ՊԱՔԸՐԳԻՒՂԻ ՄԷՋ ԱՆՄԻՋԱԿԱՆ ԶՐՈՅՑ՝ ՅԱՅՏՆԻ ԴԵՐԱՍԱՆ ՍԻՒՀԷՅԼ ՈՒՅԿՈՒՐԻ ՀԵՏ

Պա­քըր­գիւ­ղի Տա­տեան վար­ժա­րա­նի «Տիգ­րան Կիւլ­մէզ­կիլ» հան­դի­սաս­րա­հին մէջ ե­րէկ ե­րե­կո­յեան տե­ղի ու­նե­ցաւ ա­սու­լիս մը՝ յայտ­նի դե­րա­սան ու թա­տե­րա­կան գոր­ծիչ Սիւ­հէյլ Ույ­կու­րի հետ։ Տա­տեան սա­նուց միու­թեան նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ կազ­մա­կեր­պուած էր այս ձեռ­նար­կը, ո­րու ըն­թաց­քին յայտ­նի ա­րուես­տա­գէ­տը ան­մի­ջա­կան ձե­ւա­չա­փի մը մէջ զրու­ցեց ներ­կա­նե­րուն հետ։ Ներ­կայ էին նաեւ վար­ժա­րա­նի տնօ­րէ­նու­հի Ա­լիս Պայ­րամ եւ բազ­մա­թիւ թա­տե­րա­սէր­ներ, ո­րոնք ջերմ մթնո­լոր­տի մը մէջ հիւ­րըն­կա­լուե­ցան սա­նուց միու­թեան վար­չու­թեան ա­տե­նա­պետ Աս­լին Ուս­տաա­րա­մօղ­լուի եւ իր ըն­կեր­նե­րուն կող­մէ։

Սիւ­հէյլ Ույ­կուր խօ­սե­ցաւ իր հօր՝ Նե­ժատ Ույ­կու­րի մա­սին եւ հե­տաքրք­րա­կան դի­տար­կում­ներ եւ յու­շեր փո­խան­ցեց՝ ներ­կայ թա­տե­րա­կան կեան­քին եւ թա­տե­րա­կան աշ­խար­հի դէմ­քե­րուն շուրջ։

Ձեռ­նար­կի ա­ւար­տին ներ­կա­նե­րը ջերմ ծա­փա­հա­րու­թիւն­նե­րով ող­ջու­նե­ցին յայտ­նի ա­րուես­տա­գէ­տը, ո­րուն յանձ­նուե­ցաւ ծաղ­կե­փունջ մը։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 16, 2016