ԱՆԱՊԱՏԻ ՄԷՋ ԼՈՒՎՐ
Տասը տարիէ ի վեր աշխարհը հետաքրքրութեամբ կը դիտէ, թէ ինչպէս անապատին մէջ Լուվր թանգարան մը կը շինուի: Ահաւասիկ, օրեր առաջ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մայրաքաղաքին՝ Ապու Տապիի մէջ հանդիսաւորութեամբ բացուեցաւ Լուվր թանգարանը՝ «անապատի եւրոպական զարդը», ինչպէս զայն անուանեցին կարգ մը միջազգային պարբերականներ:
Աշխարհի արագընթաց զարգացող երկիրներէն՝ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները Ֆրանսային միայն կէս միլիառ տոլար վճարած է՝ Լուվր անունը իր երկրին մէջ գործածելու համար: Թանգարանին բացումը, որուն մասնակցելու համար Ապու Տապի ժամանած էր Ֆրանսայի նախագահ Էմմանուէլ Մաքրոն, տեղի ունեցած է Ֆրանսայի եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու միջեւ երեսուն տարուան գործընկերութեան շուրջ համաձայնութիւն կնքելէ տասը տարի յետոյ: Շուրջ 1.1 միլիառ տոլար կ՚արժէր այդ ընկերութիւնը, որու մէջ ներառուած է նաեւ Լուվր անունը գործածելու արտօնագինը:
«Կամուրջ Եւրոպայի եւ Մերձաւոր Արեւելքի միջեւ», «Կրօնները հաւասար են բարձր արուեստին առջեւ», «Արուեստի ներմուծում», «Ֆրանսական ապրանքանիշը այլեւս միայն ֆրանսական չէ»… Այսպիսի եւ նմանօրինակ այլ խորագրերով հեղեղուեցան միջազգային յառաջատար լրատուամիջոցներու առաջին էջերը, որոնք ամենայն մանրամասնութեամբ անդրադարձան այս նիւթին՝ նոր Լուվրի բացումը նկատելով իրադարձութիւն ոչ միայն արաբական, այլեւ՝ համայն աշխարհի համար:
Արաբական Լուվրի ճարտարապետութիւնը իր կարգին ցնցած է Էմիրութիւններու մէջ տարուէ տարի վեր յառնող եւ մէկը միւսէն արդիական ու շքեղ կառոյցներով հիացողները: Արաբանախշ ժանրի արծաթագոյն ծակոտուած բացուածքներով գմբէթը այնպէս շինուած է, որ ան կարծես կը լողայ թանգարանի ճերմակ ցուցասրահներուն վրայէն, ստեղծելով «լոյսի շողեր թափող անձրեւ»:
Նորաձեւ այս ճարտարապետութեան հեղինակը Փրիցքէրի ճարտարապետական միջազգային մրցանակի 2008 թուականի դափնեկիր Ժան Նուվէլն է: Ան այսօր կը նկատուի ոչ միայն Ֆրանսայի, այլեւ ժամանակակից աշխարհի ամենաինքնատիպ ճարտարապետներէն մին, որ կ՚իրականացնէ գերարդիական նախագիծեր: Նուվէլի նախագծած Լուվրի թանգարանի անցքապատ գմբէթէն դուրս եկող լոյսին շողը յատակին հասնելու համար՝ պէտք է անցնի խորշերուն եւ բացուածքներուն ութ մակարդակներէն, ստեղծելով անընդհատ փոփոխուող նախշեր, որոնք կարծես արմաւենիներու կամ աւանդական արաբական շուկայի տանիքէն յառաջացած ստուերներ են: Ծակոտկէն գմբէթին շնորհիւ այնպիսի պատրանք ստեղծուած է, որ այցելուներուն կը թուի, թէ թանգարանը բաց ծովուն վրայ է, ուղղակի երկինքի տակ:
