90-ԱՄԵԱԿ ԱՐԱՄ ՍԵՓԵԹՃԵԱՆԻ. ՄՏԱՒՈՐԱԿԱՆԸ, ԳՐՈՂԸ, ԽՄԲԱԳԻՐԸ
2020-ին քորոնաժահրի համաճարակի հետեւանքով, 86 տարեկանին, մահացաւ սփիւռքահայ անուանի մտաւորական, գրող, խմբագիր Արամ Սեփեթճեան:
Օրերս լրացաւ 90-ամեակը անուանի մտաւորականին, որ 1938 թուականին ծնողներուն հետ Ալեքսանտրեթէն տեղափոխուած է Պէյրութ եւ մինչեւ իր կեանքի վերջ ապրած է Լիբանանի մէջ: Ան, բացի hրապարակագիր, արձակագիր, հայ մամուլի աշխատակից ու յատկապէս գլխաւոր խմբագիր ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի «Խօսնակ» ամսագրին ըլլալէ, նաեւ սեփականատէրն էր Պէյրութի նշանաւոր «Սիփան» հրատարակչատան: Գրողներու միութեան անդամ էր Արամ Սեփեթճեան եւ ճանչցուած էր նաեւ Հայաստանի մէջ, ուր կը մասնակցէր զանազան մշակութային, գրական, կրթական ձեռնարկներու:
1934 թուականին ծնած է, իր նախակրթութիւնը ստացած է Պուրճ Համուտի Ս. Քառասնից Մանկանց վարժարանին մէջ, երկրորդական ուսումը՝ Պէյրութի ՀԲԸՄ Յովակիմեան-Մանուկեան մանչերու վարժարանին եւ Երուանդ Հիւսիսեան Հայագիտական հիմնարկին մէջ։ Պէյրութի մէջ աւարտած է ճարտարագիտական գնահատողի ճիւղը։ Ճարտարագիտութեան մէջ վկայական կը ստանայ Լոնտոնէն (հեռակայ ուսմամբ): Անդամ եղած է Լոնտոնի «Architects & surveyors institute»ին։ Հետեւած է նաեւ լրագրութեան եւ նորավիպագրութեան:
1958 թուականին, Պէյրութի եղբայրասպան կռիւներուն պաճառաւ ճամբայ կ՚ելլէ դէպի Քուէյթ, ուր կը մնայ մինչեւ 1964 թուականը։
1967 թուականին Պէյրութի մէջ կը կազմէ իր ընտանեկան բոյնը, ամուսնանալով ՀԲԸՄ-ի նախկին Հիւսիսեան Հայագիտական հիմնարկի դասընկերուհիներէն Մելինէի հետ։ Կը բախտաւորուի երեք զաւակներով։
Իր ասպարէզին բերումով յաճախ ճամբորդած է Սէուտական Արաբիա, Նիկերիա, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ (1986), Ապու Տապի (1988-1992) եւ այլ վայրեր:
Հիմնելով «Սիփան» գրա-հրատարակչատունը՝ անձնական միջոցներով, իբրեւ օգնական ունեցած է իր դուստրը՝ Հուրին, որ հետեւած է համակարգիչի ճիւղին, նաեւ իր կինը, որ հայերէնի ուսուցչուհի էր ՀԲԸՄ-ի վարժարանին մէջ։
Արամ Սեփեթճեան աշխատակցած է սփիւռքի եւ հայրենի գրական մամուլին:
1956 թուականէն ի վեր մնայուն աշխատակից եղած է, ապա պատասխանատու խմբագիրներէն՝ «Շիրակ» գրական ամսագրին։
1967-2004 թուականներու միջեւ խմբագրակազմի անդամ էր «Շիրակ» պարբերաթերթին, իսկ 2005 թուականին՝ խմբագրակազմի անդամ «Կամար» պարբերաթերթին:
Աշխատակցած է «Պայքար» օրաթերթին, «Արմէն Հրաչ» գրչանունով։
Ան ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի «Խօսնակ» ամսագրին գլխաւոր խմբագիրը եղած է 1991-2006 թուականներու միջեւ:
Արամ Սեփեթճեան որպէս գրականութեան ուսուցիչ եւ առաջնորդ ունեցած է Վահէ Վահեանը։
