ԼԻԱՐԺԷՔ ԱԶԱՏՈՒԹԵԱՆ ԲԵՌԸ
Իւրաքանչիւր օրը կանգնած՝ ծածկուած քրտինքով, կեղծ յոյզերով, կը թուէր, թէ օրէ օր, քայլ առ քայլ կը մօտենամ մէկ այլ մոռցուածի, կորսուածի վերածուելու։ Այնքան սովոր էի, թէ կեանքի պայմանները թելադրեն իմ ապրելակերպը։ Սովոր էի արձագանգել իմ շրջապատին՝ միայն գործելով այդ շրջապատի համաձայն։ Սա գրեթէ անհնար դարձուցած էր վերահսկել իմ կեանքի ընթացքը։ Սա բաւական հետեւողական գործընթաց դարձած էր. շաբաթները կ՚անցնէին ինքնակաթուածահար վիճակի մէջ, կը զգայի նոր բան մը չստեղծելու, չարտադրելու մեղքի ծանրութիւնը…
Սա ընդունելի սովորութիւն մը չէ յատկապէս ստեղծագործ անհատներու համար։ Այս իրավիճակը պարզապէս կը շարունակուի ու կը շարունակուի։ Ստեղծագործական յուսահատութեան պոռթկումով կը նկատուի ընկճուածութեան ու անհանգստութեան կրկնուող յորձանուտը։
Այլեւս կը բաւէր։ Իւրաքանչիւր օր աւելի դիւրագրգիռ էի, առանց որեւէ պատճառի պարզապէս կ՚ուզէի բոլորի հետաքրքիր աչքերէն հեռանալ։ Մանր ու բոլորովին տանելի բաները անմիջապէս կրնային վատթարացնել տրամադրութիւնս։
Եւ վերջապէս, ամիսներ շարունակ քննարկելէ յետոյ եւ փորձելով ծրագրել ճիշդ ժամանակը՝ հասկցայ, թէ երբեք պիտի չըլլայ աւելի լաւ ժամանակ, քան հիմա։ Այսքան ընկճուածութիւն, ինքզինքիս հետ այսքան բանավէճ, այսքան «տարբերակներու կշռում»… Ես այլեւս ունէի ծրագրի անորոշ ուրուագիծ։ Ես ըրի այն, ինչ շատեր դեռ կը փափաքին։ Մէկդի դրի իմ մտահոգութիւները, որպէսզի ժամանակ ունենամ իրականացնելու իմ երազանքները։ Սա նոր սկիզբ մըն էր, նոր էջ մը։ Հիմա այնպէս կը թուի, թէ ոչինչ կրնայ խոչընդոտել իմ ճանապարհը։ Կարծէք վերստին ծնած ըլլայի։ Որոշեցի, թէ այն ինչ, որ պիտի ընեմ, ես եմ վճռողը։
Յունուարի 1-ն էր եւ ես յուզուած էի։ Հիանալի սկիզբ, չէ՞։ Քանի մը օր անց ալ հիւանդացայ եւ շաբաթ մը սահմանափակուեցայ իմ սենեակի մէջ, ուր օրեր շարունակ պառկելով դիտեցի ժապաւէններ։ Ինքնըստինքեան խորհեցայ, թէ իմ մնացեալ կեանքի առաջին օրուան պիտի սկսիմ, երբ լաւ զգամ։ Առողջութիւնս բարելաւուեցաւ, բայց օրերը անցան, գացին։ Ի վերջոյ դեռ շատ ժամանակ կայ, ի՞նչ նշանակութիւն ունի, թէ ես արդիւնաւէտ եմ հիմա կամ աւելի ուշ։ Վերջ ի վերջոյ անպայման կը հասնիմ անոր, այս ի՞նչ աճապարանք…
Տեսէ՛ք, «լիարժէք ազատութիւնը» կու գայ իր բեռով։ Այդ մէկը կրնաք զգալ, երբ ձեր ուշադրութիւնը շեղէք ձեզ լաւ գգացնող բաներով ու գործ մը չէք ըրած ձեր երազանքը իրականացնելու համար։ Կը խորհիք, թէ «վաղը» միշտ կայ։
