ՀՐԱՏԱՊ ՀԱՐՑՈՒՄ

Աշխարհը սարսափի մատնած քորոնաժահրը հասաւ Հայաստան եւ դիմաւորուեցաւ յատուկ սրամտութեամբ. «Մէկ հոգի նշանուեցաւ, ամէնքս տունը մնացինք» խօսքերը թեւածեցին ամէնուր, տարածուեցան ընկերային ցանցերու վրայ, դարձան դժուարին այս օրերուն եւս մէկ ժպտալու առիթ: Այո, Էջմիածին քաղաքին մէջ, մարտի սկիզբը կայացած նշանտուքի մը ժամանակ վարակուած են Հայաստանի 28 վարակակիրներուն մեծ մասը: Քորոնաժահրով պատուած երկրէ մը՝ Իտալիայէն վերադարձած էջմիածնեցի կին մը մասնակցած էր նշանադրութեան արարողութեան՝ առանց գիտնալու որ վարակ կը կրէ: Ըստ տեղեկութիւններուն, իր որդիին նշանտուքն էր, որուն մասնակիցները շատ չէին, բայց բոլոր ներկաները կասկածի տակ են իբրեւ վարակակիրներ: Կնոջ մօտ վարակին յայտնաբերումէն ետք մեկուսացուած էին նշանտուքի մասնակիցները: Ատկէ ետք վարակը հաստատուած էր նաեւ անոր ամուսինին ու ազգականին մօտ: Աւելի ուշ պարզ դարձաւ, որ նոյն շրջանակէն ուրիշ մարդիկ ալ վարակուած են եւ այդպէսով, Հայաստանի մէջ քորոնայով վարակակիրներուն թիւը հասաւ 28-ի: Անոնցմէ մին Էջմիածինէն դպրոցահասական երեխայ մըն է, որուն դասընկերներն ու անոնց ընտանիքներու անդամները, ուսուցիչները եւ երրորդ դասարանի մանուկին հետ հաղորդակցութիւն ունեցող մարդիկ նաեւ մեկուսացուեցան կիրակի օր: 28 վարակուածներէն միայն 15-էն աւելին Էջմիածնի խնջոյքի մասնակիցներէն են, միւս վարակակիները մէկը՝ Ֆրանսայէն եկած է, մէկը՝ Իրանէն, երեքը Իրանէն եկած քաղաքացիին հետ հաղորդակից եղածներ, իսկ երեք վարակակիր ալ եկած է Իտալիայէն, միւսներու տուեալները կը ճշդուին, բայց ամենայն հաւանականութեամբ, Իտալիայէն եկածներու շրջանակէն են:

Հայաստանը կ՚երթայ դէպի մեկուսացում: Փողոցները գրեթէ մարդ չկայ, նախորդ օրերուն խանութներէն կրուած են առաջին կարգի անհրաժեշտութեամբ իրեր, մարդիկ փակուած են տուներու մէջ, հիմա իսկապէս ժողովրդական սրամտութիւնը տեղին է՝ «Մէկ հոգի նշանուեցաւ, ամէնքս տունը մնացինք»…

Իսկ եթէ աւելի լուրջ, շաբաթավերջին շատերը սարսափի տրամադրութեան մէջ էին: Ան որ օրեր առաջ չէր վախնար եւ իրավիճակը լուրջի չէր առներ, սարսռալով սկսած է պաշտպանուիլ: Դպրոցներուն, թանգարաններուն, գրադարաններուն, առեւտուրի մեծ կեդրոններուն եւ հանրային այլ վայրերուն գոցուիլը ա՛լ աւելի սրեց վախը: Երթեւեկութեան հանրային միջոցները սկսան ախտահանել, մանաւանդ մեթրոն, որ ամենաշատ գործածուող հանրային փոխադրամիջոցն է: Ախտահանումները չեն դադրիր մանաւանդ Էջմիածին քաղաքին մէջ, կիրակի երեկոյեան արդէն գոցուեցան Էջմիածին տանող ճանապարհները եւ միայն կենսական երեք ճանապարհ բաց մնաց:

Հիմա ամէն մարդ հեռուն նայելով կ՚երազէ քորոնաժահրին դէմ պատուաստանիւթին մասին, որ յայտնի չէ, թէ ուրկէ՛ պիտի գայ:

Փետրուար ամսուն յայտարարուեցաւ, թէ Չինաստանի մէջ քորոնաժահրին դէմ պատուաստանիւթը մշակուած է եւ անմիջապէս նշուեցաւ, որ հակառակ պատուաստանիւթը քորոնաժահրին դէմ պայքարելու համար արդիւնաւէտ է, այնուամենայնիւ անիկա տակաւին կը գտնուի նախնական փուլին մէջ եւ անհրաժեշտ են որոշակի ստուգումներ եւ փորձարկումներ: Աշխարհ կարծես կը վստահի Չինաստանին: Նոյն Չինաստանի բժիշկները, քորոնաժահրը երկրին մէջ տարածուելու առաջին օրէն գործեցին շատ բաց ու թափանցիկ՝ ամբողջ տեղեկատուութիւնը աշխարհին ի ցոյց դնելով, որմէ օգտուեցան ուրիշ երկիրներ: Նմանապէս, չինացիները քորոնան ախտորոշող փորձանակներուն գաղտնագիրը բացին, որպէսզի ուրիշ երկիրներ նոյնպէս կարենան ստեղծել այդ փորձանակներէն եւ այսօր աշխարհի մէջ հիմնականօրէն այդ ախտորոշիչ փորձանակներուն միջոցով է, որ կը հաստատուի կամ կը հերքուի անձին քով վարակին առկայութիւնը: Չինաստանը, որ ամիս մը առաջ սարսափազդու շարժանկարներու պատկերը կը յիշեցնէր, այսօր համեմատաբար ապահով գօտի է, այսինքն՝ Չինաստանը ժահրի տարածման բարձրագոյն կէտը արդէն անցած է: Չինաստանէն Իտալիա մեկնած է ինն հոգիէ բաղկացած բժիշկներու խումբ մը, որ պիտի օգնէ քորոնաժահրին դէմ պայքարելու համար: Անոնք իրենց հետ տարած են անհրաժեշտ բժշկական եւ պաշտպանական նիւթեր, ընդհանուր առմամբ՝ 30 թոն:

Իտալիոյ մօտ Չինաստանի դեսպան Լի Ցզիւնխուան բացատրած է, որ Իտալիոյ մէջ համաճարակի դէմ պայքարի փորձառութեան պակաս գոյութիւն ունի:

Ըստ լրատուամիջոցներու, նախապէս Չինաստանէն բժիշկներ մեկնած են նաեւ Իրան եւ Իրաք:

Կը նշուի նաեւ, որ Միացեալ Նահանգներու հինգ դեղագործական ընկերութիւններ նոյնպէս կը ջանան քորոնաժահրին դէմ պատուաստանիւթ ստեղծել, իսկ Լոնտոնի Կայսերական քոլէճի հետազօտողները յայտարարած են, որ պատուաստանիւթին ստեղծումը իրենց աշխատանոցներուն մէջ արդէն աւարտած են:

Քորոնայի պատուաստանիւթ ստեղծելու համար կ՚աշխատին նաեւ ռուս ժահրաբանները: Բայց հարցը միայն ստեղծելուն մէջ չէ, այլ նաեւ դեղը փորձարկելուն, ինչ որ շատ աւելի ժամանակ կը պահանջէ: Փորձարկումի արդիւնքներէն ետք միայն կարելի է խօսիլ պատշաճ պատուաստանիւթին մասին:

Փետրուար ամսուն Համաշխարհային առողջապահութեան կազմակերպութիւնը հաշուարկած էր, որ քորոնավարակին դէմ պատուաստանիւթ մշակելու համար անհրաժեշտ կ՚ըլլայ 18 ամիս:

Միացեալ Նահանգներու Դիւրազգացութեան եւ վարակիչ հիւանդութիւններու ազգային հիմնարկը մտադիր է մինչեւ ընթացիկ տարուան ապրիլի վերջը սկսիլ քորոնաժահրին պատուաստանիւթին: Պատրաստուկը մշակած է Moderna դեղագործական ընկերութիւնը՝ յիշեալ հիմնարկին հետ համագործակցաբար: Պատուաստանիւթի առաջին խմբաքանակը ղրկուած է Միացեալ Նահանգներու Դիւրազգացութեան եւ վարակիչ հիւանդութիւններու ազգային հիմնարկ. փորձարկումներուն կը մասնակցին մօտաւորապէս 40 չափահաս կամաւոր, որոնք վարակուած չեն քորոնայով: Արդիւնքները կ՚ակնկալուին յառաջիկայ յուլիս կամ օգոստոս ամիսներուն: Հիմնարկը յայտարարած է, որ եթէ նոյնիսկ փորձարկումները յաջող աւարտ ունենան, ապա պատրաստուկը մատչելի կ՚ըլլայ միայն յաջորդ տարի: Յայտնի է, որ վարակին տարածումը տաք ամիսներուն կը դանդաղի, բայց պատուաստանիւթին կիրարկումն է, որ լիովին կը ճնշէ վարակին տարածումը:

Ամերիկեան միւս ընկերութիւնը, որ յանձն առած է արագ ժամանակամիջոցով ստեղծել քորոնավարակի դէմ պատուաստանիւթ, աշխարհի դեղագործական հնագոյն ընկերութիւններէն մէկն է՝ Johnson & Johnson-ը՝ 1886 թուականին հիմնուած միջազգային բժշկական, դեղագործական հսկան: Ընկերութիւնը մեծ հետազօտական բաժին մը ունի եւ խոստացած է միջոցներ ներդնել ու աշխարհին հրամցնել պատուաստանիւթ՝ սարսափի մատնող ժահրին դէմ:

Ի դէպ, մէկ ամիս առաջ յայտարարուեցաւ, որ հայ ձեռներէց Նուպար Աֆէեանին պատկանող ընկերութիւնը ստեղծած է քորոնաժահրին պատուաստանիւթը եւ ղրկած՝ փորձաքննութեան: Կ՚ըսուի նաեւ, որ պատուաստանիւթը ստեղծուած է 42 օրուան ընթացքին:

Միացեալ Նահանգներու Առողջութեան ազգային հիմնարկի գիտնականները սկսած են այդ պատուաստանիւթը փորձարկել էպոլայով վարակուած հիւանդներուն: Առաջին կամաւորը, որուն վրայ պիտի փորձարկուի Diamond Princess նաւին վրայ քորոնայով վարակուած առաջին ուղեւորը պիտի ըլլայ: Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի կողմէ Ամերիկայի մէջ արտակարգ դրութիւն յայտարարելը առաւել եւս սրեց աշխարհին մէջ իրավիճակը:

Գանատաբնակ նշանաւոր եւ փորձառու բժիշկ, յօդուածագիր, բազմաթիւ գիրքերու հեղինակ Կարպիս Հարպոյեան մամուլին մէջ տպագրուած իր յօդուածներուն մէջ, յաճախ գրած է քորոնաժահրին մասին: Այս տարուան յունուարին, երբ Չինաստանի մէջ քորոնաժահրի տարածման մասին յայտարարուած էր, բայց շատ տեղեկութիւն չկար, բժիշկ Հարպոյեան՝ սփիւռքահայ մամուլին մէջ տպագրած էր «Ճանչնանք թագաժահրը» յօդուածը: Քորոնաժահրը «թագաժահր» անուանելու հեղինակային իրաւունքը կը պատկանի Կարպիս Հարպոյեանին, որ այդ անուանումը նախապէս ալ օգտագործած է իր հայերէն յօդուածներուն մէջ: Ան ժահրը հայերէնով կոչած է «թագաժահր», իսկ ժահրին յարուցած հիւանդութիւնները՝ «թագաժահրախտ»:

Ըստ գանատահայ բժիշկին, քորոնաժահրին յարուցիչը coronaviridae ժահրն է, որ առաջին անգամ յայտնաբերուած է հիւանդի մը մօտ 1960-ականներուն. հիւանդը ունէր հարբուխ եւ քիթի լորձաթաղանթի բորբոքում:

Կարպիս Հարպոյեան, նկարագրելով ժահրն ու անոր յարուցած խնդիրները, հանգիստ կը վերաբերի անոր նկատմամբ, նշելով, որ ամէն մարդ իր կեանքին ընթացքին նուազագոյնը մէկ անգամ կը վարակուի քորոնաժահրով, ուստի կարիք չկայ տագնապելու, փոխարէնը պէտք է միջոցներ ձեռնարկել դիմակայելու եւ առանց խնդիրներու յաղթահարելու:

Ըստ Հարպոյեանի, բնութեան մէջ քորոնաժահրը շատ հեշտութեամբ կը հարուածէ կովերը, խոզերը, հաւերը, ինչպէս նաեւ չղջիկները, օձերը եւ շարք մը ընտանի կենդանիներ։ «Վարակումը շատ արագ տեղի կ՚ունենայ անասուններով, հաւերով եւ օձերով լեցուած շուկաները, ինչպէս նաեւ մորթուած կենդանիներու յատուկ շուկաներն ու սպանդանոցները», նշած է Կարպիս Հարպոյեան իր յօդուածին մէջ, աւելցնելով, որ քորոնաժահրը այն ժահրերուն շարքէն չէ, որ մարդուն հեշտութեամբ կ՚անցնի, իսկ անցնելու պարագային կ՚ունենայ թեթեւ ախտանիշեր, չհաշուելով որոշ ծանր դէպքեր, որոնց մասին նշած է:

«Մարդոց առաջնային վարակումը տեղի կ՚ունենայ վարակուած կենդանիներուն կամ անոնց արտաթորանքին եւ լորձին դպնալով», կը գրէ Կարպիս Հարպոյեան: Այնուհետեւ ան կը թուէ վարակին մարդէ մարդ փոխանցուող ուղիները, ինչ որ գիտեն բոլորը եւ որուն մասին շատ կը խօսուի այսօր, օդակաթիլային ճանապարհն ու վարակուած մարդուն հետ սերտ շփումները: Բժիշկը կը շեշտէ նաեւ ոչ միայն քորոնաժահրով վարակուած մարդոցմէ, այլեւ անոնց իրերէն հեռու մնալուն հանգամանքը, քանի որ ժահրը, իր նկարագրութեամբ, կենսունակ կը մնայ որոշ մակերեսներու վրայ:

Գանատահայ բժիշկին խորհուրդները չորս ամիս առաջ նոյնն էին, յաճախ լուացուիլ, չհամբուրուիլ հիւանդներու հետ, չօգտուիլ ընդհանուր պարագաներէն, ախտահանել շրջապատը:

Ըստ Կարպիս Հարպոյեանի, չնայած որ ժահրը մարմնին մէջ զարգանալուն առումով, այս կամ այն թիւով, օրեր կը նշուին, բայց մինչեւ օրս յայտնի չէ մարդուն մարմնին մէջ ժահրին «թուխս նստելուն» ժամանակաշրջանը:

«Այսինքն, առողջ մարդը, «քորոնա» ժահրով վարակուելէն ետք յայտնի չէ, թէ ո՞ր օրը ի յայտ կու գան ախտանիշերը: Յայտնի չէ նաեւ, թէ վարակուած մարդը ո՞ր օրը կը վարակէ առողջ մարդուն», կը գրէ գանատահայ բժիշկը:

Քորոնաժահրին մասին իր յօդուածով Կարպիս Հարպոյեան կը նշէ նաեւ, որ քորոնաժահրով մարդը կրնայ հիւանդանալ որեւէ եղանակի, տարիքը նոյնպէս կապ չունի:

«Ժահրը ընդհանրապէս սովորական հարբուխի նշաններով կ՚ընթանայ եւ կը տեւէ քանի մը օր: Որեւէ բուժում պէտք չէ, բայց հիւանդը պէտք է մնայ տունը եւ առատ ջուր խմէ», խորհուրդ կու տայ փորձառու բժիշկը, աւելցնելով, որ մտահոգիչ ախտանշաններու եւ հիւանդագին լուրջ վիճակի պարագային պէտք է դիմել բժիշկի, իսկ այդ հիւանդագին վիճակը ան կը նկարագրէ քանի մը ախտանշաններով.

- Շնչուղիներու լուրջ բորբոքումներ՝ քթախոռոչաբորբ, քթաբորբ, ըմպանաբորբ, խռչափողաբորբ, շնչափողաբորբ, ցնցղատապ եւ թոքատապ: Երեխաները կ՚ունենան նաեւ միջին ականջի բորբոքում եւ լսողութեան թուլացում:

Իր փորձառութեան ընթացքին բժիշկը հանդիպած է քորոնաժահրով վարակուածներու, որոնք ունեցած են նաեւ քթանցքներէն հոսք, կոկորդի ցաւ, ջերմութիւն, գլխացաւ, որոնց կը յաջորդէ ձայնի փոփոխութիւն ու մեղմ հազ, իսկ երբ մարմինը չի կարողանար յաղթահարել ժահրը, կը յաջորդէ ուժգին հազը, բարձր ջերմութիւնը, թոքաբորբը: Գանատահայ բժիշկը նոյնպէս ուշադրութիւն կը դարձնէ տարեցներուն, ցած դիմադրողականութիւն ունեցող մարդոց եւ AIDS ունեցողներուն, այն առումով, որ ծանր ախտանիշերը կը նկատուին հիմնականօրէն անոնց մօտ: Ծանր հիւանդները, բժիշկի ցուցմունքով, կը խնամուին հիւանդանոցներու մէջ:

Այնուհետեւ բժիշկը իր յօդուածին մէջ կը գրէ 2000 թուականէն ի վեր աշխարհի մէջ տարածուած քորոնաժահրին տարբեր տեսակներուն մասին: Այսօր աշխարհը սարսափի մատնած ժահրը SARS-CoV-2 տեսակն է, ան կը յիշեցնէ նախորդ տասնամեակի շարք մը երկիրներու մէջ տարածուած քորոնաժահրերը.