1951 թուականին Պոսթընի «Պայքար» թերթին մէջ լոյս կը տեսնէ Արամ Սեփեթճեանի առաջին պատմուածքը, ատկէ ետք կը հրատարակուին գիրքերը: Հրատարակուած տասնեակ գիրքեր ունի, որոնք գնահատուած են թէ՛ սփիւռքի զանազան համայնքներու, թէ՛ հայրենիքի մէջ:
2003 թուականին, Պէյրութի մէջ, Լիբանանահայ Գրողներու համախմբումի եռանդամ խորհուրդի անդամներէն էր՝ Պէպօ Սիմոնեանի ու Սարգիս Կիրակոսեանի հետ։ Այս նոյն խորհուրդն էր, որ 2004 թուականի մարտին, կազմակերպած էր նաեւ Միջին Արեւելքի հայազգի գրողներու Համահայկական Ա. խորհրդաժողովը։
Ծագումով չորքմարզպանցի էր Արամ Սեփեթճեան եւ նուիրումով կը մասնակցէր Հայրենակցական միութեան աշխատանքներուն: Իր ջանքերով ստեղծուած էր «Չորք Մարզպանք» մատենաշարի հրատարակչական մարմինը, որ հրատարակչական կարեւոր գործունէութիւն տարած է:
Արամ Սեփեթճեանի մահուան քառասունքի առթիւ օրին գիր մը հրապարակած է որդին՝ Հրաչ Սեփեթճեանը, որ նոյնպէս մամուլի, կրթական ասպարէզի գործիչ է: Կը ներկայացնենք անկեղծ այդ գիրը՝ գրողի 90-ամեակին առթիւ:
ԱՆԱՒԱՐՏ ԶՐՈՅՑ
ՀՐԱՉ ՍԵՓԵԹՃԵԱՆ
Ուրկէ՞ սկսիլ, վերսկսիլ ու շարունակել մեր զրոյցը: Զանգ մը բաւարար էր, որպէսզի ինչ-որ տեղէ սկիզբ առնէր խօսակցութիւն մը, որ պիտի գար հայաշխարհէն անպայման: Դուն՝ Պէյրութ, ես՝ Լոս Անճելըս. սակայն զրոյցին առանցքը հայն ու Հայաստանն էին միշտ: Գրականութիւն, մշակոյթ, ապա՝ եկեղեցի, քաղաքականութիւն, սփիւռք, համայնքային կեանք, վերադառնալու համար Հայաստան ու Արցախ: Եւ միայն հեռաձայնը անջատելէ առաջ իրարու որպիսութիւնը կը հարցնէինք ու… մինչ նոր «հանդիպում»:
***
Պայմաններու բերումով հայր ու որդի մեր զրոյցը սկսած է նամակագրութեամբ: Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը զինք «նետեր էր» արաբական անապատ (ինչպէս ինք կը սիրէր ըսել) ու Նիկերիա, իսկ զիս՝ Մելգոնեան կրթական հաստատութիւն՝ Կիպրոս: Ապա, նոյն նամակ-խորհրդատուութիւնները Ապու Տապիի եւ Երեւանի միջեւ: Իսկ վերջին տարիներուն այդ կապը Պէյրութի եւ Լոս Անճելըսի միջեւ էր՝ գրաւոր թէ բանաւոր:
Քառասուն տարի շարունակ եղաւ խորհրդատուս: Միայն հիմա է, որ կ՚իմանամ, թէ իր գործնական խորհուրդներով հասած է ոչ միայն ինծի ու մեր ընտանիքի անդամներուն, այլեւ՝ շա՜տ շատերու:
Չորքմարզպանցի ընտանիքի զաւակ՝ Արամ (Արիս), Արմենակ Սեփեթճեանի եւ Ովսաննա Լեփեճեանի ութ զաւակներէն ամենակրտսերն էր, ծնած՝ Ալեքսանտրեթ, Կիլիկիա։ Երէց երկու եղբայր եւ քոյր մը կորսնցուցած էին սուրիական տարագրութեան տարիներուն՝ 1916-1927:
Երբ Ֆրանսա հայահոծ Ալեքսանտրեթի սանճագը կը յանձնէ Թուրքիոյ, Արմենակ կը նախընտրէ ընտանեօք հաստատուիլ Պէյրութ, Լիբանան, որովհետեւ նախապէս ծանօթ էր քաղաքին՝ հոն ծառայելով որպէս օսմանեան բանակի զինուոր: Տարագրեալ հայու ճակատագիրն է մնացեալը:
Արամ կը յաճախէ ՀԲԸՄ Յովակիմեան-Մանուկեան մանչերու երկրորդական վարժարան, ճարտարագիտութեան վկայական կը ստանայ Լոնտոնէն (հեռակայ ուսմամբ), կը մտնէ կեանքի ասպարէզ: 1956-58 թուականներուն ներազգային եղբայրասպան դէպքերուն պատճառով շրջան մը կը հեռանայ երկրէն:
Միջին Արեւելքի Փարիզը համարուող Պէյրութը 1960-ական թուականներուն կ՚ապրի իր փառքի օրերը: Արամ այդ տարիներուն կը ծանօթանայ մուսալեռցի, Վագըֆ ծնած, Մատուռեան մտաւորական ընտանիքէն Մելինէին հետ ու կը կազմեն իրենց բոյնը:
***
Առաջին յիշողութիւններս «լուսանկարային» են: Կը յիշեմ հիւր բարեկամներու այցելութիւններ մեր տան մէջ: Հետաքրքրական էր մեծերուն կողքին նստիլն ու լսելը: Սակայն հօրս աչքի ու գլխու մէկ շարժումով քոյրս ու ես հիւրասենեակէն դուրս «կը հրաւիրուէինք»: Իսկ քիչ ետք անուշ խօսակցութիւնները կը վերածուէին երգահանդէսի. հայրենիք, սէր, երգ ու ծիծաղ: Ի դէպ, պատահական, երբ դաշնամուրին դիմաց նստէր ան, առաջին նոթերը կ՚արձագանգէին «Տըլէ եաման», իսկ երբ տրամադրութիւնը տեղը ըլլար, անակնկալօրէն սենեակէ մը իր թաւ ու առնական ձայնով շարական մը «կը հիւսէր»:
Կը յիշեմ՝ նախակրթարանի տարիքիս, գիշերուան ժամերուն վերելակը մեր յարկը կանգ կ՚առնէր, տան դուռը կը բացուէր, երբ քոյրս ու ես արդէն անկողին էինք մտեր. հայրս էր, ժողովէ մը կը վերադառնար: Տարիներ ետք է, որ պիտի հասկնայի, թէ ան տասնամեակներ շարունակ գործուն անդամ եղած է ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի Անդրանիկ-Անթիլիասի մասնաճիւղի Գործադիր վարչութեան, Ռամկավար ազատական կուսակցութեան Լիբանանի շրջանային եւ Յովսէփեան ակումբի վարչութիւններուն, Թէքէեան մշակութային միութեան Լիբանանի տեղական վարչութեան, Չորք Մարզպանի հայրենակցական միութեան, ԹՄՄ «Շիրակ» ամսագրի խմբագրութեան, զանազան հասարակական, գրական ու մշակութային շարժումներու ու յանձնախումբերու: Ան եղաւ նաեւ երեք հիմնադիրներէն մին Լիբանանահայ գրողներու միութեան: Հայրենի մտաւորականի մը այցելութիւնը Պէյրութ՝ թեւ ու թռիչք կու տար իրեն, կը վերանորոգուէր, կը կենդանանար, հոնկէ կ՚առնէր իր կարօտը, կը լուծէր բռնի տեղահան եղած հայու վրէժը՝ ապրելով հայօրէն:
Պատերազմի տարիներուն, երբ տունէն կ՚աշխատէր, մեծ-մեծ քարտէսներ կը բերէր ու կը փռէր ճաշասեղանին վրայ ու երկար ժամեր ճաշասենեակ-«գրասենեակ»էն դուրս չէր գար: Հո՛ն գրուեցան նաեւ հարիւրաւոր յօդուածներ ու գիրքերը: Մօրս ձայնը միայն կը յիշեցնէր, որ տան մէջ երեխաներ կան, եկուր իրենց քով քիչ մը: Եւ կու գար: Մէկ-երկու կատակ, որմէ ետք, խոհանոցին մուտքին, մօրս կը կարդար էջ մը: Կ՚ըսէր, որ դուն իմ առաջին ընթերցողն ես:
Կը յիշեմ մեր տան առաւօտները: Առտու կանուխ սափրուած, հագուած, պատշգամը նստած՝ գիրք մը կարդար եւ միշտ ձեռքին մատիտ մը, թուղթի կտոր մը, նշումներ, սրբագրութիւններ, հարցականներ…