Ահաւասիկ այս բեռն է, որ մեզմէ շատերը կը պահէ կաթուածահար վիճակի մէջ։ Գիտենք, որ կան գործեր, որոնք պէտք է ընենք, բայց ծանրութիւնը մեզ կը պահէ եւ թոյլ չի տար գործել անոնց համաձայն։
Կը սկսինք իրապէս զգալ, թէ որքան տարբերակներ կան մեզի համար հասանելի։ Կ՚արթննանք եւ կը կարողանանք տեսնել որոշումներու, ուղիներու, հնարաւոր սխալներու եւ վերջին վայրկեանի ընտրութիւններու անվերջ շարքերը։ Ընտրելու այնքան շատ բան կայ, թէ որեւէ բան միւսէն աւելի լաւ կամ վատ չի թուիր։ «Ցանկալի»ն կամ «անհրապոյր»ը կը սկսին կորսնցնել իրենց տարբերութիւնը։ Ճիշդ այդ ժամանակ, երբ կը բախուինք հաւանականութիւններու կոյտին, կը սկսիք կասկածիլ, թէ իրականութեան մէջ ո՛վ ենք մենք այդ բոլորի մէջ։
Չափազանց սովոր ենք, թէ մեզ ուղղութիւն տրուի։ Թէեւ զայրացած ենք մեր ղեկավարներէն, ուսուցիչներէն, ծնողներէն կամ մէկ ուրիշէն, որոնք ստիպուած ենք լսել տարիներու ընթացքին, սակայն, տակաւին պայմանաւորուած ենք անոնց թելադրանքներով։ Բազում մարդիկ այնքան ալ չեն ազդուիր այս կերպարներէն եւ կը փորձեն առաջնորդել իրենց գործողութիւնները։ Անոնք գիտեն, թէ ի՛նչ կ՚ուզեն ընել եւ թոյլ չեն տար, որ ուրիշը իրենց հակառակը համոզէ։ Անոնք կը շնորհաւորեմ։ Վստահ եմ, որ շատ ուժ կը պահանջէ արթննալը եւ պարզապէս ըմբռնելը, թէ ինչ պէտք է ընել։ Բայց բազմաթիւներ նաեւ դժուարութիւններ կ՚ունենան, երբ անոնց կը տրուի իրենց կեանքի ղեկը, յատկապէս եթէ անոնց չեն սորվեցուած ինքզինք կառավարել։
Որոշումներու ծովը չափազանց ընդարձակ է։ Բազմաթիւ ճանապարհներ կան անցնելու եւ մէկ ուղղութիւն ընտրելը կը նշանակէ հրաժարիլ միւս բոլորէն։ Սեփական կեանքի համար պատասխանատուութիւն կրելու սովոր չըլլալը կը ծանրացնէ մեզ այն իրականութեան հետ, որ մեր կեանքը որեւէ ուղղութեամբ չի շարժիր, եթէ չուզենք։
Այժմ խարսխուած եմ վայրի մը, որ յարմար կը համարեմ անվերջանալի ժամանակի անընդհատ հոսող ալիքի մէջ կողմնորոշուելու համար։ Եւ այստեղէն պիտի կառուցեմ նոր նաւակ մը՝ նախքան աւելի մեծ նաւակով մը նաւարկելու իմ նպատակին։ Անշուշտ, առանց առաջնորդութեան, առանց խորհուրդներու կամ ծրագրի՝ դատարկ օրերու օրացոյցը կրնայ սարսափելի թուիլ։ Սա կրնայ ձեզ մղել պոչը շրջել եւ վերադառնալ դէպի այն կեանքի, որմէ հրաժարած էք։
Իմ խորհուրդը. կառուցեցէք խարիսխ մը։ Գտէք տեղ մը, ուր կարենաք վերադառնալ ամէն օր, ուր կարենաք դիտել ձեր ընտրութիւններու ամբողջ դաշտը։ Եթէ ճիշդ ընտրութիւն կատարէք եւ ազնիւ ըլլաք դուք ձեզի հետ, ի վերջոյ պիտի արժեւորուին ձեր բոլոր ջանքերը։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Ընկերամշակութային
- 01/31/2025