ՄԱՌԻ ՊԷՅԼԷՐԵԱՆ ԵՒ ԻՐ ԳՈՐԾԸ
Խմբագիր, ուսուցչուհի, գրող Մառի (Մարի) Պէյլէրեանի ծանօթ ժողովածոն՝ «Դէպի վեր»ը, թուայնացուած է: Թուայնացուած է նաեւ պոլսահայ կին գործիչին հրատարակած «Արտէմիս» անունով ամսահանդէսը, որ, ըստ լեզուաբան Հրաչեայ Աճառեանի, կանանց խնդիրներուն նուիրուած առաջին հայ թերթն էր: (ԽՄԲ.- «Արտէմիս» եւ «Մառի» գրութիւններու այս ձեւը որդեգրած էր ինք՝ գրագիտուհին)։
«Արտէմիս»ի ենթախորագիրը, ինչպէս կը տեսնենք թուայնացուած էջերուն վրայ, եղած է «Ամսահանդէս ընտանեկան եւ գրական. օրկան քսաներորդ դարու հայ կանանց»: Ապա բոլոր թիւերուն մէջ, առաջին էջին վրայ զետեղուած է Սողոմոնի մէկ ասոյթը՝ «Կին ժրագլուխ պսակ է առն իւրում»: Հայ մամուլի պատմութեան մէջ իր ուրոյն տեղը գրաւող եւ կիներուն համար տպագրուած «Արտէմիս» հանդէսը նախ Գահիրէ, ապա Աղեքսանդրիա հրատարակուած է՝ 1902-1903 թուականներուն, ամսական պարբերականութեամբ: Հակառակ անոր որ ընդամէնը 20 թիւ լոյս տեսած է, բայց ամսագիրը ժամանակին մեծ տարածում եւ համբաւ ունեցած է հայութեան մէջ: Օսմանեան կայսրութիւն անոր մուտքը արգիլուած էր, եւ ան մեծ ընդունելութիւն գտած է մանաւանդ Կովկասի հայութեան մէջ: Արեւելահայ մամուլին մէջ հայ հրապարակագիրները գնահատանքի գիրեր նուիրած են «Արտէմիս»ին: Արփիար Արփիարեան գրած է. «Կալիպսօ՝ տիկին Մառի Պէյլէրեան։ Հայ կինը տիկին Մառի Պէյլէրեանին նախաձեռնութեամբը իր առաջին «պաշտօնաթերթը» կ՚ունենար՝ «Արտէմիս»ը, Եգիպտոս։ Բայց երբ ֆրանսուհիներն իսկ չկրցան իրենց «Լա Ֆրոնտ»ը պահպանել, չզարմանանք, որ հայ կիներու թերթ մըն ալ առժամապէս երեւցած ըլլայ, վերստին հրատարակման յուսադրութեամբ։ Տիկին Պէյլէրեան իր գրական առաջին փորձերը Պոլիս ըրած է, կրակոտ թուականի մը, 1892-95, մասնակցութեամբ միանգամայն օրուան ծանր դէպքերուն։ Եգիպտոս փոխադրուելով, մինչեւ առանձին թերթ մը ունենալը, տեղական օրագիրներուն մէջ արձակ եւ ոտանաւոր գրեց, տաք մտքով եւ աւելի տաք սրտով»։
Ծանօթ է, որ թերթին աշխատակցած են Վահան Թէքէեան, Եղիա Տէմիրճիպաշեան, Զարուհի Գալէմքեարեան, լրագրող Ալիս Սթոն Պլեքուէլ եւ ինք՝ Պէյլէրեան: «Արտէմիս»ը ունեցած է նաեւ թարգմանական բաժին մը, ուր հայերէնի թարգմանուած եւ հրատարակուած են ռուս եւ եւրոպացի դասական գրողներու գործեր, որոնք մանաւանդ կիներու ներաշխարհն ու յուզումները կը ներկայացնէին: Կողքի գծագրութիւնն ալ հեղինակային էր՝ Ե. Տէմիրճեանի ստորագրութեամբ: «Արտէմիս»ը լայնօրէն արձագանգած է ժամանակի մշակութային իրադարձութիւններուն, եւ էջերը թերթելով նկատելի է, որ ան անմասն չէ մնացած այդ օրերու կարեւոր անցքերէն՝ հայ կնոջ իրաւունքներն ու ազատատենչութեան ոգին լաւագոյնս ներկայացնելով իր ժամանակին: Թերթին վրայ նշուած էր նաեւ հիմնադիր, տէր եւ տնօրէն, խմբագիր Մառի Պէյլէրեանի անունը: Իսկ ամսահանդէսը կը տպագրուէր «Արտէմիս»ի սեփական տպարանին մէջ:
Հայոց պատմութեան մէջ Մառի Պէյլէրեան, հակառակ իր մեծ աւանդը ունենալուն, ծանօթ անուն մը չէր անցնող տասնամեակներուն: Սփիւռքի մէջ միայն, իր հնչակեան գործիչ ըլլալուն համար, թերեւս կուսակցական շրջանակներու մէջ փառաբանուած է անոր գործը, սակայն իբրեւ մեր պատմութեան համարձակ կիներէն մին, նաեւ իբրեւ նահատակ գրող, Մառի Պէյլէրեան այնքան ալ հռչակուած անուն մը չէ եղած, ինչպէս իր բախտակիցներէն շատեր: Միայն վերջին շրջանին անոր անունը վեր հանուած է պատմութեան մութ անկիւններէն, գրուած են անոր մասին յօդուածներ, իր ստեղծագործութեան մասին՝ գրախօսականներ եւ իր ստեղծած ժառանգութիւնն ալ, ահաւասիկ, արդէն Համացանցի վրայ է, իբրեւ թուային գիրք եւ մամուլ:
2015 թուականին «Անտարէս» հրատարակչութենէն լոյս տեսած եւ Աշոտ Գաբրիէլեանի եւ Արքմենիկ Նիկողոսեանի կազմած հանրագիտակին մէջ, ի թիւս բազում հայ նահատակ գրողներու, Մառի Պէյլէրեանի անունն ալ լոյսի տակ առնուած է:
Պէյլէրեան եղած է կիներու իրաւունքներուն պաշտպան, հակառակ որ կարճ կեանք ունեցած է (զոհուած է 38 տարեկանին), սակայն, իբրեւ հրապարակագիր, գրող, հասարակական գործիչ, շատ գործ կատարած է:
Ծնած է Պոլիս (Պէշիկթաշ), 1877 թուականին (անոր ծննդեան վերաբերեալ գոյութիւն ունի նաեւ 1880 թուականը): Նախնական կրթութիւնը ստացած է Բերայի Եսայեան վարժարանին մէջ, ապա Բերայի արուեստագիտական ուսումնարանը աւարտած է եւ արդէն իբրեւ ուսանողուհի, սկսած է աշխատակցիլ Պոլսոյ մամուլին՝ Քալիպսօ ծածկանունով: Անոր անունը երեւցած է մանաւանդ «Արեւելք» օրաթերթին մէջ: Արեւելահայ մամուլն ալ կ՚արտատպէր Պէյլէրանին համարձակ յօդուածները, որոնք օրուան հրատապ հարցերը կը քննարկէին՝ հայ աղջիկներու, կիներու կեանքին մասին:
Իբրեւ կուսակցական, Պէյլէրեան եղած է նաեւ «Հնչակ»ի Պոլսոյ թղթակիցը: Կուսակցութեան միացած էր 1890 թուականի Գումգաբուի ցոյցէն առաջ եւ իր առաջին թղթակցութիւնը եղած էր այդ ցոյցին մասին:
Պոլսոյ մէջ նաեւ ուսուցչութիւն ըրած է: Պէյլէրեան, ընդյատակեայ շարժումներու մասնակից էր եւ իր սանուհիները կը վարակէր յեղափոխական գաղափարներով: Ծանօթ են անոր մասնակցութեամբ կարգ մը պատմական դէպքեր: Հետապնդուած ըլլալով՝ իր տունէն հեռացած էր եւ տեղէ տեղ փախստական ապրելով, 1896 թուականի աշնան, ապաստանած էր Եգիպտոս: Հոս նոյնպէս Մառի Պէյլէրեան ուսուցչութիւն կ՚ընէր. հրապարակի վրայ էր իբրեւ հրապարակագիր՝ իր կարծիքը ունեցող համարձակ մէկը, որուն գրութիւնները եգիպտահայ մամուլին մէջ լոյս կը տեսնէին: Շրջան մը ան նաեւ Կիպրոս ուսուցչութիւն ըրած է:
Մառի Պէյլէրեան ամուսնացած էր հնչակեան գործիչ Աւօ Նագըշճեանի հետ: Անոր կեանքին մէջ այսպիսի դրուագ մըն ալ կայ. ամուսինը իր թելադրութեամբ կը մեկնի Էջմիածին՝ կանանց վերաբերող թերթը հիմնելու համար Խրիմեան Հայրիկին աջակցութիւնը խնդրելու: Խրիմեան Հայրիկ կ՚ոգեւորուի ներկայացուած միտքով, ան տպագրական նորաձոյլ տառեր կը նուիրաբերէ, նաեւ իր անտիպ քերթուածները կու տայ՝ թելադրելով հրատարակել եւ հրատարակութենէն գոյանալիք հասոյթը վերցնել թերթին թիւերուն համար: Այդ հատորը լոյս կը տեսնէ 1901 թուականին, Գահիրէի մէջ, իր՝ Պէյլէրեանին յառաջաբանով եւ «Վերջալոյսի ձայներ» խորագրով: Օսմանեան Սահմանադրութեան հռչակումէն տարի մը ետք՝ 1909 թուականին, Պէյլէրեան, գաւառներու մէջ գործելու մեծ փափաքով, Եգիպտոսէն կ՚ուղղուի նախ Պոլիս, ապա Իզմիր, ուր մանկավարժական չորս տարուան գործունէութիւն կ՚ունենայ: 1914 թուականին, Իզմիրի մէջ, «Մամուրեան» տպարանէն լոյս կը տեսնէ «Դէպի վեր» խորագրով անոր գիրքը: Պէյլէրեան կը բռնուի հայ մտաւորականութեան հետապնդումի ալիքին մէջ 1915 թուականին եւ անհետ կը կորսուի:
Մահէն մէկ տարի առաջ լոյս տեսած իր գիրքին մէջ ամփոփուած են Մառի Պէյլէրեանի լաւագոյն գործերը, որոնք իր մահէն հարիւր եւ աւելի տարիներ յետոյ տակաւին արդիական են եւ կ՚ընթերցուին մեծ յուզումով:
Քովի սիւնակներուն մէջ ներկայացուող գրութիւնը «Դէպի վեր» թուայնացուած հատորէն է (հեղինակին որդեգրած ուղղագրութիւնը պահպանուած է):
ԿԻՆԸ ԵՒ ՀԱՆՐԱՅԻՆ ԿԱՐԾԻՔԸ
Ամէն դարերու եւ ամէն ժամանակներու մէջ մի՛շտ ազատ, մի՛շտ ընդարձակ ասպարէզ ունեցեր են այր մարդիկ. ասպարէզ՝ խօսելու, խորհելու, գրելու եւ գործելու. մինչդեռ կանանց համար -մասնաւորապէս հայ կանանց համար ըսել կ՚ուզեմ- ստեղծուեր է շատ սահմանափակ վիճակ մը. շատ կաշկանդուած կեանք մը։
Հայ կինը ազատ չէ գրելու անխտիր ամէն նիւթերու վրայ. «ի՞նչ պիտի ըսեն»ի մտածումը շատ անգամներ կը խեղդէ իր մտքին ու սրտին խորերէն թռչող ամենէն վեհ ձայնը, կը ջլատէ իր հոգւոյն ամենէն բարձր ձգտումները, եւ հետեւաբար կը կաշկանդէ իր գրիչն ալ…։ Եթէ գրէ իսկ, որոշ նիւթերու վրայ կը գրէ, զորս գրեթէ կը նշանակէ իրեն համար հանրային կարծիքը, եւ այդ պատճառաւ, բռնադատուած, սեղմուած բան մը, որոշ չափէն դուրս չելնելու ջանք մը կամ աւելի ճիշդը վախ մը կայ առ հասարակ իր բոլոր գրուածքներուն մէջ։ Ազատ չէ կարծիք յայտնելու համարձակ եւ անկեղծ այն ամէն հարցերու մասին՝ որոնց խառնուիլը անպատշաճ նկատեր է իրեն համար հանրային կարծիքը…։ Շատ անգամներ, ընկերութեան մէջ՝ երբ խօսակցութիւնը կը դառնայ ընկերային եւ հանրային խնդիրներու առանցքին վրայ եւ կը ծեծուին այնպիսի հարցեր՝ որոնք կենսական կը նկատուին, զգուշաւոր ու երկչոտ կը տեսնես զինքը միշտ. սակայն նա կ՚զգայ. համակ զգացում է ինքը արդէն. Սէր եւ Գութ է միանգամայն. անոր սիրտը միշտ վառուող կրակ մըն է, ուր կը տաքնան, ու կը բռնկին ամենէն նուիրական եւ սուրբ զգացումները. սակայն ատոնք իրենց մէջ կ՚այրուին, մոխիր կը դառնան, որովհետեւ հայ կինը ազատ չէ, ազատ հոսանք մը տալով իր զգացումներուն, վառել ու մաքրել նաեւ սիրտերն ամէն անոնց՝ որոնք իրեն շուրջը կը գտնուին. այդ բանը կ՚արգիլէ իրեն հանրային կարծիքը…։
