ԱԴԱՄԵԱՆԸ ՅՈՒՇԵՐՈՒ ՄԷՋ

Վերջերս Երեւանի մէջ լոյս տեսած է պոլսահայ անմահ մեծ դերասան, բանաստեղծ, գրող, նկարիչ եւ հասարակական գործիչ Պետրոս Ադամեանի մասին արժէքաւոր գիրք մը: «Պետրոս Ադամեանը ժամանակակիցների յուշերի մէջ». այսպէս կը կոչուի ժողովածուն, որուն մէջ առաջին անգամ ամփոփ կերպով կը ներկայացուին նոյն ժամանակաշրջանին ապրած մտաւորականներուն յուշերը Պետրոս Ադամեանի մասին: Երեւանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ «Գիտութիւն» հրատարակչութենէն տպագրուած գիրքին մէջ ներառուած են հայ եւ ռուսական պարբերական մամուլին ու զանազան գիրքերու եւ հրատարակութիւններու մէջ Պետրոս Ադամեանի մասին տեղ գտած յուշագրութիւնները՝ համապատասխան ծանօթագրութիւններով: Գիրքի յաւելուածներուն մէջ տպագրուած են Պետրոս Ադամեանին նուիրուած բանաստեղծութիւններ, անոր լուսանկարներէն, Ադամեանի դերացանկերը եւ այլ արժէքաւոր նիւթեր, որոնք ցոյց կու տան Պոլսոյ, Զմիւռնոյ, կովկասեան գաւառական քաղաքներու, Ռուսաստանի մէջ իր դերերով հանդիսատեսը գերած եւ այլ գործունէութիւններ ծաւալած արուեստագէտին ճանապարհը եւ կեանքէն հետաքրքրական դրուագներ: Անոր ժամանակակիցները, ընկերները հարուստ յուշագրութիւն ձգած են Ադամեանին մասին:

Այս ժողովածուն, ի դէպ, կազմուած է 1980-ականներու կէսերուն, անուանի ադամեանագէտ Ռուբէն Զարեանի եւ հետազօտող Անահիտ Պեքեարեանի ուժերով, սակայն, 1988 թուականի իրադարձութիւնները եւ ատոր յաջորդած խառն ժամանակները հնարաւորութիւն չեն ընձեռած զայն տպագրելու: Եւ ահաւասիկ, տարիներ անց, Գիտութիւններու ազգային ակադեմիան կրկին կը բանայ Ադամեանի թղթապանակը, որուն մէջ է տակաւին երեսուն տարիներ առաջ կազմած այս ժողովածուն: Կազմողներէն մէկը՝ Ռուբէն Զարեան 1994 թուականին հեռացած է կեանքէն: Հետազօտող Անահիտ Պեքեարեան աւարտուն տեսքի բերած է գիրքն ու զայն այսօր մեր սեղաններուն է, իբրեւ Ադամեանի մասին Հայաստանի մէջ լոյս տեսած լաւագոյն գիրքերէն մէկը: Հետաքրքրութեամբ կ՚ընթերցուին գրողներ Շիրվանզատէի, Յովհաննէս Թումանեանի, Ռափայէլ Պատկանեանի, Արշակ Չօպանեանի, Լէոյի, նկարիչներ Գէորգ Բաշինջաղեանի, Տիգրան Եսայեանի, բեմադրիչ Գէորգ Չմշկեանի, դերասաններ Սիրանոյշի, Ազնիւ Հրաչեայի, Արմէն Արմէնեանի, Ամիրան Մանդինեանի եւ շատ ուրիշներու յուշերը: Սոյն ժողովածոյէն կը ներկայացնենք դերասանուհի Ազնիւ Հրաչեայի յուշերէն հատուածներ Պետրոս Ադամեանի մասին:

ԻՄ ՅԻՇՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐՍ

ԱԶՆԻՒ ՀՐԱՉԵԱՅ

…Քանի մը շաբաթ յետոյ ուսումնարանէն արձակման պահուն, կրկին երեւցաւ Պր. Մաղաքեանը. կարծես թէ սիրահարներ ըլլայինք: Գացինք քովի փողոցը, որպէսզի ոչ ոք մեզ տեսնէ: Այդտեղ ինձ տուաւ մեծ դեր մը «Հայկ Դիւցազն»ի մէջ, Հայկանոյշի դերը.

