ԸՆՏԱՆԻՔ ՀԱՍԿԱՑՈՂՈՒԹԻՒՆԸ ՀԻՆ ԿՏԱԿԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ (Բ.)

«ՊԱՏՈՒԷ ՀԱՅՐԴ ՈՒ ՄԱՅՐԴ»
(Ել 20.12։ Բ.Օր 5.16)

Աստուած Տասնաբանեայ պատուիրաններուն մէջ կը թելադրէ Իսրայէլի որդիներուն ու աղջիկներուն՝ ըսելով. «Պատուէ՛ քու հայրդ ու մայրդ» (Ել 20.21։ Բ.Օր 5.16), «որպէսզի միշտ բարիք գտնես եւ երկրի վրայ կեանքդ երկար ըլլայ» (Եփ 6.2-3)։ Իսկ այլուր կ՚ըսէ. «Ով որ իր հայրը կամ մայրը անիծէ՝ մահուան պիտի դատապարտուի» (Ել 21.17։ Ղւ 20.9։ Բ.Օր 21.18-20)։

Կային այնպիսի զաւակներ, որոնք փո-խանակ իրենց ծնողներուն տէր դառնալու, անոնց ձեռք կարկառելու, ծերութեան շրջանին իրենց կարիքները հոգալու եւ նիւթապէս անոնց օժանդակ կանգնելու, տաճարին չնչին գումար մը կը վճարէին՝ կարծելով, թէ այդպիսով իրենց վրայէն այդ պատասխանատուութիւնը պիտի վերանար։ Ընդհակառակը, այս արարքը Աստուծոյ աչքին զանցառութիւնն էր եւ ո՛չ թէ յարգանք։ Իսկական պատուելը գործնապէս կ՚ըլլար բառին լայն առումովը։ Երբ ծնողներ ծերութեան գիրկը ինկած էին, անոնց զաւակները պարտաւոր էին ամէն կերպով զօրավիգ ու նեցուկ կանգ-նիլ անոնց, զանոնք պէտք է խնամէին՝ հոգածութիւն ու գուրգուրանք ընծայելով։

Յովհաննէս Երզնկացի շատ գեղեցկօրէն կը խօսի ծնողներու մասին, երբ կ՚ըսէ. «Առաջին եւ մեծագոյն սէրը՝ ծնողք սիրելն է։ Աստուծմէ ետք ծնունդի պատճառ եւ գործիք են ծնողները եւ որպէս մարմնաւոր աստուածներ են իրենց զաւակներուն, որովհետեւ կը ծնին, կը սնուցանեն եւ կեանքի պատճառ կ՚ըլլան։ Ծնողներուն ինչ բարիք որ ընենք, քիչ է, որովհետեւ շատ բան կը պարտինք. նոյնիսկ եթէ բոլորը հատուցանենք, ի՞նչպէս կըր-նանք փոխարինել այն՝ որ իրենք ծնան մեզ։ Ան որ ծնողքը անարգէ, Աստուած անարգած կ՚ըլլայ...»։

Ծնողները այս երկրին վրայ Աստուծոյ ներկայացուցիչներն են։ Ինչպէս իւրաքանչիւր իսրայէլացի կատարեալ հնազանդութիւն կը պարտէր Աստուծոյ, նոյնպէս ալ անոնք բացարձակ երախտագիտութիւն, յարգանք եւ պատիւ կը պարտէին իրենց ծնողներուն։ Զարեհ Արք. Ազնաւորեան կ՚ըսէ. «Ինչպէս Աստուծոյ հանդէպ մեր երախտագիտութիւնը, յարգանքը միայն տեսականօրէն, զգացական գետնի վրայ չեն արտայայտուիր, այլ՝ միայն գործով։ Նոյնպէս ալ յարգանք մը առանց գործնական արտայայտութեան՝ իրական յարգանք չի կրնար ըլլալ։ Եւ Աստուած կ՚ուզէ, որ մենք այդ պատիւը մեր ծնողներուն ընենք գործնականօրէն»։ 

ԶԱՒԱԿՆԵՐ ԴԱՍՏԻԱՐԱԿԵԼ

Ինչպէս նախապէս յիշեցինք, ամուսնութեան գլխաւոր նպատակն էր զաւակներ ունենալ, այլ խօսքով՝ ծնողներ Աստուծոյ գործակիցներն էին այս աշխարհին մէջ, ստեղծագործութիւնը շարունակելով, զաւակներ ծննդաբերելով եւ զանոնք դաստիարակելով։

