ԿՆՔԱՀԱՅՐՈՒԹԻՒՆԸ ՀԱՅՈՑ ՄԷՋ ԱՆՈՐ ԴԵՐՆ ՈՒ ՆՇԱՆԱԿՈՒԹԻՒՆԸ. ՆՈՐ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆ ՄԱՅՐ ԱԹՈՌԷՆ

Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի օրհնութեամբ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Հրատարակչութիւնը լոյս ընծայած է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միաբան Տ․ Զաքարիա Ծայրագոյն Վարդապետ Բաղումեանի «Սրբալոյս Միւռոն» եւ «Կնքահայրութեան դերն ու նշանակութիւնը» խորագրերով գիրքերը: Նկատենք, որ ասկէ առաջ ալ նոյն հեղինակէն հրատարակուած էր մանկամկրտութեան մասին գիրքը (որուն անդրադարձած ենք), այս երեք գիրքերը ձեւով մը ամբողջութիւն կը կազմեն: Գրքոյկները լոյս տեսած են Սուրբ Էջմիածնի Հրատարակչութեան՝ «Քրիստոնեայի գրադարան» մատենաշարով։ Այս մատենաշարով սովորաբար լոյս կը տեսնեն քարոզչական, կրթադաստիարակչական եւ ծիսատօնական բնոյթի հանրամատչելի գրքոյկներ, որոնց նպատակը հաւատացեալներուն մէջ քարոզչութիւնը խթանելը եւ հոգեւոր գիտելիքները հարստացնելն է։

«Կնքահայրութեան դերն ու նշանակութիւնը» գիրքը նպատակ ունի հանրութեան իրազեկել Հայ Եկեղեցւոյ մէջ կնքահօր պարտականութիւններուն մասին, ներկայացնել անոր դերն ու նշանակութիւնը մեր կեանքէն ներս:

Հեղինակը, գործածելով հնագոյն աղբիւրներ, հայ եւ օտար մեծերու աշխատութիւններ, նիւթին շուրջ ծաւալուն եւ բովանդակալից ուսումնասիրութիւն մը կազմած է, որ կարեւոր փաստաթուղթ կրնայ ըլլալ հայ քրիստոնեային համար:

Իբրեւ մկրտուողի հոգեւոր ծնող ու դաստիարակ, մեր եկեղեցին կնքահօրը կը վստահի մկրտուողի հոգեւոր կեանքին աճն ու զարգացումը: Հեղինակը իրաւամբ կը նկատէ, որ եթէ մարմնաւոր ծնողքի պարտականութիւնն է զաւակը մեծցնել, սնել, հագցնել, երկրի եւ հասարակութեան համար պիտանի մարդ դաստիարակել ու կրթել, ապա կնքահայրը ո՛չ միայն իր սանիկի հաւատքի երաշխաւորն ու վկան է Ս. Մկրտութեան խորհրդակատարութեան ժամանակ, այլեւ կարեւոր եւ սուրբ պարտականութիւն ունի՝ իր դերը ստանձնելէ ետք ծնողքին հաւասար իր սանիկը խրատելու, սորվեցնելու եւ անձնական օրինակով միշտ ճիշդ ճանապարհի վրայ դնելու՝ դաստիարակելով զինք Հայոց Եկեղեցիի ուղղափառ մտածողութեամբ, ազգային, քրիստոնէական եւ բարոյական արժեհամակարգով, Սրբազան աւանդութիւններով, սովորութիւններով։ Այսինքն՝ Ս. Մկրտութեամբ սահմանուած կնքահայրութիւնը կը շարունակուի ողջ կեանքի ընթացքին:

Նշանաւոր վարդապետներէն մէջբերումներ կատարելով՝ Տ. Զաքարիա Ծայրագոյն Վարդապետ Բաղումեան ցոյց կու տայ, թէ որքա՛ն կարեւոր է կնքահօր դերը սանիկի քրիստոնէական կերպարի ձեւաւորման հարցին մէջ:

Հեղինակը գրքոյկին մէջ կ՚անդրադառնայ Վաղ Եկեղեցւոյ եւ Հայ Եկեղեցւոյ կնքահայրութեան երեւոյթին, կնքահայր դառնալու չափանիշներուն եւ արգելքներուն, կնքահայր-սանիկ փոխյարաբերութիւններուն եւ կնքահօր պարտականութիւններուն։

