Ո՛Չ, ԿԵՐՊԸՆԿԱԼԷ ՏՈՊՐԱԿՆԵՐՈՒՆ
Երբ ես մանուկ էի, տոպրակները մեր տունին մէջ շատ տեղ չէին գրաւեր: Մեծ հօրս ծոցագրպանը մեր տան գանձարանն էր, ուր կը ժողվէին ընտանիքի եկամուտները, ուստի պատահական չէր, որ ան կ՚ընէր մեր բոլոր առեւտուրները: Կը յիշեմ, ունէինք երկու-երեք կերպասէ տոպրակներ, որոնցմէ գոնէ մէկը մեծ հօրս աշխատանքէ տունդարձի ճանապարհին միշտ լեցուն կ՚ըլլար տեսակ-տեսակ ուտելիքներով ու շաքարներով: Ես ու եղբայրս անհամբերութեամբ կը սպասէինք անոր վերադարձին, որպէսզի ընբոշխնէինք ուտելիքի տեսքով մեզի սպասող հերթական անակնկալը:
Կերպընկալը ի սպառ կը բացակայէր մեր կեանքէն, հազուադէպ կարելի էր անոր հանդիպիլ մեր տան շեմէն ներս: Իսկ այսօր... այսօր ժամանակները փոխուեցան: Կերպընկալը դարձած է մեր կեանքի անբաժան մասնիկը: Յիրաւի մեր կեանքի, սակայն ոչ՝ իմ: Երկար ժամանակէ ի վեր ես հրաժարած եմ անկէ, դէպի անոր կողմն անգամ չեմ նայիր. տեսակ մը խռոված եմ: Ինչո՞ւ... պատճառները բազմաթիւ են:
Մտածելով մեր Երկիր մոլորակի, մարդկութեան ապագայի եւ առողջութեան մասին, ես հրաժարած եմ կերպընկալէ տոպրակներու գործածութենէ, առհասարակ կը փորձեմ իմ առօրեայի մէջ նուազագոյնի իջեցնել այս վնասակար նիւթի գործածումը:
Հայաստանի մէջ ինծի պէս խորհողներու թիւը օրէ օր կը բազմանայ, սակայն այս աճը բաւական դանդաղ կ՚ընթանայ: Սնունդի սպսարակման կէտերու, խանութներու մէջ արմատացած է կարծրատիպ մը. վաճառողներուն կը թուի՝ որքան շատ կերպընկալէ տոպրակներու մէջ տեղաւորեն յաճախորդի կատարած առեւտուրը, իրենց խանութի վարկանիշը, սպասրկման որակը այդքան կը բարձրանայ: Թիւրըմբռնում, ուրիշ ոչինչ:
Առեւտուր ընելը իմ ամենասիրելի զբաղումն է: Ամէն անգամ սրտատրոփ կը սպասեմ շաբաթավերջին: Քանի մը հատ կերպասէ տոպրակներս խնամքով տեղաւորելով իմ պայուսակի մէջ՝ կ՚ելլեմ առեւտուրի: Զանազան խանութներ չեմ այցելեր, ամէն անգամ միեւնոյն խանութէն կ՚ընեմ իմ հիմնական գնումները: Եւ ամէն անգամ երբ գանձապահին մօտենամ, կը հնչէ նոյն հարցումը.
-Տոպրակ կ՚ուզէ՞ք:
-Ո՛չ, շնորհակալ եմ, ես ունիմ:
Ինչպէ՛ս կարելի է ամէն անգամ նոյն հարցումը ուղղել, միթէ՞ զիս այլեւս չէք յիշեր, չէ՞ որ ամէն շաբաթ ձեր խանութն եմ:
Կամ ալ մինչ անոնց առաջարկելը, կը զգուշացնեմ, թէ տոպրակ չեմ ուզեր, այս պարագային ալ կը պնդեն, թէ ինչո՞ւ չէք ուզեր. «Մեր տոպրակները ամուր են ու անվճար», կը փորձեն համոզել: Ես ալ իմ հերթին կը բացատրեմ, որ կերպընկալէ տոպրակները բնութեան ամենամեծ թշնամիներն են: Վաճառողը զարմացած կը նայի իմ դէմքին, կարծես այլմոլորակային մը տեսած ըլլայ:
Ամենազաւեշտալին պտղավաճառներէն առեւտուր ընելն է: Քանի տեսակ պտուղ-բանջարեղէն գնես, կ՚ուզեն այդքան կերպընկալէ տոպրակներու մէջ տեղաւորել: Մեր փողոցի վրայ, կողք կողքի, դէմ դիմաց կամ իրարմէ քիչ հեռաւորութեան վրայ շարուած են աւելի քան տասն պտղավաճառի խանութներ: Երբ տակաւին նոր հաստատուած էինք Հայաստան, ամէն շաբաթ անոնցմէ մէկէն առեւտուր կ՚ընէի: Այդ նոյն խանութը երկրորդ անգամ այլեւս չէի մտներ: Ինչո՞ւ... Վաճառողը ինծի խեթի աչքով կը նայէր ու քամահրանքով կը վերաբերէր:
Այսպէս ես ամէն շաբաթ դառնացած կը փոխէի իմ առեւտուրի կէտերը, մինչեւ որ օր մը նորաբաց պտղավաճառի մը բարեհամբոյր վաճառողուհին ողջունեց կերպընկալէ տոպրակներէ հրաժարելու իմ որոշումը: Ես դարձայ անոնց հաւատարիմ յաճախորդը: Երկուստեք գոհ ենք իրարմէ:
Ո՛չ, կերպընկալէ տոպրակներուն:
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Երեւան