Ս. Գիրքին համաձայն ծնողներ պատասխանատու էին իրենց զաւակներուն՝ պաշտպանելով, սորվեցնելով եւ դաստիարակելով զանոնք։

1) Պաշտպանել։ Երբ փարաւոն սպաննել կու տայ Իսրայէլի նորածինները, Մովսէսի ծնողքը կը պահէ զինք, առանց վախնալու թագաւորին հրամանէն (Հմմտ. Ղւ 2.3։ Եբր 11.23)։ Ծնողներ պատասխանատուութիւնը ունէին իրենց զաւակները պաշտպանելու, պահպանելու բազմապիսի աղէտներէն, փորձանքներէն, թշնամիներէն եւ վտանգներէն։

2) Սորվեցնել։ Սորվեցնել կը նշանակէ ճշմարտութեան գիտութիւնը տալ զաւակներուն։ Առակաց գիրքին մէջ կը կարդանք. «Կրթէ՛ մանուկը իր ճամբուն սկսած ատենը, որպէսզի իր ծերութեան ատենն ալ անկէ չխոտորի» (Առ 22.6)։

Ծնողներ պէտք է իրենց զաւակները դաստիարակէին բարոյական սկզբունքներով՝ սորվեցնելով իրենց զաւակներուն, թէ ինչպէ՛ս պէտք է յարգէին իրենց նախահայրերու կրօնական սրբութիւնները, եւ թէ ինչպէ՛ս պէտք է հնազանդէին իրենց մեծերուն եւ նախնեաց ուսուցումներուն վրայ կառչած մնային (Ել Բ.Օր 6.4-9)։

3) Դաստիարակել։ Դաստիարակել կը նշանակէ ճիշդ ուղղութեան մէջ դնել, կատարելագործել։ Իսրայէլի ծնողներ Ս. Գիրքի պատուիրաններուն համաձայն պէտք է դաստիարակէին իրենց զաւակները (Հմմտ. Ծն 18.19)։ Անոնց ո՛չ միայն ֆիզիքական սնունդ պէտք է մատակարարէին, այլեւ՝ հոգեւոր սնունդ։

Աստուած Եգիպտոսը տասը հարուածներով պատժելէ ետք, Մովսէսին կ՚ըսէ. «Գնա՛ Փարաւոնին, վասն զի ես անոր սիրտը ու անոր ծառաներուն սիրտը խստացուցի, որպէսզի այս իմ նշաններս ցուցնեմ անոնց եւ որպէսզի պատմես քու որդիիդ ու քու որդիիդ որդիին ականջներուն ինչ որ ըրի Եգիպտացիներուն մէջ եւ իմ նշաններս, որոնք անոնց մէջ ցուցուցի, որպէսզի գիտնաք թէ ես եմ Տէրը» (Ել 10.1-2)։ Սա խօսքը ինքնին ապացոյց մըն է, թէ իսրայէլացիք պարտաւոր էին իրենց զաւակներուն փոխանցել այն բոլոր բարիքներուն մասին, զորս Աստուած կատարեց Իսրայէլի ժողովուրդին Եգիպտոս ելքի ընթացքին եւ թէ ինչպէ՛ս քառասուն տարիներ շարունակ զիրենք կերակրեց ու դաստիարակեց Սինայի անապատի կիզիչ աւազներուն վրայ։

Ծնողներ ամէն ջանք պէտք է թափէին դաստիարակելու համար իրենց զաւակները, նոյնիսկ երբ խիստ թուէր անոնց։ Առակաց գրքին հեղինակը՝ Սողոմոն Իմաստուն Աստուծոյ Հոգիով ներշնչուած հետեւեալները կը թելադրէ ծնողներուն.

