ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՊՐԱՆՔԱՆԻՇԸ
Ինչպիսի՞ն պիտի ըլլայ Հայաստանի ազգային դրոշմը, եւ ի՞նչ դրական որակով պիտի ընկալուի Հայաստանը աշխարհի մէջ: Այս հարցերը, մանաւանդ Հայաստանի անկախութենէն ետք հնչած են բազմիցս: Իբրեւ անկախ երկիր, Հայաստանը անհրաժեշտութիւն ունի մշակելու իր ազգային ապրանքանիշը, այնպէս, ինչպէս բազմաթիւ երկիրներ արդէն մշակուած ու մարդոց ենթագիտակցութեան մէջ ամրագ-րուած իրենց ապրանքանիշով ծանօթ են: Հարիւրաւոր երկիրներ ստեղծած են իրենց պետութիւնը բնութագրող խորհրդանիշներ ու կարգախօսներ, որոնց հիման վրայ ալ մարդիկ, օրինակ, կը ձգտին գնել ճաբոնական ելեկտրոնային սարքեր, ֆրանսական անուշահոտ, չեխական գարեջուր, իտալական կօշիկ, զուիցերական ժամացոյց, պելժիական տուրմ... Շարքը կարելի է երկարել, նշելով տնտեսապէս հզօր երկիրները բնորոշող ապրանքը: Բայց միայն առեւտուրը չէ, որ կը բնորոշէ երկիրը. երկրի բնորոշումը պէտք է կրէ նաեւ հոգեւոր, մշակութային, պատմական իմաստներ: Բաւական է ըսել Եգիպտոս եւ անմիջապէս մեր միտքին մէջ զուգորդում կ՚ըլլայ հնագոյն մշակոյթի գաղափարին հետ, կամ Գերմանիան մեր մտքին մէջ տեղ կը բանայ ճշդապահութեան համար, Հռոմը կը զուգորդուի դասական ճարտարապետութեան հետ: Վարկանիշը երկրի դրական պատմութիւնն է՝ մէկ բառով, մէկ նկարով կամ մէկ կարգախօսով, եւ ան երկարաժամկէտ ճանապարհի վրայ կ՚աշխատի տուեալ երկրի օգտին:
Տուեալ երկրի բովանդակութեան, որակի, դրոշմի եւ երկիրը ներկայացնող նշանի գաղափարը նորութիւն չէ աշխարհի մէջ։ Գոյութիւն ունի ազգային ապրանքանիշերու միջազգային ընկալում, որու գաղափարը 1996 թուականին առաջարկած է բրիտանացի անկախ քաղաքական խորհրդական Սայմըն Անհոլթ, որ առաջին անգամ ըլլալով մշակած է ազգային ապրանքանիշերու վարկանիշը: Որեւէ պետութեան համար իր նշանի ձեւաւորումն ու մշակումը ունի ռազմավարական նշանակութիւն. երկրի մը դէմքն ու անոր ճանաչելիութիւնը մեծ նպաստ ունին մանաւանդ արտաքին տնտեսական քաղաքականութեան արդիւնաւէտութեան, տնտեսական նկատելի աճի երաշխաւորման մէջ: Եթէ երկիր մը ծանօթ է դուրսի աշխարհին, եւ այդ ծանօթութիւնը դրական լոյսի ներքեւ է, կասկած չկայ, որ ան կարճ ժամանակի ընթացքին կը գրաւէ զբօսաշրջիկներու, տեղական ու արտասահմանեան ներդրողներու, սպառողներու ուշադրութիւնը, ինչ որ յաւելեալ գումարներ կը բերէ երկրին: Իբր այդ ալ անհրաժեշտ է ճիշդ ու լաւագոյն կերպով դիրքաւորուիլ միջազգային ասպարէզին մէջ:
Ապրանքանիշ մշակելու գործին մէջ հարկ է, որպէսզի համադրուին երկրի բոլոր դրական որակները՝ տնտեսականէն մինչեւ մշակութային: Հարկ է, որ ապրանքանիշը ցոյց տայ երկիրը՝ իր բացառապէս բոլոր իրական որակներով: Կան քանի մը հանգամանքներ, որոնց մասին նշումները պարտադիր են ապրանքանիշի ձեւաւորման ընթացքին: Անոնցմէ առաջինը արտահանումն է. երկրի ամենէն նշանաւոր ապրանքը, որ կ՚արտահանուի երկրէն դուրս եւ հեղինակութիւն ունի այլ երկիրներու մէջ, մարդոց մտքին մէջ ճանապարհ կը բանայ դէպի այդ երկիրը:
Այլ կարեւոր հանգամանք մըն է երկրի կառավարումը. պետութեան մը ժողովրդավարութեան, արդարութեան, աղքատութեան եւ շրջակայ միջավայրին վիճակը եւ կառավարութեան ջանքը այդ ուղղութեամբ, պէտք է նկատելի ըլլան:
Նշանակալի հանգամանք մըն է մշակոյթը, զոր կը կրէ երկիրը. անոր շարժապատկերի, երաժշտութեան, գրականութեան, մարզանքի դրական ցուցանիշերը մեծ դեր ունին երկրի ապրանքանիշի ստեղծման ընթացքին:
Երկիրը մարդիկ են: Ծանօթ այս մօտեցումը կը կարեւորէ երկրի մէջ ապրող մարդոց դերը: Երկրի մը մասին պատկերացում կը կազմեն անոր մարդոց միջոցաւ, ահա ինչու նաեւ մարդիկն են, որ կը ձեւաւորեն երկրի մը ապրանքանիշը: Եթէ երկրի բնակիչները բարեհամբոյր են, կիրթ ու բարեացակամ, չունին թշնամութեան, ազգային խտրականութեան եւ ռազմատենչութեան դրսեւորումներ, ապա դրական ըմբռնումը այդ երկրին մասին միանշանակ կ՚ըլլայ:
Երկրի, իբրեւ զբօսաշրջային միջավայրի, գրաւիչ ըլլալը նոյնպէս մեծ ազդեցութիւն ունի օգտակար համբաւի կերտման մէջ:
Իսկ եթէ օտարներ, բացի զբօսաշրջիկութենէ, նաեւ տուեալ երկրի մէջ ներդրում կատարելու եւ բնակելու ցանկութիւն յայտնեն, ապա երկրի հաստատական կերպարը, արդէն ապահովուած կ՚ըլլայ:
Սովորաբար, երկրի մը համար ազգային ապրանքանիշ մշակելու համար ընդունուած է, որ գնահատականներ տրուին տասը տարուան զարգացումներու կտրուածքով: Այդպէս ձեւաւորուած է միջազգային մօտեցումը: Նախկին խորհրդային երկիրներէն Ռուսաստան, Ուքրայնա, Լաթվիա եւ կարգ մը այլ երկիրներ արդէն մշակած են իրենց ազգային ապրանքանիշերը, իսկ Հայաստան ազգային ապրանքանիշ մշակելու ճանապարհին է: Երկար քննարկումներու արդիւնքին Հայաստանի կառավարութիւնը այդ աշխատանքի համար յանձնառու նկատած է Ազգային մրցունակութեան հիմնադրամը, որ 2008 թուականին Հայաստանի տնտեսական մրցունակութեան զարգացման նպատակով ստեղծուած կառոյց մըն է: Հայաստանի ապրանքանիշաւորման համար յայտարարուած մրցոյթին ալ շահած է ամերիկեան GK Brand ընկերութիւնը, եւ մէկ տարի առաջ՝ 2014 թուականի Փետրուարին Հայաստանի Ազգային մրցունակութեան հիմնադրամը փաստաթուղթ ստորագրած է ամերիկեան GK Brand ընկերութեան հետ, որպէսզի վերջինս մշակէ Հայաստանի ազգային ապրանքանիշը: 1980 թուականին Միացեալ Նահանգներու մէջ հիմնուած այս ընկերութիւնը հռչակաւոր է իբրեւ ապրանքանիշ հիմնող եւ զարգացնող ընկերութիւն։ Ան գրասենեակներ ունի աշխարհի քսանհինգ երկիրներու մէջ եւ իր գոյութեան երեսունհինգ տարիներուն ընթացքին մշակած է յիսուն երկիրներու ազգային ապրանքանիշներ, համաշխարհային ճանաչում ունեցող շատ մը ընկերութիւններու կարգախօսներ:
Յայտարարուած է, որ Հայաստանի ազգային ապրանքանիշի մշակման համար անհրաժեշտ է շուրջ 400 հազար տոլար, որուն 150 հազար տոլարը (62 միլիոն դրամ) յատկացուած է պետական պիւտճէէն, մնացեալ գումարները պէտք է հոգալ այլ աղբիւրներէ: Աշխատանքները պիտի չվերջանան միայն ապրանքանիշի ստեղծմամբ։ Ստեղծելը միայն առաջին քայլն է, գլխաւորը այդ ապրանքանիշը պէտք է ծանօթացումի ու ան համապատասխան տարածում ստանայ աշխարհի տարածքին։
Խոշոր երկիրները խոշոր գումարներ կը ներդնեն իրենց հանրահռչակումը միջազգային մակարդակով պահելու համար: Այսպէս, ըստ ուսումնասիրութիւններու, Սինկափուր տարեկան կը ծախսէ շուրջ 60 միլիոն տոլար, Մալեզիա՝ 150 միլիոն: Միայն 2003-2004 թուականներւ միջեւ Լոնտոն նման նպատակներու համար ծախսած է շուրջ 40 միլիոն ամերիկեան տոլար: Աշխարհի մէջ իր վարկանիշը բարելաւելու համար Միացեալ Նահանգներ իր բիւտճէէն տարեկան կը ծախսէ շուրջ 1 միլիառ տոլար: Գումարները կ՚ուղղուին գովազդին, մշակութային, մարզական իրադարձութիւններու կազմակերպման ու լուսաբանման, նշանաւոր դէմքերու միջոցով երկիրը ներկայացնելու, նոր ու հին արտադրանքներու ծանուցումներու, տարբեր երկիրներու մէջ տեղեկատուական, գովազդային գրասենեակներ հիմնելու, գիրքեր տպելու, ժապաւէններ նկարահանելու եւ այլ աշխատանքներու:
«ՊԱՏԻՒ Է ՆԵՐԿԱՅԱՑՆԵԼ ՀԱՅԱՏԱՆԸ»
Հայաստանի ազգային ապրանքանիշը մշակող GK Brand ընկերութեան տնօրէնը հայազգի է՝ Վազգէն Գալայճեան: Ան միջազգային ճանաչում ունեցող արուեստագէտ եւ
գործարար է: 1956 թուականին ծնած է Սուրիա, ուր ստացած է իր առաջին ուսումը, ինչպէս նաեւ Հալէպի Սարեան արուեստի ակադեմիայէն շրջանաւարտ եղած է: 1971 թուականին Վազգէն Գալայ-ճեան մշտական բնակութիւն հաստատած է Նիւ Եորք, ուր աւարտած է նաեւ համալսարանի արուեստի բաժինը: Խորանալով ար-ւեստի մէջ՝ Վազգէն Գալայճեան ունեցած է նկարչական տարբեր շրջաններ՝ խորանարդապաշտութենէ մինչեւ վերացական նկարչութիւն, կատարած է ուսումնասիրութիւններ՝ իմաստասիրութեան, կրօնի եւ մտախոհութիւններու ասպարէզներուն մէջ: Վազգէն Գալաճեան բազմաթիւ ցուցահանդէսներ սարքած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու տարբեր քաղաքներու մէջ, իսկ 2005 թուականին անոր գործերը առաջին անգամ ցուցադրուած են Երեւանի մէջ:
Իբրեւ աշխարհահռչակ ընկերութեան տնօրէն, ստանձնելով Հայաստանի միջազգային վարկանիշաւորման գործը՝ ան նշած է, որ իրեն համար մեծ պատիւ է լրջօրէն զբաղիլ ապրանքանիշի ստեղծման հարցով երկրի մը, որ իր նախնեաց երկիրն է, եւ որուն հետ ինք զգացական ու յուզական սերտ կապեր ունի:
«Ազգային վարկանիշաւորումը Հայաստանի համար կրնայ նորարութիւն թուիլ, սակայն ան յատկանշական է երկրի հնարաւորութիւնները աշխարհին ցոյց տալու տեսանկիւնէն: Աշխարհին մէջ կան շատ կրթուած մարդիկ, որոնք պատկերացում չունին Հայաստանի՝ քարտէսի վրայ գտնուելու մասին: Լաւ վարկանիշաւորուած պետութիւնները կրնան հաղորդակցուիլ բոլորի հետ՝ տարբեր հարթութիւններով եւ ամրապնդել կապը անոնց հետ: Հզօր վարկանիշաւորումը այսօր կրնայ փոխել մարդոց ընկալումն ու բարձրացնել իրազեկուածութիւնը՝ երկրի մասին», ըսած է Վազգէն Գալայճեան:
ԶՈՀԻ ԲԱՐԴՈՅԹԷՆ ԴԷՊԻ ԶԱՐԳԱՑՈՒՄ
Ունի՞ Հայաստանը միջազգային հեղինակութիւն: Երկիր մը, որ Խորհրդային Միութեան փլուզումէն առաջ, կրելով ահեղ երկրաշարժի հետեւանքները, իսկ միութեան փլուզումէն ետք՝ ենթարկուելով տնտեսական հիւծումի եւ քաշուելով ռազմական գործողութեան մէջ, դժուար թէ դրական ընկալումներ յառաջացնէ միջազգային հանրութեան մօտ:
Առանց խոր ուսումնասիրութիւններու ալ կարելի է փաստել, որ Հայաստանը եւ հայերը այսօր աշխարհին մէջ ճանաչում գտած են առաւելապէս իբրեւ կոտորած ապրած, երկրաշարժի ենթարկուած եւ դրացի Ատրպէյճանի հետ հակամարտութեան մէջ գտնուող պետութիւն, ուր կը տիրէ 30 առ հարիւր աղքատութիւն, եւ երկրին մէջ առկայ է արտագաղթ:
Այս մասին Վազգէն Գալայճեան ըսած է. «Աշխարհի շատ երկիրներու մէջ Հայաստանը կը զուգորդեն զոհի հետ: Մեր պատմութիւնը ստիպած է, որպէսզի շատեր Հայաստանին տան զոհի կարգավիճակ։ Այս պարագային ո՞վ կը փափաքի տոմս գնել եւ մեկնիլ երկիր մը, որ անյաջող է։ Ո՞վ կը փափաքի որեւէ բան գնել զոհէ կամ անյաջողէ… Ես դէմ չեմ պատերազմներու մասին տեղեկատուութիւն տարածուելուն, սակայն այդ քարոզէն ետք Հայաստանը այլ կերպով կ՚ընկալուի»:
Վազգէն Գալայճեանի խօսքով, հակառակ անոր, որ երկրին դէմքը մշակելու գործով կը զբաղի խումբ մը, սակայն այդ գործին մէջ նախատեսուած է ներգրաւել հասարակութեան բոլոր շերտերը: «Ո՞րն է Հայաստանի դէմքը ներկայացնող խորհրդանիշը», հարցումը ինք՝ Վազգէն Գալայճեան անձամբ ուղղած է հարիւրաւոր հայերու, որոնց հանդիպած է Հայաստանի մէջ: Հայաստանցիները առհասարակ, աւելի պարզունակ, ժողովրդային ընկալումներ ունին երկրին դէմքը ներկայացնող խորհրդանիշերու հանդէպ։ Ահա թէ ինչու պատահական չէ, որ անոնցմէ շատեր կը պատասխանեն, որ Հայաստանի ապրանքանիշն է քոնիաք, լաւաշ, ծիրան, նուռ, խաչքար, գորգ, լեռ, եկեղեցի, ջուր, Գառնի, Գեղարդ եւ այլն:
Բայց երկրի բովանդակութիւնը ամփոփող ապրանքանիշը աւելին է, քան՝ նշուած խորհրդանիշերը:
«Ապրանքանիշի մշակման համար կարեւոր է հասկնալ, թէ ինչպիսի՞ն պիտի ըլլայ Հայաստանի ապագան եւ ինչպէ՞ս այսօր մարդիկ կ՚ընկալեն Հայաստանը: Ապագայի տեսլականի հիման վրայ ալ պէտք է մշակուի երկրի ազգային ապրանքանիշը: Վարկանիշաւորման միջազգային սանդղակին մէջ յառաջատար ըլլալու համար պարտադիր չէ, որպէսզի պետութիւնը տարածքով մեծ ըլլայ, ունենայ քարիւղի պաշարներ կամ նաւահանգիստներ: Հայաստան ունի հարուստ պատմական եւ մշակութային ժառանգութիւն, եւ մենք պատրաստ ենք օգնել Հայաստանին՝ մշակութային իր հարստութիւնը աշխարհին փոխանցելու, տնտեսական ներուժը խթանելու, երկրի հեղինակութիւնը տարածքաշրջանի եւ աշխարհի մէջ բարձրացնելու գործին մէջ», ըսած է Վազգէն Գալայճեան:
Հակառակ Հայաստանի կառավարութեան մասին ընդհանուր առմամբ ոչ-դրական պատկերացումներուն, այնուամենայնիւ, պէտք չէ թերագնահատել կարգ մը աշխատանքներ, որոնք մանաւանդ վերջին քսանամեակին կատարուած են կառավարական մակարդակով՝ Հայաստանը աշխարհին ներկայանալի դարձնելու համար: Անոնցմէ կարելի է նշել այն գովազդային հոլովակը, որ վերջերս հեռարձակուեցաւ CNN հեղինակաւոր հեռատեսիլային ալիքով: Հայաստանի մէջ պատրաստուած հոլովակը լաւագոյն կերպով եւ արհեստավարժօրէն կը ներկայացնէր Հայաստանը իր նուաճումներով ու դրական գոյներով:
Վերջին տարիներուն աւանդոյթ դարձած են կարգ մը երկիրներու, մասնաւորապէս՝ Ռուսաստանի, Ֆրանսայի մէջ տեղի ունեցող մշակութային միջոցառումները՝ «Հայաստանի օրեր», «Հայաստանի տարի» խորագրով, որոնք նոյնպէս չափազանց դրական ազդեցութիւն կը գործեն Հայաստանի ճանաչման առումով: Երկրի դրական վարկի յառաջընթացի նկատելի քայլ է «Զուարթնոց» միջազգային օդակայանի արդիականացման ուղղուած աշխատանքները: Երկրի մը օդակայանն է, որ առաջին տպաւորութիւնը կը ձգէ օտարին վրայ, եւ այդ առումով «Զուարթնոց»ը համապատասխանեցուած է միջազգային չափանիշերուն:
Երկրին բովանդակութիւն կը հաղորդեն նաեւ միջազգային մարզական մրցոյթներէն իբրեւ յաղթող վերադարձած հայ մարզիկները, որոնց մարզման համար պետութիւնը հսկայ գումարներ կը ներդնէ: Նախորդ տասնամեակի կառավարութեան քայլերէն կարելի է նշել նաեւ Քրիստոնէութիւնը իբրեւ պետական կրօն հռչակելու 1700-ամեակի միջոցառումները, որոնք նոյնպէս Հայաստանը պատմական դրական լոյսի ներքոյ ներկայացուցին աշխարհին: Այս ամէնը նպաստաւոր են, սակայն, ըստ ապրանքանիշը մշակող խումբին, տակաւին շատ հեռու են երկրի վերաբերեալ ընդհանուր ապրանքանիշի մը գաղափարի մշակման համար: Վազգէն Գալայճեան ըսած է. «Մենք չենք կրնար միայն քրիստոնէութեամբ ներգրաւել մարդիկը, քանի որ օրինակ Իրանի կամ արաբական աշխարհի ներկայացուցիչները, որոնք քրիստոնէութիւն չեն դաւանիր, նման կերպով հրաւիրել, որպէսզի ներդրումներ կատարեն, բաւարար չէ»:
2000 ՏԱՐՈՒԱՆ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆՆ ՈՒ ԱՊԱԳԱՅԻ ՀԵՌԱՆԿԱՐՆԵՐԸ
Վերջերս Վազգէն Գալայճեան յօդուած մը տպած է Linkedin մասնագիտական ցանցին մէջ, ուր նշած է, թէ շատ դժուար է երկու հազար տարուան պատմութիւնն ու ապագայի հեռանկարները քանի մը բառի ու պատկերներու միջոցով ամփոփել: Սակայն, որքան ալ բարդ թուի, ան յայտարարած է, որ Հայաստանի վարկանիշաւորմամբ զբաղող խումբը արդէն յստակեցուցած է Հայաստանի ապրանքանիշի հիմնական գաղափարը եւ միւս խորհրդանիշերը: Ան նշած է, որ ընկերութեան անդամները հետազօտութիւն մը իրականացուցած են՝ ուսումնասիրելով ութսուն երկիրներու վարկանիշաւորման եւ զբօսաշրջութեան ծրագրերը: Անոնք յանգած են այն եզրակացութեան, թէ Հայաստանի ապրանքանիշի նիւթը, ինչպէս շուկայագէտները կ՚ըսեն՝ պէտք է ունենայ «բարձր կարգի» բնութագրիչ։ Այս մէկը կը նշանակէ, որ ան պէտք է արտայայտէ ոչ թէ ֆիզիքական տուեալներ (ինչպէս՝ Եգիպտոսը իր բուրգերով), այլ՝ զգացմունքներ կամ գաղափար։
Հայաստանի ազգային ապրանքանիշը մշակող եւ ստեղծող ընկերութիւնը Հայաստանի համար առանձնացուցած է քանի մը արժէք։ Իր յօդուածին մէջ Վազգէն Գալայճեան խօսած է այդ արժէքներուն մասին, նշելով, որ ապրանքանիշը ստեղծելու համար ընդգծուած են երկխօսութիւնն ու հաղորդակցութիւնը, իբրեւ կարեւոր արժէքներ, նորարարութեան, ինքնատիպ մօտեցումներու, հեռատեսութեան հարցին մէջ նոր գաղափարները, ապագային միտուած ծրագրերը: Խումբը փորձած է նոր դրական պատմութիւն կերտել Հայաստանի եւ անոր ապագայի մասին, սակայն գաղափարները տակաւին մշակման փուլի մէջ են, ու ինչպէս յայտարարած է Վազգէն Գալայճեան, վերջնական ապրանքանիշը խորհրդանիշի եւ կարգախօսի տեսքով, այս տարուան ընթացքին, աւելի ուշ կը հրապարակուի զանգուածային լրատուամիջոցներու մէջ եւ կը ներդրուի շուկայէն ներս՝ փորձարկման նպատակով:
Երկրի մը ապրանքանիշը ստեղծելը բարդ ու երկարատեւ գործ մըն է, բայց ան հետագային հզօր ու անփոխարինելի գործիք է երկրի զարգացման համար:
Շուտով Հայաստանը կ՚ունենայ իր մշակուած միջազգային ապրանքանիշը, որ հայկական դրոշմը կը դառնայ միջազգային գետնին վրայ:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