Գիրքէն կը գիտնանք, որ հայոց մէջ կնքահայրը կը կոչուի նաեւ «կնքաւոր», «կնքապապ», «սանահայր», «երաշխաւոր» եւ այլն, իսկ ժողովուրդին մէջ տարածուած է «քաւոր» տարբերակը, որ «կնիքաւոր» բառի կրճատուած եւ խօսակցական ձեւն է:

Հեղինակը կը նկատէ, որ կնքահայրութիւնը մեր եկեղեցւոյ կողմէ սահմանուած ամենեւին ալ ձեւական պաշտօն մը չէ, ուստի, կը յորդորէ ամենայն լրջութեամբ եւ պատասխանատուութեամբ մօտենալ այս դերին:

*

Ըստ Տ. Զաքարիա Ծայրագոյն Վարդապետ Բաղումեանի, կնքահայրութեան բովանդակային եւ իմաստային արմատները ձեւաւորուած են տակաւին առաքելական շրջանին։ Զայն սերտօրէն կապուած է Ս. Մկրտութեան՝ Եկեղեցիին անդամակցելու եւ քրիստոնեայ դառնալու խորհուրդին հետ։ Ինչպէս հեղինակը կը տեղեկացնէ՝ սկզբնական շրջանին մանուկներուն համար կնքահայր կ՚ըլլային իրենց ծնողքը, իսկ մեծահասակներու պարագային՝ տուեալ քրիստոնէական համայնքի ներկայացուցիչներէն մէկը, որ եպիսկոպոսին քով կը վկայէր երեխայի պատրաստականութեան եւ անոր կեանքին մասին: Երբ արդէն Դ. դարուն աւելցաւ մկրտուողներուն թիւը, մեծցաւ նաեւ կնքահայրութեան անհրաժեշտութիւնը: Տ. Զաքարիա Ծայրագոյն Վարդապետ Բաղումեան կը յիշեցնէ, թէ նկատի պէտք է ունենալ, որ մեծ քաղաքներուն մէջ հոգեւորականները ֆիզիքապէս չէին կրնար գիտնալ բոլոր մկրտուողներուն պատրաստութեան աստիճանի կամ անոնց կեանքի մանրամասներուն մասին, ուստի, կնքահայրը ճիշդ այն մարդն էր, որ պարտականութիւն ունէր վկայելու երեխայի մասին, ուսուցանելու եւ պատրաստելու անոր՝ Ս. Մկրտութեան խորհուրդը ընդունելու համար:

«Պէտք չէ մոռնալ, որ Քրիստոսի Եկեղեցիի սկզբնաւորումէն սկսեալ եւ յատկապէս՝ Ե. դարուն մանկամկրտութիւնը սովորական երեւոյթ էր Եկեղեցւոյ կեանքին մէջ, իր մնայուն տեղը ունէր նաեւ կնքահայրութիւնը մեծահասակներու պարագային: Աստիճանաբար մանուկ մկրտեալներուն համար կնքահայր կը դառնային ո՛չ թէ ծնողքը, այլ՝ ուրիշներ: Խնդիրը սուր էր մանաւանդ որբերու, անյայտ ծնողքի զաւակներու եւ ստրուկներու պարագային: Այս փոփոխութեան պատճառը հաւանաբար Ս. Մկրտութեան խորհուրդով մկրտեալի եւ կնքահօր միջեւ ստեղծուած հոգեւոր ազգականութիւնն էր, ինչպէս նաեւ մարմնաւոր ծնողքէն բացի, հոգեւոր ծնող ունենալու հանգամանքը», կը գրէ հեղինակը:

ԿՆՔԱՀԱՅՐՈՒԹԵԱՆ ՉԱՓԱՆԻՇՆԵՐԸ

Տ. Զաքարիա Ծայրագոյն Վարդապետ Բաղումեանի կազմած այս գրքոյկէն կը գիտնանք, որ Հայոց Եկեղեցին սահմանած է որոշակի չափանիշներ, թէ ո՛վ մեր Եկեղեցւոյ մէջ կրնայ կնքահայր ըլլալ: Ըստ այդմ՝ կնքահայրը պէտք է ըլլայ.