«Քանի որ յոյս կայ՝ տղադ խրատէ եւ անոր մահուանը կամակից մի՛ ըլլար» (Առ 19.18)։

«Տղայէն խրատը մի՛ կտրեր, որովհետեւ եթէ զանիկա գաւազանով ծեծես չի մեռնիր։ Թէեւ դուն անիկա գաւազանով կը ծեծես, բայց անոր հոգին դժոխքէն կ՚ազատես» (Առ 23.13-14)։

«Գաւազանին խնայողը իր որդին կ՚ատէ, բայց իր որդին սիրողը կանուխ կը խրատէ» (Առ 13.24)։

«Խրատէ՛ քու որդիդ, որպէսզի քեզ հանգստացնէ եւ քու հոգիդ զուարճացնէ» (Առ 29.17)։

ՄՈՎՍԷՍ ԵՒ ՍԵՊՓՕՐԱ

Հին կտակարանին մէջ կը հանդիպինք բազմաթիւ զոյգերու, որոնք տարբեր նկարագիր եւ կրթութիւն ջամբելու տարբեր եղանակներ ու մեթոտներ ունէին։ Մենք մեր ուսումնասիրութեան համար որպէս օրինակ առած ենք Մովսէսի եւ Սեպփօրայի կեանքը եւ լուսարձակի տակ առած ենք անոնց կեանքին մէջ պատահած կարեւոր երեւոյթներն ու դէպքերը։

Մովսէս ծնաւ Եգիպտոսի մէջ 1570-ին (Ք.Ա.), երբ իր ժողովուրդը բազմացած ու միաժամանակ գերի էր դարձած Եգիպտոսի փարաւոններուն։ Այդ ժամանակուան փարաւոնը, որ Յովսէփը չէր ճանչնար (Հմմտ. Ել 1.8), Իսրայէլի ժողովուրդը չարաչար աղիւսաշինութեան աշխատանքին լծեց եւ ապա հրահանգեց, որ բոլոր Իսրայէլի նորածին տղաքը գետ նետուին, իսկ աղջիկները ողջ ձգուին (Հմմտ. Ել 1.22)։ Մովսէս ծնաւ այս ժամանակաշրջանին մէջ։ Մայրը զինք երեք ամիս պահելէ ետք, նորածին Մովսէսը կուպրով եւ ձիւթով ծեփուած տապանակի մը մէջ դրաւ ու գետին եզերքը ձգեց զայն։ Սակայն Մովսէս աստուածային նախախնամութեամբ փարաւոնին աղջկան կողմէ փրկուեցաւ (Հմմտ. Ել 2.2-6)։ Ան մինչեւ քառասուն տարեկան փարաւոնի աղջկան որդեգիր զաւակը դարձաւ ու աճեցաւ եգիպտական արքունիքին մէջ եւ «Մովսէս աճեցաւ եւ ազդեցիկ եղաւ թէ՛ խօսքով եւ թէ՛ գործով» (Գրծ 7.22)։

Մովսէս թէեւ եգիպտական պալատին մէջ մեծցաւ, բայց եւ այնպէս խնամուեցաւ մօրը կողմէ, եւ եբրայական ոգին ժառանգեց։ Նոյնիսկ երբ օր մը եգիպտացի մը եւ իսրայէլացի մը կը կռուէին, Մովսէս նախանձախնդրութիւն ցոյց տալով իր ազգակիցին նկատմամբ՝ եգիպտացին սպաննեց։ Նախքան այս լուրը փարաւոնին ականջը հասնիլը, Մովսէս Եգիպտոսէն փախաւ եւ ապաստանեցաւ Սինայի անապատի ցեղապետներէն մադիանացի Յոթոր անունով քուրմի մը մօտ եւ ամուսնացաւ անոր աղջիկներէն մէկուն՝ Սեպփօրայի հետ, որմէ Գերսամ եւ Եղբիազար անունով որդիներ ունեցաւ։ Նշենք, որ Գերսամ կը նշանակէ «հոն պանդխտացած»։ Մովսէս իր անդրանիկ զաւակը Գերսամ կոչեց, որովհետեւ ան պանդխտացած էր օտար երկրի մը մէջ։ Իսկ Եղիազար կը նշանակէ «Իմ Աստուածս օգնական»։ Մովսէս իր կրտսեր որդւոյն անունը Եղիազար դրաւ, որովհետեւ անոր ծնունդի ժամանակ ըսած էր. «Իմ հօրս Աստուածը իմ օգնականս էր, որ զիս փարաւոնին սուրէն ազատեց» (Ել 18.4)։

