ՅԻՇԵՑՈՒՄ՝ ԱՆՀՈԳ ՕՐԵՐԷՆ

Դիմատետրի յիշեցումը՝ կար ժամանակ, երբ կային անհոգ օրեր, կիսամբողջ հայրենիք, անհոգ կեանք ու առօրեայ, դէպի հեռուներ սլացող երազներ, նպատակներ: Երբ իսկապէս չէինք զբաղեր քաղաքականութեամբ: Առհասարակ քաղաքականութենէ հեռու էինք:

Այսօր ալ ես քաղաքականութեամբ չեմ զբաղիր: Թէպէտ իմ մասնագիտութիւնը ինծի թոյլ կու տայ ըլլալու քաղաքագէտ, ինչու չէ՞ նաեւ դիւանագէտ՝ քիչ մը երկարաշունչ ջանք ու ճիգ թափելու պարագային: Սակայն ես, մենք այդ ժամանակը չունինք, բաց աստի, վստահաբար, նաեւ համապատասխան ունակութիւններն ու ճարպիկութիւնը: Մեր վիրաւոր, արիւնաքամ, ցաւէն մռնչող հայրենիքը այդքան ժամանակ չունի՝ նստի եւ սպասէ, թէ երբ Արեւիկը միայնակ պիտի կարենայ վճռորոշ դեր կատարել իր փրկութեան գործընթացին մէջ: Տակաւին հարց է՝ պիտի կարենա՞յ, թէ ոչ: Ինչեւէ: Ներողամիտ գտնուեցէք բուն նիւթէն շեղելու եւ քիչ մը բարձրաձայն խորհելու համար:

Ինչպէս շատեր կը վկայեն, ես նոյնպէս քաղաքագէտ մը չեմ: Սակայն ի տարբերութիւն այդ նոյն շատերու, ես խիստ մտահոգուած եմ իմ աստուածատուր հայրենիքի ողբալի ու վտանգաւոր ներկայով ու մշուշոտ ապագայով: Եւ չեմ կրնար անտարբեր անցնիլ տեղի ունեցածի քովէն:

Աւա՜ղ, իմ ձեռքերը կապկպած են: Աւա՜ղ, քաղաքագէտ մը, դիւանագէտ մը չեմ: Աւա՜ղ, ես առանձին չեմ կրնար որոշիչ դեր խաղալ կամ պարտադրել իմ կամքը, իմ ձայնը դարձնել լսելի: Ինչպէս որ այդ յաջողեցաւ ընել ազգուրաց առաջնորդը մեր. գրիչի հարուածով մը յանձնեց հայրենիքը: Այն ինչ որ մեր քաջ հայորդիները կը պահէին արիւնով, ան դաւադրաբար, ստորագրութեամբ մը նուիրեց: Ցաւալին այն է, որ մինչեւ այսօր այդ նոյն աղէտը կը շարունակէ: Մինչեւ այսօր արենախում ստահակը կը շարունակէ բազմած մնալ հայոց գահին:

Սակայն, ի ուրախութիւն ինծի, ես կրնամ պատեհ առիթի մը պարագային միաձուլուիլ, միանալ, համալրել մեր սիրասուն հայրենիքի՝ Հայաստան ու Արցախ աշխարհներու փրկութեան համար ոտքի կանգնողներու շարքերը, ինչպէս որ վարուեցայ անցեալ տարի: Դառնալ՝ հազարաւոր, տասնեակ, հարիւր հազարաւոր բջիջներէն մին:

«Ես քաղաքականութեամբ չեմ զբաղիր», «բոլորը նոյնն են», «նախկիններն ու ներկաները իրարու հետ պայմանաւորուած վաճառեցին մեր սրբավայրը», «միայն նոր, վստահելի առաջնորդի մը յայտնուելու պարագային փողոց կրնամ ելլել», «իմ ձայնը որոշիչ չէ», «մէկ հոգի աւելի կամ պակաս ինչ պիտի փոխէ: Աւելի լաւ է զբաղիմ իմ գործերով», «նախկիններուն չեմ վստահիր, տեսանք, թէ իրենց կառավարութեան օրօք երկիրը ինչ վիճակի մէջ էր», ինքնարդարացումներու շարանը անվերջանալի է… Համամիտ չեմ այս թուածներէն որեւէ մէկուն հետ:

Ինչպէս միշտ, Աստուած մեզի կու տայ երկընտրանքի հնարաւորութիւն: Մեր քովէն համահաւասար կը քայլեն չարն ու բարին՝ յանձինս Ռոպերթ Քոչարեանի, Սերժ Սարգսեանի եւ ուրիշ նուիրեալ հայորդիներու: Իսկ մենք հոգիով ու մտքով կոյր ըլլալու պատճառաւ, ինչպէս միշտ, կ՚ընտրենք չարը: Յիրաւի անոնք մեղանչեցին իրենց Տիրոջ ու հայրենիքի առջեւ. բաղձալի յաղթանակէն վերջ պահ մը թուլանալով, լիցքաթափուելով, կարծես թէ կորսնցնելով զգօնութեան զգացումը: Ժողովուրդն ալ իր հերթին մեղանչեց իր Աստուծոյ ու հայրենիքի առջեւ եւ 2018 թուականին կնիքը դրաւ, որպէս իրեն առաջնորդ ընտրելով գառան մորթով գայլը:

Պատերազմը հուժկու սթափեցուցիչ ապտակ մըն էր թէ՛ մեղսագործ նախկին ղեկավարներուն, թէ՛ ժողովուրդին: Ինչպէս կը վկայէ մեր դժնդակ ներկան, սա արիւնահոսող ապտակը սթափեցուցիչ էր նախկին առաջնորդներու, յաղթանակ կերտողներու համար, իսկ ժողովուրդի մեծ մասը կը շարունակէ մնալ անտարբերութեան ու նիրհի մէջ:

Սա լուսանկարի միջոցաւ դիմատետրը ինծի յիշեցուց իմ անհոգ ու խաղաղ օրերու մասին: Երբ ուղտի չափ թուացեալ հոգերը պարզապէս լու էին: Չգնահատելով խաղաղութեան գինը, մեր ունեցածը, մեր թանկագին ձեռքբերումները, այսօր կը ճաշակենք պարտութեան դառնահամ պտուղները: Լուսանկարի հեղինակը չեմ յիշեր: Սակայն լաւագոյս կը յիշեմ այդ գեղեցիկ օրը: Զաւէնիկը այցելութեան էր եկած ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի խմբագրատուն: Այդ օրուայ մեր լիաթոք ժպիտն ու ուրախութիւնը ամենաիսկականն էր՝ խոր արմատներով: Այսօր ալ կը ժպտանք, երբեմն կ՚ուրախանանք, սակայն անյատակ՝ մակերեսային, տեսակ մը կեղծ: Ախր ինչպէս կրնանք տակաւին թարմ արիւն հոտող հողը կոխել, ապրիլ անհոգ ու լիաթոք ժպիտով: Մեր վէրքերը սպիացնելու փոխարէն, կը շարունակենք թարմ պահել մեր սրբազան հողէն բուրող երիտասարդ արեան բոյրը:

Հայաստանն ու Արցախը կը շարունակեն արիւնահոսիլ: Վէրքերը չեն սպիացած: Իսկ այս ողբալի շարունակութեան միակ յանցաւորը ժողովուրդն է:

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Երեւան

Հինգշաբթի, Փետրուար 17, 2022