1. Արական սեռի անձ մը:

2. Հայոց Եկեղեցիի զաւակ, այսինքն՝ մեր Եկեղեցիին մէջ մկրտուած եւ դրոշմուած կամ այլ Եկեղեցիի մէջ մկրտուած, բայց Հայոց Եկեղեցիին անդամագրուած:

3. Չափահաս: Նախընտրելի է, որ մանկան պարագային կնքահայրը գոնէ շուրջ 20 տարեկան ըլլայ, իսկ չափահասի պարագային՝ մկրտուողէն քանի մը տարի մեծ՝ ստանձնելու համար հոգեւոր դաստիարակի պարտականութիւնները:

4. Ուղղափառ հաւատքի տէր, առաքինի եւ պարկեշտ կեանքով ապրող մարդ, որ քաջատեղեակ է քրիստոնէութեան, հաւատքի կարեւոր սկզբունքներուն, Հայոց Եկեղեցիի սրբազան խորհուրդներուն եւ յարակից հարցերու, որպէսզի իր օրինակով կարենայ վկայել, երաշխաւոր ու հոգեւոր խնամակալ դառնալ մկրտուողին համար: Եւ ամենակարեւորը՝ ան պէտք է նոր մկրտուածին դաստիարակէ այն Եկեղեցիի ոգիով, որուն գործուն անդամն է ինք: Եթէ կնքահայրը ամուսնացած է, ապա պէտք է ընտանիքի լաւ հայր ըլլայ եւ նաեւ՝ օրինակ՝ միւսներուն համար: Իսկ եթէ ամուրի է, ապա անոր բարոյական նկարագրին մասին պէտք է վկայեն ուրիշներ: Այլ խօսքով՝ կնքահայրը իր ընտանիքով եւ նկարագիրով տիպար օրինակ պէտք է ըլլայ:

ԿՆՔԱՀԱՅՐՈՒԹԵԱՆ ԱՐԳԵԼՔՆԵՐԸ

Նոր կազմուած այս գրքոյկէն կը գիտնանք, որ նմանապէս Հայոց Եկեղեցին նաեւ սահմանած է, թէ ովքե՛ր չեն կրնար կնքահայր ըլլալ Ս. Մկրտութեան խորհրդակատարութեան ժամանակ:

Չեն կրնար ըլլալ անչափահասները, անհաւատները, այլազգիները, այլադաւանները, այլակրօնները, հոգեկան հիւանդները, ընտանիքի անդամները (հայրը, եղբայրը եւ մեծ հայրը), մկրտուող կնոջ պարագային՝ չեն կրնար ըլլալ անոր կենակիցը, չեն կրնար ըլլալ կիներ, կրօնաւորները:

Տ. Զաքարիա Ծայրագոյն Վարդապետ Բաղումեան մանրամասն կը բացատրէ, որ սահմանուած այս արգելքները ունին իրենց հիմքերը եւ պարզապէս սահմանուելու համար չեն հաստատուած ժամանակի ընթացքին: Անոնք կ՚արտայայտեն կնքահայրութեան վերաբերեալ Ընդհանրական Եկեղեցւոյ մէջ ամրագրուած եւ ընդունուած մօտեցումները, ինչպէս նաեւ Հայոց Եկեղեցիի կեցուածքը՝ զանազան հարցերու շուրջ։ Այս արգելքներուն մէկ մասը յստակ է եւ հասկնալի, իսկ որոշներ յաւելեալ բացատրութիւն կը պահանջեն: Այն հարցումին, թէ ինչո՞ւ այլազգին կամ անհաւատը չեն կրնար կնքահայր ըլլալ, հեղինակը կը յիշեցնէ, որ Հայոց Եկեղեցւոյ մէջ այլազգիներու՝ կնքահայր ըլլալ կամ չըլլալու խնդիրը քննարկման նիւթ եղած է տակաւին ԺԲ.-ԺԴ. դարերուն եւ նման երեւոյթի դէմ պայքարած են նաեւ մեր վարդապետներն ու հայրերը: Տ. Զաքարիա Ծայրագոյն Վարդապետ Բաղումեան կը մատնանշէ, որ նշուած ժամանակաշրջանին օտարազգի կնքահայր ընտրելու պատճառներէն էին զանազան ժողովուրդներու հետ երկար համակեցութիւնը եւ քաղաքական դրդապատճառներով տիրապետող ազգի ներկայացուցչի հովանաւորութիւնը ունենալու փափաքը: «Բնականաբար, պետականութեան բացակայութեան եւ մեր երկրին մէջ օտարալեզու տարրի առկայութեան պայմաններու ներքոյ այլազգի կնքահայր ունենալը կը խոչընդոտէր հայերու ազգային-քրիստոնէական դիմագծի պահպանումը եւ կը մեծցնէր ուծանալու վտանգը», կը նշէ հեղինակը եւ մէջբերումներ կը կատարէ մատենագիրներէն, որոնք կարեւորած են այս միտքը եւ մեծ ուշադրութիւն դարձուցած այս խնդրին: Միաժամանակ ան կը նշէ, որ այսօր ժամանակները ուրիշ են, բայց իրականութիւնը չէ փոխուած, եւ արտագաղթի, օտարանալու մոլուցքի, անձնական շահի եւ երբեմն ազգային բարձր գիտակցութեան բացակայութեան պայմաններուն տակ կը յիշեցնէ մեր Եկեղեցւոյ յորդորը՝ կնքահօր ընտրութեան հարցին մօտենալ ամենայն պատասխանատուութեամբ, ընտրել Հայոց Եկեղեցւոյ անդամի եւ նախընտրաբար՝ ազգութեամբ հայի, որ քաջատեղեակ է Առաքելական մեր Սուրբ Եկեղեցիի դաւանանքին, անոր կարգ ու կանոնին, սովորութիւններուն։

