ԱՐՇԱԿ ՉՕՊԱՆԵԱՆ. ՀԱՅ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՄՇԱԿՈՅԹԻ ՄԵԾԱՎԱՍՏԱԿ ՊԱՀԱՊԱՆԸ
Յուլիս 15-ին կը տօնենք ծննդեան տարեդարձը հայ գրականութեան եւ մշակոյթի անմահ դէմքերէն Արշակ Չօպանեանի։
Բազմաշնորհ մեծութիւն է Չօպանեան՝ եթէ ոչ անպայման գրական-գեղարուեստական իր ժառանգութեամբ, բայց հաստատապէս հայ հոգեմտաւոր հարստութեանց պահպան ման ու զարգացման նուիրաբերուած իր բարձրարուեստ վաստակով։
Արշակ Չօպանեան անունը կը յուշէ թէ՛ անհուն սէրն ու պաշտամունքը հանդէպ հայ մշակոյթին ու գրականութեան, թէ՛ տաղանդը հայ լեզուի յղկման ու կատարելագործման եւ թէ՛, յատկապէ՛ս, հայկեան հանճարի անկորնչելի գեղեցկութիւնները վերծանելու, արժեւորելու եւ սեփական ժողովուրդին ու ողջ մարդկութեան փոխանցելու անխոնջ աշխատանքն ու պատկառելի ներդրումը։
Իր այդ արժանիքներով՝ Արշակ Չօպանեան բարձրադիր պատուանդան մը նուաճած է հայ գրողներու յաւերժական պանթէոնին մէջ։
Աւազանի անունով Չօպանեան Արշակ Յովհաննէսի, մեծանուն հայ գրողը, քննադատը, բանասէրը, հրապարակագիրը, թարգմանիչն ու հասարակական գործիչը ծնած էր Պոլիս, 15 Յուլիս 1872-ին, ակնցի ոսկերիչի ընտանեկան յարկին տակ։
Ուսումը ստացաւ նախ Պոլսոյ Մաքրուհեան դպրոցին, ապա՝ Կեդրոնական վարժարանին մէջ՝ աշակերտելով ժամանակի ականաւոր գրական գործիչներու։ Սկսաւ ստեղծագործել վաղ տարիքէն՝ ինքնուրոյն եւ թարգմանական գործերով աշխատակցելով «Բուրաստան մանկանց», «Արեւելք», «Մասիս» եւ «Հայրենիք» պարբերականներուն։
1895-ին խմբագրեց «Ծաղիկ» կիսամսեայ թերթը։ Նոյն տարին, իր կարգին խոյս տալով Համիտեան իշխանութեանց հետապնդումներէն, տեղափոխուեցաւ Փարիզ, որ դարձաւ իր մնայուն բնակավայրը։ Ձեռնարկեց «Անահիտ» գրական-գեղարուեստական մեծարժէք հանդէսի հրատարակութեան (1898-1911, նոր շրջան՝ 1929-49)։ Նաեւ մասնակցեցաւ «Վերածնունդ» (1917-19) եւ «Ապագայ» (1921-24) թերթերու խմբագրումին։
Արշակ Չօպանեան երկար ապրեցաւ եւ բախտը ունեցաւ սերնդակիցն ու գործակիցը ըլլալու հայ մտաւորականութեան թէ՛ նախաեղեռնեան, թէ՛ յետ-եղեռնեան սերունդներուն։
Իբրեւ գեղարուեստական մեծ ճաշակի տէր հեղինակութիւն՝ Չօպանեան գրական քննադատի իր անփոխարինելի ներդրումը ունեցաւ երիտասարդ արժէքներու յայտնաբերման եւ խրախուսման մէջ։
Ստեղծագործեց գրական բոլոր սեռերով։ Բանաստեղծութիւնները ամփոփ-ւած են «Արշալոյսի ձայներ» (1891), «Թրթռումներ» (1892) եւ «Քերթուածներ» (1908) հատորներուն մէջ, որոնք կը յատկանշուին ռոմանթիք բանաստեղծութեան «միակողմանիութիւնը յաղթահարելու եւ իրականութեան կենդանի գիծերը արտայայտելու ձգտումով», ինչպէս որ նշած է գրականագէտ Է. Ջրբաշեան։ Չօպանեան հրատարակած է նաեւ «Թուղթի փառք» (1892) հոգեբանական վիպակը, «Տղու հոգիներ» (1923) պատմուածքներու եւ պատկերներու ժողովածոն, «Մութ խաւեր» (1893) ու «Հրաշքը» (1923) թատերախաղերը եւ այլ երկեր։
Չօպանեանի ներդրումը առանձնապէս տիտանական եղաւ գրականագիտական եւ բանասիրական ասպարէզին մէջ։ Իրեն կը պարտինք միջնադարեան հայ տաղերգութեան գեղեցկութիւնները վերծանելու եւ մեր սերունդներուն ու ամբողջ աշխարհին ծանօթացնելու անփոխարինելի նուաճումը։
