ՓԱՓԿԱՍՈՒՆ ՏԻԿԻՆՆԵՐ. ԹԷ՞…
Կանանց իրաւունքներու պաշտպանները շատ կը սիրեն օգտագործել այս ասոյթը. «Իւրաքանչիւր յաջող մարդու ետին կայ կին մը»: Թէեւ սրամիտներն ալ կ՚աւելցնեն. «Իւրաքանչիւր ձախող մարդու ետին կան երկու կիներ…»: Որո՞նք են բռնապետներու ետին կանգնող կիները:
Յաջո՞ղ մարդիկ կը նկատուին բռնապետները, որոնց առօրեան կը յատկանշուի փտածութեամբ, քաղաքական դաւերով, վայրագ ապստամբութիւններով, մարդկային իրաւունքներու բիրտ խախտումներով, բռնարարքներով: Այսպիսի մարդոց ետին եղող կիները մեղսակի՞ց, թէ՞ անտեղեակ են: Բռնապետներու կիներէն ոմանք բարեսիրական, մարդասիրական գործունէութիւն կ՚ունենան: Բայց արդեօք անկեղծ արա՞րք է ատիկա, թէ՞ իրենց ամուսիններուն բազմաթիւ մեղքերը քողարկելու խորամանկութիւն…:
Ծանօթացէ՛ք այդպիսի քանի մը կիներու:
*
10 ԲՌՆԱՊԵՏՆԵՐՈՒ ԿԻՆԵՐԸ
Աննա Փաուլա Տոս Սանթոս (Ծնած՝ 17 Հոկտեմբեր1963-ին) Անկոլայի Նախագահ Էտուարտօ տոս Սանթոսի կինը
Նորաձեւութեան նախկին բնորդուհի մը, որ իր ամուսինը կը ճանչնար Անկոլայի նախագահական օդանաւին մէջ իբրեւ սպասարկող աշխատած օրերէն: Աննա Փաուլա, որ Անկոլայի առաջին տիկինն է, 1991-էն ի վեր մանկավարժութեան եւ իրաւաբանութեան վկայականներ ունի եւ անդամ է ՄԱԿ-ի Միջազգային վերստուգող խորհուրդին եւ այլ յանձնաժողովներու:
Դիւանագէտ մը Նախագահ Էտուարտօ տոս Սանթոսը եւ անոր կինը՝ Աննա Փաուլան, նկարագրած է իբրեւ՝ «գեղանի զոյգ մը, վայելուչ, սուղ զգեստներով, աշխարհին կը նային այնպէս, կարծես, թէ կ՚ապրին հարաւային Գալիֆորնիոյ մէջ»:
Տիկինը նաեւ փորձած է իր ներկայութիւնը զգալի դարձնել վարչական հարցերու մէջ: Քայլ մը, որ զայրացուցած է քաղաքական գլխաւոր ուժերը: Նաեւ դատապարտումի թիրախ են իր առեւտրական շահերը, մասնաւորապէս՝ ադամանդները: Աննա Փաուլա հովանաւորն է Գեղջուկ կանանց աջակցող յանձնաժողովին (ՔՈՄԻՒՐ)՝ օժանդակելով փոքր վարկերու ֆինանսաւորման: Ան նաեւ կ՚աջակցի ականներու զոհերուն եւ այս առընչութեամբ կիներու ու երախաներու համար հիմնադրամ ստեղծած է: Առաջին տիկինը հանրութեան կողմէ խստիւ քննադատուեցաւ, երբ յայտարարեց, որ իրենց զաւակը պիտի յաճախէ Ռուանտայի մէջ փորթուգալական դպրոց, որովհետեւ պետական կրթութիւնը «վատ վիճակի մէջ է», բան մը, որուն համար շատեր պատասխանատու կը նկատեն իր ամուսինը:
Ամուսինը
Նախագահ Էտուարտօ տոս Սանթոս 36 տարիներու իշխանութեան ընթացքին երկրի քաղաքական բոլոր ուժերը իր հակակշիռին տակ առած է: 27-ամեայ քաղաքացիական պատերազմին ատեն, անթիւ վայրագութիւնները, որոնց շարքին խոշտանգումներ եւ զանգուածային սպանութիւններ, տեղի ունեցած են իր գիտակցութեամբ եւ հսկողութեամբ: Տակաւին կը հաղորդուի, որ Անկոլայի մէջ այսօր կը շարունակուին փոքրամասնութիւններու տանջանքներն ու ճնշումը:
Շանթալ Պիա (Ծնած՝ 4 Դեկտեմբեր 1970-ին) Քամերունի Նախագահ Փոլ Պիայի կինը
