«ԾԱՆՐ» ՇՈՒՆՉՈՎԴ ՇՐՋԱՊԱՏԴ «ՄԻ՛ ԱՊԱԿԱՆԵՐ»
Տիեզերքին մէջ երկրագունդը միակ մոլորակն է, որ թթուածին ունի։ Երկրագունդի վրայ գտնուող իւրաքանչիւր էակ թթուածինի շնորհիւ կը շնչէ, կ՚ապրի ու կը գոյատեւէ։ Նոյնպէս ալ բնութիւնը առանց ջուրի եւ թթուածինի չի՛ կրնար կանաչանալ, ծաղիկները՝ ծլարձակիլ, ծառերը հարիւր տարիներ կանգուն մնալ…։ Ծառերը ի տարբերութիւն երկրի վրայ գտնուող բոլոր ստեղծագործութեանց, մարդ արարածի արտաշնչած ածխաթթուն թթուածինի կը վերածեն։ Եթէ թթուածինը բարի նպատակի համար ստեղծուած է, սակայն մարդիկ ո՛չ միայն զայն կը չարաշահեն, այլեւ իրենց «ծանր» շունչով ու ներկայութեամբ իրենց շրջապատի կեանքը «կը ծանրացնեն», հեզասահ ընթացքը կը խոչընդոտեն եւ անէծքի «տարափ»ներով յաջողակ գնացքիդ արգելք կը հանդիսանան։
Թթուածինը թեթեւ ու անտեսանելի է։ Առողջ մարդիկ շատ հեշտութեամբ կրնան զայն շնչել ու արտաշնչել, բայց «ծանր» հոգի ունեցող մարդիկը այդպէս չե՛ն արտաշնչեր։ Այսպիսիք մաքուր ու թեթեւ թթուածինը կը շնչեն, բայց «ծանրութեամբ» կ՚արտաշնչեն եւ կամ իրենց մէջ կը պահեն՝ հարկ եղած ժամանակ զայն օգտագործերու համար, այդ ըլլայ բամբասանքի, ատելութեան, անէծքի, զրպարտութեան, ցեխարձակումերու եւ ստութեան միջոցաւ։ «Ծանր» շունչը մարդոց վրայ խոր ու վատ ազդեցութիւն կը թողու, իսկ այդ «եզակի» շունչին տիրակալը միայն այդ յատկութեամբ ինքզինք օժտած չ՚ըլլար, այլ ողջ էութիւնը, նայուածքը, կեցուածքը, լեզուն եւ իւրաքանչիւր շարժուձեւը թոյնի սրուակին մէջ թաթախած կ՚ըլլայ։ Այդ թոյնը անսպառ աղբիւր է, որ շարունակ կ՚աւելնայ, իր գործունէութիւնը օրըստօրէ կը ծաւալէ, երբ մանաւանդ կը տեսնէ իր ընկերոջ կարողութիւնները, շնորհքները, յաջողութիւնը, արդիւնաւէտութիւնն ու դիրքը։
«Ծանր» շունչը ներքին սպաննող ախտ մըն է, որ նախ քեզ կ՚ապականէ, կը պղծէ, ապա՝ թիրախաւոր-ենթարկուող անձը։ Այս շունչը մարդ անհատի ստորակայութեան բարդոյթի մէկ ցուցանիշն է։ Նման մարդիկ երբ իրենց կեանքէն կը դժգոհին՝ այդ դժգոհութիւնը բոլորին վրայ կը տարածեն, որպէսզի չըլլայ թէ մէկը ուրախանայ եւ երկար տարիներէ ետք ձեռք բերուած յաջողութիւնը, ուրախութիւնը ընդմիշտ վայելէ։ Երբ այս բոլորին ականատեսը կը դառնաս, դուն քեզի հարց կու տաս, թէ ի՞նչն են իրենց դժգոհութեան, «ծանր» շունչին, տխրութեան, յոռետեսութեան եւ այլանդակութեան տուն տուող պատճառները։ Երբ իրենց շրջապատին մէջ չկան զիրենք վիրաւորողներ, անկար կոչողներ, զգետնողներ՝ անոնք իրաւունք չունի՛ն ներփակ կեանք մը ապրելու եւ ապա այդ շունչով այլոց վրայ նեղութիւն բերելու։ Այո՛, մարդ արարածը բնազդով եսասէր է եւ եսասիրութեան պատճառով շատ յաճախ այդ ներքին «նեխածութիւն»ը, կամայ եւ ակամայ, տարբեր միջոցներով իր մարմնէն դուրս կու գայ։ Բայց երբեք մի՛ մոռնար, որ Աստուած քեզի բանականութիւն եւ կամք տուած է, որոնց միջոցով կրնաս բնազդդ, եսասիրութիւնդ եւ յոռի մտածումներդ հակակշռել եւ ըստ այնմ կեանքդ ապրիլ։