Իրականութեան մէջ տաղանդաւոր ճարտարապետը փորձած է ժամանակակից ստեղծագործողի աչքերով կերտել արաբական Մետինէի՝ լուսաւորեալ քաղաքի գաղափարը:
Թանգարանի շէնքը ինքնին արուեստի գործ մըն է: Ան կը զբաղեցնէ 97 քառակուսի մեթր տարածութիւն եւ մշտական ցուցադրութիւններու համար յատկացուած է 23 սրահ: Կան նաեւ խորհրդակցութիւններու եւ այլ գործնական հանդիպումներու սրահներ:
Բացումէն մի քանի օր յետոյ, 11 Նոյեմբերին՝ Շաբաթ օրը, արաբական Լուվր թանգարանը իր դռները բացած է հանրութեան առջեւ, մուտքի տոմսերը կ՚արժեն 16.8 ամերիկեան տոլար:
Ֆրանսայի նախագահը իր կնոջ եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու ղեկավարի եւ այլ շէյխերու հետ շրջած է թանգարանին մէջ: Ասիկա Ֆրանսայի նորընտիր նախագահին առաջին պաշտօնական այցն է Մերձաւոր Արեւելք, եւ յատկանշական է, որ մշակութային ուղղուածութիւն ունի, հակառակ անոր որ մամուլը կը պնդէ, թէ Լուվրի թանգարանի վերստեղծումը քաղաքական ենթաթեքստերով ծրագիր մըն է, եւ արուեստի ներմուծումը արտաքին քաղաքական լծակներ շահելու նպատակ ունի: «Նոր թանգարանը քաղաքակրթութիւններու միջեւ կամուրջ մըն է: Անոնք, որոնք կը փորձեն ըսել, թէ իսլամը այլ կրօններու ոչնչացումն է՝ ստախօսներ են», ըսած է Մաքրոն:
«Լուվր Ապու Տապի»ի նախագիծը վերջին տարիներուն լարուած բանավէճ մը յառաջացուցած է նաեւ Ֆրանսայի մէջ, ուր զանազան շրջանակներ ու գործիչներ քննադատած են ֆրանսական կառավարութիւնը՝ արաբական պետութեան ֆրանսական անուն վաճառելուն համար: Որոշ ֆրանսացի պատմաբաններ գրած են, թէ անյարմար կը գտնեն, երբ կը տեսնեն, թէ ինչպէս Ֆրանսա իր գանձերը վարձու կու տայ անապատին մէջ: Թանգարանի տնօրէնութիւնը յայտարարած է, որ ֆրանսական Լուվրի անգին գանձերը՝ «Մոնա Լիզա»ն ու «Միլոսեան Վեներա»ն երբեւէ չեն երթար նոր Լուվր:
Հակառակ որոշ վերլուծաբաններու կողմէ աշխարհի ամենէն հարուստ երկիրներէն մէկուն մէջ արուեստի հանրածանօթ ապրանքանիշը վերստեղծելու փորձը քաղաքականացնելուն, կարելի չէ նաեւ անտեսել այս ծրագրի զուտ բարձր արուեստի կողմը, նկատի առնելով, որ թանգարանին մէջ այնպիսի գլուխ գործոց ցուցանմոյշներ ներկայացուած են, որ հիացմունք կը պատճառեն արուեստասէրին:
Թանգարանը տեղակայուած է Ապու Տապիէն ոչ-հեռու՝ Պարսից ծոցի Սաատիյաթ կղզիին վրայ: Այս կղզիին վրայ կ՚ընթանան նաեւ Միացեալ Նահանգներու Սողոմոն Կուկընհայմի թանգարանի մասնաճիւղի շինարարութիւնը, որ աշխարհի մէջ ժամանակակից արուեստի հաւաքածոներ պարունակող առաջին թանգարաններէն մին է, եւ նախատեսուած է նոյնպէս այս տարի բանալ: Սաատիյաթ կղզիին վրայ նախատեսուած է բանալ նաեւ շէյխ Զէյտի ազգային պատմական թանգարանը: Սաատիյաթը այս երեք նշանաւոր կառոյցներուն շնորհիւ ստացած է «մշակութային կղզի» անուանումը: Կը սպասուի, որ ժամանակի ընթացքին արհեստական եւ առայժմ անմարդաբնակ այս կղզին դառնայ տարածքաշրջանի խոշոր մշակութային կեդրոնը եւ փորձագէտներու գնահատմամբ՝ երեք թանգարանները միասին կը կարողանան Ապու Տապի հրաւիրել տարեկան մէկուկէս միլիոն զբօսաշրջիկ: Արդէն նախատեսուած է բարձրակարգ պանդոկներու կառուցում կղզիին վրայ, ինչպէս նաեւ՝ բնակեցում:
ՀԱՒԱՔԱԾՈՆ
Ապու Տապիի Լուվր թանգարանը վերջին տարիներուն իր մշտական հաւաքածոյին համար գնած է աւելի քան 600 արուեստի գործեր, որոնցմէ 300-ը ֆրանսական թանգարաններէն վարձակալած գործերուն հետ դրած է ցուցադրութեան:
Նորաբաց Լուվրի հաւաքածոյին մէջ կան զանազան դարաշրջաններու եւ քաղաքակրթութիւններու ցուցանմոյշներ, այդ կարգին՝ Փիքասոյի, Փոլ Կոկէնի, Էտուըրտ Մանէի, Ռընէ Մակրիթի, Ճիովաննի Պելլինիի նկարները: Իսկ վարձուած գործերուն մէջ են ֆրանսական Լուվրի, Ժորժ Փոմփիտուի կեդրոնի, Վերսայի ցուցանմոյշներէն, ինչպէս Լէոնարտօ տա Վինչիի «Չքնաղ Ֆէրոնիէրա»ն, Անրի Մաթիսի աշխատանքները, Վան Կոկի ինքնանկարը, Ժաք Լուի Դաւիթի «Նափոլէոն Սեն Պերնար անցումին մէջ» կտաւը, Քլոտ Մոնէի «Սեն Լազար կայարանը» աշխատանքը եւ այլ համաշխարհային նշանակութեամբ գլուխ գործոցներ:
Արաբական Լուվրը ֆրանսական Լուվրէն կը տարբերի անով, որ փարիզեան Լուվրին մէջ պատմական դարաշրջանին, իրադարձութիւններուն ու արուեստի գործիչներուն նուիրուած են առանձին սրահներ, մինչդեռ Ապու Տապիի մասնաճիւղին մէջ իւրաքանչիւր սրահի մէջ մէկտեղուած են ցուցանմոյշներ, որոնք կը վերաբերին զանազան քաղաքակրթութիւններու եւ դարաշրջաններու, սակայն ունին նոյն նիւթը: Ըսենք նոյն սրահին մէջ կարելի է տեսնել Քուրանի, Աստուածաշունչի եւ Թեւրաթի հնագոյն հրատարակութիւններ, ուրիշ սրահի մէջ՝ մարդու քանդակ, որ Նախքան Քրիստոս 3-րդ հազարամեակին կերտուած է ժամանակակից Կիպրոսի տարածքին եւ 20-րդ դարու նկարիչ Իվ Քլէինի կտաւներէն մին: Թուրք յայտնի գեղանկարիչ եւ հնագէտ Օսման Համտի պէյի կտաւներէն նոյնպէս տեղ գտած են թանգարանին մէջ, կախուելով արդի արուեստագէտներու գործերուն մօտ:
Յատկանշական է, որ թանգարանը բացուած է բացման համար յայտարարուած իր թուականէն հինգ տարի ետք: Քարիւղով հարուստ երկիրը դանդաղ, բայց մանրամասն ու հրաշալի կերպով կառուցած է իր արդի հարստութիւններէն մին:
ՃԱՐՏԱՐԱՊԵՏԸ
Լուվր Ապու Տապիի նախագիծի ճարտարապետ Ժան Նուվէլ ծնած է ուսուցիչներու ընտանիքի մէջ: Ան նախ փափաքած է դառնալ նկարիչ, սակայն ծնողքը որոշած է զաւկին համար աւելի լուրջ կրթութիւն ապահովել, եւ ան ընդունուած է Պորտոյի Գեղարուեստի բարձրագոյն դպրոց։ 1966 թուականին Նուվէլ կրթաթոշակ կը շահի եւ կը շարունակէ ուսումը Փարիզի Գեղարուեստի դպրոցին մէջ: Ուսումը աւարտելէ առաջ Ժան Նուվէլ Ֆրանսուա Սինիորի հետ կը բանայ ճարտարապետական սեփական գրասենեակը։ 1976 թուականին ան կը դառնայ «Մարս 1976» եւ «Ճարտարապետական սենտիքա» ուղղութիւններու հիմնադիրներէն մին ճարտարապետութեան մէջ։
Ճարտարապետութեան ասպարէզին մէջ Նուվէլի ակնառու առաջին գործը Փարիզի մէջ Արաբական աշխարհի հիմնարկի շէնքն էր, զոր ան իրականացուց Architecture Studio ճարտարապետական գրասենեակին հետ։ Յետագային անոր նախագծած նշանաւոր աշխատանքներէն են Լիոնի օփերայի թատրոնը, «Եւրոլիլ» առեւտուրի կեդրոնը՝ Լիլի մէջ, Galeries Lafayette հանրախանութը՝ Պերլինի մէջ, Հասարակական-մշակութային կեդրոնը՝ Լիւցերնի մէջ, ինչպէս նաեւ «Մոնոլիտ» համալիրը, որ «EXPO-2002» ցուցահանդէսի ժամանակ կը լողար Միւրթանս լիճին մէջ։ Աւելի ուշ շրջանի նախագիծերէն են «Ակպար» աշտարակը՝ Պարսելոնա, Ռէյնա Սոֆիա թանգարանի վերակառուցումը, Կուկընհայմի թանգարանը՝ Թոքիօ եւ Ռիօ Տէ Ժանէրօ (որոնք տակաւին չիրականացուած նախագիծեր են)։
1994 թուականին Ժան Նուվէլ հիմնադրած է «Ժան Նուվէլի գրասենեակ» ընկերութիւնը, որ 2006 թուականին իր 140 աշխատակիցներով Ֆրանսայի ճարտարապետական ամենամեծ ընկերութիւնը կը նկատուէր: Ներկայիս ան միեւնոյն ատեն կ՚իրականացնէ 40 ծրագիր երկրին ներսը եւ սահմաններէն դուրս։ Ընկերութեան գլխաւոր գրասենեակը կը գտնուի Փարիզ եւ մասնաճիւղեր ունի Լոնտոն, Քոփենհակ, Մինէապոլիս, Հռոմ, Մատրիտ եւ Պարսելոնա։ Ժան Նուվէլ կը նկատուի բազմակողմանի ճարտարապետ։ Իր գործերուն մէջ ան կը կարենայ միաւորել գոյները, նիւթերը, մակերեւոյթները։ Ան Ֆրանսայի ամենայայտնի ճարտարապետներէն է, որ իրականացուցած է նախագիծեր ամբողջ Եւրոպայի, ինչպէս նաեւ Ասիոյ, Ամերիկայի տարածքին։ Անոր նախագիծերը աչքի կը զարնեն ճարտարապետական ամբողջական լուծումներով՝ լաւագոյն կերպով միաձուլուելով շրջակայքին։ «Ամէն անգամ ես կը փորձեմ գտնել խճանկարին պակսող օղակը՝ անհրաժեշտ շէնքը անհրաժեշտ վայրին մէջ», առիթով մը այսպէս ըսած է ճարտարապետը։