Տիկին Շանթալ Պիա, Քամերունի Նախագահ Փոլ Պիայի երկրորդ կինն է (առաջին կինը մահացած է 1992-ին): Շանթալ Պիա, որ 23 Ապրիլ 1994-էն ի վեր երկրի առաջին տիկինն է, յայտնի է իբրեւ նորաձեւութիւններ հնարող եւ կիրառող (անոր երկար մազերու հռչակաւոր յարդարանքին նուիրուած համացանցային «Թամպլր» կայ): Պիա շատ ընկերային, հաղորդական կին մըն է: Տեսակցած է Միշէլ Օպամայի, Փարիզ Հիլթընի եւ Ֆրանսիսքոս Պապին հետ: Քամերունի առաջին տիկինը ըսած է, որ իր նախասիրած ձեւագէտները եւրոպացիներ Տիորը եւ Շանէլն են: Տիկին Շանթալ Պիայի պահարանին մէջի բազմաթիւ հագուստներ, անոնց կողմէ պատրաստուած են ըստ պատուէրի: Առաջին տիկինը, որ իր ամուսինէն 38 տարեկան փոքր է, անդամ է «Ափրիկեան համագործակցութիւն» առողջապահական կազմակերպութեան, որ լուծումներ կը փնտռէ Քամերունի, Փղոսկրեայ Ափունքի եւ Պուրքինա Ֆասոյի մէջ ԷՅԾ-ի վարակին: Տիկին Շանթալ Պիա 2008 թուականէն ԻՒՆԷՍՔՕ-ի բարի կամեցողութեան դեսպանն է:
Ամուսինը
Նախագահ Պիա իշխանութեան վրայ է աւելի քան 30 տարի է, իսկ 2008 թուականին ան ջնջած է պաշտօնավարութեան ժամանակային սահմանափակումները, այնպէս որ ան կրնայ նախագահի պաշտօնին առաջադրուիլ անորոշ ժամանակով: Անոր պետական անվտանգութեան ուժերը կը մեղադրուին ցուցարարներ սպաննելու եւ քաղաքական ընդդիմութիւնը կանխելու նպատակով ճնշումի եւ բռնութեան այլ միջոցներ օգտագործելու յանցանքին համար: Ըստ վերջերս հրապարակուած զեկոյցի մը, Նախագահ Պիայի աշխատավարձը գրեթէ 229 անգամ աւելի է, քան իր երկրին մէջ որդեգրուած միջին աշխատավարձը:
Հինտա Տէպայ (Ծնած՝ 2 Ապրիլ 1980-ին) Չատի Նախագահ Իտրիս Տէպայ Իտնոյի կինը
Հինտա Տէպայ կը նկատուի Չատի «նոր առաջին տիկինը», կամ՝ «չորրորդ տիկինը» (կամ 13-րդ, նայած, թէ որո՞ւ մասին կը հարցնէք), քանի որ անոր ամուսինը բազմաթիւ անգամներ ամուսնացած է: Սակայն Հինտա շատ սիրուած է եւ հռչակաւոր է իր գեղեցկութեամբ, եւ հաւանաբար, նախագահին կիներէն ամենէն ծանօթն է:
Հոկտեմբեր 2005-ին ամուսնացաւ Չատի Հանրապետութեան նախագահին, պետութեան ղեկավարին հետ: 9 Մարտ 2011-ին Հինտա Տէպայ հռչակուեցաւ տարուան լաւագոյն առաջին տիկինը: Այս պատիւը անոր շնորհեց Համբաւի հաղորդակցութեան միջազգային խմբաւորումը, որ կը բաղկանայ հեղինակաւոր մասնագէտներէ, որոնք կը ճշդեն, թէ ժողովուրդին կեանքին մէջ տուեալ անհատին դերակատարութիւնը որքա՛ն կարեւոր եղած է: Հինտա Տէպայ 17 Յունուար 2012-ին նախաձեռնեց իր գործողութեան ծրագիրին՝ չէզոքացնելու մայրերէն երախաներուն ԷՅԾ-ի փոխանցումը: Այս ծրագիրը վաւերացուեցաւ Զարգացման միջազգային, ներառեալ՝ ՄԱԿ-ի գործակալութիւններու կողմէ: Քաղաքականութեան մէջ եւս գործօն դերակատարութիւն ունի ան, յատկապէս կանանց վերաբերող հարցերու (բռնաբարումներու, աղջիկներու կրթութեան) պարագային:
Վայելուչ եւ բարձրագոյն կրթութիւն ստացած առաջին տիկինը իր ամուսինին սղագրուհին է նաեւ: «Ինծի կ՚օգնէ՝ խրատելով իւրաքանչիւր որոշումի մասին, զոր ես կու տամ», ըսաւ նախագահը:
Ամուսինը
Նախագահ Տէպայ Իտնօ, որուն կառավարութիւնը Միացեալ Նահանգներու զօրակցութիւնը կը վայելէ, իշխանութեան եկաւ, երբ 1990-ին Տէպայ գլխաւորեց զինուորական յեղաշրջումը, որ տապալեց իր նախորդը: Տէպայ Իտնօ պաշտօնը ստանձնելէն ի վեր յաջորդական ընտրութիւններուն առաջադրուած է առանց մրցակից թեկնածուներու: 2000-ական թուականներուն ան առանցքային դերակատարութիւն ունեցած է՝ հրահրելով արիւնալի անուղղակի պատերազմ Չատի եւ Սուտանի միջեւ:
Զէյնապ Սումա (Ծնած՝ Ռապաթ, Մարոք) Կամպիոյ Նախագահ Եահիա Ճամէյի կինը
Կամպիոյ «պաշտօնական» առաջին տիկին՝ Զէյնապ Սումայի մասին զեկոյցներուն մեծամասնութիւնը ցնցիչ կերպով ժխտական է: Շատեր զինք կ՚անուանեն «արկածախնդիր, ընչաքաղց», իսկ զեկոյցի մը մէջ իր մասին գրուած է. «Սատանայ, որ հաճոյք կ՚առնէ կամպիացիներուն տառապանքը տեսնելով»:
1999-ին Զէյնապ ամուսնացաւ Եահիա Ճամէյի հետ, որ ամուսնալուծուած էր առաջին կնոջմէն: 2010-ին Եահիա յայտարարեց, որ կ՚ամուսնանայ 21-ամեայ «յաւելեալ կնոջ» մը հետ: Զէյնապ, իբրեւ բողոք, մեկնեցաւ Միացեալ Նահանգներ եւ սպառնաց լքել ամուսինը, եթէ ան չամուսնալուծուի նոր կնոջմէն: Ըստ կարգ մը աղբիւրներու, նախագահը տեղի տուաւ Զէյնապի պահանջին՝ ամուսնալուծուելով նոր կնոջմէն:
Ամուսինը
Նախագահ Եահիա Ապտուլ Ազիզ, որ ծնած է 1965-ին, իշխանութեան եկաւ 1994-ին՝ իր գլխաւորած զինուորական յեղաշրջումով: Ապտուլ Ազիզ երկրին մէջ կայունութիւն հաստատած է մարդկային իրաւունքներու, խօսքի եւ մամլոյ ազատութեան հաշուոյն: Անոր իշխանութիւնը կը յատկանշուի խելագարութեամբ եւ սնահաւատութեամբ: Նախագահին ներքին շրջանակէն շարք մը անձեր բանտարկուած են՝ անոր դէմ դաւադրութիւն կազմակերպելու մեղադրանքով: Ընթացիկ տարուան Յունուարին յեղաշրջման փորձ մը ձախողեցաւ վերջ դնել անոր իշխանութեան: Ան նախագահ վերընտրուած է 2001-ին, 2006-ին եւ 2011-ին:
Սարա Նազարպայեւա (Ծնած՝ 12 Փետրուար 1941-ին) Ղազախիստանի Նախագահ Նուրսուլթան Նազարպայեւի կինը
Տնտեսագէտ Սարա Նազարպայեւա հիմնադիրն ու նախագահն է Պոպէքի՝ երախաներու միջազգային հիմնադրամին, զոր առաջին տիկինը հիմնադրած է 1992-ին, Ղազախիստանի անկախացումէն անմիջապէս ետք: Ան ստեղծած է Պոպէքը՝ օգնելու համար մայրերու եւ երախաներու հոգատարութեան, բնակարաններ եւ որբանոցներ կառուցելու, դպրոցներուն անհրաժեշտ սարքեր տրամադրելու, սահմանափակ եկամուտ ունեցող ընտանիքներու երախաներուն օժանդակութիւններ հայթայթելու: Այս գործունէութեան համար անոր շնորհուած են միջազգային մրցանակներ: Հակառակ երախաներու բարեկեցութեան համար իր աշխատանքին, Սարա Նազարպայեւա վերջերս յայտարարեց, որ ինք կողմնակից չէ արտերկրացիներու կողմէ ղազախ երախաներու որդեգրման:
«Մեր երախաներուն մե՛նք պէտք է հոգ տանինք, եւ զանոնք երկրէն դուրս տանելու երեւոյթին արգելք ըլլանք», ըսաւ Սարա Նազարպայեւա:
Ամուսինը
21 տարիէ ի վեր Ղազախիստանը ղեկավարող Նուրսուլթան Նազարպայեւ ամբաստանուած է մարդկային իրաւունքներու կոպիտ խախտումներու, քաղաքական եւ խօսքի ազատութիւնները սահմանափակելու, համատարած փտածութեան եւ կանանց հանդէպ վայրագութիւններու համար: Այս բոլորին զուգահեռ, ըստ «Նիւ Եորք Թայմզ»ի մէջ հրապարակուած յօդուածի մը, Նուրսուլթան Նազարպայեւ կաշառած է միջազգային հեղինակաւոր կառոյցներ, որպէսզի երկրին ժխտական զեկոյցները անտեսեն եւ դրական դիմագիծով ներկայացնեն զինք եւ Ղազախիստանը:
Ռի Սոլ Ճու (Ծնած՝ 1985-ին) Հիւսիսային Քորէայի գերագոյն ղեկավար Քիմ Եոնկ Ունի կինը
Ռի մականունն է. ընտանիքին անունը: «Կլոպալ փոստ» թերթին կողմէ «Հիւսիսային Քորէայի Քէյթ Միտըլթընը» անուանուած Ռի Սոլ Ճու, միայն վերջերս բացայայտուեցաւ իբրեւ գերագոյն ղեկավարի կինը, նախապէս նկարներուն մէջ անոր կողքին մնալով՝ ինքնութիւնը չճշդուած: Քիչ բան յայտնի է Ռի Սոլ Ճուի մասին, նոյնիսկ ծննդեան թուականը կը տարուբերի 1985-1989-ի միջեւ: Հիւսիսային Քորէայի պաշտօնական աղբիւրներուն մէջ գրեթէ ոչինչ կայ անոր մասին, բայց օտար լրատուամիջոցներ բամբասանքներ հրապարակած են Ռի Սոլ Ճուի մասին: 2012-ին հրապարակային շարք մը ձեռնարկներու ընթացքին ան տեսնուեցաւ Հիւսիսային Քորէայի գերագոյն ղեկավար Քիմ Եոնկ Ունի կողքին: Հարաւային Քորէայի գաղտնի սպասարկութիւնները բացայայտեցին, որ ան Քիմ Եոնկ Ունի կինն է, անունը՝ Հիոն Սոնկ-Վոլ, նախկին երգչուհի մը՝ Հիւսիսային Քորէայի մէջ մեծ ժողովրդականութիւն վայելող «Փոչոնպօ Իլեքտրոնիք Անսամպըլ» երաժշտական խումբին մէջ: Սակայն 25 Յուլիս 2012-ին Հիւսիսային Քորէայի պետական լրատու գործակալութիւնը յայտարարեց, որ ան Քիմ Եոնկ Ունի կինն է՝ Ընկերուհի Ռի Սոլ Ճու:
Յուլիս 2012-ին Հիւսիսային Քորէայի մէջ կալա համերգի մը, Ռի հագած էր Շանէլի նրբագեղ նորաձեւ սեւ զգեստ մը, որ արտասովոր նկատուեցաւ այդ երկրին մէջ:
Երկրի ղեկավարին նախկին անձնական խոհարարուհին՝ Քենժի Ֆուճիմոթօ, որ վերջերս Հիւսիսային Քորէա այցելութեան ընթացքին հանդիպած էր Ռիի, ըսաւ. «Ան պարզապէս շատ հմայիչ է: Չեմ կրնար նկարագրել անոր ձայնը. այնքա՜ն մեղմ է»: Բաժանումի պահուն Ռի անոր նուիրած է Քրիսթիան Տիոր պայուսակ մը:
Ամուսինը
Քիմ Եոնկ Ուն Հիւսիսային Քորէայի գերագոյն ղեկավարի դերը ստանձնեց, երբ երկիրը արդէն տնտեսական ծանր տագնապի մէջ էր, աղքատութեան համեմատութիւնը՝ շատ բարձր: Հակառակ ատոր, ան անձամբ «եօթ աստղանի ապրելակերպ» մը կը վայելէ: Իշխանութեան գալով, փոխարինեց բազմաթիւ ղեկավարներ եւ զինուորական բարձրաստիճան հրամանատարներ, որոնք իր հօրը օրով կը ծառայէին երկրի զանազան կառոյցներուն մէջ: Ըստ մեկնաբաններու, Քիմ Եոնկ Ուն այս քայլը առաւ, որպէսզի ցոյց տայ, թէ ինք բաւարար չափով ապահով ղեկավար մըն է, որ կրնայ անշքացնել իր ամենէն մօտիկ զօրակիցները:
30 + կիները Սէուտական Արաբիոյ թագաւորին
Սէուտական Արաբիոյ նախկին թագաւոր Ապտալլա պըն Ապտըլ Ազիզ իր կեանքին ընթացքին ունեցած է աւելի քան երեսուն կիներ, թէեւ անոնց մասին շատ քիչ բան յայտնի է:
Ամուսնութիւնը, եւ աւելի կարեւորը՝ ատկէ բխող ժառանգները կ՚օգտագործուին դաշինքներ շաղախելու համար: Անոր հայրը՝ Ապտըլ Ազիզ, ամուսնացաւ իր թագաւորութեան մէջ գտնուող բոլոր ցեղախումբերու ղեկավարներու դուստրերուն հետ: Ապտալլա թագաւոր հայր էր առնուազն 35 զաւակներու: Ըստ հաղորդուած տեղեկութեանց, ան 70-ական տարիքին կանոնաւոր կերպով հորմոնային սրսկում կը ստանար եւ «Վիակրա» կ՚օգտագործէր չափազանցուած կերպով:
Պատմականօրէն, թագաւորական Սաուտ գերդաստանի կիները քաղաքականութեան մէջ մեծ դերակատարութիւն կ՚ունենան: Պալատի պատերուն ետին, անոնք թագաւորին հետ կանոնաւոր, հերթական հանդիպումներ կ՚ունենան, որպէսզի թագաւորը իր տեսակէտները բացատրէ եւ լսէ անոնց կարծիքները:
Ամուսինները
Սաուտ գերդաստանը թագաւորութեան մէջ կ՚իշխէ 1932 թուականէն ի վեր: Ապտալլա թագաւորը գահը ժառանգած էր իր եղբօրմէն՝ 2005 թուականին, ստանալով Միացեալ Նահանգներու զօրակցութիւնը: Քաղաքացիները իրենց կառավարութիւնը օրինական ձեւերով փոխելու իրաւունքներէ զուրկ են: Դատական համակարգին մէջ թափանցիկութիւն գրեթէ գոյութիւն չունի: Տարածուած են խիստ, ծանր պատիժներ, ինչպէս ձեռքի անդամահատում՝ մանր օրինազանցութեանց համար:
Թաթիանա Քարիմովա (Ծնած՝ 1940-ին) Էօզպեքիստանի վերջերս մահացած նախագահ Իսլամ Քարիմովի կինը
Դրախտին մէջ խնդիր, տագնապ կայ Թաթիանային եւ ամուսինին համար: Անոնք, ըստ էօզպեք այլախոհներու կայքին, բաժնուած են եւ թշնամական ատելութեան ու հակամարտութեան մէջ են իրենց բորբոքած դստեր հետ: 2013-ին, անոնց մեծ դուստրը մօրը հետ բանավէճ ունեցաւ «Թուիթըր»ի վրայ՝ պնդելով, որ իր մայրը կը զբաղի վհուկի հմայութիւններով եւ սպառնացած է զինք ոչնչացնել, առաջին տիկնոջ իբր թէ ստուերային առեւտրական գործերուն միջամուխ ըլլալուն համար: Տիկին Թաթիանա Քարիմովա առեւտուրով զբաղող տնտեսագէտ մըն է, որ կլանուած է բարեսիրական աշխատանքներով, եւ նախագահին կ՚ընկերանայ անոր ուղեւորութիւններու ատեն:
Ամուսինը
Հանրաքուէներ հանրաքուէներու յաջորդեցին Քարիմովը իշխանութեան գլխուն պահելու համար. ասիկա՝ 1989 թուականէն, երբ ան Համայնավար կուսակցութեան առաջնորդը եղաւ յետխորհրդային Էօզպեքիստանի: Ընդդիմութիւնը կը պնդէ, թէ բռնատէր առաջնորդը կ՚օգտագործէ իսլամական ռազմականութեան սպառնալիքը արդարացնելու համար անողոք ճնշումը, որ երկրին մէջ աղքատութիւնը կ՚ամրապնդէ:
Սիլիա Ֆլորէս (ծնած՝ 15 Հոկտեմբեր 1953-ին) Վենեզուելլայի Նախագահ Ն. Մատուրոյի կինը
Ֆլորէս եւ Մատուրօ իրարու ծանօթացան շուրջ քսան տարի առաջ, շնորհիւ հասարակաց ընկերոջ մը՝ Հիւկօ Չաւէզի: Մատուրօ անոր թիկնապահն էր եւ Ֆլորէս աղքատ ընտանիքի մը մէջ մեծցած կտրիճ փաստաբան մը, որ անդամ էր պաշտպան փաստաբաններու այն խումբին, որուն շնորհիւ Չաւէզ իր ազատութիւնը շահեցաւ յեղաշրջման ձախող փորձէն ետք:
2015 թուականէն Վենեզուելլայի Ազգային ժողովի (խորհրդարան) անդամ Ֆլորէս, որ իր ամուսինին կողմէ անուանուած է «Առաջին Մարտիկ», յաջորդեց անոր իբրեւ ազգային ժողովին առաջին կին նախագահը (2006-2011) եւ նաեւ պաշտօնավարեց իբրեւ երկրի ընդհանուր դատախազ: Ֆլորէս հերքեց ամբաստանութիւնները, թէ իր ազգականներուն եւ խնամիներուն պաշտօններ կը շնորհէ, հակառակ անոր որ իր ընտանեկան պարագաներէն շուրջ քառասուն անձեր պետական բարձրաստիճան պաշտօնատարներ են: Տիկին Ֆլորէս թեկնածու է Դեկտեմբերին տեղի ունենալիք խորհրդարանական ընտրութեան:
Ամուսինը
Նախագահ Մատուրօ, որ իշխանութեան եկաւ 2013-ին, մարած է տնտեսական ճգնաժամի բոցերը եւ իր ընդդիմադիրները մեղադրած է գիներու չարաշահման յանցանքին համար: Անոր կառավարութիւնը զանգուածային ձերբակալութիւններ շղթայազերծած է «քաղքենի» գործարարներու դէմ: Մատուրօ նաեւ իրականացուցած է դաւադրութեան տեսութիւններ հակառակորդներուն մասին, որոնք կը ձգտին տապալել իր ընկերվարական վարչակարգը:
Կրէյս Մուկապի (Ծնած՝ 23 Յուլիս 1965-ին) Զիմպապուէի Նախագահ Ռ. Մուկապէի կինը
Կրէյս Մուկապէ, որ 41 տարի փոքր է ամուսինէն, անոր քարտուղարուհին էր, երբ անոնք 80-ականներուն սկսան սիրաբանիլ: Անոնց երեք զաւակներէն երկուքը ծնած էին, երբ նախագահը տակաւին ամուսնացած էր հանգուցեալ կնոջ հետ: Անոր մահէն քանի մը տարի ետք սիրահարները պաշտօնապէս իրարու միացան՝ շռայլ պսակադրութեամբ մը: Առաջին տիկնոջ զեխ ապրելակերպին մասին զեկոյցները եւ միջազգային շուկաներէ եւ վաճառատուներէ գնումներու շարքը, նախագահին ընդդիմադիրներուն կողմէ քննադատութիւններ եւ դատապարտումի ալիքներ բարձրացուցած են, տիկինը կոչելով՝ «Նախատինք»: Սակայն ան կը նախընտրէ «Ժողովուրդին մայրը» անուանումը:
Ամուսինը
Նախագահ Ռոպերթ Մուկապի կ՚իշխէ Զիմպապուէի մէջ սպիտակամորթներու տիրապետութեան աւարտէն՝ 1980-էն ի վեր, եւ երկաթեայ բռունցքով կը ղեկավարէ երկրի սարսափազդու ապահովական կառոյցը: Ան կը մեղադրուի ընտրական կեղծիքի եւ «Խոշտանգումի ճամբարներ» ստեղծելու համար, ու ընդդիմութեան գործիչները կը ծեծեն, զանոնք ահաբեկելով լռութեան մատնելու համար:
Օգտագործուած աղբիւրներ՝ «Պիզնես Ինսայտըր», «Էն.Պի.Սի.», «Նիւ Եորք Թայմզ», «Տէյլի Մէյլ»
ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
«Ազդակ», Լիբանան