Սեպփօրան Մադիամացի էր՝ Աբրահամի եւ Քեստուրայի սերունդէն։ Սա նշանակ է, որ Սեպփօրա Իսահակի սերունդէն չէր, որմէ Աստուած խոստացած էր Իր ժողովուրդը ընտրել։ Ան սնած էր հեթանոսական դաստիարակութեամբ ու վստահաբար ունէր իրեն յատուկ աստուածները եւ տարբեր կրօնական սին ըմբռնումներով ու հաւատալիքներով շաղախուած էր։ Մինչդեռ Մովսէս Ամրամի եւ Յոքաբէդի զաւակն էր՝ ընտրեալ սերունդէն (Հմմտ. Ել 6. 14-27)։ Այս խառնուրդ ամուսնութիւնը վստահաբար մեծ ազդեցութիւն ունեցաւ Մովսէսի զաւակներուն դաստիարակութեան վրայ։

Ան քառասուն տարիներ շարունակ իր աներհօր մօտ բնակեցաւ, իբրեւ պարզ հովիւ։ Ութսուն տարեկանին Աստուած անկէզ մորենիին մէջէն խօսեցաւ Մովսէսի հետ եւ հրամայեց անոր, որ վերադառնայ Եգիպտոս, որպէսզի Իսրայէլի ժողովուրդը Եգիպտոսէն դուրս բերէ եւ առաջնորդէ զիրենք դէպի խոստացեալ երկիր՝ Քանաան։

Վերադարձի ճամբուն վրայ, Աստուած Մովսէսը սպաննելու եկաւ։ Սեպփօրա անմիջապէս թլփատեց իր զաւակը եւ ապա ըսաւ Մովսէսի. «Իրաւցնէ դուն ինծի արիւնոտ այր մըն ես»։ Մովսէս Սեպփօրայի արհամարհալի խօսքին դիմաց ոչինչ պատասխանեց։ Այս իրողութենէն կրնանք հետեւցնել, որ թլփատութեան արարողութիւնը այնքան ալ անհրաժեշտ չէր Սեպփօրայի համար։ Սեպփօրա հեթանոս մըն էր։ Ան տեղեակ չէր, որ թլփատութիւնը ուխտի նշան էր Աստուծոյ եւ Իսրայէլի միջեւ եւ չէր գիտեր որ թլփատութիւնը անհրաժեշտ էր իւրաքանչիւր իսրայէլացիի համար (Հմմտ. Ծն 17.10-14)։

Մովսէս իր ժողովուրդը առաջնորդեց դէպի Սինա լեռ, ուր Աստուած առաջին անգամ ըլլալով երեւցած էր իրեն անկէզ մորենիի կերպարանքով։ Այնտեղ Մովսէսի միջնորդութեամբ ուխտ մը կնքուեցաւ Աստուծոյ եւ Իսրայէլի ժողովուրդին միջեւ։ Այս ուխտի կնքումին մէջ նախաձեռնողը եւ պայմաններ առաջարկողը բնականօրէն Աստուած էր։ Մարդուն կը մնար համարկերպիլ ու ընդունիլ այդ բոլորը։ Աստուած չուզեց միակողմանի կերպով պարտադրել մարդուն իր առաջարկները, այլ կամեցաւ, որ մարդն ալ իր ազատ կամքովը համաձայնութիւն յայտնէ այս տնօրինութեան։ Եւ երբ Իսրայէլ յօժարեցաւ ընդունիլ Աստուծոյ կողմէ իրեն առաջարկուած բոլոր պայմանները, այն ատեն Աստուած Սինա լերան վրայ Մովսէսին տուաւ կնքուած ուխտին պայմանները՝ սկսելով Տասնաբանեայ պատուիրաններէն (Հմմտ. Ել 20 Գլուխ)։ Շնորհք Արք. Գալուստեան կ՚եզրակացնէ ըսելով. «Մովսէսի գերագոյն փառքը եւ իրագործումը եղաւ միջնորդը հանդիսանալ այս ուխտին, որ կեդրոնական տեղը կը գրաւէ ամբողջ Հին կտակարանին մէջ»։

Ասկէ ետք, Մովսէս անապատի խստութեանց մէջ հովուեց ու դաստիարակեց իր ժողովուրդը քառասուն տարիներ շարուանակ, մինչեւ բերաւ Խոստացեալ երկրի դռները, ուր անհրաժեշտ յիշեցումները կատարելէ ետք, Նաբաւ լեռ բարձրացաւ եւ այնտեղ մեռաւ 120 տարեկանին (Բ.Օր 34.5-7)։