-Պատրաստէ՛, Ազնի՛ւ. Բան մը կ՚ընենք, այս անգամ ալ հրաման կը ստանանք:

Եւ որովհետեւ ձմեռնային շրջանին վերջն էր, այդ իսկ պատճառով դիւրութեամբ ստացանք հրամանը:

Առաջին փորձին իմ դիմացս կանգնած էր Պետրոս Ադամեանը, սիրահարի դերով. այնպիսի ոգեւորութեամբ գրկեց զիս՝

«Հայկանո՛յշ, կը սիրե՛մ զքեզ» ըսելով, որ ես խրտչեցայ եւ սկսայ լալ:

-Պարո՛ն Մաղաքեան, չեմ խաղար այս դերը, առէ՛ք, ինծի նորէն փոքրիկ դերեր տուէ՛ք:

Փորձը խանգարուեցաւ: Երկրորդ օրը Պր. Մաղաքեան զիս համոզեց՝ ըսելով.

-Տե՛ս, ես դերը առի այն պարոնէն եւ տուի ուրիշի մը, Պր. Դաւիթ Թրեանցի, որ ամուսնացած է եւ սիրունիկ աղջիկ մը ունի:

***

Երկրորդ ձմեռնային եղանակին Ֆասուլեաճեան Նախիջեւանէն գալով, իր հետ բերաւ մեզ Ադամեանը: Ի՜նչ գրել Ադամեանի մասին, քանի որ ամենուն յայտնի է, թէ ան ինչպիսի՜ դերասան էր: Ո՛չ, ան «դերասան» չէր, տաղանդ էր, հանճար էր: Բաւական էր զայն անխօս տեսնել բեմի վրայ, եւ դուք արդէն կը զգայիք, թէ ի՛նչ խոշոր ուժ մը կանգնած է ձեր դէմը: Ան իր կարճ հասակով բեմի հսկան էր: Ես կ՚ըսեմ, որ անոր նմանները շատ քիչ են նոյնիսկ եւրոպական բեմերու վրայ: Խե՜ղճ Ադամեան. քանի՛ անգամ անոր ոսկորները գերեզմանին մէջ անհանգիստ ըրած են՝ նորելուկ դերասան մը մէջտեղ ելածին պէս «Ադամեանը վերակենդանացաւ» գոչելով: Չէ՛, պարոննե՛ր, այդքան ալ դիւրին չէ Ադամեաններ ունենալ: Դարեր դժուար կ՚արտադրեն, մայրեր դժուար կը ծնին այդպիսի արուեստագէտ մը:

…Ադամեան փորձեց թուրքերէն լեզուով խաղալ, բայց չյաջողեցաւ. արտասանութիւնը շատ գէշ էր, այդ պատճառով հրաժարուեցաւ խումբէն, մանաւանդ որ երկրորդական տեղ բռնելու համար ծնած չէր:

***

Զիս ամուսնութեան ուզողներ պակաս չէին, թէ՛ հարուստ եւ թէ՛ միջակ դասակարգէն: Բայց ոչ մէկը զիս կը հետաքրքրէր: Յակոբ պէյ Պալեան կը ցանկար, որ ես Ադամեանի հետ ամուսնանայի: Ադամեան կու գար պէյին ցանկութիւնը յայտնել ինձ: Ես լուռ էի եւ չէի պատասխաներ, բայց օր մը ուզեց անպատճառ կարծիքս իմանալ:

-Ադամեա՛ն, գիտե՞ս ինչ, երկու լարախաղացներս չենք կրնար մէկ չուանի վրայ խաղալ:

Կը բարկանար, բայց քիչ մը յետոյ կը մոռնար ու կ՚ըսէր.