Հոգեբաններ «ծանր» շունչ ունեցող մարդիկը կը կոչեն «ինքնակոչ» կեղծ զոհեր, որոնք իրենց դժբախտութիւնն ու անյաջողութիւնը ուրիշին վրայ կը բարդեն եւ կ՚ուզեն անոնց կեանքը «շնչահեղձ» դարձնել։ Փոխանակ հարցերը իրենք իրենց մէջ փնտռելու, զանոնք կը կապեն արտաքին աշխարհին հետ, որոնց իրբեւ հետեւանք՝ ամէն մէկ երեւոյթի մէջ միայն բացասականը կը տեսնեն եւ դրականը կ՚անտեսեն։ Կարգ մը հոգեբաններ, դիտել կու տան, թէ նմանատիպ մարդիկ մտածելով, որ իրենք ուրիշներու զոհն են, յաճախ գիտակցաբար ու անտեղի կը բողոքարկեն՝ հաճոյք ստանալու եւ իրենց գործընկերներուն, բարեկամներուն ցաւ պատճառելու համար։ Հոգեբան Ռոպերթ Պիսուաս Տինըրի ուսումնասիրութեանց առանցքը մարդու երջանկութիւնը կը կազմէ։ Հռչակաւոր հոգեբանը բազմաթիւ հետազօտութիւններ կատարած է այս ուղղութեամբ եւ փորձած է հասկնալ մարդոց դժգոհութեան եւ ապերջանկութեան գլխաւորագոյն պատճառները։ Խօսելով դժգոհ ու «ծանր» շունչ ունեցող մարդոց մասին՝ զանոնք երեք խումբերու դասակարգած է. «Ա) Մնայուն դժգոհողները այն մարդիկն են, որոնք երբեք գոհունակութիւն չեն զգար եւ շարունակ կը դժգոհին։ Այս տեսակի դժգոհութիւնը ուղեղը քննադատութեան կը վարժեցնէ՝ մարդը յոռետեսութեան առաջնորդելով։ Բ) Զգացական դժգոհողները ինքնավստահ չեն ըլլար եւ շարունակ կը դժգոհին՝ իրենք զիրենք անկարող եւ անշնորհք համարելով։ Իրենց զայրոյթը, վրդովմունքն ու հիասթափութիւնը ցոյց տալով՝ կ՚ուզեն իրենց մտերիմներու ուշադրութիւնը գրաւել եւ իրենց խնդրին շուրջ անոնց կարծիքն ու խորհուրդը լսել։ Անինքնավստահութիւնը եւ անկողմնորոշուածութիւնը իրենց դժգոհութեան գլխաւորագոյն դրդապատճառներն են։ Գ) Երրորդ դժգոհութիւնը «գործիքային դժգոհութիւն» կը կոչուի, զոր աւելի ճկուն եւ փոփոխութեան ենթակայ է։ Այս խումբին պատկանող մարդիկը թէկուզ կը դժգոհին, սակայն իրենց դժգոհութեան պատճառը վերատեսութեան կ՚ենթարկեն, կը համոզուին եւ ապա կը համաձայնին»։
