ՊԷՏՔԸ
Նորածինը կաթին կը փարի ով ալ ըլլայ մատակարարողը, քանի որ տակաւին աչքերը իսկ չեն բացուած. սակայն Պէտքը զինք կ՚առաջնորդէ: Պէտքէն կը յառաջանայ կախուածութիւնը. այս է կենդանական աշխարհի բնական ընթացքը: Վագրը ինչպէ՜ս կը խնամէ ձագերը՝ մինչեւ զանոնք վարժեցնէ ինքնաբաւութեան...։ Մարդ արարածն ալ ուրիշ տեսակ կենդանի մըն է, որ տակաւին լալու պիտի ստիպուի, խաղալ սորվի ու այլ այլ բաներ, ապրած շրջանակին քաղաքավարական նիստ ու կացը, եւ յառաջանալով խօսելու, բառերու գործածութեան ու մանաւանդ աղօթելու, մտերմանալու Աստուծոյ, եւ կամաց-կամաց ինքզինք հաստատելու տուեալ շրջանակին մէջ: Տեղ մը՝ «Աստ-ւած, թագաւոր, հայրենիք», այլ տեղ «Աստուած, ընտանիք, հայրենիք» եւ այլն:
Փոխադարձ յարաբերութեան մէջ նոյն համեմատութեամբ կ՚ըլլան յոյսերն ու յուսախաբութիւնները: Նե՞ղն ես, ունիս հայրենիք...։ Նե՞ղն ես, ունիս ընտանիք։ Նե՞ղն ես, ունիս Աստուած: «Ո՞վ ունիմ երկինքի մէջ, երկիրի վրայ ուրիշ մէկը չեմ ուզեր», կ՚ըսէ սաղմո-սերգուն...։ Իսկ մենք՝ հայերս նշանաւոր ենք եկեղեցաշինութեամբ, ի զուր չէ, որ Անին «1001 եկեղեցիներ ունէր...», հոն գտնելով մեր ապաւէնը: Այս ալ ազգային գիծ, վերացական եւ ոչ գործածական: Արեւելեան ասոյթ մը կ՚ըսէ՝ «Աղօթքդ կատարէ, բայց... ուղտդ ալ կապէ»:
Յիսուս խաչին վրայ ըսաւ՝ «Աստուած իմ, Աստուած իմ, ինչո՞ւ զիս թողու-ցիր», երբ ինք պիտի ըլլար Այն Աստ-ւածը՝ որուն կ՚աղերսէր:
Նախ՝ ինքնութեան զօրութիւն, ապա բացուիլ աշխարհին, ըստ Պէտքի, ի հարկէ: Արեւելեան հին պատմութիւն մը կայ։ Երկու մուրացիկներ սովոր էին ապրիլ քաղաքէն դուրս: Մէկը կոյր էր, իսկ միւսը ոտքեր չունէր: Օր մը քաղաքին մօտիկ անտառը, ուր այս մուրացիկները սովոր էին ապրիլ, հրդեհ ծա-գեցաւ: Անոնք մրցակիցներ էին, նոյն մասնագիտութեամբ, նոյն անձերէ մուրալ. ուստի յարատեւ իրարու հետ խըն-դիրներ կ՚ունենային: Անոնք թշնամի-ներ էին: Նոյն մասնագիտութեամբ չէին կրնար բարեկամներ ըլլալ, քանի որ մրցակցութիւնը յաճախորդ որսալու՝ կը հեռացնէ իրարմէ: Մուրացիկները կը բնորոշէին իրենց յաճախորդները՝ «Յի-շէ, թէ այս իմ մարդս է, մի նեղեր զինք»: Դուն չես գիտեր, թէ ո՛ր մուրացկանին կը պատկանիս, բայց մուրացիկ մը քեզ «որդեգրած է»: Եւ կը կռուի ի խնդիր սեփականութեան: Դուն իրն ես:
Սակայն օր մը անտառը հրդեհ ծագե-ցաւ, այս երկու մուրացիկները պահ մը խորհեցան: Թշնամիներ էին. նոյնիսկ խօսակցական յարաբերութիւն չունէին, բայց այս՝ ճակատագրական էր, անտառը բռնկած էր: Կոյրը ըսաւ ոտքեր չունեցողին՝ «հիմա միակ ելքը փախուստի, կը նստիս ուսերուս, ես քու աչքերդ, դուն՝ իմ ոտքերս կը գործածես: Այս է միակ ելքը, որով կրնանք փրկուիլ»:
Հասկնալի էր. խնդիր չկար: Լուծումը պարզ եւ արագ:
Պորտակապը՝ Պէտքը... գիտակցութիւնը անոր:
Մեր ատենին գրաբար դասընթացքներ ալ կ՚ունենայինք երբեմն. գրութեան մը աւարտին կ՚ըլլար.- «զառակս ցուցանէ»:
Ուստի, Պէտքը՝ անհրաժեշտութիւնը միացման կամ փոխյարաբերութեան:
ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