ԽԱՉՎԵՐԱՑԻ ՏԱՂԱՒԱՐ ՏՕՆԸ
Վաղը Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին պիտի նշէ Տաղաւար տօներէն հինգերորդը՝ Խաչվերացը, Սուրբ Խաչի տօնը:
Այսօր մեր ընթերցողներուն պիտի ներկայացնեմ փունջ մը Աստուածաշնչական համարներ եւ Եկեղեցւոյ Սուրբ Հայրերու գրութիւններէն հատուածներ՝ նուիրուած Սուրբ Խաչին:
• Տէր Յիսուս Քրիստոս կ՚ըսէ.
- Ան որ իր խաչը չ՚առներ եւ Ինծի չի հետեւիր, արժանի չէ Ինծի (Մտ 10.38: Ղկ 14.27):
- Եթէ մէկը ուզէ Ինծի հետեւիլ՝ թող ուրանայ իր անձը, առնէ իր խաչը եւ ետեւէս գայ (Մր 8.34: Ղկ 9.23):
• Պօղոս առաքեալ կը գրէ.
- Խաչին մասին քարոզութիւնը յիմարութիւն կը թուի կորուստի ճամբուն մէջ գտնուողներուն համար, մինչ մեզի՝ փրկութեան ճամբուն մէջ գտնուողներուս համար Աստուծոյ զօրութիւնն է անիկա (Ա. Կր 1.18):
- Անոնք որոնք Քրիստոսի կը պատկանին, իրենց մարդկային կիրքերն ու ցանկութիւնները խաչին վրայ մահացուցին (Գղ 5.24):
- Գալով ինծի, քա՛ւ լիցի որ մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի խաչէն զատ ուրիշ բանով պարծենամ: Այդ խաչին միջոցաւ աշխարհը մեռած է այլեւս ինծի համար, ինչպէս ես մեռած եմ աշխարհի համար (Գղ 6.14):
- Որովհետեւ, ինչպէս յաճախ կ՚ըսէի եւ հիմա եւս լալով կ՚ըսեմ, մեր մէջ կան շատեր՝ որոնց կեանքը թշնամանք է Քրիստոսի խաչին (Փլպ 3.18):
- Մեր աչքերը յառենք Յիսուսի, մեր հաւատքի հիմնադիրին ու կատարելագործողին, որ գիտնալով թէ ի՜նչ ուրախութիւն կը սպասէ Իրեն՝ արհամարհեց ամօթը, յանձն առաւ խաչի վրայ մեռնիլ, եւ Աստուծոյ աթոռին աջ կողմը նստաւ (Եբր 12.2):
• Սուրբ Իգնատիոս Անտիոքացին կը գրէ.
- Մեզի համար գամուեցաւ Պոնտացի Պիղատոսի եւ Հերովդէս չորրորդապետի օրով: Իր խաչին եւ սուրբ չարչարանքներուն պտուղով՝ կեանքը գտանք։
• Սուրբ Աթանաս Հայրապետ կը գրէ.
- Քու արժէքաւոր խաչդ, ամենէն գեղեցիկ նուէրն է Քեզմէ ինծի, որ ուրախութեամբ կ՚ընդունիմ ու կը կրեմ:
- Խաչը անդիմադրելի զօրութիւն մըն է... Սատանաները անոր պատկերէն կը փախչին՝ երբ այն պատկերուի մեր վրայ:
- Շնորհ ըրէ՛, որ սիրեմ Քեզ, որով Քեզմէ աւելի ոչինչ սիրեմ: Ու սիրեմ խաչդ ու ամբողջ կեանքս Քեզի յատկացնեմ:
• Սուրբ Եփրեմ Ասորին կը գրէ.
- Որդեակ իմ, փոխանակ զէնք վերցնես կամ որեւէ մէկ բան, որ պաշտպանէ քեզ, վերցո՛ւր խաչդ եւ ետեւէս եկուր: Վերցո՛ւր խաչդ եւ անոր նշանը պատկերէ՛ անդամներուդ վրայ, սիրտիդ վրայ: Պատկերէ՛ զայն ամէն առիթի, ներս մտած կամ դուրս ելած ատենդ, նստելուդ կամ կանգնելուդ ատեն, քնանալուդ եւ աշխատանքիդ ատեն: Պատկերէ՛ զայն Հօր, Որդիին եւ Սուրբ Հոգիին անունով:
• Սուրբ Յովհան Ոսկեբերան Հայրապետ կը գրէ.