Եւ ոչ միայն հայ ազգին՝ ամէն ազգերու մէջ ալ առ հասարակ կինը միեւնոյն տխուր ու կաշկանդուած կեանքը ունի հազիւ ուրեմն իբրեւ բացառութիւն կրնանք յիշել մէկ քանի ցանցառ ազգեր՝ ուր կինը քիչ թէ շատ կ՚ապրի իբրեւ ազատ խղճի, ազատ համոզման, եւ ազատ գաղափարի տէր էակ։
Շատ անգամ խորհեր եմ ինքնին թէ՝ երբ մեր երկիրը դուրս եկեր է վերջապէս անծանօթ խաւարներէ, թօթափեր է իր դարաւոր քունը, եւ ծներ՝ մարդկութիւնը, ո՞վ արդեօք առաջին անգամ յղացեր է գծել կնոջ համար կեանքի այսքան նեղ սահման մը. նա ինչո՞վ է պակաս «հզօր» կոչուած սեռէն…։ Առարկուի գուցէ թէ նա պակաս է խելքով, խորհելու եւ գործելու կարողութիւններով, թէ զուրկ է այն որոշ տրամադրութիւններէն՝ որոնք բացարձակ ազատութեան իրաւունքը կուտան այր մարդուն. եւ սակայն ո՞ւր է ապացոյցը…։
Միթէ օր մը ուզեցի՞ն քննել կնոջ մտային ու բարոյական ընդունակութիւնները…։
Շատ հեղինակներ կնոջ հոգեբանութիւնը ըրին, բայց խնդիր է թէ յաջողեցա՞ն արդեօք, դարձան ու դարձան անոր հոգւոյն ու սրտին շուրջը, իսկ մինչեւ խորերը կամ չկրցին, կամ աւելորդ համարեցին թափանցել…։ Ե՞րբ արդօք տրուեցաւ կնոջ այն պայմանները կամ այն տեղը՝ ուր նա մերկապարանոց ցոյց պիտի տար իր բոլոր կարողութիւնները, եւ տրամադրութիւնները, ըլլա՛յ հանրային, ըլլա՛յ ընկերային, ըլլա՛յ նոյնիսկ հասարակական խնդիրներու մէջ։
Կնոջ ըսին. «Դուն պիտի ծնիս, ամուսնանաս, քու կարգիդ ծնունդ պիտի տաս զաւակներու, ու մեռնիս, խոտի պէս, բոյսի պէս, աննշան եւ անշշուկ անցնելով աշխարհի վրայէն։ Ուրիշ կոչում չունիս դուն. ընտանեկան յարկի մէջ է քեզի համար բացուած ասպարէզը, հոն ալ սակայն ազատ չես ուզածիդ պէս գործելու. հրամաններ պիտի ընդունիս եւ անոնց համեմատ շարժիս. դուն իրաւունք չունիս քեզի աւելի լաւ ու նպաստաւոր երեւցած կերպովը գործելու, որովհետեւ քու մազերդ երկայն՝ բայց խելքդ կարճ է»։
Ահա այսպէս որոշեցին, դատեցին ու վճռեցին։ Տեսակ մը մեքենայ, տեսակ մը գործիք, տեսակ մը խաղալիք դարձուցին կինը, առանց նկատողութեան առնելու թէ նա եւս կը ձգտի դէպի աւելի՜ լայն ու բարձր գործունէութիւն մը, իր խորհելու, զգալու, սիրելու, տառապելու, յուսալու բոլոր տրամադրութիւններովը, պիտի ըսեմ նաեւ բոլոր իրաւունքներովը…։