Կնքահայրութեան վերաբերող կայ այլ խնդիր մը, որ Տ. Զաքարիա Ծայրագոյն Վարդապետ Բաղումեան նոյնպէս կը քննարկէ նոր լոյս տեսած գիրքին մէջ:

Այսօր մարդիկ զանազան պատճառներով, որոնց մէջ նաեւ՝ նիւթական հարցն է, կը ջանան կնքահայր ընտրել ընտանիքի անդամներէն մէկը կամ մօտ ազգականը: Մինչդեռ այս գիրքին հեղինակը կը յիշեցնէ, որ կնքահայրութեամբ մարդիկ կը հարազատանան եւ նոր բարեկամութիւն մը կը ստեղծուի, ուստի, մօտ ազգականներու ընտրութիւնը նախընտրելի չէ:

Այս առումով ան մատնացոյց կ՚ընէ 2014 թուականի նոյեմբերի 11-13-ը, Մայր Աթոռին մէջ տեղի ունեցած Եպիսկոպոսաց ժողովի կանոնական ուղեցոյցը, որուն մէջ կը նշուի, որ մկրտուողին հայրը, եղբայրը եւ մեծ հայրը չեն կրնար կնքահայր ըլլալ։ Ուստի, նախընտրելի է կնքահայր ընտրել ո՛չ ազգական մը եւ նոր մտերմութիւն ստեղծել Ս. Մկրտութեամբ։

Նմանապէս՝ կնքահայրը չի կրնար ըլլալ նաեւ կենակիցը, այսինքն՝ այն տղամարդը, որուն հետ կինը ամուսնական յարաբերութեան մէջ է՝ նկատի առնելով կնքահայրութեան դերակատարութիւնը, անոր ու սանիկին միջեւ Միւռոնով ստեղծուող հոգեւոր ազգակցութիւնը։

ԿՆՈՋ ԴԵՐԸ

Ինչ կը վերաբերի կնոջ դերին կնքահայրութեան մէջ, Տ. Զաքարիա Ծայրագոյն Վարդապետ Բաղումեան, համեմատելով Լատին, Բիւզանդական եկեղեցիները Հայոց Եկեղեցւոյ հետ, կը նշէ, որ ի տարբերութիւն այդ եկեղեցիներու, մեր եկեղեցւոյ մէջ կնքամայրութեան հաստատուած կառոյց չկայ, կը յիշեցնէ, որ «Մաշտոցները», եկեղեցական կանոնները եւ սուրբ հայրերը նոյնիսկ արգելած են, որ կինը մօտենայ Սուրբ Աւազանին:

Իսկ թէ ինչո՛ւ կինը չի կրնար վկայ ըլլալ արարողութեան ժամանակ, գիրքին հեղինակը կը վկայակոչէ մեր Եկեղեցւոյ վարդապետները: Օրինակ՝ Յովհաննէս Երզնկացի Պլուզ Վարդապետը, մատնացոյց ընելով մկրտեալը՝ կ՚ըսէ. «Կնոջ գիրկը մի՛ տաք, քանի որ կնքահայրը վկայ է, երաշխաւոր եւ հաւատքի ուսուցիչ, իսկ կինը ո՛չ վկայ է, ո՛չ երաշխաւոր, ո՛չ ալ ուսուցիչ պէտք է ըլլայ»:

Իսկ Ս. Գրիգոր Տաթեւացին «Գիրք հարցմանց» համայնագիտարանային աշխատութեան մէջ արարողութեան ժամանակ կնոջ վկայութեան վերաբերեալ կը նշէ հետեւալը. «Չի կրնար, որովհետեւ կնքահայր կ՚ըսենք եւ ոչ թէ՝ կնքամայր, քանզի նորածիններուն համար կնքամայրը Եկեղեցին է, որուն պատճառը այն է, որ կինը երաշխաւոր եւ վկայ չի կրնար ըլլալ, ուստի, կնքահայր չի կրնար ըլլալ: Եւ դարձեալ՝ կիներ չեն կրնար քահանայագործել եւ ոչ ալ՝ կնքահայր ըլլալ: Եւ ո՛չ միայն այս պարագային, այլեւ՝ մկրտութեան ժամանակ կինը վայել չէ մնալ եկեղեցւոյ մէջ, որովհետեւ Տիրամայր Կոյսը Քրիստոսին հետ չէր մկրտութեան ժամանակ»:

Այս առումով Տ. Զաքարիա Ծայրագոյն Վարդապետ Բաղումեան կը մեկնաբանէ, որ թէպէտ մեր Եկեղեցին Ս. Մկրտութեան արարողութեան ընթացքին կ՚արգիլէ, որ կինը վկայ, երաշխաւոր ըլլայ եւ վկայէ մկրտուողի հաւատքին մասին, բայց կնքահօր կինը՝ քաւորկինը, իր ամուսնոյն հետ անկաշկանդ կրնայ զբաղուիլ մկրտուողի հոգեւոր դաստիարակութեամբ, մանաւանդ՝ աղջիկ երեխաներու պարագային, ինչպէս նաեւ կինը կրնայ մասնակցիլ միւռոնէն հանելու բարեպաշտական արարողութեան:

Նոյնն է պարագան նաեւ կրօնաւորներու՝ կուսակրօն եկեղեցականներու, վանականներու պարագային, չնայած, ինչպէս կը վկայէ հեղինակը, իրականութեան մէջ կա՛ն նման պարագաներ, որոնցմէ ան կը յիշեցնէ Դաւիթ Ալավկա Որդիի կանոնագիրքի ԻԲ. գլուխը, որուն մէջ յստակ կը նշուի այս մասին:

Այս համատեքստին մէջ Տ. Զաքարիա Ծայրագոյն Վարդապետ Բաղումեան կ՚անդրադառնայ երկու կարեւոր հարցումի եւս. արդեօք մեզի դաւանակից եկեղեցիներու՝ Ղպտի, Ասորի, Հնդիկ Մալանկարա եւ Եթովպական Ուղղափառ եկեղեցիներու անդամը կրնա՞յ կնքահայր ըլլալ Հայոց Եկեղեցիի զաւկին համար։ Այս հարցումը պատահական չէ, քանի որ սփիւռքի մեր գաղթօճախներու գործնական ծիսական կեանքին մէջ նմանատիպ դէպքեր կան, երբ հայ զաւակի կնքահայրը դաւանակից եկեղեցիի անդամ է: Տ. Զաքարիա Ծայրագոյն Վարդապետ Բաղումեան կը նշէ, որ ասոնք զանազան պատճառներ ունին՝ խառն ամուսնութիւններ, տուեալ շրջանին Հայոց Եկեղեցիի անդամի կամ հայ մարդու բացակայութիւն, մտերմութիւն, ընկերութիւն դաւանակից եկեղեցիի անդամին հետ եւ այլն: Այս հանգամանքներէն ելլելով՝ հայ ընտանիքները իրենց զաւակներուն համար յաճախ կնքահայր կ՚ընտրեն Հին Արեւելեան Ուղղափառ եկեղեցիներու ընտանիքին պատկանող որեւէ անդամի: Ճիշդ է՝ վերոգրեալ եկեղեցիներուն հետ մենք նոյն հաւատքը ունինք, կը կիսենք Ս. Հաղորդութիւնը, բայց հեղինակը կը յիշեցնէ, որ առկայ են նաեւ որոշ տարբերութիւններ: «Անոնք վարդապետական բնոյթի չեն, այլ կապուած են Հայոց Եկեղեցիի աստուածաբանական մտածողութեան եւ մեր ժողովուրդին բնորոշ ազգային հոգեկերտուածքի հետ: Ի վերջոյ՝ կնքահօր պարտականութիւններէն մէկն ալ իր սանիկին Հայոց Եկեղեցւոյ ոգիով եւ աւանդութեամբ դաստիարակելն է: Ինչպէ՞ս կրնայ ասորին, ղպտին կամ եթովպացին մեր եկեղեցիի անդամին այդ մտածողութեամբ դաստիարակել ու մեծցնել: Իբր այդ, ծնողքը ամէն ինչ պէտք է ընէ, որպէսզի կնքահայրը անպայման ըլլայ Հայոց Եկեղեցւոյ անդամ եւ նախընտրաբար՝ ազգութեամբ հայ,» կը գրէ Տ. Զաքարիա Ծայրագոյն Վարդապետ Բաղումեան:

Ան այս խնդիրը աւելի բարդ կը նկատէ Ուղղափառ, Կաթոլիկ եւ Բողոքական եկեղեցիներու անդամներու պարագային, որոնց հետ, ինչպէս կը նշէ, անգամ Ս. Հաղորդութիւն չենք կիսեր։ «Եթէ դաւանակից եկեղեցիներուն հետ մենք նոյն հաւատքի խոստովանութիւնը ունինք, ապա Քաղկեդոնական, Բողոքական եւ Աւետարանական ընտանիքին պատկանող եկեղեցիներու պարագային նաեւ լուրջ վարդապետական, ծիսական եւ այլ տարբերութիւններ կան: Պահ մը պատկերացուցեք՝ ինչպէ՞ս պէտք է Քաղկեդոնական Եկեղեցիի անդամ կնքահայրը Հայոց Եկեղեցիի զաւակին մեր եկեղեցիի ուղղափառ դաւանանքի տեսանկիւնէն դաստիարակէ եւ կրթէ, երբ մենք վաղուց մերժած եւ այսօր ալ կը նզովենք Քաղկեդոնի ժողովն ու անոր որոշումները: Կամ ինչպէ՞ս ան պիտի բացատրէ վարդապետական, ծիսաաստուածաբանական տարբերութիւնները եւ այսպէս շարունակ »:

Արդարութեան համար գիրքին մէջ կը նշուի նաեւ, որ նոյն ձեւով ալ միւս եկեղեցիները չեն արտօներ, որ Հայոց Եկեղեցիի անդամը կնքահայր դառնայ իրենց քով՝ նկատի ունենալով վերոգրեալ տարբերութիւնները: Ուստի, Տ. Զաքարիա Ծայրագոյն Վարդապետ Բաղումեան աւելորդ չի համարեր յիշեցնելու, որ եթէ անոնք նախանձախնդիր են իրենց եկեղեցիներու կարգ ու կանոնին հանդէպ, ապա ինչո՞ւ մենք ալ նոյն հաւատարմութիւնը եւ առաւել նախանձախնդրութիւնը չցուցաբերենք մեր եկեղեցւոյ հանդէպ: Գիրքին հեղինակը նաեւ ցաւով կը խօսի այն մասին, որ երբեմն մարդիկ օրինակներ կը բերեն, որ այլ եկեղեցիներու անդամներ կնքահայր դարձած են մեր եկեղեցւոյ մէջ, եւ մկրտող հոգեւորականը չէ ընդդիմացած այս երեւոյթին: Ըստ հեղինակի՝ նման դէպքերը չեն արդարացներ ո՛չ մկրտող հոգեւորականը, ո՛չ ալ Ս. Մկրտութեան եկողները, քանզի Հայոց Եկեղեցին յստակ տեսակէտ ունի այս հարցին շուրջ:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

շար. 1

Երեւան

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 16, 2024