Կը յիշեմ՝ միասին թենիս կը խաղայինք տան բակը: Ռաքեթ մը ունէր, քանի մը հատ ալ գնդակ: Կ՚ենթադրեմ, որ իր միակ ռաքեթն էր եղած ատիկա: Յետոյ իմս եղաւ: Ի՜նչ երջանկութիւն:
Սակայն, արդէն հասուն տարիքին, մենք դարձանք ընկերներ, գաղափարակից ընկերներ՝ «ոսկէ միջին»ին հաւատացող ՌԱԿ-ի ընկերներ, Թէքէեան մշակութային միութեան ու Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան համար ցաւող ընկերներ: Այդպէս ալ չհանդուրժեց միջակութիւնները, որոնք սողոսկեցին ու տակաւին կը սողոսկեն միութենական կեանքէն ներս: Գաղափարապաշտ մարդ էր, հայրենիքը ամէն բանէ վեր էր իրեն համար: Կուսակցութիւնը միայն միջոց էր հասնելու համար նպատակին: Իսկ նպատակը Սուրբ էր՝ ժողովրդավարական հանրապետութիւն, տարագիր հայութեան համախմբում Հայաստանի տարածքին, Արցախ, Ջաւախք:
Կը կրկնէր ու կը կրկնէր, թէ ինչպէ՛ս 1980-ականներուն, օր մը, օդանաւի մը մէջ, կողքին նստած հրեայ ճամբորդը, երբ իմացած էր իր հայ ըլլալը, ըսած էր իրեն. «Դուք այնքան պիտի շատնաք Հայաստանի մէջ, որ պիտի պայթիք, նեղ պիտի գայ այդ երկիրը ձեզի համար»: Իսկ մե՞նք… երեսուն տարի շարունակ դատարկեցինք մեր երկիրը՝ ներգաղթի փոխարէն արտագաղթելով: Միւս կողմէ, ան ապրեցաւ բաւականութեան մեծ պահեր՝ ի տես նորանկախ Հայաստանի: Գնահատուեցաւ մայր հայրենիքի մէջ՝ որպէս լիբանանահայ արձակագիր: Երազեց իր տունը ունենալ Հայաստանի մէջ. եւ այո՛, վայելեց իր դստեր ու փեսային երեւանեան բնակարանը: Քալեց ու քալեց Երեւանի փողոցներով (ո՞վ կը յագենայ Երեւանէն), հաստատեց ու վերահաստատեց բազմաթիւ կապեր, դարձաւ կամուրջ հայրենի մտաւորականներու եւ սփիւռքի միջեւ: Եւ գրեց, գրեց ու գրեց սփիւռքահայ մամուլին մէջ… վաթսուն տարի շարունակ: Գրեց որպէս հրապարակագիր, գրադատ, թղթակից, ստորագրեց պատմուածք ու խոհեր, խմբագրականներ: Իսկ վերջին 30 տարիներուն՝ որպէս հիմնադիր-տնօրէնը «Սիփան» հրատարակչատան, լոյս աշխարհ բերաւ 100-է աւելի հրատարակութիւններ: Կը յիշեմ այն օրը, երբ բոլորս հիւրասենեակը նստած՝ որոշեցինք մեր հաստատութիւնը կոչել «Սիփան»: Իսկ լիբանանցի յաճախորդներն ու տպարանատէրերը զինք կը կոչէին նաեւ «Մոսիօ Սիփան» ֆրանսերէն առոգանութեամբ:
Ան լոյս աշխարհ բերաւ գրական տասը հատորներ, որոնց մասին արժէ անդրադառնալ առանձին: Վիպաշարքին վերջին հատորը այդպէս ալ մնաց անտիպ՝ կիսաւարտ: Բոլոր վիպակներուն ու պատմուածքներուն մէջ հերոսը սփիւռքահայն է, որ վերջ ի վերջոյ պիտի վերադառնայ Մայր Հայաստան, իր բառերով՝ «Հող եւ հպարտութիւն Հայաստան»:
Սիրելի՛ հայր իմ,
