MARVEL-Ի ԲԱԶՄԱԶԱՆ ՏԻԵԶԵՐՔՆԵՐԸ

Marvel ընկերութեան անսահման տիեզերքի մասին անշուշտ կարելի չ՚ըլլար հակիրճ տողերով արտայայտուիլ, քանի որ տասնամեակներ շարունակ իր երդիքին տակ արտադրուած քանի-քանի գործեր անդադար կը շարունակեն հրապուրել ու կախարդել զանազան տարիքէ մարդիկ։

Թէեւ նշեալ ընկերութեան մականին ներքոյ ստեղծուած գործերուն մեծ մասը ունի երկրպագուներ, սակայն պատկերազարդ գրքոյկներու ընթերցողներէն ու անոնց մասին նկարահանուած շարժանկարները դիտողներէն ոմանք տակաւին տեղեակ չեն Marvel-ի յօրինուած տիեզերքներու բազմազանութենէն։ Իբր այդ ալ, շարժանկարները կ՚ենթարկեն բացասական քննադատութիւններու այն պատճառով, որ շարժապատկերները գրեթէ չեն նմանիր իրենց ընթերցած պատմութեան։ Թիւրիմացութիւնները գոնէ մասամբ նուազեցնելու նպատակով կը ներկայացնեմ Marvel-ի յօրինուած տիեզերքներու ամենայայտնիներն ու ամենահետաքրքրականները։

ԵՐԿԻՐ-616 (Marvel-ի Դասական տիեզերքը)

Մինչեւ մեր օրերը հասած բնօրինակ տիեզերքն է։ Գրեթէ կէս դարու պատմութեան մէջ այս տիեզերքին մաս կազմած են հազարաւոր իւրայատուկ կերպարներ, երեւակայական սքանչելի երկիրներ, անհամար մոլորակներ ու տարածական անցքեր (dimensional transitions)։ Գերհերոսներ, տարբեր ցեղէ արարածներ, այլմոլորակային ուժեր եւ այլն անծանօթ չեն նշեալ տիեզերքի ժողովուրդին համար։ Փորձագիտական զարգացումները երեւակայական սահմաններէն դուրս պատկերուած են այս տիեզերքին մէջ։ 

Երկիր 616-ին առաջին անգամ կը հանդիպինք Sub-Mariner (Namor) գրքոյկի առաջին համարին մէջ, որու մէջ պատկերուած է Marvel-ի ամենահին գերհերոսը։ 

ԵՐԿԻՐ-1610 (Ultimate)

2000 թուականի՝ միլլենիումի ձօնուած տիեզերք մըն է այս մէկը, որ բոլոր տիեզերքներու արդիականացած ձեւը կը համարուի։ Այս մէկուն ստեղծման բուն նպատակն էր նոր ընթերցողներու 60-ական թուականներէն ի վեր հրատարակուած գիրքերու հետեւելու դժուարութիւնը։ Այս պատճառով ընկերութիւնը նպատակադրեց ստեղծագործել իրական աշխարհին ու ժամանակին յարմարեցուած տիեզերք մը, որու մաս կազմող կերպարներու պատմութիւնը եւս կը ցոլացնեն իրականութիւնը։ Այս տիեզերքի ստեղծումը՝ ըստ իս, կարեւոր առիթ մը եղած է Marvel-ի նոր դարուն քայլ յարմարցնելու ուղղութեամբ։ 

Երկիր 1610-ին առաջին անգամ կը հանդիպինք «Ultimate Spider-Man» գրքոյկի մէջ։ 

ԵՐԿԻՐ-199999 (Marvel-ի շարժանկարային տիեզերքը)

Disney ընկերութեան ընտանիքին մաս կազմելէ վերջ Marvel իր ընթացքը փոխած է շարժանկարային արտադրութեան ոլորտին մէջ։ Marvel 2008 թուականէն սկսեալ ուրիշ ընկերութիւններու հետ համագործակցելու փոխարէն, նկարահանել սկսած է իր երդիքին տակ յօրինուած իւրայատուկ կերպարներու շարժանկարները։ Նկարահանուած են նաեւ ընկերութեան հրատարակած գրքոյկներու ծանօթ կերպարներ, սակայն անոնք նշեալ տիեզերքին մաս չեն կազմեր, քանի որ արտադրուած են այլ ընկերութիւններու կողմէ։

Երկիր 199999-ին առաջին անգամ կը հանդիպինք 2008-ին լոյս տեսած .Iron Manե անուանեալ շարժանկարին մէջ։ 

ԵՐԿԻՐ-92131 (Marvel Animated)

Marvel-ի 90-ական թուականներուն թողարկուած շարժուն ծաղրանկարային շարերը ներառնող տիեզերքն է։ 1992-1997 թուականներուն ցուցադրուած «X-Men»ը եւ 1994-1998 թուականներու միջեւ ցուցադրուած «Spider-Man»ը կը կազմեն այս տիեզերքը։ Մանաւանդ «X-Men»ը լայն արձագանգ ստեղծեց բազում երկիրներու մէջ, ինչպէս նաեւ այդ ժամանակուայ երիտասարդ սերունդի անմիջական ուշադրութեան ու հետաքրքրութեան արժանացաւ իր առաջին թողարկման օրօք։ 

Հարկ է նշել, որ Marvel-ի անուան տակ ստեղծուած միւս շարժուն ծաղրանկարները այս տիեզերքին մաս չեն կազմեր, որովհետեւ կը պատկանին այլ տիեզերքներու։ 

ԵՐԿԻՐ-1218 (Մեր երկիրը)

Եթէ Marvel-ի ամենայայտնի տիեզերքներու մասին կը խօսինք, անպայման պէտք է գիտնանք մեր տեղը անոր մէջ։ Ինչպէս գիտենք, այս տիեզերքի մէջ բոլոր կերպարները ստեղծուած են Marvel Comics ընկերութեան կողմէ։ Այս տիեզերքի մասին ամենակարեւոր փաստը այն է, թէ միւս տիեզերքնե-րու մէկ տարին, Երկիր 1218-ի մէջ հաւասար է չորս տարուան։ Արդարեւ, նշեալ տիեզերքը անուանուած է ընկերութեան խմբագիր Ճորտըն Տ. Ուայթի ծննդեան թուականով։ Վստահաբար միւս տիեզերքներու անուանումն ալ ունի նման պատմագրութիւններ։ 

ԵՐԿԻՐ-58162 (House of M)

«House of M»ը 24 գրքաշարէ բաղկացեալ վէպ մըն է, որու արմատները կը հասնին մինչեւ «Avengers: Disassambled» խորագրեալ գրքոյկը։ «House of M» կը ցոլացնէ տպաւորիչ պատմութիւն մը, որ ծովածաւալ խորհուրդներու մէջ կը սուզէ ընթերցողները։ Marvel-ի աննկարագրելի ուժի տիրապետող նուազագոյն հերոսներէն մին՝ Scarlet Witch-ը (Վանտա) հոգեկան անկում ունենալէ յետոյ կը փորձէ փոխել ժամանակի հոսքը, որպէսզի ճշդէ անցեալին գործած սխալները։ Վերոյիշեալ գրքաշարերուն մէջ գլխաւոր դեր ստանձնած են նաեւ Վանտայի հայրը՝ Magneto եւ եղբայրը՝ Quicksilver, որոնք ամբողջ աշխարհը ղեկավարող «Մակնուս» արքունի ընտանիքի մութանթ (փոխուած ծինատիպով մարդիկ) անդամներն են։ 

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 16, 2019