- Կապուած ու շղթայւած մարդը, չի՛ կրնար ինքզինք քակել, անպայման պէտք է ուրիշ մէկը քակէ զինք: Այս պատճառով էր, որ Տէր Յիսուսը եկաւ եւ խաչին վրայ կապուեցաւ ցանկութիւններովս եւ սիրտիս տառփանքներովս, որով ես ազատութիւն ստացայ:
- Աղօթքին հետ խաչակնքէ, եւ այդ ատեն սատանաները չեն մօտենար քեզի, որովհետեւ իրենց դէմ զինուած կ՚ըլլաս:
- Եթէ դուն ջերմեռանդութեամբ խաչակնքուիս, ապա ոչ մէկ չար ոգի կրնայ քեզի մօտենալ, որովհետեւ ան կը տեսնէ այն զէնքը՝ խաչը, որով Յիսուս Քրիստոս մահացաւ խոցեց զինք եւ կործանեց սատանային եւ անոր արբանեակները եւ անոնց ամբողջ չար զօրութիւնը:
- Խաչին նշանը փակ դռները կը բանայ, թոյնին ազդեցութիւնը կ՚անէացնէ եւ վայրի կենդանիներու ժանիգներուն պատճառով յառաջացած մահացու վէրքերը կ՚ամոքէ:
- Սակայն, Տէրը անոր (Զակքէոսին) գաղտնիք մը յայտնեց ու ըսաւ անոր, որ ծառէն իջնէ: Գիտցաւ անոր հոգիին խորերը: Գիտցաւ անոր սուրբ կարօտը: Իջի՛ր: Յիշէ, երբ Ադամ իր մերկութիւնը զգաց, թզենիի ծառին ետեւը պահուըտեցաւ: Իսկ դուն, որ փրկութիւնը կ՚ուզես, մոլաթզենիին վրայ մի՛ բարձրանար, պէտք է չորցնեմ զայն ու անոր փոխարէն նոր մը տնկեմ..., այսինքն՝ Խաչը: Այդ է օրհնեալ ծառը (այսինքն՝ Խաչը), եւ պէտք է ոտքերդ դէպի այն ուղղես, այն է, որ ուղղակիօրէն դէպի երկինք կ՚առաջնորդէ... Դուն իմ կորսուած ոչխարս ես, եւ քեզ է, որ կը փնտռեմ: Շուտ ըրէ, իջի՛ր եւ սպասէ զիս քու տունիդ մէջ, որովհետեւ պէտք է այնտեղ հանգստանամ: Ես կը հանգստանամ այնտեղ, ուր որ հաւատք կայ: Կ՚երթամ հոն, ուր որ սէր կայ:
- Եղբայր, մի՛ ամչնար խաչի նշանէն, որովհետեւ ան զօրութեան եւ օրհնութիւններու աղբիւր է, որու մէջ կ՚ապրինք ստեղծուած նոր ստեղծագործութեամբ մը՝ Քրիստոսի մէջ....: Հագուէ՛ զայն եւ հպարտացիր անով որպէս թագ:
- Խաչին պատճառով դեւերը այլեւս սարսափելի չեն եւ արհամարհանքի արժանի են։ Անով մահը այլեւս մահ չէ, այլ՝ երկարատեւ քուն, եւ մեր վրայ իշխող ամէն զօրութիւն ոտնահարուած է։ Խաչը անցեալին դատապարտութեան գործիք կ՚անուանուէր, իսկ հիմա ցանկալի եւ գովելի դարձած է ան։ Անցեալին խայտառակութեան եւ տանջանքի առարկայ էր խաչը, իսկ հիմա փառքի ու պատիւի առարկայ դարձած է։ Իսկ թէ խաչը իսկապէս փառաւոր է, լսէ՛ Յիսուս Քրիստոսին, որ կ՚ըսէ. «Եւ այժմ, ո՜վ Հայր, փառաւորէ՛ զիս այն փառքով որ ունէի քու հետդ՝ աշխարհի գոյութենէն առաջ» (Յհ 17.5)՝ Խաչը փառք անուանելով։ Խաչը մեր փրկութեան գլուխն է, Խաչը բազմաթիւ բարութիւններու պատճառն է։ Անոր միջոցաւ մենք որ մերժուած ու անփառունակ էինք, հիմա որդիներու շարքին մէջ ընդունուած ենք։ Անոր միջոցաւ մենք մոլութիւններէն դուրս գալով, ճշմարտութիւնը ճանչցանք։ Մենք, որ անցեալին փայտին ու քարին կ՚երկրպագէինք, հիմա խաչով մեր Արարիչը ճանչցանք։ Անոր միջոցաւ մենք՝ մեղքի ստրուկներս, ճշմարտութեան ազատութեան դարձանք։ Եւ վերջապէս, Խաչով երկիրը երկինք դարձաւ:
• Յովհաննէս Կարճահասակ կը գրէ.