Ապահովական պայմանները չներեցին, որպէսզի ներկայ գտնուիմ յուղարկաւորութեանդ արարողութեան: Ընդհանրապէս, այնքան արագ, անշշուկ հեռացար՝ անակնկալի բերելով բոլոր թանկագին հարազատներդ, գրչեղբայրներդ ու բարեկամներդ: Հիմա, մահուանդ քառասունքի այս պահուն, նոյնպէս քու կողքիդ չենք, սակայն հաւատա՛, որ քու առողջ դատողութիւններդ, աներկբայ համոզումներդ, անշահախնդիր խառնուածքդ ու հայաստանասիրական նուիրումդ հո՛ս են, գիրքերուդ մէջ, սփիւռքահայ մամուլին մէջ, մեր հոգիներուն ու միտքերուն մէջ, անոնք մէկական կողմնացոյցներ են մեր այսօրուան ու վաղուան սերունդներուն, որպէսզի աւելի՛ սիրենք զիրար, ըլլանք աւելի՛ միակամ, աւելիո՛վ յարգենք ազգային մեր արժէքները՝ Սուրբ Էջմիածինն ու այբուբենը, եւ գուրգուրա՛նք մեր ունեցածին վրայ, պահենք ու պահպանենք ՀՈ՛ՂԸ հայրենի:
Լոս Անճելըս, 8 նոյեմբեր 2020
ՀԱՅՐԵՆԻ «ԵՐԳ ԵՐԳՈՑ»Ը ԵՒ ՍՓԻՒՌՔԱՀԱՅ ԵՐԳԱՐՈՒԵՍՏԸ
ԱՐԱՄ ՍԵՓԵԹՃԵԱՆ
Երգարուեստը՝ երաժշտական ստեղծագործութիւններուն հիմնական այն մասն է, որ կ՚ամբողջանայ ու կը ներկայանայ ունկնդիրին՝ իր բառագանձով, բանաստեղծութեամբ: Տարբեր հարց, թէ մեկնաբանութեան (երգի կատարումի) ընթացքին՝ ունկնդիրը որքանո՞վ կ՚ըմբոշխնէ ու կը գնահատէ «երգ»ին երաժշտութիւնը եւ իր ապրումի պահուն նոյնքա՛ն հաւասար տեղ կու տա՞յ «բանաստեղծութեան» եւ անոր հեղինակին:
Երգարուեստը, յղացքէն մինչեւ մատուցում, իր ժողովուրդին ամենէն սրտամօտ արտայայտութիւնն է: Իսկ, անոր մատուցումը՝ անցեալին ձայնասփիւռով ու ներկայիս իր հեռուստատեսային սփռումով, արժանի է անով ոգեշնչուող արուեստասէրներու անվերապահ գնահատանքին:
Վերջին տասնամեակին, հայրենի հեռուստատեսութեան հաստատած «Հ.1. Հանրային առաջին ալիք»ի «Երգ երգոց» անուն հաղորդաշարը, ցարդ ութ տարիներու իր անխանգար գործունէութեամբ ՝ ինքնին մեծ եւ անփոխարինելի դեր կը կատարէ մանաւանդ սփիւռքահայութեան պարգեւած իր հայրենասիրական առաքելութեամբ:
Տարագիր սփիւռքահայութեան առաջին կիսադարուն (1920-1970), արեւմտահայ ծագումով շուրջ տասնեակ մը երաժիշտներ եւ երգահաններ նոր աւիշ ներարկեցին սփիւռքահայ երգարուեստին: Անոնք, եղան արժանի ժառանգորդները նախաեղեռնեան շրջանի երաժշտական մեր անուանի դէմքերուն, Մերձաւոր Արեւելքի մէջ ունեցանք Բարսեղ Կանաչեան, Համբարձում Պէրպէրեան, Շահան Պէրպէրեան, Աշոտ Պատմագրեան (ծագումով՝ իրանահայ), Հրանդ Գէորգեան (շրջան մը՝ Հայաստան), Վահան Պէտէլեան եւ Սեպուհ Աբգարեան (Կիպրոս), Իրան՝ Նիկոլ Գալենտէրեան, Ֆրանսա՝ Գ. Ալէմշահ, Արա Պարթեւեան, Գ. Կառվարենց եւ Շարլ Ազնաւուր, ԱՄՆ՝ Ալան Յովհաննէս, Գրիգոր Սիւնի եւ չյիշատակուած բազում երաժիշտներ եւ երգահաններ, որոնք իրենց ստեղծագործութիւններով սփիւռքահայ երգարուեստին նուիրեցին ազգային ոգի ու գեղարուեստական մակարդակ: Ապացոյց՝ իրենց իւրաքանչիւրին ներդրումը ժողովրդային թէ դասական յօրինումներով, մեներգի յատուկ՝ թէ երգչախմբային համերգներով: Այս ծիրէն ներս, օգտակար հրատարակութիւններու կարգին կը դասուի Սուրիա եւ լիբանանաբնակ երաժիշտներէն Գէորգ Աճէմեանի խմբագրած եւ 1930-1950-ական թուականներուն պարբերաբար հրատարակած (Հալէպ եւ Անթիլիաս) «Հայերէն երգէ» պատկերազարդ ձայնագրեալ երգարաններու շարքը (Ա.