1991-ին Նուվէլ դարձած է Ֆրանսայի Ճարտարապետութեան հիմնարկի փոխ-տնօրէնը, 1993-ին՝ Ճարտարապետութեան ամերիկեան հիմնարկի պատուաւոր անդամ։
Ան առաջին ամուսնութենէն ունի երկու որդի, իսկ երկրորդ ամուսնութենէն՝ մէկ դուստր։ Նուվէլի երրորդ կինը շուէտացի ճարտարապետ Միա Հակն է։
Ճարտարապետը Փրիցկքէրի հեղինակաւոր մրցանակին արժանացած է իր նորարարական գաղափարներու համար։ Արդէն Փրիցքէրի մրցանակն ալ միայն նորարարութեան համար է, որ կը շնորհուի ճարտարապետներուն: Ան կը նկատուի Նոպէլեան մրցանակին համազօր մրցանակ մը. քանի որ ճարտարապետութեան ասպարէզին մէջ Նոպէլեան մրցանակ նախատեսուած չէ, ապա Hyatt Hotels Corporation բարձրակարգ պանդոկատնային ցանցի սեփականատէր Փրիցքէրներու ընտանիքը իր ընտանիքի անունով 1979 թուականին սահմանած է այս մրցանակը: Ժան Նուվէլ Փրիցքէրի մրցանակէն զատ արժանացած է նաեւ Ֆրանսայի ճարտարապետութեան կրան փրիին, Բրիտանացի ճարտարապետներու արքայական հիմնարկի ոսկէ շքանշանին, Վոլֆի մրցանակին եւ այլ բազում մրցանակներու:
ԼՈՒՎՐԻ ԴԱՍԱԿԱՆ ՀՄԱՅՔԸ
Փարիզի կեդրոնը, Սեն գետի ափին, Ռիվոլի պողոտային վրայ գտնուող աշխարհահռչակ Լուվր թանգարանը, հակառակ ամէն ինչին, կը մնայ Ֆրանսայի եւ նաեւ՝ աշխարհի ամենաշատ յաճախելիութիւն ունեցող թանգարաններէն մին՝ պահպանելով իր դասական հմայքը: Լուվր անունը միշտ կը փայլի Ֆրանսայի պատմութեան մէջ, որ անցած է երկար պատմական ճանապարհ՝ թագաւորական պալատէն դառնալով արուեստի խոշոր կեդրոն մը: Լուվրը իր հաւաքածոյով աշխարհի հռչակաւոր թանգարաններէն մին է, իսկ մակերեսով՝ Փարիզի ամենամեծ թանգարանը: Թանգարանը կը ներկայացնէ բազմազան հաւաքածոներ՝ սկսաեալ շատ հին ժամանակներէն մինչեւ 1848 թուականը, Արեւմտեան Եւրոպայէն մինչեւ Պարսկաստան, Յունաստան, Եգիպտոս, Մերձաւոր Արեւելք եւ Միջագետք։ Լուվրի մէջ ներկայացուած ստեղծագործութիւնները բազմազան են՝ նկարներ, քանդակներ, սերամիք ստեղծագործութիւններ, հնէաբնական գտածոներ, արուեստի ստեղծագործութիւններ, զարդարուն կիրառական արուեստ եւ այլն։ Համաշխարհային ճանաչում ունին Լուվրի մէջ ներկայացուած յունական հին դարաշրջանի քանդակ «Միլոսեան Վեներա»ն, Լէոնարտօ տա Վինչիի «Մոնա Լիզա»ն («Ճոքոնտա»), Էօժէն Տէօլաքրուայի «Ժողովուրդին առաջնորդող ազատութիւնը» կտաւը, եւ բազմաթիւ այլ ստեղծագործութիւններ:
1190 թուականին Ֆրանսայի Ֆիլիփ թագաւորը Սեն գետի ափին կը կառուցէ Լուվր ամրոցը։ Ամրոցը կառուցուած էր պաշտպանական նպատակներով։ 1317 թուականին թագաւորական գանձարանը կը տեղափոխուի Լուվր, իսկ Շարլ Ե. թագաւորը ամրոցը կը դարձնէ թագաւորական նստավայր։ Քաղաքի մեծնալու կողքին ամրոցը կը յայտնուի քաղաքին կեդրոնը եւ կը կորսնցնէ իր պատշտպանական նշանակութիւնը։ 1528 թուականին Ֆրանսիսք Ա. կը քանդէ ամրոցը։ 1546 թուականին թագաւորը կը սկսի ամրոցի վերակառուցման, որպէս թագաւորական ճոխ նստավայր։ Միջնադարեան պարիսպի արեւմտեան մասը կը քանդուի եւ կը փոխարինուի Վերածնունդի ոճով կառուցուած թեւով (Ճարտարապետ Փիէռ Լեսքօ)։ Այս աշխատանքները կը շարունակուին Անրի Բ.-ի եւ Շարլ Թ.-ի թագաւորութեան ժամանակ։ Այնուհետեւ կը քանդուի հին Լուվրի պարիսպի հարաւային մասը՝ կառուցուելով Վերածնունդի ոճով նոր շէնքի հսկայական թեւ։ 1594 թուականին Հենրի Դ. կ՚որոշէ Լուվրի պալատը աւելի մեծցնելով միաւորել Թիւլըրի պալատի հետ, որ ներկայիս չէ պահպանուած։
Ամէն ինչ կը սկսի Արքայական հաւաքածոյի լաւագոյն կտաւներու ցուցադրումէն, որ կը պահպանուէր Լուքսեմպուրկեան պալատին մէջ 1750-85 թուականներուն։ Ցուցահանդէսը կ՚ունենայ ահռելի յաջողութիւն, որմէ ետք ալ միտք կը ծագի Լուվրի մէջ բանալ մշտական ցուցահանդէս։ Մարքիզ տը Մարինյի՝ Թագաւորի Շէնքերու վարչութեան ընդհանուր տնօրէնը եւ կոմս Անքիւիլլէրի կը ծրագրեն Լուվրը դարձնել թանգարան։ 6 Մայիս 1791-ին կ՚ընդունուի օրէնքը, իսկ 10 Օգոստոս 1793-ին տեղի կ՚ունենայ նոր թանգարանի հանդիսաւոր բացումը։ Սկիզբը թանգարանը կը ծառայէ որպէս արուեստագէտներու կրթարան։ 1855 թուականին թանգարանը բաց էր հանրութեան շաբաթական մէկ օր, մնացեալ օրերուն շարունակելով ծառայել արուեստագէտներուն։ Առաջին կայսրութեան ժամանակ Լուվրը կը ստանայ Նափոլէոնի թանգարան անունը։ Առաջին տնօրէն կը նշանակուի Տոմինիք-Վիվիան Տընոն: Վերջինս Լուվրը կը դարձնէ աշխարհի ամենամեծ թանգարանը եւ կը նախագահէ անոր շինութեան ընթացքին՝ առաջին կայսրութեան անկման ժամանակ… 1939 թուականի Օգոստոսին, Փարիզի գրաւումէն ետք, թիւով 50 ստեղծագործութիւններ կը տարհանուին Փարիզէն եւ գերգաղտնի կերպով կը տեղափոխուին, բայց Լուվրը պատերազմէն ետք գրեթէ ամբողջութեամբ կը վերագտնէ իր գլուխ գործոցները։
1983 թուականին Ֆրանսայի Նախագահ Ֆրանսուա Միթերանի պատուէրով Լուվրի պալատի Նափոլէոնեան հրապարակի մէջտեղը կը կառուցուի բրգաձեւ նոր մուտք՝ Լուվրի բուրգը։ Նախագիծը կ՚իրականցնէ չինական արմատներով ամերիկացի ճարտարապետ Լէօ Մինք Փէյ։ Ամբողջ հաւաքածոն կառուցուած է ապակիէ կտորներէ։ Գլխաւոր բուրգի բարձրութիւնը 23, 64 մեթր է, իսկ յատակը՝ 35, 42 քառակուսի մեթր։ Ամբողջ բուրգը բաղկացած է իրարու միացած թիւով 603 շեղանկիւններէ եւ 70 եռանկիւններէ։ Հանդիսաւոր բացումը կայացած է 1989-ին, բուրգի կառուցման առիթը 1789 թուականի ֆրանսական մեծ յեղափոխութեան 200-ամեայ յոբելեանն էր։