«Ծանր» շունչ ունեցող մարդոց առջեւ վստահաբար չես ուզեր խօսիլ, գաղափար մը արտայայտել, մտածում մը կիսել, ուրախութեան կամ յաջողութեան մասին լուր մը փոխանցել, մտավախութիւն ունենալով, որ նման մարդոց շունչը անախորժ մթնոլորտ կրնայ ստեղծել եւ պատճառ դառնալ, որ օրուանդ վատ տրամադրութեամբ սկսիս եւ կամ յաջողութիւնդ անյաջողութեան վերածուի։ «Ծանր» շունչ ունեցող մարդոց ներկայութիւնը ծանր կ՚ըլլայ։ Երբ նախանձաբոյն մարդը առողջ մթնոլորտի մէջ յայտնուի, յանկարծ լռութիւն մը կը տիրէ, ներկաները կը կաշկանդուին եւ յանկարծ «երեսնին կը թթուի»։ Խօսակցութիւնդ կ՚ընդհատես եւ անհամբեր անոր շուտափոյթ դուրս գալուն կը սպասես։ Իսկ երբ դուրս կ՚ելլէ՝ խաղաղութիւնը, առողջ մթնոլորտը, համերաշխութիւնն ու երջանկութիւնը վերստին «կը ծագին»։ Նման մարդոցմէ երբեք մի՛ ազդուիր, որովհետեւ վարար ջուրը իր հոսքը անպայման կը գտնէ։ Ոչ ալ կաշկանդուէ, այլ ներկայութիւնդ եւ ուրախութիւնդ թող զինք կաշկանդեն ու «կրծեն»։ Իսկ տրամադրութիւնդ երբեք մի՛ քանդեր, ժամանակդ քեզի ցաւ թող չպատճառէ եւ ոչ ալ օրդ անոր ներկայութենէն կախեալ թող ըլլայ։ «Ծանրաշունչ» մարդը իր շուքին հետ միասին իր քինախնդրութեան զգացումները մշտապէս կը տեղափոխէ եւ իր շրջապատի կեանքը «կ՚ապականէ»։ Միա՛կ լուծումը զինք չնկատել, արհամարհելն ու առջեւ նայիլն է։
Շիլլէր կ՚ըսէ. «Որքան նեղ է շրջանը. այնքան մեր միտքը նեղ է։ Որքան բարձր է ձգտումը. այնքան բարձր ենք մենք»: «Ծանր» հոգի ունեցող մարդուն միտքը նեղլիկ կ՚ըլլայ, որովհետեւ ինքզինք այդպէս վարժեցուցած է եւ այդ ուղին ընտրած։ Իսկ առողջ միտք, առաքինի, ազնիւ հոգի ունեցող մարդը ամէն բանէ առաջ վեհանձն կ՚ըլլայ, իր հարեւանին կեանքին միջամուխ չ՚ըլլար, այլ կը փորձէ խաղաղ ու հաշտ մթնոլորտ ստեղծել ամէնուր։ Պալզաք խօսելով մարդկային երկու տեսակներու մասին՝ կ՚ըսէ. «Խոնաւ սպունգի փափկութեան եւ քարի կարծրութեան միջեւ անհամար նրբերանգներ կան: Այդպիսին է մարդը»: «Ծանր» շունչը քարի պէս է. անգամ մը որ արմատաւորուի մէջդ՝ դժուար թէ կարենաս զայն քանդել։ Ներշնչած շունչդ թեթեւութեամբ եւ փառք տալով արտաշնչէ։ Իմաստուն մը ըսած է. «Երեք բան երբեք ետ չեն վերադառնար՝ ժամանակը, խօսքերը եւ հնարաւորութիւնները: Երեք բան պէտք չէ կորսնցնել՝ հանգստութիւնը, յոյսը եւ պատիւը: Երեք բան մարդուն կեանքին մէջ ամենէն արժէքաւոր յատկութիւններն են՝ սէրը, համոզումն ու վստահութիւնը: Երեք բան մեր կեանքին մէջ անյուսալի են՝ իշխանութիւնը, յաջողութիւնը եւ կարողութիւնը: Երեք բան մարդս կը բնորոշեն՝ աշխատանքը, ազնուութիւնն ու ձեռքբերումները: Երեք բան դժուար է ըսել՝ «կը սիրեմ», «ներէ» եւ «օգնէ»։ Երեք բան մարդ արարածը կը քայքայեն՝ գինին, գոռոզութիւնը եւ բարկութիւնը»: Կեանքդ թեթեւ ապրէ եւ նախքան ջղայնանալդ՝ մինչեւ 10 հաշուէ։ Մի՛ բարդացներ զայն, այլ քեզի տրուած ժամանակդ լաւապէս օգտագործէ ու վայելէ եւ պիտի տեսնես, որ կեանքը այնքան ալ դժուար ու անտանելի չէ:
Աստուածաշունչի առաջին գիրքին մէջ կը կարդանք, թէ Աստուած մարդը Իր պատկերին համաձայն ստեղծեց. «Տէր Աստուած գետնին հողէն շինեց մարդը եւ անոր ռնգունքներէն կենդանութեան շունչ փչեց ու մարդը կենդանի հոգի եղաւ» (Ծն 2.7)։ Աստուած մարդը օժտեց խելքով, կամքով, խղճով եւ Իր հոգին փչեց անոր մէջ։ Սա կը նշանակէ, որ աշխարհի մէջ մարդ ըլլալ՝ շնորհք է, իբրեւ մարդ ապրիլ՝ քաջութիւն պահանջող պայքար է, իսկ մարդ մնալ եւ մարդաբար մեռնիլ՝ յաղթանակ։ Մարդուն հոգին Աստուծոյ Հոգիէն մասունք մըն է։ Մարդուն հոգին այն երկինքն է, ուր Աստուած կը ցանկայ բնակութիւն հաստատել։
Սակայն այսօր մարդիկ աստուածատուր, ցօղի պէս մաքուր այդ շունչը իրենց անխոհեմութեամբ ու անտարբերութեամբ «ծանրացուցած» են, որոնց պատճառաւ ալ այդ շունչը շատերու համար դարձած է նողկալի ու անհանդարժուելի։ Երբ «ծանր» շունչ ունենաս, հոգիդ ժահաբոյր գերեզմանէն ո՛չ մէկ ձեւով կը տարբերի։ «Ծանր» շունչը մարմինդ սատանային մեհեանին կը վերածէ, փոխանակ զայն դարձնելու Աստուծոյ տաճարի։ «Ծանր» շունչը քեզ ներքնապէս կը նեխեցնէ, մինչդեռ Աստուծոյ Հոգին քեզ կը լուսազարդէ։ Պօղոս առաքեալ կ՚ըսէ. «Աստուած Իր Հոգին մեզի տուաւ՝ որպէսզի մեր վախկոտութիւնը յաղթահարենք եւ զօրանանք, սիրով լեցուինք եւ զգաստ կեանք մը վարենք» (Բ.Տմ 1.7)։ Շրջապատիդ հետ սիրով, ներդաշնակ կեանք մը ապրելու համար, պէտք է Աստուծոյ Հոգին ունենաս եւ զազիր մեղքով զայն չաղարտես։ Նո՛յնը կը հաստատէ Քրիստոս երբ կ՚ըսէ. «Երբ Սուրբ Հոգին իջնէ ձեր վրայ՝ զօրութեամբ պիտի լեցուիք» (Գրծ 1.8)։ Սուրբ Հոգիով լեցուած մարդը՝ զօրութեամբ ու սիրով լեցուած մարդն է, որ դժուարութեանց ու տուայտանքներու առջեւ չ՚ընկրկիր, զուր տեղ իր ընկերը չի՛ մեղադրեր եւ իր անյաջողութեան պատրուակը ուրիշներու վրայ չի՛ նետեր։
Գիւղի մը մէջ աղքատ ծերուկ մը կար. որուն միապետներն անգամ կը նախանձէին. որովհետեւ ծերունին սպիտակ գեղեցիկ ձի ունէր: Թագաւորները այդ ձին ձեռք բերելու համար՝ տարբեր գումարներ կ՚առաջարկէին, սակայն ծերունին միշտ զայն ծախելէ կը հրաժարէր։ Օր մը ձին կ՚անհետանայ: Ամբողջ գիւղը կը հաւաքուի ու կը սկսի ցաւակցիլ՝ ըսելով.
-Յիմա՛ր ծերուկ. մենք գիտէինք, որ օր մը ձին պիտի գողնան: Երանի թէ ծախէիր։ Ինչպիսի՜ անյաջողութիւն:
-Մի՛ աճապարէք եւ եզրակացութիւններ մի՛ կատարէք։ Միայն ըսէք, որ ձին ախոռին մէջ չէ: Չեմ գիտեր, որ այդ յաջողութիւն է կամ ոչ, բայց ո՛չ ոք կրնայ գիտնալ, թէ վաղը ի՞նչ պիտի ըլլայ,- ծերունին ծիծաղելով կը պատասխանէ։
Ձին մի քանի շաբաթ անց կը վերադառնայ՝ իրեն հետ անտառէն խումբ մը վայրի ձիեր բերելով։ Ան չէր գողցուած, այլ փախած էր։ Գիւղացիները տեսնելով այս երեւոյթը՝ կ՚ըսեն.