- Արեւածագին ու իւրաքանչիւր օրուան սկիզբը, ձեռքերս ձեռքերուդ նման բարձրացուցի, որպէսզի ամէնօրեայ խաղաղութիւն գտնեմ՝ խաչիդ լոյսին մէջ:
• Գէորգ Զ. Չէօրեքճեան Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը կը գրէ.
- Սակայն կը յարգենք մենք խաչը խօսքով եւ Խաչեցեալը կը պաշտենք լոկ շրթներով. ահա Հայ ժողովուրդը՝ քաղցած ու ծարաւ. ո՞ւր է սէրդ հա՛յ հարուստ. ահա Հայ ժողովուրդը՝ հիւանդ ու ախտաւոր, ո՞ւր է խնամքդ հայ բժիշկ. ահա Հայ ժողովուրդը՝ թշուառ ու անմխիթար, ո՞ւր է սէրդ հա՛յ հոգեւորական. ահա Հայ ժողովուրդը իրաւազուրկ եւ անօգնական, ո՞ւր է անձնուէր սէրդ հա՛յ փաստաբան. ահա Հայ ժողովուրդը սուրի եւ կրակի ճարակ, ո՞ւր է սէրդ հա՛յ երիտասարդ։ Միթէ՞ բոլորիս սիրտերուն մէջ ցամքած է սէրը, սէր՝ որ կը գերազանցէ մարդկային սիրտի ամենէն ազնիւ զգացմունքը եւ ամենէն հանճարեղ միտքի ստեղծագործութիւնը։
Շրջապատեցէք այս խաչը, հայ եղբայրներ եւ քոյրեր, որուն փարած են ձեր պապերը, ծունկի եկէք այս խաչափայտին առջեւ, որ սիրոյ խորհրդանշան է եւ աղօթարար ակնածութեամբ վեր նայեցէք դէպի Խաչեցեալը, որ կատարողն է ձեր խնդրանքներուն, եւ այն ատեն «ողորմութիւն եւ խաղաղութիւն Տեառն մերոյ եւ Փրկչին Յիսուսի Քրիստոսի, եղիցի ընդ ձեզ եւ ընդ ամենեսեանդ» [Ամէն]:
• Շնուտա Գ. Հայրապետ կը գրէ.
- Եղբայրներս, քրիստոնէութիւնը առանց խաչի՝ բացարձակապէս քրիստոնէութիւն չէ: Քրիստոնէութիւնը խաչն իսկ է... եւ խաչը՝ քրիստոնէութիւնն է:
- Մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի չարչարանքները փաստ մըն են Իր մարդկութեան հանդէպ ունեցած սիրոյն, Իր սէրն է որ զԻնք խաչ բարձրացուց, այլապէս ո՛չ Պիղատոսը եւ ոչ ալ հրեաները կրնային խաչել զԻնք:
- Առանց խաչի, մեղքերու թողութիւն չէին ստանար: Առանց խաչի, փրկութիւնը եւ մարդոց փրկագինի վճարումը տեղի չէր ունենար: Առանց խաչի, սատանային ու անոր իշխանութեան վրայ յաղթանակ չէր տարուեր: Այդ պատճառով խաչը բոլոր օրհնութիւններուն աղբիւրն է:
- Ան մարդը որուն բոլոր յոյսերը այս աշխարհին մէջ է ու այս աշխարհին մէջ պատիւ կը փնտռէ, չի՛ կրնար տոկալ խաչին:
• Հայր Պիշոյ Քամէլ կը գրէ.
- Տէր իմ Յիսուս..., շնորհէ ինծի հասկնամ ու ընկալեմ խաչիդ զօրութիւնը, եւ զգացուր ինծի երբ աշխարհի նեղութեան եւ աշխարհի սկզբունքներուն դէմ ըլլամ, թէ չե՛մ պարտուած, այլ՝ խաչիդ զօրութեամբը յաղթած եմ:
- Աստուած իմ...: Լաւապէս հասկցայ ինծի ուղղած խօսքդ, որ ամէն օր խաչս շալկեմ, ինչպէս որ Դուն Քու խաչդ շալկեցիր... Խաչս՝ մեղքին դէմ տարած պայքարս է, իսկ Քու խաչդ՝ իմ մեղքս է, որ ձախողեցայ պայքարելու անոր դէմ:
- Քրիստոնեայ անհատը չի՛ կրնար ըսել, թէ զՔրիստոս կը ճանչնայ, եթէ ան սուրբ միութիւն եւ յարատեւ խորհրդածութիւն չունի Քրիստոսի խաչին:
- Տէր իմ Յիսուս Քրիստոս, որոշ խաչ մը չեմ խնդրեր..., այլ՝ ինչ որ կամքդ կ՚ընտրէ ինծի համար, չե՛մ ալ ուզեր ծառայութիւններս առաջարկեմ Քեզի..., այլ՝ Դուն զիս օգտագործես ատոնց մէջ:
• Գարեգին Ա. Ամենայն Հայոց Հայրապետը կը գրէ.