Ինչպէս վերեւ յիշեցինք, Մովսէս պարագաներու բերմամբ իր ազգակիցներէն մէկը իրեն կնութեան չառաւ, այլ՝ Մադիամի երկրէն օտար ազգի պատկանող քուրմի մը աղջկայ մը հետ ամուսնացաւ։ Մովսէսի զաւակները առաւելաբար իրենց մօր՝ Սեպփօրայի հոգատարութեան տակ եղան, քան՝ իրենց հօր (Հմմտ. Ել 18.2), եւ վստահաբար այս երեւոյթը մեծ ազդեցութիւն ունեցաւ զաւակներու դաստիարակութեան վրայ։ Մովսէս Աստուծոյ կողմէ իրեն տրուած պաշտօնը կը կատարէր՝ Իսրայէլի ժողովուրդը հովուելով ու առաջնորդելով դէպի Աւետեաց երկիր եւ նոյնիսկ չէր կրնար իր վրայ առնել ընտանեկան պատասխանատուութիւնը։ Իսկ Էտիթ Տին այն եզրակացութեան յանգած է, որ Սեպփօրա երբեք գործօն մասնակցութիւն չունեցաւ Մովսէսի առաքելութեան ու գործունէութեան մէջ եւ իր զաւակներուն ոչ մէկ հոգեւոր կտակ թողուց։

ԸՆՏԱՆԻՔԸ ՔՐԻՍՏՈՍՈՎ ՆՈՐ ԻՄԱՍՏ ԶԳԵՑԱՒ

Աստուածաշունչ մատեանը ցոյց կու տայ, որ Ադամ ու Եւա Աստուծոյ խօսքովն իսկ կոչուած էին մէկ մարմին դառնալու, աստուածահաստատ հիմունքներով ամրակայուած ընտանիք մը կազմելու, զիրար ամբողջացնելու, իրարու միջեւ ուխտագրուած խոստումը աներեր հաւատքով ու անխարդախ սիրով պահպանելու, սերնդագործելու եւ նոր արարչագործուած երկիրը լեցնելու զաւակներով՝ Ստեղծագործողին փառքին տարածման ի խնդիր (Հմմտ. Ծն 1.28)։ Ահա նոյն այդ Աստուածն էր, որ Եւային ստեղծագործութենէն անմիջապէս ետք ըսաւ. «Անոր համար այրը պիտի ձգէ իր հայրն ու իր մայրը եւ իր կնոջ պիտի միանայ, եւ երկուքը մէկ մարմին պիտի ըլլան» (Ծն 2.24, Մտ 19.5, Մր 10.8)։ Աւելի ուշ, Պօղոս առաքեալ Աստուծոյ Հոգիով տոգորուած՝ Թեսաղոնիկեցիներուն յղած իր նամակին մէջ բացորոշ կերպով պիտի կարեւորէր ամուսնութեան նպատակը՝ ըսելով. «Ձեզմէ իւրաքանչիւրը թող սրբութեամբ եւ պատուով ամուսնանայ» (Ա.Թս 4.4)։

Ընտանիք հասկացութիւնը պէտք է հիմնաւորուած ըլլայ սրբութեան վրայ. «Սրբեցէք անձերնիդ ու սուրբ եղէ՛ք, վասնզի ես սուրբ եմ» (Ղւ 11.44), կ՚ըսէ Աստուած Մովսէս մարգարէի բերնով։ Աստուած, որ «Սրբութիւն Սրբոցն» է, նաեւ իւրաքանչիւր ընտանիքի հիմնադիրն ու հիմնաքարը, յենասիւնն ու անկիւնաքարն է։ Սրբութիւնը սոսկ կրաւորական, ինքնակերտ, վերացական, ներանձնական ու ինքնեկ վիճակ մը չէ երբեք, այլ անիկա Աստուծոյ կողմէ տրուած ու փոխանցուած, մարդուն կեանքը յեղաշրջող ու փոխակերպող, մշտնջենապէս գոյութենական առկայ վիճակ մըն է՝ Ս. Հոգիով լուսազարդուած ու առաջնորդուած։