-Դուն ճիշդ էիր. ներէ մեզի. Աստուծոյ ճանապարհները անքննելի են։ Սա ոչ թէ դժբախտութիւն է. այլ՝ օրհնութիւն:
-Դուք դարձեալ սկսաք հապճեպ որոշումներ կայացնել։ Պարզապէս ըսէք՝ «ձին վերադարձաւ»։ Ոչ ոք գիտէ, թէ վաղը ի՞նչ պիտի ըլլայ։
Այս անգամ մարդիկ շատ չեն խօսիր. բայց իրենց հոգւոյն մէջ կը յամառէին. որ ծերուկը սխալած է։ Ծերունիին որդին կը սկսի վայրի ձիերուն շուրջ շրջիլ։ Յանկարծ ձիերէն մէկը զինք ուժեղ կը հարուածէ ու կը վիրաւորէ։ Երիտասարդին երկու ոտքերը կը կոտրուին: Մարդիկ կրկին կը հաւաքուին եւ կը սկսին դատել,
-Դուն ճիշդ էիր։ Այդ դժբախտութիւն էր: Քու միակ որդիիդ ոտքերը կոտրուեցան: Ան ծերութեանդ օրերուն միակ ապաւէնդ էր։ Իսկ հիմա աւելի աղքատ պիտի դառնաս…։
-Դուք, ինչպէս միշտ, դատողութիւններով տարուեցաք։ Շատ մի՛ խորանաք։ Միայն ըսէք՝ «տղուս ոտքերը կոտրուած են»։ Ոչ ոք գիտէ, թէ այդ փորձա՞նք էր. թէ՞ յաջողութիւն: Կեանքը դէպքերու յաջորդականութիւն է. իսկ ապագան՝ անկանխատեսելի:
Քանի մը օր ետք, երկիրը պատերազմի մէջ կը մտնէ. իսկ երիտասարդները կը զօրակոչուին։ Սակայն ծերունիի որդին իր հաշմանդամութեան պատճառաւ չի՛ զօրակոչուիր։ Բոլորը գիտէին, որ իրենց զաւակները կրնայ ըլլալ չվերադառնան։ Ուստի, մարդիկ ծերունիին այցելելով՝ կը տրտնջան.
-Դարձեալ չսխալեցար, ծերունի՛։ Չնայած որ քու որդիդ հաշմանդամ է. բայց ան քեզի հետ է: Իսկ մեր տղաքը պիտի չվերադառնան։
-Ոչ ոք գիտէ, թէ ի՞նչ պիտի ըլլայ։ Միայն ըսէք, որ ձեր տղաները բանակ գացած են, իսկ իմ որդիս տունն է։ Երբեք ձեր կեանքի իրադարձութիւնները մի՛ մեկնաբանէք եւ օր մը վստահաբար պիտի գիտակցիք, որ ամէն ինչ հրաշալի ու գեղեցիկ է:
Սիրելի՛ ընթերցող, եթէ «ծանր» շունչ ունեցող արարած մըն ես, մարդիկ քեզ տեսնելով՝ անմիջապէս փախուստ պիտի տան եւ կամ պիտի լռեն։ Այս լռութիւնը «ոսկի» լռութիւնը չէ, այլ «վախ»ի ու «սարսափ»ի լռութիւնն է։ «Ծանր» շունչդ հոգիդ, միտքդ եւ ողջ կերտուածքդ «կը նեխեցնէ»։ Իսկ շրջապատդ տեսնելով «նեխածութիւն»դ՝ չ՚ուզեր իր կեանքը խանգարել ու ծանրացնել եւ շուտով քեզմէ կը հեռանայ։ Կեանքի արժէքն ու գեղեցկութիւնը անընդհատ կառուցելու, ստեղծելու մէջ է։ Սիրէ՛ կեանքը, որովհետեւ կեանքը չսիրողները շատ են։ Ժպտա՛, որովհետեւ տրտնջացողներու եւ «ծանրօրէն» շնչողներու թիւը բաւականին ստուարացած է։ Աստուածատուր մաքուր շունչդ իր վիճակին մէջ պահէ եւ բիւրեղացուր զայն։
«Ծանր» շունչով այստեղ-այնտեղ պտտիլը, ընկերներուդ կամ բարեկամներուդ յաջողութիւնները ստուգելը եւ անիծելը քեզ ո՛չ մէկ տեղ կը հասցնէ, այլ միայն քեզ կը տխրեցնէ ու կը տանջէ։ Մի՛ տրտնջար, դուն քեզ մի՛ քննադատեր եւ ոչ ալ ներկայութեամբդ ուրիշներու ջերմիկ զրոյցը խանգարէ։ Ներկայութիւնդ ուրախութիւն եւ խաղաղութիւն պէտք է բերէ եւ ո՛չ՝ զզուանք եւ վերապահութիւն։ Երեւոյթներու մէջ միշտ փորձէ լաւը տեսնել ու գնահատել։ Հապճեպ որոշում մի՛ կայացներ եւ մի՛ դատեր։ Համբերէ՛ եւ պիտի տեսնես, թէ կեանքը իրօք հրաշազան ու գեղեցիկ է։ Առ այդ, «ծանր» շունչէդ վայրկեան մը առաջ ձերբազատուէ՛ եւ շրջապատդ «մի՛ ապականեր»…
ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