ՁՕՆՈՒԱԾ՝ ԷՏԻԹ ՓԻԱՖԻ 100-ԱՄԵԱԿԻՆ
«Պոյալը քուշ» թատերախումբը, որ կը նշէ իր հիմնադրութեան 15-րդ տարեդարձը, ֆրանսացի յայտնի երգչուհի Էտիթ Փիաֆի 100-րդ ծննդեան տարեդարձին առթիւ կը հիւրընկալէ «Էտիթ Փիաֆ-Մարսէլ» խորագրեալ երաժշտական մենախաղը։
Բռնցքամարտի աշխարհի ախոյեան Մարսէլ Սերտան 1949-ին կը մահանայ՝ օդանաւի արկածի մը հետեւանքով։ Ան մեծագոյն սէրն էր Էտիթ Փիաֆին։ «Էտիթ Փիաֆ-Մարսէլ» թատերախաղին մէջ Էտիթ Փիաֆ զգացմունքներով եւ երեւակայութեամբ կը ստեղծէ աշխարհ մը՝ հաղորդակցութիւն հաստատելու համար իր մեծագոյն սիրոյ հետ։
Թատերախաղին արտադրողն է Երեւանի Երիտասարդական պետական թատրոնը։ Էտիթ Փիաֆը կը մարմնաւորէ տաղանդաւոր դերասանուհի Մարիամ Ղազանչեան։ Խաղը բեմադրուած է Յակոբ Ղազանչեանի կողմէ։ Հարկ է նշել, որ առաջին անգամն է, որ Երեւանէն պետական թատերախումբ մը կը ժամանէ քաղաքս, ինչ որ աւելի հմայիչ կը դարձնէ բեմադրութիւնը։
Ձեռնարկին նեցուկ կանգնած են Շիշլիի քաղաքապետ Հայրի Ինէօնիւ, Փոխ-քաղաքապետ Վազգէն Պարըն, Արէտ-Մոնիք Երկանեան ամոլը, Տիգրան-Շնորհիկ Ալթուն ամոլը, Կեդրոնական սանուց միութեան վարչութեան ատենապետ Գէորգ Սիմքէշեան, «Ճաշ»ի սեփականատէր Տայգ Միրիճանեան, մեր համայնքէն Սօնա Մենթեշէ, «Արմատա» հիւրանոցի հիմնադիր ու սեփականատէր Քասըմ Զոթօ, «Էքավարդ» հեռուստաալիքը ու իր հիմնադիր-նախագահ Ինճի Աքսոյ։ Այս առթիւ յուշանուէրներ յանձնուեցան իրենց։
«Քենթ» մշակոյթի կեդրոնին մէջ թատերախաղը բեմ պիտի բարձրանայ նաեւ այս իրիկուն։ Լոյսի պատասխանատուն է Նայիրա Վասիլեան, ձայնի պատասխանատուն՝ Աստղիկ Կարապետեան, բեմի պատասխանատուն՝ Աշոտ Մնացականեան, կ՚օժանդակէ ու կը թարգմանէ՝ Սօնա Մկրտչեան։
Երէկի առաջին ցուցադրութեան ներկայ էին Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, Իսթանպուլի մօտ Ֆրանսայի աւագ հիւպատոս Միւրիէլ Տոմենաք, ՍԾՏՀԿ-ի մօտ Հայաստանի մշտական ներկայացուցիչ Արսէն Աւագեան, ինչպէս նաեւ յայտնի լրագրողներ ու հանդիսականներու բազմութիւն մը։ Սրտի խօսք մը արտասանեց Յակոբ Ղազանչեան, որ ողջունեց ներկաները եւ ըսաւ, թէ Էտիթ Փիաֆը դարձաւ առիթ մը, որպէսզի իր երկիրը ներկայ ըլլայ Թուրքիոյ մէջ։ Արտայայտուեցաւ նաեւ «Պոյալը քուշ» թատերախումբի գեղարուեստական ղեկավար Ժալէ Քարապեքիր։ Բեմադրութեան աւարտին կտրուեցաւ նաեւ կարկանդակ մը։