- Չմոռնանք, որ սէրը, ի վերջոյ, խաչն է: Եթէ խաչը չենք կրեր, եթէ անկարող ենք ուրիշներու հաշուին մենք մեզ մոռնալու, տառապելու անոնց համար, այն ատեն է, որ չենք գիտնար թէ ի՛նչ է սէրը…:
• Հայր Մաթթա ալ Մըսքին կը գրէ.
- Ինչ որ Յիսուսինն էր՝ իմս եղաւ, Իր խաչը, Իր փառքը ու Իր ցաւերը:
- Ան որ Յիսուսի խաչը շալկեց, սիրով՝ ուխտ մը շալկեց չարին դէմ պայքարելու, կամ մինչեւ մահ անձը դնելու:
• Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը կը գրէ.
- Քրիստոսի խաչը, սիրելիներ, 2000 տարի կենաց ճանապարհով դէպի Աստուած կ՚առաջնորդէ մեր ժողովուրդին, իսկ 1700 տարիներ առաջ ամպշող երեւաց Հայոց երկնակամարին վրայ, երբ Տէրը արժանի գտաւ մեր հողը Իր ոտքի հպումին եւ յայտնուեցաւ Լուսաւորիչ մեծ Հայրապետին՝ մեր առաջին Կաթողիկոս Սուրբ Գրիգորին: Այն օրէն, ինչպէս մեր մեծ վարդապետներէն մէկը կ՚ըսէ՝ թէ «ինչպէս որ մէ՛կ է մեր Հայրը եւ բոլոր բարիքները Իր անձին մէջ տպաւորեց, նոյնպէս մէ՛կ է եւ միակրօն Հայոց ազգը, եւ բոլոր գերազանց պարգեւներով մեծարուած» (Յովհաննէս Երզնակցի):
Արդարեւ, Տիրոջ Առաքելաներուն եւ Իր ընտրեալներուն ոտնահետքերով որդեգրելով Խաչի լուսեղէն ճանապարհը՝ բազմաթիւ պարգեւներու արժանացանք՝ ազատութեան, արդարութեան, բարութեան ու ճշմարտութեան շնորհներով փրկութեան առաջնորդուելով, կերտեցինք ինքնութեան մեր դիմագիծը որպէս ազգ եւ որպէս Եկեղեցի: Դէպի Աստուած մեր ընթացքին մէջ հայրենեայց մեր սուրբ հողին խաչքար, վանք ու եկեղեցի շնչաւորեցինք, ծաղկող գրիչով մատեան երկնեցինք եւ սերունդներուն աւանդեցինք խորհուրդը «մահ իմացեալի»ն՝ խաչի լուսաբաղձ հաւատքը կենսաւորելով որպէս յաղթութիւն, որպէս կեա՛նք իմացեալ:
- Խաչը մեզի համար Տիրոջ խօսքով ապրելու յանձնառութիւն է: Խաչը արդարութիւն է, որովհետեւ անով արդարացանք: Խաչը ճշմարտութիւն է, որովհետեւ անով ճանչցանք Աստուծոյ ճշմարիտ սէրը արարածներուս հանդէպ: Այս աշխարհին մէջ մենք խաչով կ՚արտայայտենք մեր կոչումն ու առաքելութիւնը, մեր հաւատքը կեանքի հանդէպ, մեր հաւատքը յաւիտենական կեանքի հանդէպ: Խաչը նաեւ յաղթանակի նշան է քրիստոնեաներուս համար: Այս վստահութեամբ ու ոգիով ապրած է մեր ժողովուրդը՝ Տէրունական խաչը փորձութիւններուն դէմ վահան դարձուցած, օրհնութիւն եւ պահպանութիւն՝ իր կեանքին, իր յոյսերուն ու ձգտումներուն:
- Ի՞նչ է խաչի ճանապարհը, եթէ ոչ չարի մերժումը եւ բարիի հաստատումը, սիրոյ յաղթանակը մարդկային կեանքէն ներս, մեղքէն ազատութիւն, որու համար Աստուած Իր արիւնը հեղեց խաչին վրայ եւ Իր Յարութեամբ՝ որպէս ամենայաղթ նշան Իր զօրութեան ու Իր կենդանի ներկայութեան մեր մէջ, մեզի պարգեւեց Խաչի լուսեղէն խորհուրդը:
- Խաչի տօնին խորհուրդը, սիրելի բարեպաշտ հաւատացեալներ, հաւատքի ու նուիրումի զօրացման հրաւէր է, հրաւէր՝ ծառայական մեր ուխտի նորոգութեան առ Աստուած եւ առ Եկեղեցին Հայաստանեայց:
- Խաչը մեր պատմութիւնն է, մեր անցեալն ու ներկան եւ գալիքի վստահութիւնը: Խաչին հետ անցած ենք բազմաթիւ նեղութիւններու ու տառապանքներու, ջարդերու ու կոտորածներու միջոցով, սակայն Սուրբ Խաչի զօրութեամբ երբեք չենք վհատած, եւ չէ լքած մեզ յառնելու կամքը, ապրելու սէրը: Արդ, մեր կենսագրութիւնը վկան է խաչի ու մեր ժողովուրդի անբաժանելիութեան:
- Խաչը վերցնել, կը նշանակէ յանձն առնել պարտականութիւնները, որ ունինք մերձաւորներուն, մեր ժողովուրդին, համայն մարդկութեան եւ մեր գալիքին հանդէպ: Խաչը վերցնել կը նշանակէ յանձն առնել նոյնիսկ աւելին՝ քան պարտականութիւնները, այն է՝ մարդոց հանդէպ սէրը: Ծանրութիւն եւ բեռ չէ խաչը, երբ կը սիրենք Քրիստոսը՝ մեզի համար խաչուած աշխարհի Փրկիչը. «Իմ լուծը քաղցր է եւ Իմ բեռը թեթեւ»,- կ՚ըսէ Տէրը (Մտ 11.30), եւ Անոր հետ քաղցր պտուղներով արգասաբեր, զարթօնքով պայծառ ուղի է խաչը, իրարու հանդէպ սիրով, արդարութեամբ ու ճշմարտութեամբ փայլող կեանք:
- Քրիստոսի խաչր միայն չարչարանքներու ու տառապանքներու խաչ չէ, այլեւ՝ փառքի ու յաղթութեան:
Աւարտենք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միաբաններէն լուսահոգի Արտաւազդ Արքեպիսկոպոս Թրթռեանի հետ աղօթակից ըլլալով.
- Ու ժողովուրդը մեր, գերուած խորհուրդէն Քրիստոսի խաչելութեան, բոլոր ժողովուրդներուն մէջ գերազանցօրէն ժողովուրդն է խաչին, զոհագործումին ու պատարագումին՝ շատ ըսուած է, պիտի միշտ ըսուի եւ երբեք բաւարար չըսուի։ Տասնվեց դարերու շարունակական խաչելութիւնն ու մարտիրոսութիւնը մեզ զսպանակած են Աստուծոյ հանդէպ, աստուածայինին հանդէպ, խաչին հանդէպ մեր աշխարհ մը սէրէն, մեր այրող բայց չհատնող սէրէն։ Ահա թէ ինչո՛ւ այն խոր յարգանքը, պաշտամունքի հասնող մեծարանքը մեր ժողովուրդին հանդէպ Խաչին։ Ու այսօր, Խաչվերացի, այսինքն խաչի պանծացումի մեծ տօնին, որուն պատմականը կամովին զանց ըրինք, մեր սիրտին ամենէն խորունկ ակունքէն կ՚աղօթենք եւ կ՚աղաչենք՝ Տէր Յիսուս Փրկիչ, Քու Խաչդ պահապան ըլլայ երկրագունդիս վրայ ցանուցիր մեր ժողովուրդին, իր թեւերուն տակ համահաւաքէ բեկորեալ նշխարներն անոր հայրենի մեր սեփական երկրին վրայ, խաղաղ ազատութեան մէջ պահպանէ ամբողջն ի մի՝ մինչեւ կատարածն աշխարհի, եւ ապաւէն ըլլայ մեզի երբ լուսաւոր ամպերու մէջէն յայտնուիս Հօր Աստուծոյ փառքով, այն ատեն «ամօթով չմնանք Քեզի յուսացողներս, այլ Քու մեծ զօրութեամբդ՝ որպէս Լոյսի Որդիներ՝ Քու աջկողմդ բերկրինք»:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
9 սեպտեմբեր 2023, Վաղարշապատ