ԱՆԿԵՂԾ ԽՕՍՔ

Ափսո՜ս, որ չեմ կրնար ըսել ձեզի, թէ ի՞նչ էր անունը այն փոքրիկ մարդուկի եւ թէ ո՞ւր կը բնակէր ան եւ թէ ովքե՞ր են անոր հայրն ու մայրը: Մթութեան մէջ ես նոյնիսկ չհասայ, ինչպէս հարկն է, ուսումնասիրել անոր դէմքը: Ես միայն կը յիշեմ, որ անոր քիթը պեպենոտ էր, անոր տաբատը կարճլիկ ու կը կենար ոչ թէ ուսափոկերու վրայ, այլ այնպիսի ուսկապերու, որոնք կը կախուէին ուսերէն ու կ՚ամրացուէին տեղ մը փորին:

Ամրան մը ես մտայ մանկապարտէզ մը: Չեմ յիշեր, թէ ան ինչպէս կը կոչուէր՝ Վասիլեւսքի կղզիի մէջ, Սպրտակ եկեղեցւոյ մօտ էր: Քովս հետաքրքրական գիրք մը ունէի. բաւական երկար նստայ, տարուեցայ ընթերցանութեամբ ու չնկատեցի, թէ օրն ինչպէս մթնեց:

Երբ սկսայ դժուարանալ կարդալու, գոցեցի գիրքը, կանգնեցայ եւ ուղղուեցայ դէպի ելք:

Պարտէզը այլեւս դատարկուած էր: Փողոցներու մէջ կ՚առկայծէին լոյսեր եւ տեղ-տեղ, ծառերու ետեւէն կը հնչէր պահակի զանգակի ձայնը: Վախնալով, որ պարտէզը կը գոցուի, շատ արագ կը քայլէի: Յանկարծ կեցայ: Լսեցի, որ տեղ մը, այն կողմէն, թուփերու ետեւը մէկը կու լայ:

Ես դարձայ դէպի քովի ուղին՝ այնտեղ մթութեան մէջ կը նշմարուէր քարէ փոքրիկ տնակ մը, ինչպիսիք որ կ՚ըլլան բոլոր քաղաքային ճեմապարտէզներու մէջ. կրպակ մը կամ պահատնակ մըն էր: Իսկ անոր պատին քովը կը կենար մանչուկ մը, գրեթէ եօթ-ութ տարեկան, որ գլուխը կախ կու լար բարձրաձայն ու անմխիթար:

Մօտեցայ ու ձայնեցի վերջինիս.

-Հէ՜յ, ի՞նչ պատահեցաւ քեզի, մանչուկ:

Ան անմիջապէս, կարծես հրամանով մը, դադրեցուց լացը, գլուխը բարձրացուց նայեցաւ ինծի ու ըսաւ.

-Ոչինչ:

-Ինչպէ՞ս թէ ոչինչ: Քեզ ո՞վ նեղացուց:

-Ոչ մէկը:

-Ուրեմն ինչո՞ւ կու լաս:

Ան տակաւին կը դժուարանար խօսիլ, տակաւին չէր կլլած բոլոր արցունքները, կը հեկեկար, կը հեծկլտար, քիթով օդը աղմուկով ներս կը քաշէր:

-Երթանք,- ըսի անոր,- նայէ այլեւս ուշ է, այլեւս պարտէզը կը գոցուի:

Եւ ես ուզեցի բռնել տղայի ձեռքը: Սակայն մանչուկը հապճեպ քաշեց իր ձեռքն ու ըսաւ.

-Չեմ կրնար:

-Ինչո՞ւ չես կրնար:

-Չեմ կրնար գալ:

-Ինչպէ՞ս: Ինչո՞ւ: Ի՞նչ պատահած է:

-Ոչինչ,- պատասխանեց տղան:

-Աղէ՞կ չես:

-Ո՛չ,- ըսաւ ան,- աղէկ եմ:

-Ուրեմն ինչո՞ւ չես կրնար գալ:

-Ես... ժամապահ եմ,- պատասխանեց ան:

-Ինչպէ՞ս ժամապահ: Ի՞նչ ժամապահ:

-Ի՞նչ է դուք չէք հասկնար: Մենք կը խաղանք:

-Իսկ որո՞ւ հետ դուն կը խաղաս:

Մանչուկը լռեց, խոր շունչ մը առաւ եւ ըսաւ.