-Ժ.), որ նորակազմ սփիւռքահայ գաղութներուն ծանօթացուց հայրենի եւ սփիւռքահայ երգահանները իրենց երկերով: Ինչպէս նաեւ՝ այս ամէնուն մասին իր գիտական աշխատասիրութիւններով հայրենի հանրածանօթ երաժշտագէտ Ցիցիլիա Բրուտեան (տե՛ս «Հայրենաբաղձ հնչիւններ» (1962, 1964) եւ «Սփիւռքի հայ երաժիշտներ» (1968) զոյգ հատորները): Շարքը երկար է նմանատիպ այլ հրատարակութեանց հայրենի հեղինակաւոր դէմքերէ, եւս առաւել՝ Երեւանի պատկան մարմիններու եւ ձայնադարաններու մէջ կը յուսանք գտնել անհրաժեշտ տեսանիւթեր եւ ձայնագրութիւններ, որոնց լաւագոյններու հաւաքական օգտագործումով եւ սփիւռքահայ ներկայիս գործող երգահան, կամ երգիչ-երգչուհիներու օժանդակութեամբ պատրաստել յատուկ յայտագիրներ՝ նուիրուած սփիւռքահայ դասական երգարուեստին: Դժբախտաբար, «Երգ երգոց»ի սքանչելի այս հաղորդաշարէն, ցարդ ամբողջական յայտագիր մը չունեցանք, ի բաց առեալ թերեւս, յաւուր պատշաճի՝ հատ ու կենտ քանի մը ժողովրդականացած երգիչներու «ժողովրդային» երգերը:
Պէտք է գիտակցինք կարեւորութեանը սփիւռքահայ երաժշտութեան եւ երգարուեստին: Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան իրաւասութեան սահմաններէն ներս կ՚իյնայ, նաեւ տէր կանգնիլ սփիւռքի գրեթէ հարիւրամեայ մշակութային ու գեղարուեստի բոլոր մարզերու մէջ իրագործուած նուաճումներուն: Երգարուեստը՝ յանձնել «Երգ երգոց»ի խմբագրութեան: Ապա՝ անցնիլ միւս ճիւղերուն: Սփիւռքի գոյութիւնը պարտադիր իրողութիւն մըն էր, որուն ենթարկուեցաւ արեւմտահայութեան վերապրող սերունդը: Արդարեւ, հրաշքի համազօր երեւոյթ է, որ առանց պետական առաջնորդութեան եւ հոգածութեան, սփիւռքի հայկական գաղթօճախները բնազդօրէն շարունակեցին պահպանել իրենց ազգային աւանդոյթները, արեւմտահայ լեզուն ու գրականութիւնը: Մեր հայկական ինքնութեան պահպանումը շատ բան կը պարտի մանաւանդ՝ «եկեղեցի, դպրոց ու մամուլ» եռեակին, որ գիտցաւ սփիւռքահայուն մէջ վառ պահել Մշակութային Հայաստանի ոգին, յաղթահարել ամէն կարգի խոչընդոտներ ու քայլ պահել գեղարուեստի ու գիտական աշխարհի հետ՝ արձանագրելով բարձրակարգ նուաճումներ:
Ոգեղէն արժէքներու ստեղծումը կը հանդիսանայ անկողոպտելի այն գանձը, զոր կը պարտինք մեր հայրերու ու մեծ հայրերու սերունդին: Գիտնանք լաւագոյնս արժեւորել զայն ու ներկայացնել՝ պատմութեան դատաստանին:
Եւ այս՝ փոխադարձ ըմբռնումով ու վստահութեամբ:
«Զարթօնք», Լիբանան
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