Ճշմարիտ սրբութենէն ստեղծուած արարածը կոչուած է սուրբ ըլլալ ու սրբութեան խորանի վերածել իր անձն ու բնօրրանը՝ ընտանիքը։ Սո՛ւրբ է այն ընտանիքը, որ աստուածահաճ ու քրիստոսակեդրոն կեանք մը կ՚ապրի՝ իր ընտանիքը վերածելով աստուածաբոյր վարդահիւթեղ մեխակի։ Սո՛ւրբ է այն ընտանիքը, որ մաքրամաքուր Ս. Աջով միացուած այդ կնքուած ուխտը՝ կը վերածէ Աստուծոյ սիրով ջրդեղուած հոսանուտ վտակի։ Սո՛ւրբ է այն ընտանիքը, որ իր տունը կը հիմնէ աստուածահիմն ժայռի վրայ, «Անձրեւները կու գան, գետերը կը յորդին, հովերը կը փչեն եւ կը զարնուին տան, բայց տունը չի կործանիր, որովհետեւ ժայռի վրայ հաստատուած է» (Մտ 7.25)։ Ինչպէս չցանկապատուած այգին յափշտակող գազաններու թիրախը կը դառնայ, այնպէս ալ սրբութեամբ չցանկապատուած ընտանիքը ենթակայ է չարին քմայքներուն ու սադրալի փորձութիւններուն։

Ամուսնութեան հիմքը նաեւ սէրն է` անսահման ու անշահախնդիր սէրը, որուն մէջ չկան «ես» եւ «դուն» դերանունները, այլ կայ «մենք» հասկացողութիւնը: Այդ սիրոյ մէջ ազատ կամքն ու զոհողութիւնը անքակտելիօրէն իրարու միահիւսուած են: Պօղոս առաքեալ ճշմարիտ սիրոյ զօրութիւնը ցոյց տալով՝ կ՚ըսէ. «Սէր ունեցողը համբերատար կ՚ըլլայ եւ քաղցրաբարոյ։ Սէր ունեցողը չի նախանձիր, չի գոռոզանար, չի հպարտանար, անպատշաճ վարմունք չ՚ունենար, միայն ինքզինք չի մտածեր, բարկութեամբ չի գրգռուիր, չարութիւն չի խորհիր, անիրաւութեան վրայ չ՚ուրախանար, այլ՝ ուրախակից կ՚ըլլայ ճշմարտութեան։ Սէր ունեցողը միշտ կը զիջի, միշտ կը հաւատայ, միշտ կը յուսայ եւ միշտ կը համբերէ» (Ա.Կր 14.4-7)։

Քրիստոս խօսելով ամուսնալուծման մասին՝ կը զգուշացնէ մեզ ըսելով. «Մովսէս ձեր խստասրտութեան պատճառով արտօնեց արձակել ձեր կիները, սակայն ստեղծագործութեան ժամանակ արձակելու խօսք չկար։ Գիտցէք նաեւ, թէ ո՛վ որ իր կինը կ՚արձակէ առանց պոռնկութեան պատճառի եւ ուրիշ մը կ՚առնէ՝ շնութիւն ըրած կ՚ըլլայ, եւ ով որ արձակուած կինը կ՚առնէ՝ ան ալ շնութիւն ըրած կ՚ըլլայ» (Մտ 19.8-9): Իսկ Պօղոս առաքեալ Կորնթացիներուն ուղղած իր նամակին մէջ կիներուն խորհուրդ կու տայ չբաժնուիլ եւ իրենց ընտանիքը չքանդել. «Ոեւէ կին իր ամուսինէն թող չբաժնուի. իսկ եթէ բաժնուի, կա՛մ առանց ամուսնութեան թող ապրի եւ կամ դարձեալ հաշտուի իր ամուսինին հետ» (Ա.Կր 7.10-11)։ Ապա այլուր կը խրատէ կիները իրենց ամուսիններուն հնազանդելու, իսկ ամուսինները՝ իրենց կիները սիրելու. «Կինե՛ր, հնազանդեցէ՛ք ձեր ամուսիններուն, ինչպէս Տիրոջ պիտի հնազանդէիք. որովհետեւ ամուսին մը իր կնոջ գլուխն է։ Ամուսիններ պարտին իրենց կիները սիրել որպէս իրենց մարմինը. որովհետեւ իր կինը սիրողը իր սեփական մարմինը սիրած կ՚ըլլայ։ Հետեւաբար, իւրաքանչիւր այր պէտք է իր կինը սիրէ իր աձին պէս, եւ ամէն կին պէտք է յարգէ իր ամուսինը» (Եփ 5.22-23, 28, 33)։

