէ անդորրութիւն, ու իրականացնէ Խաղաղութեան Համագումարի գաղափարը, որով բոլոր երկիրները ջանան իրականացնել այն», որով ողջունենք զիրար ըսելով՝
ՔՐԻՍՏՈՍ ՅԱՐԵԱՒ Ի ՄԵՌԵԼՈՑ
ՕՐՀՆԵԱԼ Է ՅԱՐՈՒԹԻՒՆՆ ՔՐԻՍՏՈՍԻ
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Ապրիլ 2022, Վաղարշապատ
Ընկերամշակութային
- 11/26/2024
- 11/26/2024