Լուվրի թանգարանի մէջ, ի յաւելումն արդէն գործող բաժիններու, 2012 թուականին վերաբացուեցաւ Իսլամական արուեստի բաժինը: Մինչ այդ արդէն կը գործէին Հին Արեւելք, Հին Եգիպտոս, Հին Յունաստան, Էթրիւսք եւ Հռոմի բաժինները Արուեստի ստեղծագործութիւններու, Քանդակի, Գեղանկարչութեան բաժինները եւ զատ բաժին մըն ալ՝ Ափրիկէ, Ասիա, Ովկիանիա, Ամերիկա խորագրով, որոնցմէ իւրաքանչիւրը հարուստ եւ հսկայական նիւթ կը պարունակէ:
Հին Արեւելքի բաժինը նուիրուած է Մերձաւոր եւ Միջին Արեւելքի հին քաղաքակրթութիւններու արուեստին՝ սկսած հնագոյն ժամանակներէն՝ առաջին բնակիչներէն մինչեւ իսլամական դարաշրջան։
Հին Եգիպտոսի բաժնին մէջ ցուցադրուած են նեղոսեան քաղաքակրթութեան մնացորդները՝ նախապատմական ժամանակներէն մինչեւ. Ք. Ա. չորրորդ դար։
Հին Յունաստան, Էթրիւսք եւ Հռոմ բաժինը կը ներառէ երեք քաղաքակրթութիւն՝ հին Յունաստան, Էթրիւսք եւ հին Հռոմ, կողք կողքի ցուցադրելով հսկայ տարածքաշրջանի մը հին ժառանգութիւնը՝ Յունաստան, Իտալիա, հին Բաբելոն, Շումեր, Աքատ՝ Նէօլիթեան մինչեւ Ք. Ա. Զ. դար։
Քանդակի բաժինը կ՚ընդգրկէ միջին դարերը, Վերածնունդը եւ ժամանակակից դարաշրջանը։ Թանգարանի Ռիշելիէօ թեւին մէջ կը ներկայացուին ֆրանսական արուեստի աշխարհին մէջ ամենակարեւոր հաւաքածոն, իսկ Թենոն թեւին մէջ իտալական եւ գերմանական գլուխ գործոցներ։
Արուեստի ստեղծագործութիւններ բաժնին մէջ ներկայացուած իրերը չափազանց բազմազան են թէ՛ ժամանակաշրջանի, թէ՛ օգտագործուած նիւթերու առումով։ Կը ցուցադրուին զարդեր, գորգեր, կահոյք, փղոսկրէ, պրոնզէ իրեր, սերամիքներ եւ այլն:
Այցելուները միշտ կը գրաւէ գեղանկարչութեան բաժինը, որ կը ներառէ շուրջ 6000 կտաւ՝ միջին դարերէն մինչեւ 1848-ը։ 1848-էն ետք ինկած ժամանակաշրջանի գեղանկարչութեան հաւաքածոն 1986-ին տ՚Օրսէ թանգարանի բացուելէն ետք կը տեղափոխուի այդտեղ։ Գեղանկարչութեան բաժինը սկիզբը ստեղծուած է արքայական հաւաքածոյէ եւ յետագային համալրուած է գնումներու եւ նուիրատուութիւններու հաշւոյն: Ափրիկէ, Ասիա, Ովկիանիա, Ամերիկա փոքրիկ բաժինն ալ կը ներկայացնէ վերոնշեալ տարածքաշրջաններու արուեստի փոքրիկ հաւաքածոյ՝ թիւով 100 հատ, հիմնականին արձանիկներ եւ քանդակներ։ Բացուած է 2000-ին։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