***

Եթէ ուզենք վերեւ յիշուած բոլոր ըսուածները մի քանի բառերու մէջ ամփոփել, կ՚ունենանք հետեւեալ պատկերը։

Ընտանիքի հիմնադիրն ու հաստատիչը նոյնինքն Աստուծա ինքն է։ Մարդս անոր գործակիցն է եւ կոչուած է Աստուծոյ կողմէ իրեն աւանդուած պատասխանատուութիւնը կատարելու՝ իր սերունդը բազմացնելով եւ անոնց ֆիզիքական ու հոգեւոր սնունդ մատակարարելով։

Սկզբնական շրջանին, թէ՛ հրեաներու եւ թէ հեթանոսներու մշակոյթին մաս կը կազմէր բազմակնութիւնը եւ օտարազգիներու հետ ամուսնութիւնը։ Սակայն մովսիսական օրէնքի ճամբով, թէեւ այս սովորութիւնը ամբողջականօրէն չդադրեցաւ, սակայն նուազագոյնի իջաւ։ Աստուած Մովսէսի ճամբով ամուսնութեան մասին բազմաթիւ անգամներ խօսեցաւ եւ օրէնքներ սահմանեց։ Ան այս բոլորը յայտնեց մարդուն, ցոյց տալու համար, որ ընտանիք մը պէտք է ըլլայ աստուածահիմն միութիւն մը եւ պէտք է իր կեանքը վարէ ըստ աստուածատուր օրէնքներուն։

Իսկ քրիստոոնէական ըմբռնումով, հոգեւոր-բարոյական արժէքներու առկայութիւնը ընտանիքի ձեւաւորման եւ պահպանման գործընթացին մէջ ամենէն կարեւորագոյն ազդակներէն է: Աշխարհին մէջ կատարուող բացասական փոփոխութիւնները կը վկայեն մարդ-Աստուած յարաբերութիւններու խզման. մարդուն՝ իր աստուածանման պատկերէն հեռացման մասին: Ընտանիքէն ներս միայն բարոյական արժէքներու պահպանման շնորհիւ կարելի է հասնիլ ընտանեկան յարատեւ ու կայուն ներդաշնակութեան: Այն ընտանիքը, որ հիմնուած է քրիստոնէական ճշմարիտ արժէքներու եւ սկզբունքներու՝ սիրոյ, ներողամտութեան, փոխզիջման վրայ, չի կրնար դիւրութեամբ քայլքայուիլ եւ կործանուիլ: Երբ Աստուած է ընտանիքի հիմքն ու պարագլուխը, ընտանիքի անդամները կրնան յաղթահարել ամէն տեսակի դժուարութիւններ ու խոչընդոտներ. ընտանեկան մշտավառ օճախ ստեղծել` ներքին, հոգեւոր ջերմութեամբ:

Օգտագործուած Աղբիւրներ

- «Աստուածաշունչ Մատեան», Պէյրութ, 1981

- «Աստուածաշունչ Նոր Կտակարանի Յիսուս Քրիստոսի», Անթիլիաս, 2001։

- Ազնաւորեան Զարեհ Արք., «Մեկնութիւն Ելից Գիրքի»։

- Եղիայեան Բիւզանդ, «Քննական Պատմութիւն Սուրբգրական Ժամանակներու», Ա.Բ.Գ հատորներ, 1972, Լիբանան։

- Երզնկացի Յովհաննէս, Աշխարհաբարի վերածում՝ Անուշաւան Վրդ. Դանիէլեան, «Խրատ Բոլոր Քրիստոնեաներուն», Անթիլիաս, 1984։

- Գալստեան Շնորհք Արք., «Աստուածաշնչական Սուրբեր», Երեւան, 1997։

- Մալխասեանց Ստ., «Հայերէն Բացատրական Բառարան», Պէյրութ, 1983։

- Edith Deen, “All of the Women of the Bible”, USA, 1955.

- Fisher Humphreys & Philip Wise, “A Dictionary of Doctorinal Terms”.

- George Athur Buttrick, “The Interpreter’s Dictionary of the Bible”, Volume III, USA.

H. F. Unger, Chicago, “New Unger’s Bible Dictionary”.

- Leleand Ryken, “Dictionary of Biblical Imagery”, USA.

- “The Oxford Companion to Bible”.

Ա­ԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱ­ԼԱՅ­ՃԵԱՆ

 (Վերջ)

Շաբաթ, Փետրուար 17, 2018