ՍԻՐԱՀԱՐՆԵՐՈՒ ԱՅԳԻ…

Ե­րե­ւա­նի մէջ կ՚ըն­թա­նայ Հա­յաս­տա­նի տա­րուան գլխա­ւոր մի­ջո­ցա­ռում­նե­րէն մին՝ «Ոս­կէ ծի­րա­ն» շար­ժան­կա­րի մի­ջազ­գա­յին փա­ռա­տօ­նը, որ այս տա­րի կազ­մա­կեր­պուած է 12-րդ ան­գամ: Ե­րե­ւա­նի սա­կա­ւա­թիւ շար­ժան­կա­րա­յին սրահ­նե­րը այս օ­րե­րուն լեփ­լե­ցուն են հան­դի­սա­կան­նե­րով: Տա­րուան մէջ մէկ ան­գամ շար­ժան­կա­րի սի­րա­հար­նե­րը կը վա­յե­լեն ա­րուես­տի իս­կա­կան տօն՝ ա­ռըն­չուե­լով համ­բա­ւա­ւոր ա­րուես­տա­գէտ­նե­րու հետ:

Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թե­նէն ետք գո­ց-ւած են Ե­րե­ւա­նի մէջ խորհր­դա­յին տա­րի­նե­րուն գոր­ծած տաս­նեակ շար­ժան­կա­րի սրահ­ներ, բայց ա­նոնց փո­խա­րէն ալ ի յայտ ե­կած են քա­նի մը սրահ եւ շար­ժան­կար­նե­րու ցու­ցադ­րու­թեան վայ­րեր: Ե­րե­ւա­նի մէջ «Ոս­կէ ծի­րա­ն­»ի շար­ժան­կար­նե­րու ցու­ցադ­րու­թեան վայ­րե­րէն մէկն ալ «Ռո­բերտ Պօ­ղո­սեա­ն» ամ­փի­թատ­րոնն է: Նոր վայր մը Ե­րե­ւա­նի մէջ, ուր վեր­ջին քա­նի մը տարուան ըն­թաց­քին անվ­ճար ու բա­ցօ­թեայ կը ցու­ցադ­րուին փա­ռա­տօ­նի ժա­պա­ւէն­նե­րէն: «Ռո­բերտ Պօ­ղո­սեա­ն» ամ­փի­թատ­րո­նը Ե­րե­ւա­նի նո­րա­գոյն պու­րակ­նե­րէն մէ­կուն՝ Սի­րա­հար­նե­րու այ­գիին մէջն է: Այս օ­րե­րուն Սի­րա­հար­նե­րու այ­գիին մէջ տի­րող ան­սո­վոր ե­ռու­զեռն ալ ա­ռիթ ե­ղաւ, որ անդ­րա­դառ­նանք Բաղ­րա­մեան պո­ղո­տա­յին վրայ գտնուող պու­րա­կին եւ ա­նոր ստեղծ­ման պատ­մու­թեա­ն, ինչ­պէս նաեւ այն հիմ­նադ­րա­մին, որ իր հո­գա­ծու­թեան ներ­քոյ ա­ռած է նման գե­ղե­ցիկ վայ­րի մը նո­րո­գու­մը եւ ա­ջա­կից է Ե­րե­ւա­նի ու Հա­յաս­տա­նի այլ քա­ղաք­նե­րու մէջ այ­գի­նե­րու, մշա­կու­թա­յին կեդ­րոն­նե­րու ստեղծ­ման եւ զար­գաց­ման ծրագ­րե­րու ի­րա­կա­նաց­ման:

 Ամ­րան տա­քուն Ե­րե­ւա­նի բնա­կիչ­նե­րը եւ Ե­րե­ւան այ­ցե­լող զբօ­սաշր­ջիկ­նե­րը զով ան­կիւն­ներ կը փնտռեն: Այդ ան­կիւն­նե­րէն մին ալ Ե­րե­ւա­նի Սի­րա­հար­նե­րու այ­գին է, ո­ր մայ­րա­քա­ղա­քի՝ հա­մե­մա­տա­բար նոր բա­րե­կար­գուած այ­գի­նե­րէն մին է, հա­կա­ռակ ա­նոր, որ այ­գիին տա­րած­քը եւ այ­գին հին եւ վա­ղե­մի պատ­մու­թիւն մը ու­նին: Ե­րե­ւա­նի Մար­շալ Բաղ­րա­մեան ընդյա­տա­կեայ գնաց­քու­ղիի (մեթ­րօ) կա­յա­նին մօտ գտնուող ներ­կա­յիս Սի­րա­հար­նե­րու այ­գի կո­չուող պու­րա­կը գո­յու­թիւն ու­նե­ցած է տա­կա­ւին 18-րդ դա­րուն եւ կո­չուած է «Կո­զեռ­նի այ­գի­նե­ր»: Այդ ժա­մա­նակ ալ տնկուած են այ­գիի ծա­ռե­րուն մեծ մա­սը: Դժուար է հա­ւա­տալ, որ այ­սօր Ե­րե­ւա­նի կեդ­րո­նա­կան այս պո­ղո­տա­նե­րէն մէ­կը ժա­մա­նա­կին ե­ղած է Ե­րե­ւա­նի ա­րուար­ձա­նը: Հե­տա­գա­յին՝ Հա­յաս­տա­նի ա­ռա­ջին հան­րա­պե­տու­թեան տա­րի­նե­րուն, ճար­տա­րա­պետ Ա­լեք­սանտր Թա­մա­նեա­նի ե­րե­ւա­նեան նա­խա­գի­ծը փո­խած է քա­ղա­քի դի­մա­գի­ծը, եւ Ե­րե­ւա­նի այս տա­րած­քը բուռն զար­գա­ցում ապ­րած է Բ. Աշ­խար­հա­մար­տէն յե­տոյ:

1949 թուա­կա­նին ռուս բա­նաս­տեղծ Ա­լեք­սանտր Փուշ­քի­նի ծննդեան 150-ա­մեա­կին առ­թիւ, այ­գին ա­նուա­նուած է Փուշ­քի­նի այ­գի, պու­րա­կին մէջ դրուած են ման­կա­կան քա­նի մը ճօ­ճա­նակ (օ­րօ­րոց)՝ մա­նուկ­նե­րու եւ նստա­րան­ներ՝ մե­ծե­րու հան­գիս­տին հա­մար: 1970 թուա­կա­նին այ­գին եւ ա­նոր կից պո­ղո­տան (որ այժմ կը կրէ Մար­շալ Բաղ­րա­մեան ա­նու­նը) ա­նուանուած է Բա­րե­կա­մու­թեան՝ խորհր­դա­յին ժո­ղո­վուրդ­նե­րու բա­րե­կա­մու­թիւ­նը նշա­նա­ւո­րե­լու հա­մար, այ­նու­հե­տեւ կրկին փո­խուած է ա­նու­նը ու կը կրէ ներ­կա­յիս ա­նուա­նու­մը՝ ի յի­շա­տակ հայ մեծ զօ­րա­վա­րի:

Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թե­նէն յե­տոյ, 1995 թուա­կա­նին Ե­րե­ւան քա­ղա­քի ե­րես­փո­խա­նա­կան խոր­հուր­դի ո­րոշ­մամբ այ­գին ա­նուա­նուած է Ե­րե­ւա­նի Սի­րա­հար­նե­րու այ­գի։ Սի­րա­հար­ներ ա­նուա­նու­մը պա­տա­հա­կան չէ ընտ­րուած. ժո­ղո­վուր­դը այդ­պէս կո­չած է Ազ­գա­յին ժո­ղո­վի եւ այ­գիի յա­րա­կից փո­ղոց­նե­րէն մին՝ Դե­միր­ճեան փո­ղո­ցը:

Սի­րա­հար­նե­րու այ­գի ա­նուա­նե­լէ ետք այ­գիի մէջ ոչ մէկ աշ­խա­տանք ի­րա­կա­նա­ցուած էր եւ ան եր­կար ժա­մա­նակ բար­ձի­թո­ղի վի­ճա­կի մէջ էր: 2007 թուա­կա­նին այ­գին կը վե­րա­կա­ռու­ցուի իբ­րեւ ճա­բո­նա­կան այ­գի եւ «Պօ­ղո­սեան այ­գի­նե­ր» ծրագ­րի մաս կը կազ­մէ։ Այ­գիի խնամ­քի հիմ­քին կայ ճա­բո­նա­կան այ­գի­նե­րու սկզբուն­քը, եւ ան իր վե­րա­կա­ռուց­մամբ եւ մա­տու­ցած յար­մա­րա­ւէ­տու­թիւն­նե­րով էա­պէս կը տար­բե­րի Ե­րե­ւա­նի միւս այ­գի­նե­րէն: Սի­րա­հար­նե­րու այ­գիին մէջ չկան աս­տի­ճան­ներ եւ ա­նոր ա­ռա­ւե­լու­թիւն­նե­րէն մէկն ալ այն է, որ այս­տեղ ստեղ­ծուած են հաշ­ման­դա­մա­կան սայ­լակ­նե­ր եւ դժուար տե­ղա­շար­ժուող այ­ցե­լու­նե­րու հա­մար բո­լոր պայ­ման­նե­րը:

Սո­վո­րա­կան, ոչ-տօ­նա­կան օ­րե­րուն այ­գին կ՚ու­նե­նայ օ­րա­կան չորս հա­րիւր-հինգ հա­րիւր այ­ցե­լու, իսկ այս օ­րե­րուն ա­նոնց թի­ւը կը հաս­նի մին­չեւ հա­զա­րի: Մար­դիկ կը նստին բո­լո­րա­ձեւ աս­տի­ճան­նե­րուն վրայ կամ պար­զա­պէս՝ գե­տի­նը, զով ե­րե­ւա­նեան ե­րե­կո­յին դի­տե­լով հեր­թա­կան շար­ժան­կա­րը, որ նա­խա­տե­սուած է «Ոս­կէ ծի­րա­ն­»ի ծրագ­րով:

Այս այ­գիին մէջ տե­ղի կ՚ու­նե­նան փա­ռա­տօ­ներ, ձեռ­նարկ­ներ, բա­ցօ­թեայ ցու­ցա­հան­դէս­ներ, Վար­դա­վառ, Սուրբ Սարգ­ի­սի ժո­ղովր­դա­յին տօ­նախմ­բու­թիւն: Այ­գին վեր­ջին տա­րի­նե­րուն իբ­րեւ վայր ընտ­րուած է հար­սա­նե­կան լու­սան­կա­րա­հա­նում­նե­րու հա­մար:

Սի­րա­հար­նե­րու այ­գին Ե­րե­ւա­նի միակ այ­գին է, որ կրցած է զերծ մնալ սրճա­րան­նե­րու եւ ա­ռեւ­տու­րի հա­մար շա­հա­գոր­ծուող այլ վայ­րե­րու ներ­խու­ժու­մէն։ Այս­տեղ կը գոր­ծէ միայն Ա­չա­ջուր ինք­նա­տիպ սրճա­րա­նը, որ­մէ ստա­ցուած ամ­բողջ շա­հոյ­թը կը յատ­կա­ցուի այ­գիի ծախ­սե­րը հո­գա­լու հա­մար։ Ճա­բո­նա­կան այ­գի­նե­րու սկզբուն­քն է գեր­յա­գե­ցած քա­ղաք­նե­րու մէջ ներ­մու­ծել կտոր մը բնու­թիւն. ա­հա­ւա­սիկ այս սկզբուն­քով ալ կա­ռու­ցուած է այս այ­գին, ուր չկան կրա­ձոյլ պա­տեր, մե­տա­ղեայ կա­ռոյց­ներ:

 Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թեան ա­ռա­ջին տա­րի­նե­րուն, երբ հան­րա­պե­տու­թիւ­նը յայտ­նուած էր տնտե­սա­կան շրջա­փակ­ման ծանր կա­ցու­թեան մեջ, բնա­կիչ­նե­րը անխ­նայ կը հա­տէին քա­ղա­քի ծա­ռե­րը՝ ի­րենց տու­նե­րը տաքց­նե­լու հա­մար: Հրաշ­քով կան­գուն մնա­ցած են այ­սօ­րուան Սի­րա­հար­նե­րու այ­գիի ա­ւե­լի քան մէ­կու­կէս դա­րեայ պատ­մու­թիւն ու­նե­ցող ծա­ռե­րը, ո­րոնք այ­գիի հարս­տու­թիւնն են, եւ ո­րոնք ար­դէն անձ­նա­գիր ու­նին, իբ­րեւ հնա­գոյն ծա­ռեր: Հա­յաս­տա­նի զա­նա­զան վայ­րե­րէն այ­գի բե­րուած են ան­ձեւ քա­րեր ու տե­ղադ­րուած են իբ­րեւ ձե­ւա­ւո­րում:

Այ­գին կը զբա­ղեց­նէ 1.5 հեք­թար տա­րա­ծու­թիւն: Սի­րա­հար­նե­րու այ­գիի վե­րա­կա­ռուց­ման նա­խա­գի­ծը ի­րա­կա­նա­ցուած է զուի­ցե­րաբ­նակ այ­գեն­կա­րա­յին ճար­տա­րա­պետ, ճա­բո­նա­կան եւ ա­րե­ւե­լեան պար­տէզ­նե­րու մա­սին բազ­մա­թիւ աշ­խա­տու­թիւն­նե­րու հե­ղի­նակ Փիէռ Ռամ­պա­խի կող­մէ, որ մէ­կու­կէս տա­րի ու­սում­նա­սի­րու­թե­նէ յե­տոյ գծած է նա­խա­գի­ծը, որն ալ ար­ժա­նա­ցած է Ե­րե­ւա­նի քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նի հա­ւա­նու­թեան։ Փիէռ Ռամ­պախ այ­գիին մէջ նա­խագ­ծած է լճակ­ներ, ո­րոնց վրայ ա­ճե­ցուած են գոյնզ­գոյն ջրա­շու­շան­ներ, նա­խա­տե­սած է ա­րուես­տա­կան ջրվէժ, ամ­փի­թատ­րոն, ա­ւա­զա­պատ ճե­մու­ղի­ներ, բա­ւա­կա­նա­չափ մեծ կա­նաչ տա­րածք, տնկուած են նոր թու­փեր, կա­ռուց­ման ժա­մա­նակ հա­տու­մէ փրկած են այ­գիին ա­մե­նէն հին ծա­ռե­րը, զա­նոնք նե­րա­ռե­լով նոր ձե­ւա­ւոր­ման մէջ: Ճար­տա­րա­պե­տին նա­խա­գի­ծը այ­սօր ի­րա­կա­նու­թիւն է, այ­գիին մէջ կան այն ա­մէ­նը, ինչ որ նա­խա­տե­սած է ան, սա­կայն Փիէռ Ռամ­պախ, այ­գիի բա­ցու­մէն քա­նի մը տա­րի ետք հե­ռա­ցած է կեան­քէն: Սի­րա­հար­նե­րու այ­գին ճա­բո­նա­կան ձե­ւով կա­ռու­ցե­լու եւ զայն ե­րե­ւան­ցի­նե­րուն իբ­րեւ նուէր յանձ­նե­լու ծրա­գի­րը «Պօ­ղո­սեա­ն» հիմ­նադ­րա­մի տաս­նեակ ծրագ­րե­րէն մէկն է: Այ­գին ա­րդէն եօ­թ տա­րե­կան է:

«ՊՕՂՈՍԵԱՆ» ՀԻՄՆԱԴՐԱՄ

Ան­ցեալ տա­րի Հա­յաս­տա­նի մէջ նշուե­ցաւ «Պօ­ղո­սեան» հիմ­նադ­րա­մի՝ Հա­յաս­տա­նէ ներս սկսած գոր­ծու­նէու­թեան 20-ա­մեա­կը:

«Պօ­ղո­սեա­ն» հիմ­նադ­րա­մը ստեղ­ծուած է Պէյ­րու­թի մէջ: Սկզբնա­կան շրջա­նին ան կո­չուած է «Ռո­պերթ Պօ­ղո­սեան եւ որ­դի­նե­ր»: Հիմ­նադ­րա­մը այ­սօր կը ղե­կա­վա­րեն Ժան (որ կը բնա­կի Պել­ժի­ա) եւ Ալ­պէր (որ կը բնա­կի Զուի­ցե­րիա) Պօ­ղո­սեան­նե­րը:

Հա­յաս­տա­նի մէջ հիմ­նադ­րա­մը գոր­ծու­նէու­թիւն ծա­ւա­լած է 1994 թուա­կա­նէն սկսեալ: Սկզբնա­կան շրջա­նին իր հո­գա­ծու­թեան տակ առ­նե­լով կրթա­կան ու մշա­կու­թա­յին բնա­գա­ւառ­նե­րը՝ «Պօ­ղո­սեա­ն» հիմ­նադ­րա­մը հե­տա­գայ տա­րի­նե­րուն ընդ­լա­յնած է իր օգ­նու­թիւ­նը այլ ո­լորտ­նե­րու մէջ եւս: Միայն «Հա­յաս­տա­ն» հա­մա­հայ­կա­կան հիմ­նադ­րա­մի մի­ջո­ցաւ Հա­յաս­տա­նի տնտե­սա­կան եւ հո­գե­ւոր վե­րած­նուն­դին գծով Պօ­ղո­սեան­նե­րը նուի­րա­բե­րած են ա­ւե­լի քան 2 մի­լիոն տո­լար:

2000 թուա­կա­նին «Պօ­ղո­սեա­ն» հիմ­նադ­րա­մը «Հա­յաս­տա­ն» հա­մա­հայ­կա­կան հիմ­նադ­րա­մին հետ հա­մա­տեղ ստեղ­ծած է Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գա­հի մրցանք: Ան ուղ­ղուած է բնա­կան, ար­հես­տա­գի­տա­կան եւ այլ գի­տու­թիւն­նե­րու, բնա­գի­տու­թեան, տե­ղե­կա­տուա­կան սար­քա­գի­տու­թեան, ա­ռող­ջա­պա­հու­թեան, ա­րուես­տի ու գրա­կա­նու­թեան բնա­գա­ւառ­նե­րուն մէջ ու­նե­ցած ձեռք­բե­րում­նե­րու, ինչ­պէս նաեւ՝ մար­դա­սի­րա­կան ար­ժէք­նե­րու տա­րած­մա­ն եւ խրա­խուս­մա­ն:

Այս բազ­մա­թիւ մրցանք­նե­րուն 2004 թուա­կա­նին ա­ւել­ցաւ հատ մը եւս՝ «Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գա­հի ե­րի­տա­սար­դա­կան մրցան­ք­»ը, որ կը շնոր­հուի դա­սա­կան ե­րաժշ­տու­թեան բնա­գա­ւա­ռին մէջ յա­ջո­ղու­թեան հա­սած ե­րի­տա­սարդ ստեղ­ծա­գործ­նե­րուն: Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գա­հին կող­մէ հիմ­նադ­րա­մի մի­ջոց­նե­րով կը շնոր­հուի այլ մրցա­նակ մը եւս (ա­ռանց ազ­գա­յին պատ­կա­նե­լու­թեան) հայ­կա­կան հար­ցե­րուն մէջ ու­նե­ցած ա­ւան­դի հա­մար: Պօ­ղո­սեան­նե­րու մի­ջո­ցով տաս­նե­րեք տա­րուան ըն­թաց­քին հա­րիւր մրցա­նակ ստա­ցած են զա­նա­զան մար­զե­րու մէջ ստեղ­ծա­գոր­ծած, յօ­րի­նում­ներ կա­տա­րած կամ նշա­նա­կա­լի ներդ­րում ու­նե­ցած մար­դիկ:

«Պօ­ղո­սեա­ն» հիմ­նադ­րա­մը անց­նող քսան տա­րուան ըն­թաց­քին Լո­ռիի մար­զի Սպի­տակ քա­ղա­քին մէջ կա­ռու­ցած է մշա­կոյ­թի տուն, ե­րաժշ­տա­կան դպրոց: Ա­րա­գա­ծոտ­նի մար­զի Թա­լին տա­րած­քաշր­ջա­նի բո­լոր գիւ­ղե­րու ջրա­մա­տա­կա­րար­ման հա­մա­կար­գը եւս կա­ռու­ցուած է «Պօ­ղո­սեա­ն» հիմ­նադ­րա­մի մի­ջոց­նե­րով, եւ այ­սօր այդ շրջա­նին մէջ տա­սը գիւ­ղի բնակ­չու­թիւն ու­նի խմե­լու ջուր, որ­մէ զրկուած էր: Ժան եւ Ալ­պէր Պօ­ղո­սեան­նե­րու շնոր­հիւ հիմ­նա­նո­րո­գուած է Նո­րա­րա­րա­կան փոր­ձա­րա­րա­կան ա­րուես­տի կեդ­րո­նը, որ այ­սօր շա­րու­նա­կա­կան ա­ջակ­ցու­թիւն կը ստա­նայ Պօ­ղո­սեան եղ­բայր­նե­րուն կող­մէ:

Հա­յա­պահ­պա­նու­թեան եւ ազ­գա­յին օ­ժան­դա­կու­թեան հիմ­նադ­րա­մի գոր­ծու­նէու­թիւ­նը չի սահ­մա­նա­փա­կուիր Հա­յաս­տա­նի եւ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի Հան­րա­պե­տու­թիւն­նե­րու մէջ աշ­խա­տանք­ներ ի­րա­կա­նաց­նե­լով: Եւ­րո­պա­յի մէջ՝ Պրիւք­սէլ, 2010 թուա­կա­նին ա­նոնք «Վի­լա Էմ­պանն Արթ-տե­քօ» ա­ռանձ­նա­տու­նը գնե­լով, հիմ­նադ­րած են «Մշա­կու­թա­յին երկ­խօ­սու­թեա­ն կեդ­րո­ն», ո­ր յա­ւակ­նու­թիւն ու­նի դառ­նա­լու հա­մաեւ­րո­պա­կան նշա­նա­կու­թեամբ կեդ­րոն մը: Այ­սօր այդ կեդ­րո­նին մէջ տե­ղի կ՚ու­նե­նան գի­տա­ժո­ղով­ներ, ցու­ցա­հան­դէս­ներ, հա­մերգ­ներ: Հա­յաս­տա­նէն դուրս ի­րա­կա­նա­ցուող ծրագ­րե­րէն նշենք նաեւ «Կիւլ­պէն­կեան» հիմ­նադ­րա­մին հետ հա­մա­տեղ Պէյ­րու­թի խո­հա­րա­րա­կան եւ հիւ­րըն­կա­լու­թեան դպրո­ցի կա­ռու­ցու­մը: 2012 թուա­կա­նէն սկսեալ «Պօ­ղո­սեա­ն» հիմ­նադ­րա­մը կը կազ­մա­կեր­պէ հիմ­նադ­րա­մի ա­մե­նա­մեայ մրցա­նա­կը՝ Պէյ­րու­թի մէջ: Ան կը շնոր­հուի ե­րի­տա­սարդ լի­բա­նան­ցի ա­րուես­տա­գէտ­նե­րուն, ո­րոնք նկա­տե­լի գոր­ծու­նէու­թիւն կը ծա­ւա­լեն կեր­պար­ուես­տի, նո­րա­ձե­ւու­թեան եւ ոս­կեր­չու­թեան բնա­գա­ւառ­նե­րէն ներս:

Պօ­ղո­սեան­նե­րը ար­ժա­նա­ցած են «Ա­նա­նիա Շի­րա­կա­ցի» մե­տայ­լին եւ Կիւմ­րի քա­ղա­քի պատ­ուա­ւոր քա­ղա­քա­ցիի կո­չու­մին: Ե­րե­ւա­նէն դուրս մա­նա­ւանդ ակ­նա­ռու է Կիւմ­րիի եւ Կիւմ­րիի մօ­տա­կայ շրջան­նե­րուն մէջ ա­նոնց գոր­ծու­նէու­թիւ­նը: 2003 թուա­կա­նին «Պօ­ղո­սեա­ն» հիմ­նադ­րա­մը կա­տա­րած է Մա­րա­լի­կի թիւ 1 դպրո­ցի շէն­քի վե­րա­նո­րոգ­ման աշ­խա­տանք­նե­րը: Նոյն տա­րին հիմ­նադ­րա­մը ա­ջակ­ցած է Կիւմ­րիի Մե­ղուիկ ման­կա­պա­տա­նե­կան կեդ­րո­նի շէն­քի կա­ռուց­ման աշ­խա­տանք­նե­րուն, ինչ­պէս նաեւ՝ Կիւմ­րիի ար­ուես­տի դպրո­ցի բաց­մա­ն:

1997 թուա­կա­նին հիմ­նադ­րա­մը նո­րո­գած եւ ժա­մա­նա­կա­կից շէնք դար­ձու­ցած է Ե­րե­ւա­նի Բնա­գի­տու­թեան եւ ու­սո­ղու­թեան դպրո­ցի հան­րա­կա­ցա­րա­նը:

2005 թուա­կա­նին հիմ­նադ­րա­մը հո­վա­նա­ւո­րած է Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին պատ­կե­րաս­րա­հի ջե­ռուց­ման հա­մա­կար­գի կա­ռուց­ման աշ­խա­տանք­նե­րը՝ ազ­գա­յին ա­րուես­տի գոր­ծե­րու ճիշդ եւ անվ­տանգ պահ­պան­ման նպա­տա­կով:

2013 թուա­կա­նին ֆրան­սա­հայ բե­մադ­րիչ Սերժ Ա­ւե­տի­քեան Ե­րե­ւա­նի մէջ կա­տա­րեց «Ա­նու­շ» օ­փե­րա­յի նո­րա­գոյն բե­մադ­րու­թիւ­նը, ո­ր նոյն­պէս ի­րա­կա­նու­թիւն դար­ձաւ հիմ­նադ­րա­մի բա­րե­րա­րու­թեամբ:

Ինչ կը վե­րա­բե­րի «Պօ­ղո­սեան այ­գի­ներ» ծրագ­րին, զոր կը պատ­կա­նէր «Պօ­ղո­սեա­ն» հիմ­նադ­րա­մի հիմ­նա­դիր­նե­րէն բա­րե­րար Ալ­պէր Պօ­ղո­սեա­նին, բա­ցի Ե­րե­ւա­նէն Կիւմ­րիի մէջ նոյն­պէս ստեղ­ծուած է «Պօ­ղո­սեա­ն» ա­նու­նով այ­գի մը եւս: Ալ­պէր Պօ­ղո­սեան նպա­տակ ու­նի «Պօ­ղո­սեան այ­գի­նե­ր» ծրագ­րի շրջա­նակ­նե­րէն ներս ընդ­լայ­նել նման այ­գի­նե­րու ստեղծ­ման գա­ղա­փա­րը Հա­յաս­տա­նի մէջ:

Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Հինգշաբթի, Յուլիս 16, 2015