-Շի՛ք պիտի երթանք, օրիո՛րդ, շի՛ք պիտի երթանք:

Կը շարունակուէր ամէն ներկայացման յիսունական ոսկին:

Ես այդ դրամը կու տայի մօրս: Ադամեան նոյն գիշերն իսկ կը հալեցնէր: Առնելով հետը Օրթագիւղէն քանի մը ընկերներ՝ կը վարձէր առաջին կարգի կառք ու կ՚երթար Բերա, մինչեւ լոյս կը ծախսէր ունեցածը, նոյնիսկ շատ անգամ ժամացոյցը գրաւ դնելով՝ առտուն կը դառնար Օրթագիւղ:

Մենք ընդունուած էինք առաջին սալօններուն մէջ: Առանց Ադամեանին եւ ինձ երեկոյթ չէր ըլլար:

Գիշեր մը, Նշան Օտեան էֆէնտիի տունը երեկոյթ կար:

Գիւղին բոլոր մեծամեծները այնտեղ էին: Յակոբ պէյ ինձ առաջարկեց ամուսնանալ Ադամեանի հետ:

-Ո՜վ գիտէ, թերեւս մէկ ուրիշին կինն ըլլաս, եւ հայ բեմը զրկուի քեզմէ: Ադամեան գեղեցիկ է, լաւ արթիստ է եւ քեզ շատ կը սիրէ:

 -Պէ՛յ, ներեցէք, որ ձեր խօսքը կը կտրեմ: Ան զիս չի կրնար սիրել: Անոր սէրը հինցած է, իսկ իմս՝ շատ նոր: Հին կտորը նոր կարկտան չի բռներ:

Այդ միջոցին երաժշտութիւնը քատրիլ կը ծանուցանէր: Ներողութիւն խնդրելով՝ հեռացայ: Խոստացեր էի պարոնի մը՝ հետը պարել:

Ադամեան, Յակոբ պէյի մօտէն գալով սրահ, ընդհատեց պարը եւ սկսաւ պղաւել.

-Օրիո՛րդ, դուք զիս խէժէ գնդակ էք դարձուցեր, երբեմն օդը կը բարձրացնէք, երբեմն գետնին կը հաւասարցնէք: Այո՛, պարոննե՛ր, ես օրիորդ մը կը սիրեմ, թէեւ ան գեղեցիկ չէ, աչքին մէկը կոյր է, ոտքը՝ կաղ, ինքը՝ տգեղ, եւ երեսը՝ չեչոտ, բայց անոր սիրտը ազնիւ է, ան զիս կը սիրէ, ես ալ ան կը պաշտեմ եւ պիտի ամուսնանամ հետը:

Սրահին մէջ ծիծաղ յարուցին այս խօսքերը:

-Պարո՛ն Ադամեան, ըսի, ոչ ոք ձեզ կ՚արգիլէ ամուսնանալ անոր հետ. մի՞թէ Դուք ազատ չէք:

Չեմ յիշեր՝ ո՛րքան ժամանակ էր անցեր, օր մը Օրթագիւղի երիտասարդութիւնը պիտի ներկայացնէր խաղ մը՝ յօգուտ աղքատներու: Խնդրեր էին Մաղաքեանէն, որ ան ալ իր խմբով ներկայացնէ զաւեշտախաղ մը:

Սիրողներու փորձերը ձեզ ծանօթ են. ժամանակին չէին եկեր, եւ կը փորձէին ուշ:

Գացի թատրոն: Սենեակս դեռ չէի մտեր, տեսայ, որ սիրողները կը փորձեն: Հետաքրքրուեցայ տեսնել եւ նստայ առաջին օթեակը, ուր կը գտնուէր տիկին Վալիտէեան:

Մեր օթեակին կռթնած էր երկայն հասակով ու թափանցիկ դէմքով համեստ երիտասարդ մը, որ սիկառ կը ծխէր: Ուշադրութիւնս գրաւեց. նայեցայ պարզապէս: Մեր աչքերը իրարու հանդիպեցան:

Պարոնին ձեռքէն սիկառը վար ինկաւ: Ես ետ քաշուեցայ:

Տիկին Վալիտէեան ինձ դարձաւ.