Անուրանալի է թէ՝ կինը ունի իր նկարագրին մէջ զոհուելու բնական ընդունակութիւն մը ո՛ր եւ է նպատակի համար, միայն թէ այդ նպատակը կապ ունենայ աւելի՛ իր սրտին հետ։ Նա պատրաստ է զոհուելու ի՛ր ծնողքին, ի՛ր ամուսնոյն, ի՛ր զաւակներուն համար եւ վերջապէս այդ խիստ մօտիկ շրջանէն դուրս ալ -վկայ մեր յեղափոխական կեանքի պատմութիւնը- դէպի Հայրենիքի ազատութեան Ս. Գործը, նա ցոյց տուաւ անհուն անձնուիրութիւն, վսեմ քաջասրտութիւն եւ հերոսական զոհողութիւններ… այսու հանդերձ եթէ ինքը զուրկ է ամուր նկարագրէ եւ առողջ կամքէ, եթէ երբեմն թուլութիւններ կ՚երեւան իր վրայ, ատոր մէջ ինքը, իր խառնուածքը կամ իր բնութիւնը չէ՛ յանցաւորը…։
Ստեղծելով կնոջ համար գերութեան ստորնացնող կեանքը, կոյր հպատակութեան եւ բռնի հնազանդութեան փճացնող վիճակը, եւ նկատելով զանիկայ իբրեւ շնչաւոր առարկայ մը սոսկ մարդոց հաճոյքին ու պէտքերուն համար ստեղծուած, անոր հոգւոյն մէջ մեռցուցին ինքնաճանաչութեան, իր անձի գիտակցութեան եւ արժանապատուութեան վսեմ զգացումները. եւ կինը մի՛շտ ենթակայ դարաւոր ճնշումներու, սկսաւ ինքն ալ կամաց կամաց հաւատալ թէ՝ բնութիւնը կամ արարչութիւնը զինքը ստրուկ է ստեղծեր, թէ՝ ինքը դատապարտուած է յաւիտեան ստրուկ ապրելու։
Հին անծանօթ ժամանակներէ ի վեր, ուրիշներու կամքին ու քմահաճոյքներուն տեղի տալու վարժուած՝ իր հոգւոյն մէջ չէ կրցեր բուն դնել կամքի այն սքանչելի ուժը, որ վսեմ նկարագրի մը խորը (fond) կը կազմէ եւ որոյ դէմ ամենէն անյաղթելի կարծուած արգելքները, եւ ամենէն ամուր ենթադրուած ուժերը ապակիի պէս կը փշրուին, այդ է ահա՛ իսկական պատճառը որ նա յողդողդ, վարանոտ, փոփոխամիտ կ՚ըլլայ շատ անգամ զանազան խնդիրներու մէջ։
Ուրիշներու կարծիքները ու գաղափարները ընդունելու եւ իւրացնելու սովորած՝ ինքը անկախ միտք, ազատ մտածումներ, եւ ինքնուրոյն գաղափարներ չէ ունեցեր մինչ ցարդ եւ այսպէս հանրային կարծիքը կաշկանդելով կինը իր մտածումներուն եւ զգացումներուն մէջ՝ անոր բարոյական կեանքի մակարդակը զգալի կերպով ցածցուց։
Նա սորվեցաւ կեղծել եւ սքանչելապէս յաջողեցաւ։
Եթէ կը սիրէր՝ այդ սէրը թաղեց իր հոգւոյն ու սրտին ամենէն խորունկ ծալքերուն տակ իբրեւ արատ մը բարոյականի դէմ, իբրեւ դաւաճանութիւն մը պատւոյ սկզբունքներուն դէմ, իբրեւ ընդունուած սրբապղծութիւն մը, ոճիր մը վերջապէս…։
«Ի՞նչ պիտի ըսեն»ի մտածումը կնոջ ամենէն մեծ սարսափն ու արհաւիրքը եղած է միշտ. նա կը սոսկայ հանրային կարծիքէն, ինչպէս մարդ կը սոսկայ կախաղանէն։
Երբեմն կը տեսնես աչքերը կը փայլին, սիրտը կը բաբախէ, բերանը կէս մը կը բացուի խօսելու, ազատ ասպարէզ տալու իր ներքին հոգեկան աշխարհին մէջ յուզուող ու եռացող զգացումներու բուռն հոսանքին, եւ սակայն ինքզինքը կը զսպէ. հո՛ն է հանրութիւնը, որ լարուած ուշադրութեամբ մէկիկ մէկիկ կը կշռէ, կը վերլուծէ իր իւրաքանչիւր խօսքը, աչքերը չորս բացած կը քննէ իր ամէն մէկ արարքը, ամէն մէկ շարժումը, դէմքին խաղերն իսկ կը զննէ, կ՚ուզէ թափանցել անոր մտածումներուն մինչեւ խորերը, եւ շատ անգամ ինչ որ չտեսներ՝ կը կարծէ գուշակել եւ այդ՝ առանց կարմրելու իբրեւ ճշմարտութիւն հրապարակ կը հանէ։
