ԲԱՒԱՐԱՐՈՒԻԼ ՈՒՆԵՑԱԾՈՎ…

Երբ գողը ներխուժեց զենի վարպետի տունը, ան հասկցաւ, որ ներսը գողնալու բան մը չկայ։ Վարպետը յայտնուեցաւ անոր առջեւը։ «Դուն երկար ճանապարհ անցած ես ինծի այցելելու համար», ըսաւ ան գողին։ «Դուն պէտք չէ դատարկ ձեռքով վերադառնաս։ Կը խնդրեմ, իմ հագուստը ընդունէ իբրեւ նուէր»։ Գողը շփոթած էր, սակայն ան վարպետէն առած էր հագուստն ու անմիջապէս դիմած՝ փախուստի։ Վարպետը մերկ նստած կը դիտէր Լուսինը։ -Խե՜ղճ մարդ, ըսաւ ան, ես կ՚ուզէի անոր նուիրել այս գեղեցիկ լուսինը…

Ներկայիս գրեթէ իւրաքանչիւրս կը ձգտինք մեր ունեցածները աւելցնելու, ունենալու այն ինչ, որ ուրիշները ունին։ Մեր այս ձգտումը երբեմն կը յանգեցնէ ցուցամոլութեան, իսկ երբեմն ալ կորսնցնելու այն ինչ, որ նախապէս կը տիրապետէինք։ 

Նախ պէտք է գիտակցինք, որ մենք պէտք է վայելենք մեր ունեցածները։ Չենք կրնար վայելել մեզի չպատկանողը, մեզ չհետաքրքրողը։ Եթէ կ՚ուզենք լիովին վայելել կեանքը, ապա նախ պէտք է կեդրոնանանք մեր ունեցածին վրայ։ Չենք կրնար բաւարարուիլ մեծ ակնկալութիւններով, որոնք ապագային մէջն են, ոչ թէ ներկային։ Դարեր շարունակ բազմաթիւ մտածողներ ըսած են, որ կեանքի նպատակը առողջ ըլլալն է, նաեւ գոյատեւելը։ Մնացեալը աւելորդ է։ Այնուամենայնիւ, մարդիկ աւելին կ՚ուզեն, բայց այդ աւելիին համար գին վճարել չեն ուզեր։ Այդ ցանկութեան գինը մե՛րթ տառապանք է, մերթ անհանգստութիւն, մերթ համբերութիւն, մերթ հանդուրժողականութիւն… 

Երջանկութիւնը անձնական չափանիշներու հարց է: Երջանկութեան համընդհանուր չափանիշ մը չկայ: Մենք կրնանք երջանիկ ըլլալ միայն այն ժամանակ, երբ մեր ակնկալիքները արդարանան։ Չափանիշը եւ չափանիշները, որոնք, մեր կարծիքով, կ՚ուրախացնեն մեզ, առաւել եւս կապուած են արտաքին իրադարձութիւններու եւ մեր ունեցուածքի հետ: Խնդիրը չափորոշիչներու կամ ակնկալիքներու չափազանց բարձր կամ անհասանելի ըլլալն է։ Մարդոց մեծամասնութիւնը ունի իտէալական նպատակներ, որոնք յաճախ գոյութիւն չունին կամ յարմար չեն անոնց համար, քանի որ այդ մարդիկ կը փորձեն չափել իրենց երջանկութիւնը՝ ընդօրինակելու ջանալով այլ մարդիկ:

Դադրինք մենք մեզ համեմատելէ ուրիշներու հետ։ Մեր պարտականութիւնները պէտք է ներառեն ուրիշներու շահերը եւս, բայց դուք երբեք երջանիկ չէք ըլլար, եթէ փափաքիք ուրիշներու ունեցածները: Չենք կրնար վստահ ըլլալ ուրիշներու մտածումներու, ծրագիրներու կամ ցանկութիւններու արդիւնքներու մասին, որովհետեւ երբեք չենք կրնար գիտնալ, թէ ի՞նչ, ինչո՞ւ կամ ինչպէ՞ս կ՚ապրին ուրիշները։ Մենք մեզ կրնանք բաւարարել միայն մեր անհատական ​​չափանիշներով: Ինչո՞ւ չենք իջեցներ մեր չափանիշները, չենք մտածեր մեր ունեցածներուն մասին։ Մեր ուշադրութիւնը միշտ ուղղուած է հորիզոնէն այլ կողմ գտնուած անյայտութեան: Մեզի կը մնայ ընտրել ներկայ պահը եւ մեր ամբողջ ճշմարտութիւնը: Օրինակ՝ շնչառութիւնը կենսական է։ Ինչո՞ւ չենք բաւարարուիր շնչառութեամբ։ Այդ մէկը արդէն կ՚իրականանայ, չէ՞: Խնդիրը այն է, որ մենք կը փափաքինք աւելիին՝ քան մեր իսկապէս փափաքածին։ Խնդիր կը յառաջանայ, երբ չենք ուզեր վճարել կամ տառապիլ շքեղութեան համար, այսինքն՝ կենսականէ աւելի որեւէ բանի համար։

Երջանիկ ըլլալու համար մեզի նոյնիսկ հագուստ պէտք չէ։ Կրնանք հագուստի կարիք ունենալ՝ աշխատանք գտնելու կամ այլ գործեր ընելու համար: Բայց ակնթարթային երջանկութիւնը հիմնուած է մեր ակնկալիքներու եւ մեր առանձնայատկութիւններու վրայ: Հիմա սա ուղղակի կախեալ է մեր ակնկալութիւններէն։ Եթէ կ՚ուզենք լիարժէքօրէն վայելել մեր կեանքը, ստիպուած ենք վայելել մեր ունեցածը: Ցանկութիւնները միշտ հեռու են եւ մեզի կը մնայ միայն փոքր բաներ: Չէ՞ որ մենք փոքր ենք։ Մենք ընդամէնը փոքրիկ փոշի մըն ենք տիեզերքի մէջ, մեր ունեցածներն ալ կ՚ըլլան միայն փոքր կամ քիչ բաներ: Եթէ հրաժարինք մեր ձեռքը ունեցած արժէքներէն, կը կորսնցնենք կեանքը լիարժէք վայելելու մեր հնարաւորութիւնը: 

Ընդհանրապէս, այդ փոքր բաները կը պատկանին մեր «ես» կոչածին։ Միւսները միշտ կը փորձեն իրենց բաժինը ստանալ խոշորներէն։ Անոնք իրականութեան մէջ մեզի չեն պատկանիր։ Բաց աստի, եթէ սովոր ենք վայելել փոքր ու ճղճիմ բաները, ապա միշտ երջանիկ կ՚ըլլանք: Տիեզերքը մութ է, բայց բաւական խաւար չկայ մէկ մոմի լոյսը ճնշելու համար: Եւ յիշենք՝ երջանկութիւնը բաժնելով չի նուազիր, ընդհակառակը, կը շատնայ։ Այստեղ խօսքը ո՛չ թէ ունենալու մասին է, այլ՝ տալու, բաժնելու:

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Ուրբաթ, Մարտ 17, 2023