ՄԵԾ ՄԱՐԴՈՑ ՆՇԱՆԱՒՈՐ ԽՕՍՔԵՐԷՆ

ՍՈԿՐԱՏԻ ԿԵԱՆՔՆ ՈՒ ԻՐ ՆՇԱՆԱՒՈՐ ԽՕՍՔԵՐԸ

Յոյն մեծ իմաստասէր Սոկրատ ծնած է Ք. Ա. 470 թուականին, Աթէնքի մէջ, Յունաստան: Ան արեւմտեան իմաստասիրութեան, մտածելակերպի հիմնադիրն է: Իր մեթոտը հարցումներով, կազմակերպուած եւ տրամաբանութեան վրայ հիմնուած երկխօսութեամբ ճշմարտութիւնները երեւան հանելն էր, որ կոչուեցաւ «Սոկրատեան մեթոտ»:

Աշխարհ իր մասին իմացած է Պղատոնի եւ Արիսթոփանէսի գրութիւններէն: Ճիշդ է այն խօսքը՝ որ կ՚ըսէ. «Եթէ կ՚ուզես որ պատմութեան մէջ յիշուիս, գրէ այնպիսի բաներ՝ որ մարդիկ կարդան գրածներդ, կամ ըրէ այնպիսի գործեր՝ որ մարդիկ գրեն քու գործերուդ մասին»: Սոկրատ մէկ տող անգամ չէ գրած, սակայն գլխաւորաբար իր աշակերտներէն Պղատոնի եւ Արիսթոփանէսի գրութիւններէն մենք ծանօթ ենք իր «գործեր»ուն, իր իմաստութեան, իր խօսքերուն:

Սոկրատի կինը՝ Եանթիփէն, միշտ կը բողոքէր, որ ան տուն դրամ չի բերեր, որպէսզի ընտանիքը պահէ: Նոյնպէս, անոր գանգատներէն մին ալ այն էր, որ Սոկրատ իր երեք զաւակներուն դաստիարակութեամբ չէր զբաղեր:

Անգամ մը, ճաշի ժամուն, Սոկրատ իր աշակերտներուն հետ տուն կ՚երթայ: Հազիւ ներս մտած, կինը երբ կը տեսնէ, որ Սոկրատ պարապ ձեռքերով եկած է եւ ուտելիք չկայ, այլ իր աշակերտներն ալ հետն են ճաշելու, կուժը առնելով, անէծքներով, գլխուն կը նետէ: Կուժը կը զարնուի Սոկրատին գլխուն, կը կոտրի եւ ջուրը վրան կը թափի: «Անձրեւէն առաջ միշտ որոտում տեղի կ՚ունենայ», կ՚ըսէ մեր իմաստասէրը...:

Ք. Ա. 399 թուականին, աթէնացիները Սոկրատը զրպարտեցին որպէս «նոր սերունդը ապականող» եւ որպէս անհաւատ: Սոկրատ թոյն խմելով մահուան դատապարտուեցաւ: Երբ իր հարուստ աշակերտները առաջարկեցին իրեն պահակները կաշառելով ազատել զինք, Սոկրատ մերժեց: «Չեմ կարծեր որ աքսորի մէջ աւելի լաւ կեանք պիտի ունենամ: Ես Աթէնքի քաղաքացի եմ, պարտաւոր եմ անոր օրէնքներուն հնազանդիլ, նոյնիսկ այն օրէնքին՝ որ զիս մահուան դատապարտեց: Եթէ փախչիմ, կը նշանակէ որ մահուընէ կը վախնամ»: Երբ թոյնը խմեց, իր շուրջիններուն դառնալով ըսաւ. «Մեր բաժանումի պահը հասաւ եւ մենք մեր ճամբաներով պիտի երթանք: Ես կ՚երթամ մեռնելու, դուք՝ ապրելու: Ո՞րը աւելի լաւ է: Միայն Աստուած գիտէ»:

ՍՈԿՐԱՏԻ ԻՄԱՍՏՈՒՆ ԽՕՍՔԵՐԷՆ

- Ամուսնութեան կամ ամուրիութեան հարցով, թող որ մարդը ինք որոշէ իր ընտրած ուղին: Ան անպայման պիտի զղջայ իր որոշումին վրայ:

- Որեւէ մէկը դժբախտ մի՛ կոչեր, մինչեւ որ ամուսնանայ:

- Չքննարկուած կեանքը չ՚արժեր ապրիլ:

- Ես չեմ կրնար ոեւէ մէկուն որեւէ բան սորվեցնել: Ես միայն կրնամ իրենց  մտածել սորվեցնել:

- Զօրաւոր միտքերը գաղափարներ կը քննարկեն, միջակ միտքերը դէպքերու մասին կը խօսին, իսկ տկար միտքերն ալ մարդոց մասին կը բամբասեն:

- Անգամ մը որ կինը մարդուն հաւասար եղաւ, ան շուտով անոր մեծաւորը  կը դառնայ:

- Ինքզինքդ ճանչցիր (Ծանիր զքեզ):

- Միակ իմաստութիւնը այն է, որ ոչինչ գիտես:

- Անպայման ամուսնացիր: Եթէ կինդ լաւ ըլլայ, երջանիկ կ՚ըլլաս, եթէ կինդ գէշ ըլլայ՝ իմաստասէր կ՚ըլլաս:

- Գիտեմ որ ես իմաստուն եմ, քանի որ գիտեմ որ ես բան չեմ գիտեր:

- Հարուստ է ան, որ նուազագոյնով գոհ է, քանի որ գոհունակութիւնը բնութեան հարստութիւնն է:

- Միայն մէկ բարիք կայ՝ գիտութիւնը, եւ մէկ չարիք՝ տգիտութիւնը:

- Մահուընէ վախնալով կը կարծենք, որ իմաստուն ենք, առանց իմաստուն ըլլալու, քանի որ կը կարծենք որ գիտենք՝ առանց գիտնալու: Մեծագոյն բարիքը կրնայ ըլլալ մահը, որ կրնայ պատահիլ, բայց կը վախնաք, որ ան մեծագոյն չարիքն է: Եւ ինչ է այս եթէ ոչ ամօթալի տգիտութիւնը, որ մեզի կարծել կու տայ, թէ գիտենք ինչ որ չենք գիտեր:

- Նախանձը հոգիին քաղցկեղն է:

- Լաւ անունդ նկատէ քու մեծագոյն հարստութիւնդ, որուն երբեւիցէ կրնաս տիրանալ: Լաւ անուն շահելու համար ճիգ ըրէ, որպէսզի ըլլաս այն՝ ինչ որ կը փափաքէիր ըլլալ:

- Քեզի վստահելի բարեկամ նկատէ ոչ թէ անոնք, որոնք միշտ քու խօսքերդ եւ գործերդ կը գովերգեն, այլ անոնք՝ որոնք փափկութեամբ քու սխալներդ կը քննադատեն եւ կ՚ուզեն ուղղել:

- Պէտք է ուտես ապրելու համար, ոչ թէ ապրիս՝ ուտելու համար:

- Ոչ թէ կեանքը, այլ լաւ կեանքը պէտք է արժեւորել:

- Փոխելու գաղտնիքը ոչ թէ անցեալի համար պայքարիլն է, այլ ուժերը կեդրոնացնել նորը կառուցանելու:

- Ամէն մարդ կ՚ուզէ քեզի ըսել, որ ի՞նչը լաւ է քեզի համար: Անոնք չեն ուզեր, որ դուն գտնես քու պատասխաններդ, կ՚ուզեն որ իրենց հաւատաս:

- Մարդիկ խօսքի ազատութիւն կ՚ուզեն՝ մտածելու ազատութենէն խուսափելու համար:

- Ամենաջերմ սէրը ամենապաղ վախճանը կ՚ունենայ:

- Բնութիւնը մեզի երկու ականջ եւ երկու աչք բայց միայն մէկ լեզու տուած է, որպէսզի աւելի լսենք եւ տեսնենք քան խօսինք:

- Նախանձ մարդը իր դրացիին գիրութիւնը տեսնելով կը նիհարնայ:

- Ան որ կ՚ուզէ աշխարհը շարժել, թող նախ ինքզինքը շարժէ:

- Ամենադիւրիւն եւ ազնուագոյն ճամբան ուրիշները ճզմելը չէ, այլ ինքզինքդ բարելաւելն է:

- Սուտ խօսքերը ոչ միայն ինքնին չար են, այլ՝ հոգին կը վարակեն չարութեամբ: 
Աւելի լաւ է կարծիքը փոխել, քան թէ սխալ կարծիքին վրայ պնդել:

- Մարդկութիւնը երկու տեսակ անհատներէ կազմուած է. իմաստուն մարդիկ՝ որոնք գիտեն, թէ իրենք բան չեն գիտեր, եւ տգէտ մարդիկ՝ որոնք կը կարծեն, թէ իրենք խելացի են եւ ամէն բան գիտեն:

- Մենք կրնանք մութէն վախցող մանուկին ներել, կեանքի ողբերգութիւնը այն է որ մարդիկ լոյսէն կը վախնան:

- Վար իյնալը ձախողութիւն չէ: Ձախողութինը՝ իյնալէն ետք հոն մնալն է:

- Եթէ ուզածդ չունենաս, կը տառապիս, եթէ չուզածդ ստանաս, կը տառապիս, նոյնիսկ եթէ ուզածդ ստանաս, նորէն կը տառապիս, քանի որ չես կրնար զայն յաւիտեանս ունենալ:

- Քու միտքդ քու ինքնութիւնդ է: Ան փոփոխութիւններէ կ՚ուզէ ազատիլ: Ցաւէ ազատ, կեանքի պարտաւորութիւններէ եւ մահուընէ ազատ ապրիլ: Բայց փոփոխութիւնը կեանքի օրէնքն է եւ ոչ մէկ պատրուակ կրնայ իրականութիւնը փոխել:

- Ես շատ ազնիւ մարդ մըն եմ դիւանագէտ եւ ողջ ըլլալու համար:

- Կաշառքով ստացուած կրթութիւնը շատ աւելի գէշ է, քան կրթութիւն չստանալը:

- Կեանքը երկու ողբերգութիւններ ունի. մէկը սրտիդ փափաքածին չտիրանալն է, միսն ալ՝ անոր տիրանալը:

- Ամէն արարք իր հաճոյքը ունի եւ իր գինը:

Եւ այլն…

ՎԱՐԴԳԷՍ ԳՈՒՐՈՒԵԱՆ

«Պայքար», Պոսթոն

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 16, 2019