ալեկոծումներու նկարիչը
Այս տարի կը լրանայ հռչակաւոր հայ ծովանկարիչ, համաշխարհային համբաւ վայելող արուեստագէտ՝ Յովհաննէս Այվազովսքիի ծննդեան 200-ամեակը:
Թէոդոսիայի հայ աղքատ ընտանիքներէն մէկուն մէջ ծնած՝ Յովհաննէս, հետագային իր արուեստին շնորհիւ նուաճած է բարձունքներ, դառնալով աշխարհի տարածքի ամենէն նշանաւոր նկարիչներէն մին եւ արժանանալով փառքի, պարգեւներու, կոչումներու եւ այն բոլորին, որ արուեստագէտ մը կը փափաքի ունենալ իր կեանքի ընթացքին:
Այվազովսքի մահացած է 1900 թուականին: Անոր յուղարկաւորութիւնը տեղի ունեցած է Թէոդոսիայի Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ բակին մէջ: Ասիկա այն եկեղեցին է, ուր Յովհաննէս մկտրուած է, ապա հետագային պսակուած՝ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ ծէսով: Անոր գերեզմանաքարին վրայ արձանագրուած է. «Ծնեցաւ մահկանացու, ձգեց անմահ յիշատակ», որ քաղուած է 5-րդ դարու Մովսէս Խորենացիի «Հայոց Պատմութիւն»էն:
Իր մահէն երկար տարիներ ետք Յովհաննէս Այվազովսքին ճանչցուեցաւ Հայաստանի մէջ, սակայն իր ամբողջ կեանքի ընթացքին կապուած էր հայութեան եւ հայկականութեան: Պատահական չէ, որ բազմաթիւ կտաւներ գծած է հայկական նիւթով:
Հայկական նիւթ ու բնաբան պարունակող բոլոր նկարները հաւաքած եւ Այվազովսքիի 200-ամեակին առթիւ կազմած պատկերագիրքի մը մէջ տպագրած է արուեստաբան, այվազովսքիագէտ՝ Շահէն Խաչատրեան: Պատկերագիրքը շուտով լոյս պիտի տեսնէ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի աջակցութեամբ եւ ըստ արուեստաբանին, ան միակն է ծովանկարիչին՝ աշխարհի տարածքին տպագրուած պատկերագիրքերէն, որոնց մէջ այսքան մեծ քանակութեամբ հայկական նիւթով նկարներ զետեղուած են:
«Յովհաննէս Այվազեան. Ծննդեան 200-ամեակը» խորագրով պատկերագիրքին մէջ ներառուած են միջազգային թանգարաններու եւ մասնաւոր հաւաքածոներու մէջ առկայ Այվազովսքիի հանրայայտ գործերէն, զանազան երկիրներէ յայտնաբերուած շուրջ ութ տասնեակ անծանօթ նկարներ, հայկական բնատեսարաններ, դիմանկարներ եւ կոտորածներու արձագանգներ: Մեծ ծովանկարիչը անտարբեր չէ գտնուած հայութեան տառապանքներուն եւ իր վրձինի լեզուով պատկերած է զանոնք…
Նկարիչի 200-ամեակին առթիւ ԺԱՄԱՆԱԿ Երեւանի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Շահէն Խաչատրեանի հետ: Ան այն հազուագիւտ արուեստաբաններէն մէկն է, որ իր կեանքը նուիրած է հայ արուեստի գործերու հաւաքման, պահպանման ու ծանօթացման, ինչպէս նաեւ այդ նուիրումին մէջ մեծ տեղ գրաւած է մանաւանդ Այվազովսքիի արուեստը Հայաստան բերելու գործը: Տասնեակ նկարներ զանազան երկիրներու ցուցասրահներէն, մասնաւոր հաւաքածոներէն Հայաստան բերուած են Շահէն Խաչատրեանի ջանքերով: Միայն Յովհաննէս Այվազովսքիի մասին ան հրատարակած է տասը պատկերագիրք, գրած է բազմաթիւ յօդուածներ, կազմակերպած է ցուցահանդէսներ:
Շահէն Խաչատրեան նաեւ լոյս ընծայած է Յովհաննէս Այվազովսքիի եղբօր՝ Գաբրիէլ Այվազովսքիի մասին «Ընտրանի» խորագրով գիրքը՝ ռուսերէն յառաջաբանով, նպատակ ունենալով ռուսական միջավայրին ճանաչելի դարձնել հանճարեղ ծովանկարիչին եղբայրը, ցուցադրել անոր դիմանկարը, նկատի ունենալով, որ Ռուսաստանի մէջ մինչ օրս շատերը Այվազովսքին կը համարեն ռուս նկարիչ, շրջանցելով անոր հայկական ծագումը:
Մոսկուայի Թրեթյակովեան պետական պատկերասրահին մէջ, անցեալ տարուան ամրան, Այվազովսքիի 200-ամեակին առթիւ բացուած ցուցահանդէսին նաեւ ներկայ եղած է Շահէն Խաչատրեան, Հայաստանը մասնակցած է Պետական պատկերասրահի մակարդակով, Հայաստանէն տասներկու կտաւ տարուած է, որոնք Յուլիսէն մինչեւ Նոյեմբեր ցուցադրուած են Մոսկուայի մէջ:
Հարցազրոյցին ալ սկսանք այդ ցուցահանդէսին մասին անոր տպաւորութիւններով։
-Պարոն Խաչատրեան, Դուք ներկայ էիք Մոսկուայի մեծ ցուցահանդէսին։ ի՞նչ կը պատմէք այդ ցուցահանդէսին մասին, ինչպէ՞ս անցաւ:
-Հրաշալի ցուցահանդէս մըն էր: Ծովի մեծ երգիչի 200-ամեակին նուիրուած առաջին մեծ ցուցահանդէսն էր, ուր առաջին անգամ ցուցադրուեցաւ նաեւ իր եղբօր՝ Գաբրիէլ Արքեպիսկոպոսի դիմանկարը, որ նկարուած է անոր մահէն երեք տարի ետք: Այդ դիմանկարը Մոսկուա բեր-ւած էր Թէոդոսիայի պատկերասրահէն, ուրկէ բերուած էին նաեւ նկարիչին հօր եւ մօր՝ Գէորգիի եւ Հռիփսիմէի եւ կնոջ՝ Աննա Պուռնազեանի դիմանկարները: Ցուցահանդէսին թէ՛ իւղանկար գործեր ներկայացուած էին եւ թէ գծանկարչական (կրաֆիք) աշխատանքներ, որոնք նոյնպէս Մոսկուա բերուած էին զանազան թանգարաններէ, հաւաքածոներէ: Միայն ցուցահանդէսի առաջին օրը շուրջ 30 հազար մուտքի տոմս վաճառուած էր, այսքանով կարելի է պատկերացնել արուեստասէր հանրութեան հետաքրքրութիւնը՝ Այվազովսքիի արուեստին հանդէպ: Պէտք է ըսել, որ հայ նկարիչ՝ Յովհաննէս Այվազովսքին շատ լաւ ընդունուած է ռուսական հասարակութեան մէջ, սակայն թէ՛ արուեստաբաններ եւ թէ այլ շրջանակներ չեն շեշտեր անոր հայկական ծագումը: Այվազովսքի մեծ ընդունելութիւն ունի նաեւ Թուրքիոյ մէջ, ուր ան ապրած եւ ստեղծագործած է եւ ի պատիւ թրքական շրջանակներու, պիտի ըսեմ, որ անոնք գնահատելով հանդերձ, կ՚ընդունին Այվազովսքիի հայ ըլլալը:
Երբ ես անոր եղբօր՝ Գաբրիէլ Այվազովսքիի մասին ռուսերէն յառաջաբանով պատկերագիրքը հրատարակած էի, նպատակ ունէի Արքեպիսկոպոսին հայկական կենսագրութեան միջոցով ցոյց տալ նաեւ իր եղբօր՝ Յովհաննէս Այվազովսքիի հայկական ծագումը:
Ցուցահանդէսը ամիսներ շարունակուեցաւ, մինչեւ Նոյեմբեր, գրաւելով միլիոնաւոր արուեստասէրներ, որոնք անգամ մը եւս գնահատեցին մեծ նկարիչի արուեստին ուժը: Այդ ցուցահանդէսին բոլորը հնարաւորութիւն ունեցան կրկին տեսնելու հռչակաւոր «Իններորդ ալիք»ը, ծովային այլ պատկերներ, իր կեանքը բացայայտող այլ դրուագներ:
-Պարոն Խաչատրեան, ի՞նչ է Այվազովսքիի ար-ւեստին հմայքը, որ այսօր ալ, դար մը յետոյ իր նկարները կը մնան խորհրդաւոր եւ փնտռուած ստեղծագործութիւններ:
-Ան օժտուած եղած է հիանալի յիշողութեամբ, որուն հիմքին մէջ բանաստեղծական մտայղացումներն կան: Իր ծննդավայրը, որ ծովու ափին էր, մղած է զինք աւելի լաւ ճանչնալու ծովը, բնութիւնը, փոթորիկը, արեւի, լուսնի, ստուերի փոխակերպումներն ու բնութեան յարափոփոխ երեւոյթները, որոնք պատկերած է հիանալի վարպետութեամբ: Ան, ապրելով ռուսական միջավարի մէջ, պատանի տարիքին յաճախած է հայկական դպրոց, աշխատած է յունական սրճարանի մէջ, մօտ եղած է արուեստին, ջութակ նուագած է, այնուհետեւ Եւրոպա մեկնած է... Իր ապրած կեանքը, շփումները եւ ի ծնէ ունեցած տաղանդը իրենց անդրադարձը ունեցած են իր վրայ, իբրեւ արուեստագէտի: Այվազովսքի շատ զգացմունքային եղած է, ան վերապրած է իր ժամանակաշրջանի բոլոր իրադարձութիւնները, զանոնք փորձելով ձեւով մը արտայայտել նկարներուն մէջ: Ան տակաւին քսանչորս տարեկան էր, երբ Վենետիկի մէջ նկարեց «Քաոս. Աշխարհի արարումը» կտաւը, որ գնահատուեցաւ եւ մնաց Վենետիկի մէջ: Յետոյ երբ ան վերադարձած է Փեթերսպուրկ, զուտ ռուսական միջավայրի մէջ, ռուս արուեստագէտներու, գրողներու, մտաւորականներու հետ շփումներով շարունակած է իր գործունէութիւնը, սակայն երբեք չէ մոռցած իր հայկական ծագումը: Կայ յայտնի դրուագ մը, որ Թէոդոսիա վերադառնալէն առաջ ան նամակ մը գրեց Ներսէս Կաթողիկոս Աշտարակեցիին, ըսելով. «Ես պիտի ծառայեմ իմ ժողովուրդիս եւ մեր մշակոյթին»:
Այվազովսքիի արուեստին հմայքը թերեւս իր մեծ մարդասիրութեան մէջ է: Ան շատ նկարներու մէջ դրսեւորած է այդ մարդասիրութիւնը։ Անոր նկարներուն կէսէն աւելին ծովու փոթորկոտ տեսարաններ են, փոթորիկներ, տարերային աղէտներ, որոնց ժամանակ ան կը գծէ իրարու օգնող մարդիկը: Ան իր այդ մարդասիրութեան միջոցաւ կը հաւատայ մարդու յաղթանակին, որով մարդը կանգուն կը մնայ աղէտի, կոտորածի դէմ:
Ինքն իսկ այդ իր մօտեցման մասին գրած է. «Իմ գործերէն լաւագոյնները անոնք են, որոնք կ՚առանձնանան լոյսի ուժով»: Այստեղ պէտք է նշել Այվազովսքիի նշանաւոր «Իններորդ ալիք»ը, որուն ստեղծման համար հիմք ծառայած է Ափրիկէի ջուրերուն մէջ խորտակուած արաբական նաւ մը, որուն մէջ նաւաստիները կրցած են քանի մը օր դիմանալ, ապա ողջ մնալէ ետք ողջունած՝ ամպերուն ետեւէն ծագող արեւը: Այստեղ է, որ ան կը հաւատայ մարդու ապրելու ուժին, կեանքի հանդէպ անոր լաւատեսութեան: Այս է Այվազովսքիի ուժը:
-Դուք առաջին անգամ ո՞ւր լսած էք անոր անունը, որ այդպէս ամբողջ կեանք մը նուիրած էք մեծ նկարիչին, անոր գործերու ուսումնասիրման եւ Հայաստան վերադարձին:
-Ես առաջին անգամ Այվազովսքի անունը լսած եմ Հալէպի մէջ, ուր ծնած եմ: Նոր Գիւղի հայկական դպրոցներէն մին յաճախած եմ եւ իմ ուսուցիչս կը պատմէր Այվազովսքի նկարիչին մասին: Հետագային մեր ընտանիքը ներգաղթի քարաւանով՝ 1946 թուականին Հայաստան եկաւ: Ես տասներկու տարեկան էի: Դպրոց գացի այստեղ, օր մը սափրիչի գացած էի, հոն պատին վրայ լուսանկար մը տեսայ, Այվազովսքիի գործերէն մէկուն վերատպութիւնը եւ կրկին յիշեցի իմ ուսուցիչիս պատմածը: Ան շատ խորհրդաւոր թուեցաւ եւ ես հետագային, ուսանելու ժամանակ, անընդհատ կ՚ուսումնասիրէի, կը կարդայի իր մասին, այդպէս բացայայտեցի Այվազովսքին:
-Քանի որ Ձեր ծննդավայրը յիշեցիք… Այսօր անհանգիստ է այնտեղ՝ Հալէպի մէջ, պատերազմը հիւծած է Ձեր ծննդավայրի կեանքը: Ի՞նչ կը զգաք, երբ լուրերուն հետեւիք, հայութեան վիճակը տեսնէք:
-Հալէպի մէջ ես դպրոց գացած եմ, եկեղեցական, հայկական կեանքին մասնակցած եմ, իմ հայրս մեր դպրոցին կից եկեղեցւոյ կառուցման մասնակցած է… Միշտ միտքով եւ հոգուով հոն եղած եմ, նոյնիսկ պատմական Հայաստանի մեր քաղաքներուն հետ հեռակայ միշտ հոգեւոր կապի մէջ եմ…Ես վստահ եմ, որ Հալէպը այդ փորձանքէն դուրս կու գայ պատուով, թէկուզ ռուսերու օգնութեամբ:
-Իսկ Հայաստան հայրենադարձուելով, դիւրի՞ն էր Ձեզի համար յարմարիլը:
-Դիւրին չէր: Երբ ես դպրոց գացի, զիս կանչեցին աշակերտութեան առջեւ ելոյթ ունենալու, ըսին՝ դուրսէն եկած ես, երգ մը երգէ կամ արտասանէ: Ես ալ արտասանեցի «Ես իմ անուշ Հայաստանի» բանաստեղծութիւնը: Այդ պահուն ամէն մարդ ծափահարեց, բայց երբ դուրս եկայ դահլիճէն, ետեւէս մէկը քաշեց, մազերս ձեռքը առաւ եւ գլուխս պատին զարկաւ, արիւնլուայ ըրաւ զիս՝ ըսելով, այդ արգիլուած հեղինակին գործերը ինչո՞ւ կ՚արտասանես: Ես ալ չէի գիտեր, որ Չարենցը արգիլուած է, ըսի՝ ես ուրկէ՞ գիտնամ, ես Հալէպ ալ կ՚արտասանէի, Պաթումի նաւուն վրան ալ կ՚արտասանէի, ինծի մէկը բան մը չըսաւ: Այնքան ծեծեցին, մահէն ազատեցայ... Մենք Երեւանի արուարձաններէն մէկուն մէջ կ՚ապրէինք, իջայ մօտակայ գետը, լուացի երեսս, հագուստս եւ այդ դէպքէն ետք այլեւս այդ դպրոցը չգացի: Յետոյ եկանք քաղաքի կեդրոն, տուն շինեցինք, այդտեղի դպրոցը գացի, ապա՝ համալսարան, հետագային ալ Սեն Փեթերսպուրկ գացի, ուսանեցայ…
-Գալով Այվազովսքիին, ի՞նչ կ՚ուզէք աւելցնել անոր 200-ամեակին առթիւ:
-Անոր կեանքի ապրած բոլոր ժամանակաշրջաններն ալ յատկանշական եղած են, բայց կ՚ուզեմ յիշտակել օսմանեան շրջանը: Յայտնի է, որ Օսմանեան պալատական կառոյցներու գլխաւոր ճարտարապետ՝ Սարգիս Պալեանին Այվազովսքին ծովանկար մը նուիրած է, Պալեանն ալ այդ նկարը նուիրած է Սուլթան Ապտուլ-Ազիզին: Սուլթանը նկարչութեան սիրահար էր եւ կը հիանայ Այվազովսքիի գործով, իրեն կ՚առաջարկէ գծել Պոլսոյ տեսարանները: Այվազովսքին կը համաձայնի, կը ստեղծագործէ եւ կը յանձնէ քառասունէ աւելի նկարներ, նաեւ նուէրներ կու տայ հայ քանդակագործ, գեղարուեստական դպրոց հիմնած՝ Երուանդ Ոսկանին եւ մշակութային հաստատութիւններու: Տարիներ անց ան կը հրաւիրուի արքունիք եւ կը պարգեւատրուի «Օսմանիէ» բարձր շքանշանով:
Մինչեւ իր կեանքին վերջը ան հաւատարիմ եղած է ստեղծագործական յոյզերուն եւ մինչեւ վերջին օրն ալ ան նկարակալին առջեւ կը գծէր: Ան այսօր, վստահօրէն կարելի է ըսել, միջազգային ամենէն բարձր մակարդակի արժանացած արուեստագէտ մըն է:
Իր ծննդեան 200-ամեակին առթիւ իմ կազմած գիրքիս խորագիրը ես դրած եմ՝ «Յովհաննէս Այվազեան», այդպէսով զինք վերադարձնելով Այվազեան մականունը, այնպէս, ինչպէս գրուած է Թէոդոսիայի հայկական եկեղեցւոյ ծննդեան մատեանին մէջ:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