Անպատկառ հետաքրքրութեամբ կ՚ուզէ կամ աւելի ճիշդը կը տենչայ անոր հոգւոյն ու սրտին ամենէն գաղտուկ խորշերն ալ քրքրել ու զննել, եւ վա՜յ այն կնոջ որ անխոհեմ քայլ մը առնելով կասկածանքի տեղի կուտայ. նա դատապարտուած է արդէն անողոք ու սարսափելի վճռով։
Հանրութեան կարծիքը Տամոկլէսի սուրն է, որ սպառնալից կախուած է միշտ իր գլխուն վերեւ։ Սակայն պիտի ծագի ցանկալի օրը՝ յորում կինը վերջապէս առողջ եւ հիմնական դաստիարակութեամբ լուսաւորուած ու զօրացած, պիտի կոտրտէ այն անտանելի շղթաները՝ որով նախապաշարեալ հանրութիւն մը կը կաշկանդէ իր ամէն Նուիրական ու Սուրբ իրաւունքները. այն ատեն ցոյց պիտի տայ իր մտքի, սրտի, հոգւոյ բոլոր թագուն գանձերը…։
Ֆլամմարիոն կ՚ըսէ թէ մեր երկրին դրացի «Մարս» մոլորակին մէջ ապրող մարդկութիւնը, ամէն բանի մէջ նախապատուութիւնը տուած է կնոջ. թէ հոն՝ կինը շատ աւելի գերազանց կը նկատուի այր մարդէն ամէն տեսակէտներով։ Ի հարկէ չգիտենք թէ ո՛ր աստիճան ստոյգ է այդ ենթադրութիւնը, միայն թէ մեզ համար ուրախալի է որ Ֆլամմարիոնի պէս մարդ մը արդէն համոզում գոյացուցեր է կնոջ կոչման բարձրութեանը վրայ, ճանչցեր ու գնահատեր է անոր արժանիքները, եւ «Մարս»ի երեւակայական մարդկութեան մէջ տուեր է անոր այն տեղը՝ զոր չ՚ունի հոս՝ երկրի վրայ…։
Սակայն «Մարս»ը մեր երկրէն շատ աւելի ծեր, փորձառու, զարգացած ու նրբացած կ՚ենթադրուի. ո՞վ գիտէ, երբ մեր երկիրն ալ հասնի անոր տարիքին, ի՞նչ ճակատագիր կը վիճակուի մեզ կանանցս համար. բայց այդ ապագան որքան յանկուցիչ այնքան ալ հեռաւոր է դժբաղդաբար. ատիկայ՝ մեզի յաջորդող բաղդաւոր սերունդներուն վերապահուած է։ Մենք ջանա՛նք ցորչափ կ՚ապրինք, մեր ներկայ այս անտանելի դրութիւնը բարւոքելու, որը շատ դժուար ալ չէ։
Լսե՛նք միայն մեր խղճի ձայնին, նոյն իսկ եթէ աշխարհ մը բամբասանք ու մեղադրանք թափեն մեր վրայ. արհամարհե՛նք չարամիտ պարսաւանքները՝ որ մեր ականջները կը վիրաւորեն. խեղճը մի՛շտ Ճշմարիտը, Գեղեցիկը, Բարին կը թելադրէ մարդուս։
Բարոյականի որոշ ու ճշմարիտ օրէնքները, սկզբունքները ծանօթ են մեզի. ատոնք նուիրական են ու սուրբ պէտք է մնան յաւէ՜տ մեզի համար։
Բարձրացնե՛նք մեր սեռը այն ստոր վիճակէն՝ որոյ ենթարկուած է դարերէ ի վեր, հզօր զարկ մը տալով մասնաւորապէս մեր սեռի դաստիարակութեան, որ դժբաղդաբար շա՜տ թերի է, եւ աւելի երեւութական քան իրական բնութիւն մը ունի։
Ճանչնա՛նք մեր արժանապատուութիւնը, քա՛ջ ըմբռնենք մեր բարձր կոչման գիտակցութիւնը, գործե՛նք առողջ եւ ամուր համոզումներէ առաջնորդուած միայն. եւ մոռնա՛նք հանրութեան կարծիքը։
ՄԱՌԻ ՊԷՅԼԷՐԵԱՆ
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