ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ՀԱՄԱՃԱՐԱԿՆԵՐ
Ինչպէս ամէն տարի, այս տարին եւս դիմաւորած էինք նոր յոյսերով, ակնկալութիւններով, սակայն դեռ ներկայ տարուան սկիզբին աշխարհ դէմ յանդիման եկաւ Չինաստանէն տարածուած քորոնա ժահրի՝ թագաժահրի սպառնալիքին հետ։ Բազմաթիւ երկիրները մտահոգութեան մղած է ժահրի տարածման վտանգը, ինչպէս որ ան պատճառ եղած է տասնեակ մարդոց մահուան։ Դեռ 2007 թուականին Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութիւնը իր տարեկան զեկոյցին մէջ նախազգուշացուցած էր, թէ վարակիչ հիւանդութիւնները այսօր կը տարածուին աւելի արագ, քան երբեք։ Ըստ կազմակերպութեան այդ տարուայ տուեալներուն՝ հիւանդութիւններու արագ տարածումը կրնայ համաշխարհային համաճարակի պատճառ դառնալ եւ ո՛չ միայն մարդոց առողջութեան, այլ նաեւ համաշխարհային տնտեսութեան եւ քաղաքական կայունութեան վրայ աղէտալի հետեւանքներ ունենալ։
Մարդկութիւնը արդէն վաղ ժամանակներէն տառապած է վարակիչ հիւանդութիւններով, համաճարակներով, որոնց արագ փոխանցման առընչութեամբ տե-ղի ունեցած են հաւաքական մահեր։ Ստորեւ կը ներկայացնենք այն համաճարակները, որոնք գորշ գոյներով արձանագրուած են պատմութեան էջերուն մէջ։
ԱՆԹՈՆԻՆՈՒՍ ԺԱՆՏԱԽՏԸ
Անթոնինուս ժանտախտը (նաեւ կը կոչուի Կալէնի ժանտախտ) պատմութեան մէջ արձանագրուած առաջին հանրածաւալ ախտերէն մին կը համարուի։ Օրական 2 հազար մարդոց մահուան պատճառ եղած համաճարակը Հռոմէական կայսրութեան բնակչութիւնը 30 տոկոս նուազեցուցած է 165-180 թուականներու միջեւ։ Համաճարակը Կայսրութեան սահմաններէն ներս հասած է Արեւելքի արշաւանքէն վերադարձող վարակուած զինուորներուն պատճառով։
ԺԻՒՍԹԻՆԻԱՆՈՍԻ ԺԱՆՏԱԽՏ
Ժիւսթինիանոս ժանտախտը առաջին անգամ ծագեցաւ 541 թուականին Բիւզանդիոնի մէջ եւ այս հիւանդութեան զոհ երաւ շուրջ 100 միլիոն մարդ։ Համաճարակը 200 տարուայ տեւողութեամբ տարածուեցաւ Ափրիկէի, Եւրոպայի, Կեդրոնական եւ Հարաւային Ասիոյ ու Արաբիոյ մէջ։ Ըստ պատմաբաններու, համաճարակը ոչնչացուց Բիւզանդական կայսրութեան բնակչութեան 40 տոկոսը. միայն Կոստանդնուպոլսոյ մէջ օրական 5-10 հազար մարդ մահացաւ եւ կարելի չեղաւ վերականգնուիլ նման հարուածէ մը ետք։
ՍԵՒ ՄԱՀ
