ԱՅԼԻՆ ԱԿՈԲԵԱՆԻ ՇԱՀԵԿԱՆ ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆԸ՝ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ԺԱՄԱՆԱԿԱԿԻՑ ԱՐՈՒԵՍՏԻՆ
Յանդուգն դասախօսական երեկոյ մը, մանաւա՛նդ այս օրերուն համար, նուիրուած Միջին Արեւելքի ու յատկապէս արաբ, պարսիկ, իսլամ ժամանակակից արուեստներուն: Ու այս իմաստաւորուեցաւ մասնաւորապէս երբ կը տրուէր Մենհեթընի սրտին՝ «Նիւ Եորք Քաղաքի համալսարան»ի «Աւարտականներու կեդրոն»էն ներս, ակադեմական շրջանակի մը համար որ գերազանցապէս լեցուն է հրեաներով ու նաեւ՝ հակաարաբ ու հակաիսլամ զգացումներով:
Դիւրին չէր երբե՛ք մեր քաղաքի արժէքաւոր հայուհիներէն Այլին Ակոբեանի համար բարձրացնել հին մշակոյթի մը ժամանակակից լաւագոյն ներկայացուցիչներն ու արաբական աշխարհի լայն հետաքրքրութիւնը՝ դէպի ժամանակակից արուեստ, առանց դոյզն չափով իսկ քաղաքականացնելու այդ շարժումը, մանաւա՛նդ որ Իսրայէլ եւս որպէս երկիր կը գտնուի, այսպէս կոչուած՝ Միջին Արեւելքի մէջ, մինչ այդ նկատի ունենալով նաեւ դասախօսութեան ներկաներուն մէջ եղող ամերիկաբնակ հրեաները:
Մարտ 8, 2016, Կանանց միջազգային օրն իսկ, երեկոյեան ժամը 7-էն առաջ, նախապէս որոշուած սրահը նեղ համարուելով, դասախօսութիւնը փոխդրուեցաւ շատ աւելի մեծ սրահ, ընթացք տալու համար մեծ թիւով հետաքրքիրներու ներկայութեան թիւը:
Տքթ. Անի Պագալեան կատարեց բացման խօսքը եւ ներկայացուց օրուան հիւր բանախօսը: Այլին քսան տարիներու վրայ երկարող փորձառութիւն ձեռք ձգած է համաշխարհային արուեստի աշխարհէն ներս, աշխատելով արուեստի մեծ ցուցասրահներու թէ աճուրդային տուներու մէջ, մասնաւորաբար՝ Լոնտոնի (ուր եղած է ուսանող ժամանակակից արուեստներու) «Ուայթ քիւպ կելըրի», եւ անշուշտ՝ Նիւ Եորքի «Ֆիլիփս»ի մէջ: Միացած է 2011-ին «Սոթըպիզ» աճուրդային յայտնի մեծագոյն ընկերութեան որպէս համաշխարհային ժամանակակից արուեստի մասնագէտ, ինչպէս նաեւ՝ միջինարեւելեան եւ հիւսիսափրիկեան ժամանակակից արուեստներու եւ փոխ-նախագահ ժամանակակից արուեստի բաժանմունքի: 2015 թուականին արդէն բացած է իր համաշխարհային արուեստներու նուիրուած «Ակոբեան» ընկերութիւնը:
Այլին ունի հետաքրքիր եւ միեւնոյն ժամանակ յաջող ճանապարհ մը իր մասնագիտութեան մէջ: Առաջին իր գործակցութիւնը կ՚ըլլայ նկարչուհի Մոնա Հաթումի (պաղեստինեան ծագումով՝ լիբանանցի) հետ, որ որպէս նորարար ան իր մարմնի անդամներով նկարած է իր գործերը՝ փոխան դասական վրձինով ու մատիտով: Ըսենք նաեւ, որ Այլին մի՛շտ իր ուշադրութեան արժանի ըրած է կին նկարիչները քաջալերելու