ՈՒԻԼԻԸՄ ՍԱՐՈՅԵԱՆԸ՝ ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՄԷՋ

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը իր պատմութեան ընթացքին ընդունած է բազմահազար հայ եւ օտար նշանաւոր մարդիկ: Հայաստան այցելող բոլոր կարեւոր հիւրերը, արուեստագէտները, մտաւորականները, հոգեւոր եւ քաղաքական գործիչները անպայման այցելած են նաեւ Էջմիածին՝ հաղորդուելու Մայր Աթոռի սրբազան լոյսին եւ հանդիպելու Ամենայն Հայոց կաթողիկոսներուն հետ:

Բազմաթիւներ Էջմիածին այցելած են պարզապէս որպէս ուխտագնացութիւն եւ շատ յաճախ այդ այցերը նշանակալի փոփոխութիւն ունեցած են անհատի կեանքին մէջ:

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին այցելած անուանիներէն է նաեւ աշխարհահռչակ հայազգի գրող Ուիլիըմ Սարոյեան, որ հայաստանեան իր այցերէն երկուքի ժամանակ ցանկութիւն յայտնած է անպայման ըլլալ Էջմիածնի մէջ:

Իր այցելութիւններէն մէկուն ժամանակ Սարոյեան Վեհարանի Ոսկեայ մատեանին մէջ ձգած է հետեւեալ գրութիւնը.

Սուրբ Էջմիածինը հայ հոգիի կեդրոնն է, սիրտը եւ ամբողջականութիւնը: Այստեղ գտնուիլը հոգեկան մեծ փորձառութիւն է եւ ներքին զօրացման ու անխորտակելիութեան մեծ լուսաւորում մը՝ այս անցաւոր եւ խոցելի մարդկային աշխարհին մէջ: Այն միաժամանակ խոնարհութեան եւ հպարտութեան պահ մըն է ինծի՝ այցելուիս համար:

Հոկտեմբեր 27, 1976

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ մեծանուն գրողին կ՚ուղեկցէին հայ գրողներ, լրագրողներ, անոնց շարքին էր նաեւ լրագրող, հրապարակախօս Վիլիկ Զաքարեան, որ յետոյ թուղթին յանձնած է իր յուշերը, որոնք ալ օրին տպագրուած են «Էջմիածին» հանդէսին մէջ: Այդ յուշագրութեան ուշագրաւ հատուածները կը ներկայացնենք ստորեւ։

ԱՌԱՋԻՆ ԱՅՑԵԼՈԻԹԻՒՆ

1976 թուական, հոկտեմբերի 27

Ուիլիըմ Սարոյեանը Հայաստան է: Երեւանի մէջ գրողներուն, մտաւորականներուն հետ հանդիպելէ յետոյ մեծ գրողը բուռն ցանկութիւն կը յայտնէ այցելելու Ամենայն Հայոց Վազգէն Ա. Կաթողիկոսին:

Լրագրող Վիլիկ Զաքարեան «Էջմիածին» ամսագրի գլխաւոր խմբագիր Արթուն Հատիտեանին հետ կապ հաստատելով՝ կը խնդրէ, որ արտօնութիւն ստանայ ու ինքն ալ ներկայ ըլլայ այդ հանդիպումին: Լրագրողը կը փափաքի ներկայ ըլլայ երկու մեծերու հանդիպումին եւ թուղթին յանձնէ պատմական հանդիպման մանրամասնութիւնները: «Էջմիածին» ամսագրի գլխաւոր խմբագիրը, որ ի միջի այլոց բարեկամ էր Վիլիկ Զաքարեանին, կ՚ընդառաջէ եւ կը կազմակերպէ նաեւ անոր ներկայութիւնը:

Երբ լրագրողը Էջմիածին կը հասնի եւ կը մտնէ Մայր Աթոռի տարածք, կը տեսնէ, որ Սարոյեան բանաստեղծ Վահագն Դաւթեանին հետ կը շրջի, կը մօտենայ մարդոց, կը խօսի, հարց ու փորձ կ՚ընէ: Այդ մէկը բնորոշ էր Սարոյեանին: Ան ուր որ այցելէր՝ անպայման կը զրուցէր անծանօթ մարդոց հետ եւ իր տպաւորութիւնները կը հարստացնէր այդ զրոյցներով: Հայաստանի միւս բնակավայրեր այցերու ժամանակ ալ ան անծանօթ մարդոց հետ զրոյցի կը բռնուէր, մարդիկ կը խօսէին, կ՚անկեղծանային՝ յաճախ նոյնիսկ չգիտնալով, որ իրենց մօտ կանգնած է աշխարհահռչակ գրող մը: Էջմիածնի մէջ այդպէս մեծ թիւով մարդիկ կը հաւաքուին անոր շուրջը. բարեբախտաբար, հոս հիմնականը կը ճանչնային անոր, հարցեր կու տային, երջանիկ էին, որ մօտէն կը տեսնէին իրենց հայրենակից նշանաւոր գրողը:

Վահագն Դաւթեան զգալով, որ կրնան ուշանալ հանդինպումին, ժամացոյցին կը նայի եւ գրողը կ՚ուղղորդէ դէպի Վեհարան: Սարոյեան, մինչ Վեհարան հասնիլը, կը թուարկէ հայաստանեան իր բարեկամները եւ կ՚ըսէ, որ Վեհափառն ալ իր բարեկամն է:

Վիլիկ Զաքարեան Սարոյեանի խօսքերը այսպէս կը շարադրէ. «Հայոց Կաթողիկոսն ալ իմ բարեկամս է, ան շատ անուշ մարդ է: Անոր հետ զրուցած ատենս ես կը հարստանամ: Զարմանալի մարդ մըն է ան: Ինչի մասին կ՚ուզես՝ զրուցէ. աշխարհի գրականութիւն, աշխարհի արուեստ, ֆրանսական նկարչութիւն, ռուսական գրականութիւն… Է՜, հապա հայ պատմութիւն, հայ կրօն, համաշխարհային պատմութիւն ու մշակոյթ, հայ հին կրօններ, աշխարհի կրօններ…

Է՜, շատ-շատ զարմանալի մարդ մըն է ան: Ե՞րբ հասցուցած է այդքան բան ուսանիլ, սորվիլ, կարդալ:

Երբ կը զրուցէի անոր հետ, կը զգայի, որ շատ կարդացող եղեր է:

Է՜հ, մեծ, շատ մեծ մարդ մըն է մեր կաթողիկոսը:

Ես անոր հետ զրուցելու ժամանակ բաւականութիւն մը կը զգամ, ինչպէս՝ Կոմիտաս, Մոցարթ, Շոփէն լսեմ, ինչպէս Շահմուրատեան լսեմ:

Անոր հայերէ՜նը: Անոր հայերէնը գեղեցկութիւն է, գեղեցկութիւն:

Է՜հ , երթանք, երթանք անոր քով»:

Իսկ այս տպաւորութիւնները պատահական չեն ծնած Սարոյեանին մօտ: Սարոյեան Ամենայն Հայոց Վազգէն Ա. Կաթողիկոսին առաջին անգամ հանդիպած է Վիեննայի մէջ՝ 1960 թուականին: Հանդիպած են եւ երկուքի սիրտերն ալ կապուած են իրարու, անոնք մտերմացած, բարեկամացած են:

Վեհարանին մէջ Ամենայն Հայոց Հայրապետը ընդառաջ կու գայ Սարոյեանին: Անոնք շատ ջերմ կը ողջագուրուին, Վեհափառը կը հրաւիրէ նստիլ: Մտերմիկ զրոյց կը սկսի: Վեհափառը այդ ընթացքին կը հարցնէ նաեւ գրողի՝ Հայաստան այցելելու շարժառիթը:

-Է՜հ, Վեհափառ, հրաւէր ստացած էի Հայաստանի Գրողներու ընկերութեան եւ Սփիւռքահայերու մշակութային կազմակերպութեան կողմէ: Պարզապէս հրաւէր՝ այցելել Հայաստան: Իսկ ինչպէ՞ս չայցելեմ:

Հայրենիքս, իմ ժողովուրդս մագնիսի նման, տիեզերական ուժէն ալ վեր զիս կը քաշեն դէպի զիրենք:

Իմ ծննդավայրս Ամերիկան է, Ֆրեզնոն, ինչպէս ձերը Ռումանիան է, Պուքրէշը: Բայց իմ իսկական հայրենիքը ա՛յս է: Իսկական հայրենիքս Հայաստանն է: Ատ ալ քիչ է: Իմ իսկական հայրենիքս պապերուս հայրենիքն է՝ Պիթլիսը՝ Արմենակ Սարոյեան հօրս, Թագուհի Սարոյեան մօրս, Լուսնթագ Գարաօղլանեան մեծմօրս քաղաքը, որ ափսո՜ս, շա՜տ ափսոս, այսօր Թուրքիոյ մէջ կը գտնուի: Էհ, ի՜նչ ընենք, ճակատագիր է:

Ի դէպ, ըսեմ, չկրցայ ինքզինքս զսպել եւ տիեզերական ցանկութեանս հակառակիլ՝ տարի մը առաջ գացի Պիթլիս, տեսայ, կարօտս առի:

Այդ զրոյցի ժամանակ աշխարհահռչակ գրողը կը պատմէ, որ Պիթլիսի մէջ քիւրտ մը յիշած է Սարոյեանի հայրը ու տարած եւ ցոյց տուած է իրենց տունը: Յետոյ գրողը Վեհափառին հետ զրոյցը շարունակած է.

-Թէպէտ ես հոն չեմ ծնած, բայց մեծ էր կարօտս: Գացի, տեսայ մեր Սարոյեաններու փուլ եկած տունը: Նստայ շեմին: Նստայ ու նստայ: Որքան անցած էր՝ չեմ գիտեր, յետոյ ելայ, գացի պանդոկ: Եթէ ըսեմ՝ կարօտս առի՝ սուտ կ՚ըլլայ: Կարօտը սահման չունի, կարօտը տիեզերական է: Առաջին անգամն էի հայրենի քաղաքին մէջ, առաջին անգամ կը տեսնէի հօրենական տունս, այն ալ՝ փլատակ, բայց մեծ, շատ մեծ կարօտ ունէի: Երեւի կարօտը մարդուս ամենամեծ զգացումն է:

-Ճիշդ ըսիր, Ուիլիըմ,- միջամտած է Վեհափառը,- իմ ծննդավայրս ալ Ռումանիան, Պուքրշէն է, բայց իմ հայրենիքս Հայաստանն է՝ գեղեցիկ այս երկիրը:

Յետոյ անոնք կը յիշեն իրենց հանդիպումը Վիեննայի մէջ, ապա կարճ լռութիւն մը կը տիրէ: Սարոյեան ինք կ՚ընդհատէ լռութիւնը.

-Վեհափա՛ռ, կը հարցնէք Հայաստան գալուս շարժառիթը, չէք հարցներ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին գալուս շարժառիթը: Կրօնը մեծ ուժ է, կրօնը ժողովուրդ կը պահէ: Երբ պզտիկ էի, Լուսնթագ մեծմօրս ձեռքերուն առաւօտ կանուխ ջուր կը լեցնէի, ան կը լուացուէր: Լուացուելէն առաջ կ՚աղօթէր, խաչ կը հանէր:

Կրօնը նաեւ ազգապահպանութիւն է, իսկ Էջմիածինը, Մայր Աթոռը՝ ազգապահպանութեան կեդրոն:

Հանդիպման աւարտին Վեհափառը կը կարգադրէ, որ բերեն Սարոյեանին համար նախատեսած նուէրը: Սարոյեան ինք սկիզբը կը հրաժարի, ապա զինք կը շտկէ՝ ըսելով.

-Ձեզմէ ստացած նուէրը մեծ, շատ մեծ պատիւ է ինծի համար ու մեծ պարծանք: Նուէ՜ր Հայո՜ց Հայրապետէ՜ն:

Այս վերջին խօսքը ան կ՚արտաբերէ վանկ առ վանկ ու շեշտուած առոգանութեամբ:

Կը բերեն նուէրը: Այդ մէկը կ՚ըլլայ բիւրեղապակեայ գաւաթ մը, որուն վրայ փորագրուած էր Մայր Տաճարի պատկերը: Տեսնելով նուէրը՝ Սարոյեան յիշեց, որ Արարատը պատկերող նկար մըն ալ ստացած է Մարտիրոս Սարեանէն եւ ուր կ՚երթայ, իր հետը կը տանի զայն:

Կը պատմէ նաեւ, որ երբ ստացած է իր առաջին գիրքին պատուավճարը, Սան Ֆրանսիսքոյի մէջ տուն մը կառուցած է Թագուհի մօր համար եւ ապա Ռուսաստանի վրայով եկած է Հայաստան:

Ըսաւ նաեւ, որ առաջին անգամ Հայաստան այցելած է 1935-ին, յետոյ՝ 1960-ին: Այս մէկը արդէն երրորդն է: Ի վերջոյ հասկցած է, որ Սարեանի նուիրած կտաւի իսկական տեղը Սան Ֆրանսիսքոյի մէջ կառուցած տունն է եւ տունին մէջ ալ՝ իր աշխատասենեակը:

Սարոյեան ոգեւորութեամբ ըսած է, թէ իրեն համար Արարատը Հայաստան երկիրն է, իսկ Էջմիածինը՝ հայոց հոգիի կեդրոնը եւ ինք Էջմիածնի պատկերով գաւաթը կը տանի, կը դնէ Սարեանի նկարի կողքին, որ հայոց ոգին ու հողը միանան իրարու եւ Սարոյեան ինքն ալ մենակ չի զգար, այդպէսով մշտապէս իր ժողովուրդին հետ կը զգայ:

Զրոյցէն յետոյ Վեհափառ Հայրապետի առաջարկով, Սարոյեան կը շրջի Վեհարանին մէջ, հիացմունքով կը դիտէ Պատկերասրահի կտաւները, ամէն մէկ նկարին քով կը խանդավառուի, կը հիանայ գանձերով, չի թաքցներ իր հիացմունքը եւ բարձրաձայն կ՚արտայայտուի:

Այդ այցին Սարոյեանը նաեւ եկեղեցական թանգարան կը մտնէ, կ՚աղօթէ Մայր Տաճաին մէջ… Բացի գրող Վահագն Դաւթեանէն եւ լրագրող Վիլիկ Զաքարեանէն, անոր կ՚ուղեկցէին նաեւ Մայր Աթոռի դիւանապետ Տ. Արսէն Եպիսկոսպոս Պէրպէրեան, «Էջմիածին» ամսագրի խմբագիր Արթուն Հատիտեան եւ ժողովրդական նկարիչ Գրիգոր Խանճեան:

ԵՐԿՐՈՐԴ ԱՅՑԵԼՈԻԹԻՒՆ

1978 թուական, նոյեմբերի 2

Տակաւին 1976-ին՝ Հայաստանէն մեկնելու ժամանակ, Սարոյեան Մոսկուայի մէջ կարճ հանդիպում կը կ՚ունենայ խորհրդային յառաջատար լրագիրներէն մէկուն՝ «Լիթերաթուրնայա կազեթա»ի թղթակցին հետ: Լրագրողի այն հարումին, թէ ե՞րբ կրկին պիտի այցելէ Հայաստան, Սարոյեան իր անմիջական, անակնկալ ոճով կ՚ըսէ. «Երկու տարի ետք: Կը փափաքիմ իմ հայրենակիցներուս հետ միասին դիմաւորել մեծ տօնը՝ Ռուսաստանի հետ Արեւելան Հայաստանի միաւորման 150-ամեակը»:

Եւ ահա, երկու տարի յետոյ Սարոյեան իսկապէս Հայաստան կ՚այցելէ: Այս անգամ ան նոյնպէս Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին կ՚երթայ եւ այդ այցելութեան նպատակն էր՝ շնորհաւորել Հայոց Հայրապետը՝ ծննդեան 70-ամեակի առիթով:

Մտերմիկ զրոյցի ժամանակ Վեհափառ Հայրապետը կ՚ըսէ, որ այդ օրերուն հայ ժողովուրդը կը տօնէ Արեւելեան Հայաստանը Ռուսաստանին միանալու 150-ամեակը: Երկու ժողովուրդներու բարեկամութեան մասին զրոյցը կը շարունակուի, յետոյ Վեհափառը կը տեղեկացնէ, որ Վեհարանէն ոչ շատ հեռու՝ Վաղարշապատի այգիներուն մէջ, կառուցուած է յուշարձան-կոթող՝ ռուս զինուորի յիշատակին: Սարոյեան եւ Վազգեն Ա. Կաթողիկոս տարեկիցներ էին, անոնք երկուքն ալ 1908 թուականին ծնած էին եւ ուրեմն Սարոյեանի ալ 70-ամեակը կը լրանար այդ նոյն տարին:

Հայոց Հայրապետը ապա կը յիշէ Սարոյեանի յոբելեանը եւ կը շնորհաւորէ զինք:

Սարոյեան շնորհակալութիւն կը յայտնէ Նորին Սրբութեան եւ կ՚ըսէ, թէ իր երկրորդ գիրքը, «Շնչառութիւն» խորագրով, որ լոյս տեած է Նիւ Եորք՝ 1936-ին, ինք զայն նուիրած է «Անգլերէն լեզուին, ամերիկեան հողին եւ հայկական ոգիին»:

Անոնք հրաժեշտ կու տան միմեանց՝ վերստին հանդիպելու պայմանով:

Սարոյեան կը մեկնի: Այս անգամ եւս անոր հիմնական ուղեկիցը բանաստեղծ Վահագն Դաւթեանն էր, որ ընդհանրապէս Սարոյեանին ուղեկցած է նաեւ Հայաստանի միւս վայրերը, ներկայ եղած է հանդիպումներուն եւ ինք նոյնպէս յուշեր գրած է Սարոյեանի մասին:

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին այդ այցելութեան յաջորդ օրը՝ նոյեմբերի 3-ին Երեւանի մէջ, Շարժապատկերի տան մեծ դահլիճէն ներս կը նշուի Ուիլիըմ Սարոյեանի ծննդեան 70-ամեակը: Ականատեսներու նկարագրութեամբ՝ դահլիճին մէջ ասեղ ձգելու տեղ չկար: Հանդիսութիւնը կը հեռարձակուէր հեռատեսիլով, ինչպէս նաեւ՝ ձայնասփիւռով: Մեծ թիւով մարդիկ ալ հաւաքուած էին Շարժապատկերի տան մօտ եւ կը սպասէին: Ստիպուած եղան բարձրախօսներ տեղադրել նաեւ անոնց համար, որպէսզի դահլիճին մէջ խօսուածը լսէին: Այդ օրը այնտեղ հնչեց նաեւ Ամենայն Հայոց Վազգէն Ա. Կաթողիկոսի հետեւեալ խօսքը.

ՄԵԾԱՏԱՂԱՆԴ ԳՐՈՂ
ՈԻԻԼԻԸՄ ՍԱՐՈՅԵԱՆԻՆ

Սուրբ Էջմիածինէն ուրախ սիրտով կ՚ողջունենք Ձեր կեանքի եօթանասուն տարիները՝ լեցուն փայլուն գրական ստեղծագործութիւններով, նուիրուած մեր օրերու մարդոց, աւելի արդար, աւելի խաղաղ ու աւելի մարդասէր աշխարհի մը երազանքով: Այդ է նաեւ դարաւոր երազանքը հայ ժողովուրդի: Այս իմաստով Դուք Ձեր ամբողջ վաստակով հարազատ արտայայտիչն էք մեր ժողովուրդի ճշմարիտ իղձերու:

Յարգանք Ձեր կեանքին ու Ձեր վաստակին: Նաեւ մեր սիրտէն բխած բարի մաղթանքն է, որ տակաւին երկար տարիներ շարունակէք Ձեր գրական ստեղծագործական առաքելութիւնը՝ միշտ յիշելով ձեզ սիրող եւ ձեզմով հպարտացող Մայր Հայաստանը:

Կը մաղթենք նաեւ, որ Ձեր հեղինակաւոր ձայնը միշտ բարձր հնչեցնէք աշխարհին մէջ՝ յօգուտ հայ ժողովուրդի արդար սպասումներու կենսագործման: Աստուծոյ լոյսով թող միշտ վառ մնայ լոյսը Ձեր տաղանդի:

Օրհնութեամբ՝

ՎԱԶԳԷՆ Ա.
ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ

Ս. Էջմիածին
2 նոյեմբեր, 1978

*

ԳՐՈՂՆ ՈՒ ԼՈՒՍԱՆԿԱՐԻՉԸ

1970-ականներուն Սարոյեանի հայաստանեան այցերու ժամանակ գրողին ուղեկցած է հայ վաւերագրող, լուսանկարիչ Պօղոս Պօղոսեան: Լուսանկարիչը մշտապէս անոր հետ եղած է եւ արձանագրած է ամէն մէկ պահը: Շատ տարիներ յետոյ լոյս տեսած է Պօղոս Պօղոսեանի պատկերագիրքը՝ «Սարոյեան՝ իմ սիրտը լեռներու մէջ է» խորագրով: Ըլլալով հայ լուսանկարչութեան յայտնի վարպետ Անդրանիկ Քոչարի աշակերտը՝ Պօղոս Պօղոսեան ժառանգած է իր նշանաւոր ուսուցիչի վարպետութիւնը ու փոխանցած զայն սեփական աշակերտներուն:

Սարոյեան եւ Պօղոսեան ընկերացած էին: Գրողը հիացած էր լուսանկարիչի աշխատանքով եւ զայն անուանած է «տեսախցիկի մեծ քերթող: Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ Սարոյեանի լուսանկարները նոյնպէս կը պատկանին Պօղոս Պօղոսեանին:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 16, 2024