Սեւ մահ եւ կամ Մեծ ժանտախտ կը համարուի մարդկութեան պատմութեան մէջ ամեամահաբեր համաճարակներէն մին։ Համաճարակը սկսաւ տարածուիլ Կեդրոնական Ասիոյ մէջ, ուրկէ Մետաքսի ճանապարհով հասաւ Խրիմ։ 1346-1353 թուականներու միջեւ գրեթէ ամբողջ աշխարհ տարածուած համաճարակը միայն Եւրոասիոյ մէջ պատճառ դարձաւ 70-200 միլիոն մարդոց մահուան։ Ընդհանուր հաշուարկով՝ Սեւ մահուան հետեւանքով աշխարհի բնակչութիւնը 450 միլիոնէն նուազեցաւ 350-375 միլիոնի։ Մինչեւ 17-րդ դար, աշխարհի բնակչութիւնը չհասաւ համաճարակէ առաջ եղած բնակչութեան մակարդակին։ Սեւ մահուան արդիւնքին ծագեցան զանազան ընկերվարական, կրօնական, տնտեսական շարժումներ, որոնք մեծ հետք թողեցին Եւրոպայի պատմութեան մէջ։
HIV / AIDS (ԷՅԾ)
Ձեռքբերովի իմուտային (անվարակելիութեան) անբաւարարութեան համախտանիշ AIDS փոխանցիկ հիւանդութիւն մըն է, որ յառաջ կու գայ մարդու իմուտային անբաւարարութեան ժահրով՝ HIV-ով։ AIDS-ը առաջին անգամ Միացեալ Նահանգներու մէջ 1981 թուականին արձանագրուեցաւ՝ որպէս ինքնուրոյն հիւանդութիւն։ Քանի մը տարուայ ընթացքին վարակի տարածումը ձեռք բերած է համաճարակի բնոյթ եւ ներկայիս AIDS-ը կը համարուի մահուան պատճառ հանդիսացող ամենատարածուած հիւանդութիւններէն մին։ 2016-ի տուեալներով՝ մօտաւորապէս 36.7 միլիոն հոգի վարակուած էր HIV-ով։ Համաշխարհային Առողջապահական կազմակերպութեան պաշտօնական տուեալներուն համաձայն, ամէն վայրկեան ամբողջ աշխարհի վրայ HIV-ով կը վարակուի 19 մարդ, իսկ ԷՅԾ-ի զոհ կը դառնայ 11 մարդ։ Ներկայիս, աշխարհի բոլոր երկիրներուն մէջ գրանցուած է այս հիւանդութիւնը, սակայն վարակի տոկոսը աւելի մեծ է Կեդրոնական Ափրիկէի, Քարիպեան ծովի երկիրներու եւ Միացեալ Նահանգներու մէջ։
ՍՊԱՆԱԿԱՆ ԿՐԻՓ
Սպանական կրիփի տարածումը սկսաւ 1918 թուականին եւ ամբողջ աշխարհի մէջ վարակուեցաւ շուրջ 500 միլիոն մարդ։ Այս համաճարակի զոհ դարձաւ 50-100 միլիոն հոգի, որ հաւասար է այդ թուականներու աշխարհի բնակչութեան շուրջ 5 տոկոսին։ Ժահրաբան Ճոն Օքսֆորտի կողմէ գլխաւորուած հետազօտողներու խումբը պարզած է, որ Էթապլի, Ֆրանսա, զինուորական հիւանդանոցային ճամբարը (hospital camp) ամենայն հաւանականութեամբ եղած է հիւանդութեան տարածման կեդրոնը։ Հիւանդութիւնը անուանուած է «սպանական կրիփ», որովհետեւ այդ մէկը առաջին անգամ Սպանիոյ մէջ արձանագրուած է՝ որպէս համաճարակ։
ՀՆԴԿԱԽՏ
Պատմութեան ընթացքին արձանագրուած է եօթ հնդկախտի համաճարակ, որու հետեւանքով աշխարհի մէջ մահացած են միլիոնաւոր մարդիկ։ Հիւանդութիւնը աշխարհի մէջ տարածուած է Հնդկաստանէն, ուր արդէն մարդիկ հին ժամանակներէն ի վեր կ՚ապրէին հիւանդութենէ վարակուելու վտանգին հետ։ Մինչեւ 1860 թուականը հնդկախտը կեանքէն հեռացուցած է շուրջ 40 միլիոն հոգի։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