ՀԱՒԱՏՔԸ ԿԸ ԲՈՒԺԷ

Նորէն հանրաշարժի մէջ:

Այս անգամ տեղի ունեցաւ հրաշք մը. ինքզինքս բացայայտեցի, ես իմ վրայ զարմացայ:

Կէսօրէ վերջ Զաւէնը մանկապարտէզէն առնելու գացի: Վերադարձին՝ կանգառի մէջ քանի մը վայրկեան սպասելէ ետք, վերջապէս մեր երթուղայինը ժամանեց: Երեւանը յայտնի է իր բազմագոյն երթուղայիններով, որոնք այնքան հին են, որ դժուար է գուշակել արտադրութեան տարեթիւը: Արտաքին տեսքը հրապուրիչ չէ, իսկ ներսը անմխիթար:

Տասներկու ուղեւորի համար նախատեսուած փոքրիկ հանրաշարժերը յաճախ Երեւանի մէկ ծայրէն միւս ծայր կքած կը փոխադրեն աւելի քան քսան մարդ: Եղած են դէպքեր, որ մէկ ոտքի վրայ երթեւեկած եմ ես ու շատ շատեր: Յարմարաւէտութիւն ըսուածը անկատար փափաք մըն է՝ սա հնամաշ ու բազմաչարչար փոխադրամիջոցներու համար:

Շարժավարն ու երթուղայինը մեր օրերուն հասած էին անցեալ դարի կէսերէն: Ալեհեր տղամարդ մը, կնճռապատ դէմքով եւ նոյնքան մաշած ու անխնամ ձեռքերով: Ճերմակ վարսերուն մէջ անկարելի էր գէթ սեւ կամ մոխրագոյն մազ մը գտնել: Կ՚երեւի, շարժավարը հին ու արհեստավարժ վարպետ մըն է. իր գործը լաւ գիտէ: Տարեց տղամարդը բաւական ջղային էր ու բորբոքած: Անկանոն երթեւեկութիւնը, անփորձ ու անբան շարժավարներու յաճախակի յայտնուիլը տեսադաշտի մէջ, ամբողջովին լարած էին վերջինիս նեարդները: Այլեւս դուրս եկած էր ինքնատիրապետումէն. նեարդներու կծիկ դարձած էր:

Ամէն մեթրի վրայ կը զայրանար երեւան եկող, անզգոյշ ու անուշադիր, անփորձ վարորդներու վրայ, տուրք տալով իր բառապաշարի ենթաշերտերուն: Մտքին եկածը այլեւս կը խորհէր բարձրաձայն՝ ոտնահարելով քաղաքավարութեան ու անսխալութեան բոլոր կանոնները.

-Այ անասուն, այ ոչխար դիմացդ նայէ... սա անասունին նայեցէք... ասոնք մարդ չեն... այ ոչխար, գլուխդ տնկած ո՞ւր կը մտնաս... պա՜, այս մէկ ոչխարին նայէ...

Երթուղայինը լեփլեցուն էր: Քանի մը երեխայ կար, որոնցմէ մին Զաւէնն էր՝ իմ գիրկի մէջ: Սա մանուկները՝ Աստուծոյ հրեշտակները ականջալուր կ՚ըլլային պատկառելի տարիքի մը հասած, ալեզարդ պարոնի անյարիր արտայայտութիւններուն: Բոլորը լուռ էին. ոչ մէկը կը համարձակէր համաձայնիլ կամ չհամաձայնիլ զայրացած վարպետի հետ: Թէպէտ, վստահաբար, ուղեւորներէն իւրաքանչիւրը իր մտքին մէջ վէճի բռնուած էր կա՛մ կիսած՝ շարժավարի կարծիքն ու պահուածքը:

Ակամայ նշմարեցի, որ ես շատ հանգիստ եմ: Ներքուստ որեւէ կերպ չեմ անդրադառնար վարորդի գործածած բառապաշարին: Իսկ ամիսներ առաջ ես ուրիշ էի: Խիստ կը պահպանէի քաղաքավարութեան ու քաղաքակրթութեան սահմանները: Խախտողներն ալ կը դատապարտէի, կը քննադատէի, ինչո՞ւ չէ, նաեւ կը ստորադասէի: Նման պարագաներու նոյն այդ զայրոյթը կը փոխանցուէր եւ ամբողջ օրուայ հոլովոյթին կ՚ուղեկցէր ինծի: Յաջորդ օրն ալ տակաւին մարած չէր ըլլար:

Այս անգամ շարժավարի վրայ բարկանալու փոխարէն ես սկսայ աղօթել վերջինիս համար: Իմ մտքի ծայրով անգամ չանցաւ քննադատել վերջինս. «Բարեգութ Աստուած, ողորմած Յիսուս Քրիստոս, խաղաղութիւն պարգեւեցէք սա մոլորեալ ծերունիին: Ներեցէք վերջինիս իր գործած մեղքերու համար: Ներեցէք անոր զայրոյթն ու ցասումը: Խաղաղութիւն պարգեւեցէք հոգիին ու մտքին:

«Փառք Ձեզ Տէր Աստուած, Յիսուս Քրիստոս:

«Օրհնեալ ըլլաք Դուք Տէր Աստուած, Յիսուս Քրիստոս:

«Տէր իմ, առաջնորդէ այս մարդը դէպի ապաշխարհութիւն: Թող որ ան դառնայ հաւատքի եւ ապրի հաւատքով: Ամէն»:

Հրաշք մը տեղի ունեցաւ: Ալեզարդ շարժավարը խաղաղեցաւ: Այլեւս իր իրաւունքները խախտող վարորդներուն չէր հայհոյեր: Իր քովը նստած ուղեւորին, որ վստահաբար իր վաղեմի ծանօթն էր, աւելի հանգիստ կը բացատրէր մէկուն կամ միւսին խախտումները. «Նայէ, դիմացի մեքենան խախտում կատարեց... Այս մէկն ալ սխալ տեղ կատարեց իր շրջադարձը...»

Այնուհետեւ, տղամարդը սկսաւ հետաքրքրական դրուագներ պատմել իր վարորդական կեանքէն: Նոյնիսկ պատմեց իր հանգուցեալ մօրեղբայրը, որ իրեն սորվեցուցած է ինքնաշարժ վարել. «Իմ քեռին հին վարորդ էր, լաւ ու արհեստավարժ»: Վարորդի եւ ուղեւորներու տրամադրութիւնը փոխուեցաւ: Զայրոյթը անցաւ, կնճռոտ դէմքը լուսաւորուեցաւ ժպիտով. շատ հանգիստ էր ու խաղաղ: Մարդոց դէմքին նոյնպէս յայտնուեցաւ ժպիտ: Ես ալ գոհ ու շնորհակալ էի Տիրոջ՝ իմ աղօթքները լսելու համար:

Ի՞նչ հասկցայ: Աղօթել պէտք է միշտ: Աղօթքով կը բուժենք ո՛չ միայն մեր հոգիները, այլեւ՝ մեր դիմացինինը: Մարդիկը քննադատելու, մեղադրելու փոխարէն, կը բաւէ աղօթել անոնց համար:

Միայն Աստուծոյ ու Քրիստոսի շնորհիւ է, որ կրնանք դարմանուիլ եւ զերծ մնալ սատանայի, չար ուժերու հիւսած որոգայթներէն: Ազգովին ապաշխարութեան ու աղօթքի շնորհիւ է, որ պիտի կարենանք բուժել մեր երկիրը: Յիսուս կ՚ըսէ. «Եթէ իմ ժողովուրդը... զղջայ, աղօթէ եւ իմ երեսը փնտռէ ու ետ դառնայ իր չար ճանապարհներէն, ես ալ երկինքէն կը լսեմ, կը ներեմ անոր ու կը բուժեմ անոնց երկիրը» (Բ.ՄՆ7:14): Ահաւասիկ մեր ցաւերու բուժման բանալին:

Թող Աստուած օրհնէ Հայաստան ու Արցախ աշխարհները:

Թող Տիրոջ կամքը ըլլայ Հայաստանի եւ Արցախի մէջ:

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Երեւան

Չորեքշաբթի, Մարտ 17, 2021