- MERS-Middle East respiratory syndrome (Միջին Արեւելքի շնչառական համախտանիշ)

- SARS-Severe acute respiratory syndrome (Ուժեղ անակնկալ շնչառական համախտանիշ)

2003 թուականին աշխարհի մէջ 774 մարդ մահացած է SARS քորոնաժահրէն:

2012-ին MERS քորոնաժահրը համաճարակի ձեւով տարածուած է Միջին Արեւելքի մէջ եւ խլած 858 մարդու կեանք: Անիկա սկիզբ առած էր Սէուտական Արաբիայէն, ապա տարածուած՝ Ափրիկէ, Ասիոյ տարբեր երկիրներ եւ Եւրոպա:

2014-ին երկու վարակուած մարդ յայտնաբերուած է Հիւսիսային Ամերիկա:

2015 թուականին այս ժահրը յայտնուած է Քորէական տարածաշրջան եւ, ինչպէս գիտենք, 2019 թուականին Չինաստան յայտնաբերուած է 300 դէպք:

Քանի որ յօդուածը լոյս տեսած է 2020 թուականի յունուարին, վերջին զարգացումներուն մասին բժիշկը, բնականաբար, ոչինչ գրած է: Մինչեւ քորոնավարակի քննութեանց յայտնուիլը, Կարպիս Հարպոյեան նշած է, որ քորոնաժահրը կը հաստատուի քթանցքի, կոկորդի հեղուկի եւ խորխի տարրալուծարանային մշակումով, ինչպէս նաեւ՝ արեան քննութեամբ ու թոքերը նկարելով:

«Տարածումը մտահոգիչ է, բայց ոչ՝ ահաբեկիչ», կը նշէ բժիշկը, յորդորելով հետեւիլ Համաշխարհային առողջապահութեան կազմակերպութեան ցուցմունքներուն:

Ինչպէս աշխարհի 144-է աւելի երկիրներէն շատեր, ուր այսօր տարածուած է քորոնաժահրը, Հայաստանն ալ պատրաստ չէր նման աննախադէպ ու փոխանցիկ հիւանդութեան դիմակայման: Միջոցները, զորս այսօր Հայաստան ձեռնարկած է, սկիզբը դանդաղ կերպով, իսկ յետոյ շատ արագ մէջտեղ եկան: Հայաստանի գործելակերպը անմիջապէս արժանացաւ արտասահմանեան որոշ երկիրներու ուշադրութեան։ Մանաւանդ կասկածեալները Ծաղկաձորի լաւագոյն պանդոկներէն մէկուն մէջ լաւագոյն պայմաններու ներքոյ պահելը, անոնց հետ ամէն վայրկեան կապ հաստատելը, իսկ արտասահմանէն եկածներուն սահմաններու վրայ ստուգելը այսօր արդէն դարձած է պարտադիր պայման: Այլ է Իտալիայէն եկածներու պարագան. անոնք ամբողջութեամբ կը տարուին պանդոկ եւ մաքրանոցի շրջան մը անցընելէ ետք միայն տուները կը վերադառնան:

Այս բոլոր ձեռնարկներուն մէջ երախտագիտութեան արժանի են առողջապահական համակարգի աշխատողները, որոնք իրենց ու իրենց ընտանիքի անդամներուն կեանքերը վտանգի տակ դնելով՝ գիշեր-ցերեկ այս գործին լծուած են։ Բոլորի ուշադրութիւնը եւ շնորհակալական խօսքերը ուղղուած են մանաւանդ Նորք Մարաշ տարանցիկ ախտերու կեդրոն, ուր կը գտնուին 30 վարակակիրները, որոնցմէ մին արդէն առողջացած եւ տուն վերադարձած է: Ընկերային ցանցերու վրայ պաստառներ կը տարածուին՝ «Շնորհակալութիւն բոյժ-աշխտողներուն» խորագրով: Ամէն մարդ կը գիտակցի, որ այս պահուն բժիշկներէն կախեալ է շատերուս կեանքը: Նոյն համակարգի աշխատողները անընդհատ յորդորներ կը յղեն՝ ինքնուրոյն պաշտպանուելու համար ժահրէն, երբեք մարդաշատ վայրեր չերթալ, չհանդիպիլ դուրսէն եկածներու հետ, պահպանել մաքրութեան կանոնները, իսկ վատ զգալու պարագային անմիջապէս դիմել: Սնունդը, կենսանիւթերը, ժողովրդական դեղամիջոցները այս պարագային ոչ մէկ դեր ունին, կը յիշեցնեն բժիշկները. առաջին պայմանը ժահրը կրող եւ կասկածելի վարակակիրներէն հեռու մնալն է:

Ոչ ոք կրնար երեւակայել, որ գեղեցիկ թագի կամ պսակի ձեւ ունեցող ժահրը այսպիսի տգեղ իրավիճակի պիտի մատնէ մարդը: Ամբողջ աշխարհի ահազանգի մէջ ըլլալը եւ Եւրոպայի մէջ ժահրին աննախընթաց կերպով տարածուիլը խուճապի կը մատնէ: Հոգեբաններ կը խօսին այն մասին, թէ տագնապը, խուճապը եւ բարկութիւնը այս պահուն աւելի վտանգաւոր կրնան ըլլալ, քան՝ վարակը: Տագնապի եւ խուճապի արդիւնքին մարդիկ կը կորսնցնեն զգօնութիւնն ու սթափ դատողութիւնը, կը կատարեն աննպատակ գործողութիւններ, կը կորսցնեն ուժ, գումար, կը կատարեն աւելորդ գնումներ եւ այլն: Այս պահուն սթափ դատողութիւնն է, որ անհրաժեշտ է:

Հայաստանի մէջ իրավիճակը աւելի լաւ հսկելու համար արդէն կը խօսուի արտակարգ դրութիւն յայտարարելու մասին: Ճիշդ է՝ ուրիշ երկիրներ աւելի շատ թիւով վարակակիրներու պարագային յայտարարած են այդ մէկը, բայց նկատի ունենալով Հայաստանի բնակչութեան քչաթիւ ըլլալը եւ բնակիչներու ոչ բարձր ընկերային պատասխանատուութիւնը, արտակարգ դրութիւնը կրնայ աւելի արագ փրկել իրավիճակը: Ընկերային պատասխանատուութեան մասին ամէն վայրկեան կը յայտարարուի։ Կը կարեւորուի մեծ հաւաքներ, ընտանեկան միջոցառումներ եւ մարդաշատ ձեռնարկներ չկատարել, բայց անդին կը տեսնենք, որ մարդիկ չեն ուզեր յետաձգել նախօրօք ծրագրուած իրենց միջոցառումները: Նոյն Էջմիածնի մէջ, օրինակ, օրեր առաջ հարսանիք եղաւ, ինչ որ մեծ քննադատութեան ալիք բարձացուց, բայց այսօր արդէն Էջմիածնի մէջ իրավիճակը վերահսկելի է: Քաղաքին մէջ յայտարարուած արտակարգ դրութիւնը եւ ստուգումները զգօն վիճակի մէջ կը պահեն բնակիչները: Նոյն ընկերային ցանցերու վրայ քննադատութեան մեծ բաժին ուղղուած է Էջմիածնի այն կնոջ, որ Իտալիայէն գալով եւ տաքութիւն ունենալով հանդերձ, կատարած է նշանտուքը եւ վարակ տարածած: Բայց Էջմիածնի քաղաքապետ Տիանա Գասպարեան դիմած է Հայաստանի մարդու իրաւունքներու պաշտպանի գրասենեակ՝ խնդրելով իր պաշտպանութեան տակ առնել այդ կնոջ իրաւունքները, որու մասին այսօր ամենաշատը կը խօսուի եւ բացասական որակումներ կը տրուին անոր: Շատեր նոյնիսկ կը պահանջեն դատական պատասխանատուութեան ենթարկել զայն, որ վտանգի գօտիէն գալով եւ տաքութիւն ունենալով հանդերձ՝ մարդաշատ հաւաքի ներկայացած է: Արդէն պարզ է, որ քորոնան սահմաններ չունի եւ Էջմիածինը ընդամէնը այս պահուն յայտնի օճախ մըն է, բայց ժահրը սահմաններ, տարիք եւ ազգութիւն չճանաչող վարակ մըն է, ուստի պէտք է սահմանները գծենք մենք բոլորս:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեքշաբթի, Մարտ 17, 2020