-Ի՞նչ ըրիր խեղճ տղուն, որ ապշեցաւ մնաց:

Քիչ յետոյ գացի սենեակս քաշուեցայ:

Մեր զաւեշտախաղի միջոցին կը տեսնէի բեմէն նոյն երիտասարդը, որ նստած էր ժողովուրդի մէջ մտածկոտ, տխուր:

Շաբաթ մը յետոյ՝ փորձի ժամանակ, ինձ նամակ մը բերին:

Ադամեան բարձրաձայն դերասաններուն ըսաւ.

-Օհօ՜, մեր օրիորդը սկսեր է դուրսէն նամակներ ստանալ:

Նամակը բացի, յանձնեցի Մնակեանին.

-Ես գաղտնիքներ չունիմ, խնդրեմ, կարդացէ՛ք ամենուն առջեւ:

Մնակեան, աթոռի մը վրայ ելլելով, սկսաւ բարձրաձայն կարդալ նամակը: Պարոն մը, յայտնելով ինձ իր սէրը, կը խնդրէր խղճալ իրեն: Եթէ խղճայի, յառաջիկայ ներկայացման, «Փարիզի աղքատներ»ուն մէջ, առաջին անգամ բեմ դուրս եկած ատենս թաշկինակս ձեռքս պէտք էր ունենայի: Այն ատեն պարոնը ճակատը պիտի սրբէր իր թաշկինակովը, եւ ես պիտի տեսնէի, թէ ո՛վ էր նամակին հեղինակը: Նամակը ստորագրութիւն չունէր: Այս որ լսեցին դերասանները, խնդրեցին ինձմէ, որ այդպէս վարուիմ:

Ներկայացման ժամանակ, երբ առաջին անգամ բեմ դուրս եկայ, ձեռքս բռնած էի մանշօն: Ադամեան, որ կը կատարէր եղբօրս դերը, ծաղիկ գնեց ինձ նուիրելու: Ձեռքս մանշօնէն դուրս քաշած միջոցիս թաշկինակս վար ձգեցի: Եւ երբ գետնէն վեր առի, նայեցայ հասարակութեան: Ինձ հետ նայեցաւ Ադամեան, ինչպէս եւ Մնակեան, որ բեմի վրայ էր այդ պահուն՝ Պլանտրօզի դերին մէջ, բայց ոչ ոք երեսը սրբեց:

Երկրորդ օրը նամակ մը եւս բերին մեր տունը: Այդ անծանօթ պարոնը կը յայտնէր, թէ չէր կարողացած երեսը սրբել, որովհետեւ Ադամեան եւ Մնակեան ալ ուշադրութիւն էին դարձուցած: Այս անգամ եւս ան իր ցաւերուն վրայ խօսելէ յետոյ ստորեւ դրած էր իր անուան սկզբնատառերը՝ Ա. Ս. Գ.:

Ներկայացման երեկոյին հարցուցի, թէ ինչ է այդ պարոնի անունը. իմացայ, որ Անտոն Ս. Գարա է: Այժմ գիտէի, թէ ո՛վ է նամակ գրողը:

***

Պր. Բաշինջաղեան, Ադամեանի մահուան տասնամեակի առթիւ գրելով, ըսեր էր, թէ անիկա, առաջին անգամ ըլլալով, ձեռքը ունեցաւ հարիւրնոց մը, գլուխը դրաւ սիլինտր ու շտապեց դէպ ի Կովկաս: Ո՛չ, պարոնը կը սխալէր: Ադամեան գլուխը սիլինտր դրաւ ո՛չ պոլսեցւոց դրամներով, ո՛չ կովկասեցւոց: Անիկա որդին էր Հերոնիմոս աղային, որ Պոլսոյ մէջ բարեկեցիկ դասին կը վերաբերէր: Չեմ գիտեր՝ ինչ ցաւ է դարձեր մեր բոլորիս, որ մէկ գրող կամ դերասան մեծ ցոյց տալու համար կ՚ուզենք, որ ան աղքատ, լքուած, փողոցները մնացած ըլլայ: Ըստ իս՝ Ադամեան անով էր մեծ, որ ունենալով բարեկեցիկ վիճակ՝ թողուց ու փարեցաւ փշոտ ասպարէզին…

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 16, 2021