Չօպանեան հայերէնով եւ ֆրանսերէնով հրատարակեց միջնադարեան ու նոր շրջանի գրական յուշարձաններ՝ Նահապետ Քուչակին վերագրուող քառեակներուն եւ ընդհանրապէս միջնադարեան «հայրէններու» ժողովածոները («Նահապետ Քուչակի դիւանը», 1902, «Հայրէններու բուրաստանը», 1940), «Նաղաշ Յովնաթան աշուղը եւ Յովնաթան Յովնաթանեան նկարիչը» (1910), «Հայ էջեր» (1912) գիրքերը։
Չօպանեան առաջինը եղաւ, որ Գրիգոր Նարեկացիի ժառանգութիւնը վերլուծեց իբրեւ գեղարուեստական ստեղծագործութիւն՝ բացայայտելով կրօնամիսթիքական շղարշի տակ պահուած Նարեկացիի խոր մարդասիրական էութիւնը եւ, իբրեւ այդպիսին, Նարեկացին դասելով համաշխարհային գրականութեան հսկաներու կողքին։
Չօպանեան նաեւ կազմեց ու առանձին հատորներով լոյս ընծայեց Պետրոս Դուրեանի (1894) եւ Մկրտիչ Պէշիկթաշլեանի (1907) երկերը, որոնց նուիրեց նաեւ ծաւալուն ուսումնասիրութիւններ։
Չօպանեան-քննադատի նախասիրած մարզը էսսէ-դիմանկարի ժանրը եղաւ. սեղմ շրջանակներու մէջ ան ներկայացուց ծանօթ գրողներու ընդհանրական, խոր եւ դիպուկ բնութագիրը, բացայայտեց անոնց ստեղծագործական մտածողութեան, մեթոտին եւ ոճին էական գիծերը։ Այդպիսի յօդուածներ նուիրեց Խ. Աբովեանին, Ղ. Ալիշանին, Յ. Պարոնեանին, Գ. Սունդուկեանին, Րաֆֆիին, Պ. Պռօշեանին, Ա. Շիրվանզադէին, Համաստեղին եւ ուրիշներուն (անոնց զգալի մասը ամփոփուած է «Դէմքեր» ( հ. 1-2, 1924-29) ժողովածուներուն մէջ։
Վերջապէս, Չօպանեան մեծ աշխատանք կատարեց հայ գրականութիւնը Եւրոպայի մէջ քարոզելու եւ հայ ժողովուրդին դատը պաշտպանելու ուղղութեամբ։ Անձնական եւ նամակագրական կապեր ունեցաւ ժամանակի եւրոպացի գրողներու եւ հասարակական գործիչներու հետ։ Թարգմանեց եւ ֆրանսերէնով հրատարակեց հին ու նոր շրջանի հայ բանաստեղծներու բազմաթիւ երկեր։ Այդ աշխատանքին պսակը եղաւ «Վարդենիք Հայաստանի» ֆրանսերէն (հ. 1-3, 1918-1929) ժողովածուն։
Մեծանուն հայը զոհ գնաց պատահական ինքնաշարժի արկածի, 1954 թուականի Յունիս 8ին եւ արժանացաւ համազգային յուղարկաւորութեան ու թաղումի։
Արշակ Չօպանեանի արժէքին ու վաստակին նկատմամբ հայ ժողովուրդին տածած ընդհանուր յարգանքն ու երախտագիտութիւնը լաւագոյնս կ’արտայայտէ հայոց մեծամեծներէն Գրիգոր Զօհրապ, որ 1913ին Չօպանեանին ուղղուած իր անձնական նամակին մէջ հետեւեալը կը շեշտէր՝
«… Միս-մինակդ ըրիր ինչ որ շատեր միացած չէին կրնար ընել. եւ ինչ որ ամէնէն յարգելին է քու աշխատութեանց մէջ, դուն հիանալի երկիւղածութեամբ մը նուիրեցիր ինքզինքդ՝ փշրանքներն ու նշխարները հաւաքելու մեր գրական անցեալին, ճիշդ անոր՝ որ ամէնէն մոռցուածն ու լքուածն է»։
Չօպանեանի ծննդեան տարեդարձին նուիրուած այս հակիրճ անդրադարձը կþարժէ եզրափակել անոր պատգամը խտացնող հետեւեալ մտքերով.
- «Ազգ մը չի կորսուիր, երբ գիտէ իր սխալները ճանչնալ եւ ինքը զինքը ուղղել»:
- «Ո՜վ մեր լեզուն, հայելի մաքրութեան, գորովի եւ արիութեան, դուն մեր հոգին ու մեր արիւնն ես, դուն մեր զրահն ու մեր փառքն ես»:
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