-Չեմ գիտեր:

Պէտք է խոստովանիմ՝ այդտեղ ես խորհեցայ, որ հաւանաբար երեխան հիւանդ է:

-Մտիկ ըրէ,- ըսի անոր,- դուն ի՞նչ կ՚ըսես: Ինչպէ՞ս… կը խաղաս եւ չես գիտեր, թէ որո՞ւ հետ կը խաղաս:

-Այո,- ըսաւ երեխան,- չեմ գիտեր: Ես կը նստէի նստարանին, երբ մեծ երեխաներ մօտեցան ինծի ու ըսին. «Կ՚ուզես պատերազմ խաղալ»: Ես պատասխանեցի՝ այո, կ՚ուզեմ: Սկսանք խաղալու: Ինծի ըսին. «Դուն յիսնապետ ես»: Մեծ տղայ մը... մարաջախտ էր... Ան զիս հոս բերաւ ու ըսաւ. «Այստեղ մեր վառօդի պահեստանոցն է՝ սա կրպակին մէջ: Իսկ դուն կ՚ըլլաս ժամապահ... Կեցի՛ր հոս, մինչեւ որ ես քեզ չփոխեմ»: Ես ալ ըսի՝ լաւ: Իսկ ան ըսաւ. «Խոստացիր, որ չես երթար»:

-Ե՞ւ:

-Եւ, ես ըսի. խօսք կու տամ, որ չեմ երթար:

-Եւ ի՞նչ:

-Եւ ահա կը կենամ, կը կենամ, իսկ անոնք չեն գար:

-Ուրեմն,- խնդացի ես:- Իսկ որքա՞ն ժամանակ է, որ անոնք քեզ կեցուցին այստեղ:

-Տակաւին լոյս էր:

-Իսկ ո՞ւր են անոնք:

Երեխան կրկին ծանր հառաչեց ու ըսաւ.

-Ես կը կարծեմ, թէ անոնք գացին:

-Ինչպէ՞ս գացին:

-Մոռցան:

-Ուրեմն ինչո՞ւ դուն կը կենաս:

-Ես անկեղծ խոստում մը տուի...

Պահ մը ուզեցի խնդալ, այնուհետեւ ինքզինքս զսպեցի ու մտածեցի, որ խնդալիք բան մը չկայ ու մանչուկը լրիւ իրաւունք ունի: Եթէ խոստացեր է, ուրեմն պէտք է կանգնի, ինչ որ ալ պատահի, նոյնիսկ եթէ պայթի: Միեւնոյնն է՝ խաղ մըն է այն, թէ ոչ:

-Ահաւասիկ այսպիսի պատմութիւն մը,- ըսի ես անոր:- Իսկ դուն ի՞նչ պիտի ընես:

-Չեմ գիտեր,- ըսաւ մանչուկը ու կրկին սկսաւ լալու:

Ես շատ ուզեցի անոր օգնել: Իսկ ի՞նչ կրնայի ընել: Երթայի՞, փնտռէի այդ յիմար երեխաները, որոնք վերջինս ժամապահ կարգեցին, անկէ խոստում առին, իսկ իրենք վազեցին տուն: Բաց աստի, ինչպէ՞ս հիմա կրնամ գտնել զանոնք… այդ երեխաները...

Անոնք հաւանաբար ընթրեցին ու պառկեցան քնացան, արդէն կը տեսնեն իրենց տասներորդ երազը:

Իսկ մարդն ալ ժամապահութիւն կ՚ընէ: Մթութեան մէջ ու հաւանաբար անօթի փորով:

-Հաւանաբար ընթրել կ՚ուզե՞ս,- հարցուցի:

-Այո,- պատասխանեց ան,- կ՚ուզեմ:

-Ուրեմն,- ըսի մտածելով,- դուն վազէ տուն, ընթրէ, իսկ ես մինչ այդ կը կենամ այստեղ:

-Այո,- ըսաւ մանչուկը,- իսկ այդպէս կարելի՞ է:

-Իսկ ինչո՞ւ կարելի չէ:

-Չէ՞ որ դուք զինուորական մը չէք:

Ես քերեցի ծոծրակս եւ ըսի.

-Ճիշդ է: Ոչինչ կը փոխուի: Ես նոյնիսկ չեմ կրնար քեզ հանել պահակութենէ: Միայն զինուորական մը կրնայ այդ ընել, միայն պետը...

Եւ յանկարծ այդտեղ իմ գլուխի մէջ ծագեցաւ հրաշալի միտք մը:

ԱԼԵՔՍԷՅ ԻՒԱՆՈՎԻՉ ՓԱՆՏԵԼԷԵՒ
Ռու­սե­րէ­նէ թարգ­մա­նեց՝ ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

•շարունակելի

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 16, 2020