նախաձեռնութիւնը, ինչ որ նաեւ ցոյց կու տայ անոր ընկերային ձգտումներուն կիզակէտը՝ ունենալու հաւասարութիւն եւ փոխադարձ յարգանք Միջին Արեւելքի ժողովուրդներուն ընկերային մտայնութեան հասկացողութեանց մէջ: Ու Այլին յաջողած է հաւասարապէս գնահատել ու արժեւորել որքան մարդ, նոյնքա՛ն՝ կին արուեստագէտները: Այսպէսով, Հաթունի գործերը ունեցան միջազգային ճանաչողութիւն:
Արձանագրելու ենք նաեւ այս պարագան, թէ Այլինին այսքա՛ն սէրն ու նուիրուածութիւնը կու գայ ծնողքէն ու յատկապէս՝ մօրմէն՝ Շողակ Յովհաննէսեանէն, որ աւելի քան կէս դարու փորձառութիւն մը ձեռք բերաւ ան Շիքակոյի, Երեւանի թէ Նիւ Եորքի մէջ, իր կազմակերպած ցուցահանդէսներով ու ժամանակակից արուեստներու տարածումով: Սքանչելի աշխատանք մը, որուն մասին կ՚արժէ առանձինն ներկայացնել այդ բարի օր մը: Ուրեմն Այլին հասակ առաւ այսպիսի արուեստասէր ընտանիքի մը յարկին տակ... ինչպէս կ՚ըսեն ան իր աչքերը բացաւ այդպիսի մթնոլորտի մը մէջ: Այդպէս ալ մօրը քաջալերանքով 1995-ին Լոնտոնի մէջ, տակաւին անծանօթ, Տամիէն Հըրսթի գործերը գնահատելով՝ իր առջեւ բացաւ վաղուան իր մասնագիտութեան ճանապարհը:
Որպէս արուեստի գործերու տարածիչ եւ մասնագէտ, միջազգային արուեստներու մասնագէտ, գնահատուեցաւ Նիւ Եորքի եւ Լոնտոնի մէջ, զուգահեռաբար սակայն աւելին՝ ու աւելի հետաքրքիրը՝ Միջին Արեւելքի երկիրներու եւ յատկապէս՝ Քուէյթի, Պէյրութի եւ Տոհայի մէջ: «Սոթըպիզ» ուզեց ընդարձակել իր աճուրդային շուկաները: Այլին կեդրոնացաւ հոն: Եւ անսպասելիօրէն գտաւ շատ մեծ ընդունելութիւն: Արագօրէն եւ հաւանաբար ալ անսպասելիօրէն Տուպայիի արուեստի ցուցահանդէսին եւ Շարժայի պիենալին Քաթարի Ալ Դհանի արքայական ընտանիքը միլիոններու հասնող արժողութեամբ ու երբեմն ամէն չափանիշ կտրող արժէքներով կատարեց գնումներ մանաւա՛նդ եւրոպական ու մասնաւորաբար ֆրանսական տպաւորապաշտ դպրոցի լաւագոյն հեղինակներէն արուեստի գործեր: Այսպէսով Այլին նոր շուկայ մը սկսաւ բանալ 2006-էն սկսեալ նաեւ Միջին Արեւելքի միջազգային ժամանակակից արուեստի աշխարհէն ներս:
Արաբական ծոցի երկիրներու համար նորարարութիւն ըլլալով ծանօթ համաշխարհային թանգարաններ՝ Փարիզի «Լուվր«ն ու Նիւ Եորքի «Կուկընհայմ»ը համագործակցութեան համաձայնագիրներ ստորագրեցին արաբական զանազան թանգարաններու հետ, ինչ որ առիթ ստեղծեց մշակութային նոր որակ մը բերելու այդ երկիրներէն ներս ծանօթացնելով արաբ ժողովուրդին ժամանակակից դասականները: Սկսան զանազան ցուցահանդէսներ կազմակերպուիլ Միացեալ Արաբական Էմիրութիւններէն մինչեւ Մարոք: Առիթ եղաւ նաեւ, այս ցուցահանդէսներով ներկայացնել՝ հնդիկ, պարսիկ եւ նոյնիսկ հայ նկարիչներու գործերը: Տուպայի դարձաւ կեդրոն արուեստներու աշխարհին: Երեւակայել, որ պարսիկ նկարիչ Ֆարհատ Մոշիրի «Լոյս» գործը արդէն արուեստի շուկային մէջ գնահատուիլ սկսած էր 1 միլիոն տոլարի, եւ դեռ եգիպտացի նկարիչ Մահմուտ Սայիտի գործը՝ 1929-ին ստեղծագործուած՝ 2.55 միլիոն տոլարի:
Հապա ի՞նչ ըսել, երբ միջազգային շուկային մէջ կատարուած այն աշխատանքին երբ Փետրուար 2015-ին, Քաթարի արքայական ընտանիքը Փոլ Կոկէնի նշանաւոր «Թահիդեան» 1892-ի պաստառին կը վճարէր 300 միլիոն տոլար, կտրելով համաշխարհային ամէն չափանիշ: Ասկէ առաջ չափանիշ որպէս եղած էր 2011-ին, երբ Փոլ Սեզանի «Քարտ խաղացողը» գործը աճուրդով վաճառուած էր 250 միլիոնի…: Այսպէս, յաջորդաբար արաբական աշխարհ մտան Ճէֆ Քունզի գործերը 20 միլիոն տոլարով, Ուարհոլզինը եւ Ճիաքոմեթթիինը՝ 100 միլիոնով եւ վերջապէս՝ Փիքասոյինը՝ 150 միլիոնի: Եւ այսպէս կարելի է դեռ շարունակել շարքը...: Կարճ ժամանակուան ընթացքին քսանհին երկիրներ (մասնաւորապէս՝ Ամերիկաներէն, Ասիոյ մեծ երկիրներէն ու դասական Եւրոպայէն) նկարիչներ, արուստի գործեր վաճառողներ ու գնողներ արդէն Տոհայի մէջ տեղի ունեցող արուեստի անցուդարձերուն սկսան բերել լայն մասնակցութիւն, ի մասնաւորի՝ 2013-ին Այլինի կազմակերպած «Սոթըպիզ»ի աճուրդի մեծ յաջողութիւնը: Արեւմուտքի մեծ ցուցասրահներ բացին իրենց մասնաճիւղերը... եւ այն ինչ որ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմէն առաջ Պէյրութը ունէր իր առանձնայատուկ տեղը, այդ արդէն փոխադրուեցաւ Արաբական ծոց: Ու այս դժբախտաբար, Լիբանանի հաշւոյն, ու մասնաւորաբար մեր հայ նկարիչներու՝ Փոլի, Ասատուրի, Նորիկեանի, Հրայրի, Զաւէնի եւ այլոց, որոնք եղան ժամանակակից արուեստի կերտիչները արաբական աշխարհին:
Արձանագրենք նաեւ, որ Այլինի շուկային մէջ ծախուած ամենէն սուղ պաստառը արաբական աշխարհի նկարիչներէն եղաւ 2013-ին, «Սոթըպիզ»ի Տոհայի աճուրդին երբ եգիպտահայ նկարիչ Շանթ Աւետիսեանի «Նեղոսի իքոնները» գործը գնահատուեցաւ 1.56 միլիոն տոլարի:
Փոխադարձաբար Միջին Արեւելքի ժամանակակից նկարիչներու գործեր այս անգամ սկսան ցուցադրուիլ Նիւ Եորքի մէջ, 90-ամեայ պարսիկ նկարիչ Ֆարմանֆարմայեանի գործերը Կուկընհայմի մէջ, կամ եգիպտացի նկարիչ Ուաէլ Շաուքիինը՝ եւ լիբանանցի Ուալիտ Ռաատի գործերը Նիւ Եորքի Ժամանակակից թանգարանի (MOMA) մէջ:
Այլին նշեց նաեւ Սէուտական Արաբիոյ մէջ տեղի ունեցող մշակութային զարթօնքին մասին, երբ արդէն հրապարակ սկսած են գալ մեծ թիւով արուեստագէտներ ու մասնաւորաբար արուեստագիտուհիներ: Անոնցմէ յիշեց Մանալ Ալ-Տայուանը, որ առաւելաբար ներշնչուած է իր երկրի կանանց առօրեայ կեանքէն ու նիստ ու կացէն: Այս ինքնին, երբ նկատի ունենանք թագաւորութեան խստապահանջ դրութիւնը, ընդհանրապէս կիներու նկատմամբ, արդէն պիտի գնահատենք որպէս յեղափոխութիւն մը կիներու ազատագրման շարժումին կապուած: Յիշեց նաեւ անունը նկարիչ Ապտըլ Նասէր Ղարամի, որ քսան տարի ծառայելէ ետք Սէուտական զինուժին, նուիրուած է արուեստի աշխարհին բերելով իր ստեղծագործութիւնները:
Հակառակ տեւական պատերազմին, որ տակաւին կը շարունակուի Իրաքի մէջ, սակայն իրաքցի արուեստագէտներ եւս անմասն չեն մնար ժամանակակից արուեստի զարթօնքէն: Հայվ Քահրաման անունը օրինակ մըն է այդ փունջ մը նկարիչներէն: Իսկ Սուրիան ետ չի մնար նաեւ երբ լուսանկարիչ Հրայր Սարգիսեան իր գործերով կրցաւ ցոյց տալ հոգեբանական եւ պատմական պահեր սուրիացի ժողովուրդի առօրեայ տառապանքէն եւ յուզումնալի կեանքէն:
Ծանրացաւ, վերջապէս լիբանանցի նկարիչներուն վրայ, որոնք անկասկած եղան լուսապսակ կերտիչները արաբական աշխարհի մշակութային կեանքին, եւ ոչ միայն գեղարուեստի եւ նկարչութեան, այլեւ՝ թատրոնի, երաժշտութեան, պարարուեստի, ճարտարապետութեան եւայլն: Էթէլ Ատնան 91-ամեայ նկարչուհին՝ ամենէն տարեցը նկարիչներու ընտանիքին խոսափողն է ժամանակակից արաբ-ամերիկեան մշակոյթին: Անոր գործերը յաճախ ներկայացուած են Նիւ Եորքէն Լոնտոն: Կու տայ խորհրդապատկերները Լիբանանի բնութեան, իր այնքան հարազատութեամբ ու գոյներու ներդաշնակութեամբ: Անշուշտ Ուալիտ Ռաատ, 48-ամեայ նկարիչը եւ 99-ամեայ Սալուա Ռաուտա Շուքէյրը, որ 2013-ին տուաւ իր ցուցահանդէսը Լոնտոնի «Թէյթ» թանգարանին մէջ:
Արուեստի պատմութեան դասախօս Փրոֆ. Տէյվիտ Ժոզէլիթ ունեցաւ կարճ հարցազրոյց մը, որմէ ետք առիթ տրուեցաւ հանդիսատեսին տալու հարցումներ, որոնց Այլին պատասխանեց ամենայն վստահութեամբ:
Ներկայանալի իր արտաքինով, համոզիչ իր մտածումներով ու տեսութիւններով, ինքնավստահ իր ասպարէզին թելադրած պահանջքներուն, ծանօթ իր շուկաներու յաճախորդներուն հոգեբանութեան, քաջածանօթ միջազգային ժամանակակից արուեստներու իրադարձութիւններուն, իր անմիջականութեամբ Այլին կրցաւ գրաւել ներկաներուն ուշադրութիւնը։
Այյդ խուռներամ ներկայ բազմութեան մէջ, հոն հաւաքուած տասնեակ մը հայերս՝ միայն հիացմունքի արտայայտութիւններ փոխանցեցինք իրարու եւ հպարտ զգացինք մեր նոր սերունդին ունեցած յաջողութիւններէն միջազգային արուեստի դժուարին աշխարհին մէջ:
ՅԱԿՈԲ ՎԱՐԴԻՎԱՌԵԱՆ